Դուք միշտ լաւատես եղած էք Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Այժմ ընթացող կառուցողական եւ ակտիվ քաղաքական երկխօսութիւնը մեզ յոյս կու տայ, սահմաններու բացման եւ աւելի լայն համագործակցութեան համար։ Ընթացքի մասին նոր տեղեկութիւններ կրնա՞նք ստանալ։
Իսկապէս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ակտիվ կառուցողական երկխօսութիւն սկսած վերջին տարիներին։ Կարելի է ըսել որ քաղաքական մակարին Հայաստան եւ Թուրքիան չունին խնդիրներ եւ չկայ որեւէ խոչընդոտ, որպէսզի յարաբերութիւնները ամբողջովին կարգաւորուին, բացուի սահմանը։ Հաստատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Մեր ակնկալիքն այն էր, որ մօտ ապագային առնուազն անցած աշուն կամ մինչեւ այս տարուայ սկիզբ այդ տեղի կ՚ունենայ։ Բայց արդէն Ապրիլ ամիսն է եւ ցաւօք սրտի մենք չենք տեսներ համապատասխան քայլեր Թուրքիայի կողմէ։
Բայց յոյս ունինք, որ շուտով կ՚ըլլայ։ Որովհետեւ իսկապէս ոչ մի խնդիր չկայ, որ մեր յարաբերութիւնները չկարգաւորուին։ Այդ նաեւ կ՚ըսեն Թուրքիայի ներկայացուցիչները, մեր ներկայացուցիչներուն, մեր կառավարութեան հետ հանդիպումներու ընթացքին։ Այս պահուն ցաւօք որեւէ նոր բան չկայ։ Կան պայմանաւորուածութիւններ պիտի կեանքի կոչուին, բայց չկայ ճշգրիտ քայլեր։
Իսկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ բացասական հարցեր կա՞ն։

Հայաստանը կառավարութիւնը կը փորձէ դրական օրակարգերու վրայ կեդրոնանալ։ Մենք այս պահուն կը կեդրոնանանք նուազագոյն հարցը կարգաւորելու վրայ։ Հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ Թուրքիայի հետ եւ Թուրքիան պէտք է բանայ սահմանը, որովհետեւ արդէն Հայաստանի կողմէ այդ սահմանը բաց է։ Հայաստանի կողմէ անցակէտը պատրաստ է։ Վերանորոգուած է եւ այն կրնայ ծառայել։ Նաեւ Հայաստան ու Թուրքիան կ՚աշխատին մի քանի այլ օրակարգերու վրայ, վերջին շրջանին, որոնք կարեւոր են։ Օրինակ Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգման աշխատանքները՝ այստեղ թեքնիքական խումբերը կ՚աշխատին միմեանց հետ։
Նաեւ Թուրքական ավիաուղիները թռիչքներ սկսեց Հայաստան եւս կարեւոր հարց էր։ Ես գիտեմ կայ նաեւ քննարկումներ, ուսանողներու փոխանակման ծրագրերու համար։ Այսինքն մենք կը փորձենք դրական հարցերու վրայ կեդրոնանալ։ Այս մասին ես չեմ կրնար մատնանշել, հարց մը, որ բացասական է մեր յարաբերութիւններուն։
Մենք Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող Պոլսահայերս երկքաղաքացիութեան համար դիմումներ կը կատարենք Պատրիարքարանի աջակցութեամբ։ Իսկ Կաթողիկէ, բողոքական եկեղեցւոյ պատկանող հայերը կամ մահմետականացած հայերը ինչպէ՞ս դիմում պիտի կատարեն։
Ամէն ինչը կը կարգաւորուի Հայաստանի օրէնքներով, օրէնսդրութեամբ։ Ես գիտեմ որ Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող հայերը ունին, որոշակի առաւելութիւն, բայց մնացածի պարագային ինչ փաստաթուղթեր պէտք է տեղեակ չեմ։ Այս հարցին պէտք է պատասխանէ Հայաստանի Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը։
Ինչպէս գիտենք ԹՐԻՓՓ նախագիծը՝ նոր կամուրջ մըն է Արեւելքէն Արեւմուտք եւ ֆինանսական մեծ հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանի համար։ Ընթացքը ինչպէ՞ս կը յառաջանայ։
Յունուար ամսին արդէն հրապարակուեցաւ այդ փաստաթուղթը, որ հիմնականին կը նկարագրէր ինչպիսի կարգաւորումներ պէտք է ունենայ այս նախագիծը Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների կառավարութիւններու միջեւ։
Յաջորդ փուլին Հայաստանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է ստորագրեն միջպետական պայմանագիր։ Որու կ՚ըլլայ իրաւական հենքը այս նախագիծին, որուն հիման վրայ արդէն հնարաւոր կ՚ըլլայ ներդրողներ ներգրաւել եւ նաեւ սկսիլ շինարարութեան պրոցեսը։
Այս փուլին տեղի կ՚ունենայ ֆիզիպիլիթիս* հատուածը, այսինքն կ՚ուսումնասիրեն թէ որտե՞ղ, ինչպէ՞ս հնարաւոր է կառուցել երկաթուղին, օթօ մայրուղին եւ որտեղով պիտի է անցկացուին կազամուղները, մայրուղիները եւ այլն։
Շատ ակտիվ կ՚աշխատին Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այս հարցին շուրջ։ Ի հակէ այստեղ իրաւական հարցերը քիչ մը բարդ* են եւ պէտք է համբերութեամբ զինուել։ Մենք յոյս ունին որ առնուազն մինչեւ այս տարուան վերջ այս հարցերը կը կարգաւորուին եւ միւս տարուանէ արդէն հնարաւոր կ՚ըլլայ բուն շինարարական աշխատանքները տեսնել Հայաստան։
Ինչպէս գիտենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Իրանեան սահմանները բաց են։ Իրանէն Հայաստան գաղթող իրանահայեր կա՞ն։ Անոնց մասին տեղեկութիւն կրնա՞նք ստանալ։
Իրան մէջ պատերազմ սկսելէ ի վեր Հայաստանի սահմանը բաց եղաւ անընդհատ թէ մեր եւ թէ Իրանի քաղաքացիներու համար։ Նաեւ ընդհանրապէս բոլորին համար։ Հայաստանի կառավարութիւնը նաեւ 60 երկրի քաղաքացիներուն օգնած է Իրանէն տեղափոխուել Հայաստանով դէպի իրենց երկիրներ։ Որեւէ արտառոց, շարժ չկայ սահմանը։ Այսինքն սահմանի մարդկանց անցման թիւը նոյնքան է, մինչեւ պատերազմի սկիզբը։ Այսինքն մենք որեւէ փախստականներու հոսք չենք նկատած Իրանէն դէպի Հայաստան։ Այնպէս է ինչպէս միշտ եղած է։
Իրան եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները Ամերիկայի կողմէ ինչպէ՞ս կը տեսնուի։ Ամերիկան ձեզ հարցեր կը յառաջացնէ։
Իրականին Հայաստանի ու Իրանի յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի համար եւ թէ Հայաստանի-Ամերիկայի յարաբերութիւնները Իրանի համար հարցին կայ ըմբռնում։ Այսինքն հասկացողութիւնով կը մօտենան երկու կողմերն ալ։ Հաշուի առնելով մեր աշխարհագրական դիրքը։ Մենք շատ կը կարեւորենք այդ յարաբերութիւնները։
Այսինքն Իրանի հետ մենք ունինք շատ լաւ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ եւ նաեւ տնտեսական առեւտրային կապեր։ Կ՚ուզենք միշտ պահպանել այդ կապերը։
Ամերիկային Միացեալ Նահանգները երբեւէ այդ խնդիր չի տեսեր։
Նաեւ հակառակը մենք ունինք Ամերիկայի հետ ռազմավարական խոր յարաբերութիւններ եւ Իրանի մեր գործընկերները եւս խնդիրներ չեն ստեղծեր այդ հարցով։
Այսօր Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել տարածաշրջանի խաղաղութեան։
Մենք միշտ պատրաստ են ըլլալ երկխօսութեան հարթակ, մեր հարեւաններու եւ բարեկամ երկիրներու համար։ Ասոր մասին միշտ կ՚ըսենք։ Բայց արդէն այդ երկիրները պիտի որոշեն արդեօք կ՚ուզեն Հայաստանը դառնայ հարթակ իրենց քննարկումներու համար։
Մեր քաղաքականութիւնն է որ, մեր բոլոր հարեւաններու հետ ունենանք նորման յարաբերութիւններ եւ բաց սահմաններ։ Զարգացնենք յարաբերութիւնները եւ հէնց դրանով կը նպաստենք տարածաշրջանի խաղաղութեան։
Դուք ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի կողմէ նշանակուած էք Հունգարիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջազգային դիտորդական առաքելութեան ղեկավար։ Հունգարիոյ ընտրութիւնները տպաւորիչ էին յատկապէս մասնակցութեան ռեկորդային ցուցանիշներով։
Եթէ այսօր Հայաստան ընտրութիւնները կայանան մասնակցութիւնը ինչքա՞ն կ՚ըլլայ։
Դժուար է կանխատեսել։ Սովորաբար Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու մասնակցութիւնը 50 տոկոսի շուրջ է։ Այստեղ կայ օբյեկտիվ պատճառ։ Հայաստանին քաղաքացիութիւն ունին շատ մարդիկ, որոնք Հայաստան չեն բնակուիր։ Յաճախ այդ մարդիկ հնարաւորութիւն չեն ունենար որ քան Հայաստան եւ մասնակցին ընտրութիւններուն։ Անոր համար մասնակցութեան ցուցանիշը աւելի պակաս կ՚ըլլայ, քան այլ երկիրներուն։ Բայց կը ցանկանայինք։ Այսինքն մեր սփիւռքի շատ քաղաքացիներ ունինք, ունին անձնագիր կամ Հայաստան բնակող մարդիկ յաճախ աշխատանքի բերումով այլ երկիրներուն են այդ կը ազդէ ցուցանիշներու վրայ։ Իսկ միւս մասին մենք կը խրախուսենք մեր քաղաքացիներուն, որ ակդիվ մասնակցին Յունիսի 7 ընտրութիւններուն։ Որովհետեւ իրենք կը որոշեն, իրենց ճակատագիրը, իրենց ապագան թէ ո՞վ պիտի որոշում ներկայացնէ։
Բայց քիչ մը կը կասկածեմ որ, 80 տոկոսով մասնակցութիւն կ՚ըլլայ, ինչպէս Հունգարիոյ մէջ։
Իսկ մենք պոլսահայերս երկքաղաքացի ըլլալնուս պարագային ընտրութիւններուն պիտի կրա՞նք քուէարկել։
Այո։ Հնարաւոր է քուէարկել։ Հայաստան բնակող անձինք իրենց բնակարանի հասցէով արդէն գիտեն թէ որտեղ պիտի քուէարկեն։ Իսկ ովքեր Հայաստանի մէջ հասցէ չունին կրնան երթալ համապատասխան քաղաքացիութեան հարցերով գրասենեակ եւ այնտեղ իրենց ժամանակաւոր ցուցակին մէջ ներառել եւ այդպէսով կրնան երթալ քուէարկել։ Բայց Հայաստանի մէջ միայն։ Հայաստանէ դուրս հնարաւոր չէ քուէարկել։
Վեցօրեայ այս շաբաթուայ համագումարներուն ի՞նչ խնդիրներ արծարծուեցան։
Սա աշխարհի գրեթէ բոլոր բարլամենդներու ժողով է։ Այսինքն աշխարհի 150-է աւելի երկիրներէն մարդիկ կան հոս։ Հիմնականի թեման խաղաղութիւնն է։ Եւ թէ ինչպէս բարլամենթները նպաստել աշխարհի խաղաղութեան։ Կրնաք երեւակայել որ հիմնական դեմաները, քննարկումները կը վերաբերին Իրանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին։ Կազզայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին։
Նաեւ իւրաքանչիւր երկիր իր կարծիքը յայտնեց աշխարհի խաղաղութեան վերականգման վերաբերեալ։




