Հրատարակութեան թուական: 20 Նոյեմբեր 2026 14:50
 ~ Վերջին թարմացում: 20 Նոյեմբեր 2026 15:11
read.ReadTime

Մենք հոս ենք

Ես աւելիին կարօտը ունէի՝ վայրի մը, ուր հայութիւնը ոչ միայն անցողակի փորձառութիւն կամ գծիկով միացած ինքնութիւն էր, այլ շօշափելի ու առօրեայ իրականութիւն։ Այս մղումը զիս տարաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ բոլոր հայերուն խորհրդանշական հայրենիքը, պարարտ հող մը, ուր կրնայի արմատաւորել ինքնութիւնս։ Հակառակ Հայաստանի մէջ զարգացուցած պատկանելիութեանս խոր զգացումին՝ իմ սեփական արմատներս անոր սահմաններէն դուրս կը գտնուին։ Օր մը որոշեցի այցելել այն պետութիւնը, ուրկէ նախնիներս աւելի քան դար մը առաջ արտաքսուած էին։ Ահա թէ ինչպէս 2025-ի Յունիսին ես զիս գտայ Պոլսոյ մէջ՝ հանդիպելու անոնց, որոնք մնացին։
Պատկերը մեծցնել
Guests at the debut of "The Ones Who Stayed" exhibition in Los Angeles on April 30, 2026. (Photo: Meg Aghamyan)
Guests at the debut of "The Ones Who Stayed" exhibition in Los Angeles on April 30, 2026. (Photo: Meg Aghamyan)