Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնութեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ բաւականին ցուրտ միջավայրի մէջ։ Արցախեան պատերազմի աւարտէն ետք հայ հասարակութիւնը ծանրօրէն հիասթափեցաւ իր ռազմական գործընկերոջ վարած քաղաքականութեան դիմաց։
Այս զարգացումէն ետք հայրենի երկրի մէջ հետզհետէ ծաւալեցաւ այլընտրանքային նոր յարաբերութիւններու մտադրութիւնը։ Ռուսաստան այս երեւոյթը դիտեց արեւմտամէտ քաղաքականութիւն ըլլալով եւ փորձեց զանազան եղանակներով կարգի բերել Հայաստանի իշխանութիւնը։
Սակայն այդ տեսակի պատժամիջոցները հակառակ ազդեցութիւն գործեցին եւ Հայաստան մանաւանդ գիւղական արտադրութեան արտահանման համար գտաւ այլ միջոցներ։
Այժմ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը իր սպառնական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ այս անգամ Հայաստանին մատակարարուած կազի սակերուն միջոցաւ։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկին:
«Հայաստանի հետ մենք ունինք պայմանագրային իրաւական բաւական ընդարձակ շտեմարան, որ կ՛ամրագրէ երկկողմանի յարաբերութիւններու արտօնեալ, դաշնակցային կարգավիճակը: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները արտաքին քաղաքականութեան բազմազանեցման ծիրին մէջ կը փափաքին վերանայիլ այդ կարգավիճակը, այդ մէկը իրենց իրաւունքն է: Սակայն այն ատեն հարկ պիտի ըլլայ նաեւ հրաժարիլ այն առաւելութիւններէն, զորս Մոսկուան կը տրամադրէ միայն իր դաշնակիցներուն: Այդ առաւելութիւններու օրինակներէն մէկն է կազի գինը», ըսաւ ան:
Քալուկինի համաձայն՝ ռուսական կողմը դէմ չէ, որ Հայաստան կազ գնէ այլ երկիրներէ, նման կարելիութիւն արձանագրուած է 2013 թուականին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած կազի վերաբերող համաձայնագիրին մէջ։
«Սակայն պէտք է հասկնալ՝ ի՞նչ է ռուսական մատակարարումներուն այլընտրանքը: Տամ որոշ տուեալներ. Ռուսիայէն Հայաստան մուտք կը գործէ հանրապետութեան կողմէ սպառուող կազին մինչեւ 85 առ հարիւրը՝ տարեկան շուրջ 2.2-2.7 միլիառ խորանարդ մեթր: Մատակարարումները կը կատարուին առանց արտածման տուրքերու, հազար խորանարդ մեթրի դիմաց 177.5 տոլար ճշդուած գինով: Հայաստանը նաեւ Ռուսիայէն նաւթամթերք կը ստանայ առանց տուրքերու», յայտնեց ան։
Ան հաստատեց, որ Հայաստանը ոչ մէկ տեղ պիտի գտնէ կազի գնման նոյնքան արտօնեալ պայմաններ, որքան այսօր կ՛առաջարկէ Ռուսիան։
Քալուկին նաեւ խօսեցաւ Կիւմրիի մէջ Ռուսիոյ ռազմական խարիսխին մասին՝ նշելով, որ Հայաստան կ՛ուզէ Ռուսիոյ վրայ դնել այդ կայանի հաւանական դուրսբերման պատասխանատուութիւնը։
Այդ փորձերը, ռուս դիւանագէտին համաձայն, «մաս կը կազմեն հայկական ներկայ քաղաքական միտքի հետաքրքրական առանձնայատկութեան», արդարեւ՝ «Երեւանի մէջ իշխող վերնախաւը յաճախ կը սպասէ, որ կարեւորագոյն որոշումները տրուին արտաքին դերակատարներու կողմէ», դիտել տուաւ Քալուկին:
Միաժամանակ, ըստ ռուս պաշտօնատարին, Մոսկուան պատրաստ է քննարկել Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռազմակայանին վերաբերող բոլոր հարցերը: Երկխօսութիւնը պիտի կառուցուի ռուսական զօրախումբի ներկայութիւնը կարգաւորող համաձայնութիւններուն վրայ, ընդգծեց ան։
Յիշեցնենք, թէ ասիկա առաջին անգամ չէ, որ այդ ռազմակայանին դուրսբերման մասին կը խօսուի. Ռուսիոյ նախագահը 1 Սեպտեմբերին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք նշեց, որ՝ «Եթէ Հայաստանը կը կարծէ, թէ ռուսական ռազմակայանին կարիքը չունի, մենք վաղն իսկ կը հեռանանք»:
Ի պատասխան՝ Փաշինեան ըսաւ, որ ռազմակայանի հարցը Փութինի հետ չէ քննարկուած, բայց եթէ «Ռուսիան որոշէ դուրս բերել ռազմակայանը Հայաստանի Հանրապետութենէն, մենք պիտի չառարկենք»:



