Նախորդ կիրակի օր Գնալը Կղզիի մէջ մեկնարկեց Իսկենտէրունի Քառասուն Մանուկ Եկեղեցւոյ վերանորոգման ուղղեալ դրամահաւաքը։ Այս առթիւ Իսկենտէրունի Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ լրացուցիչ տեղեկութիւններ տուաւ ակնկալուած դրամահաւաքի մասին։ Ան նշեց թէ իրենց դիմաց կայ 77 միլիոն ԹԼ-ի հասնող լուրջ ծախս մը, որ կը գերազանցէ եկեղեցւոյ կարողութիւնները։
«Այդ գումարի 35 միլիոնը նախատեսուած է ուղակի եկեղեցւոյ վերանորոգման համար։ 20 միլիոնի կը կարօտի եկեղեցապատկան հասութաբեր խունութներու անհրաժեշտ նորոգութիւնը։ 12 միլիոն ԹԼ պիտի հաշուէ յարակից բաժիններու նորոգութեան համար ծախսուելիք գումարը։ Բոլորը միասնաբար կ՚արժեն 77 միլիոն ԹԼ, որուն ցարդ 5 միլիոնը գոյացած է պետական աջակցութիւնով եւ այսօրուայ Սիրոյ Սեղանին ալ հաւաքուած է 500 հազար ԹԼ-ի հասնող նուիրատւութիւն։ Նաեւ նշեմ թէ Պոլսոյ կարգ մը եկեղեցիներու թաղականութիւնները խոստացած են նիւթական աջակցութիւնով զօրակցիլ վերանորոգման արշաւին» եզրակացուց ատենապետ Թապաշեան։



