Երբ նախակրթարանի Դ. դասարանը անցանք ծանօթացանք դասացուցակի երեք նոր առարկաներով։ Պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ քաղաքացիական գիտելիքներ։Մինչ այդ մեր տեսած բոլոր դասերը կը դասաւանդուէին դասարանի ուսուցիչի կողմէ։ Այդ հանգրուանին ծանօթացանք նոր ուսուցիչներով, որոնք ազգութեամբ թուրքեր էին։ Այդ դասապահներէն մտքիս մէջ դրոշմուած նախադասութիւն մըն է. «ԱՄՆ համաշխարհային ժողովրդավարութեան երաշխաւորն է» կաղապար նախադասութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի 1960-ականներու առաջին կիսուն։ Այդ տարիներուն համատարած կարծիք մըն էր այս, երբ աշխարհ բաժանուած էր երկու բեւեռներու։ Ներառեալ Թուրքիա, բազմաթիւ երկիրներ կը ներկայանային ժողովրդավարական կոչեալ խմբակի մը անդամները ըլլալով։ Անոնց դիմաց կար երկրորդ ծանրակշիռ ուժը, որ կը կոչուէր կոմունիստ երկիրներ։ Աւելի ուշ ձեւաւորուեցաւ այդ երկու բեւեռներէն անջատ երրորդ խմբաւորում մը, որուն կարեւորագոյն անդամներն էին Հնդկաստանը, Չինաստանը, Կիպրոսը, Եգիպտոսը եւ այլ երկիրներ։ Աւելի յառաջացած տարիքներով մենք պատմութիւնը կրկին սերտեցինք, այս անգամ դասագիրքերու սահմաններէն դուրս գալով։
Իմացանք Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պայմանները։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն Թուրքիա խոհեմ դիւանագիտութեամբ փորձած էր անկողմնակալ մնալ այդ բազմամիլիոն զոհեր խլած գաղութատիրական պատերազմէն։ Բայց այդ անկողմնակալութիւնը ի զօրու էր միայն դիւանագիտական խօսոյթներու դաշտին։ Անդին Թուրքիոյ պետութիւնը իր հասարակութեան մեծամասնութիւնով հանդերձ մեծ հիացումով կը հետեւէր իր անցեալի դաշնակցին՝ Գերմանիոյ ռազմամեքենային զգլխեցուցիչ արշաւանքներուն։ Մամուլը հիացումով կը պատմէր Հիթլերի զօրքերու յառաջընթացը։ Կը սպասէին Սթալինկրատի անկումը, որպէսզի իրենք եւս պատերազմի մասնակից դառնան նախկին դաշնակցի կողքին եւ Հայաստանը արշաւելով թիկունքէն հարուածեն Խորհրդային Միութիւնը։
Այդ հոսանքին ուշի ուշով կը հետեւէին նաեւ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարող Խորհրդային դիւանագէտները։ Պատմութեան շարունակութիւնը բոլորիս ծանօթ է՝ Թամանեան Զօրագունդի շարքայինները մտան Պերլին վար առին Ռայշտակի կատառին ծածանող Նացիներու դրօշը ու իր տեղ պարզեցին մուրճ ու մանգաղով կարմիր դրօշակը։ Երբ գունդի զինուորները Պերլինի անկումը կ՚ողջունէին Քոչարի պարելով՝ Թուրքիա այդ նոյն ժամերուն պաշտօնապէս պատերազմ հռչակեց Գերմանիոյ դէմ։ Սակայն թուրք դիւանագէտները գիտէին թէ այդ ձեւակերպեալ միջոցը բաւարար պիտի չըլլար Խորհրդային հաւանական վրիժառութենէ մը խուսափելու համար։
Արդարեւ Խորհրդային բանակը Սթալինին հրամանով Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներուն վրայ ձեռնարկեց լայնածաւալ ռազմափորձի մը։ Այդ զարգացումը ալ աւելի խուճապ ստեղծեց Թուրքիոյ թէ՛ Արտաքին Գործոց եւ թէ զինուորական շրջանակներուն մէջ։ Նման վտանգը կանխելու իբրեւ միջոց իսկոյն օրակարգի եկաւ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրը։ Այդ ժամանակ ՆԱԹՕ կոչեալ Հիւսիս Աթլանտեալ դաշինքը տակաւին չէր պարզեր այն տպաւորութիւնը, ինչ որ այսօր վերածուած է լոկ իրականութեան։
Եկէք պատմութեան էջերը թերթելով կատարած ճամբորդութիւնը հասցնենք քիչ մը աւելի մօտ թուականներու։ Այս անգամ Սթալինին երբեմնի գահին վրայ նստած է Խրուշչովին, Պրեժնեվին, Յուրի Անտրոփովի եւ Սիմոնովի յաջորդող Միխայել Կորպաչովը։
Այս վերջինին վիճակեցաւ Խորհրդային Միութեան լուծարկումը յայտարարելը։
Խորհրդային Միութեան հետ լուծարկուեցաւ նաեւ Վարշաւեան Ուխտը։ Դարձեալ դիւանագէտները պատմութեան բեմին էին եւ միամիտ Կորպաչովը կը համոզէին՝ խոստանալով թէ ՆԱԹՕ պիտի չընդլայնէ իր ազդեցութեան սահմանները եւ պիտի գործադրուի նոյն ինքն Կորպաչովի առաջադրած Տեթանդի սկզբունքները։
Ինչպէս նշեցինք, կատարեալ խաբկանք մըն էր այս եւ ԱՄՆ-ի գլխաւորած արեւմտեան աշխարհը շուտով դրժեց իր խոստումները, քայլ առ քայլ ծաւալելով իրաւ սպառնալիք մը դարձաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան դիմաց։ Այդ սպառնալիքի իբր պատասխան բռնկեցաւ Ուկրանիոյ պատերազմը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Ինչպէս ըսած ենք գրութեան խորագրին ալ, ՆԱԹՕ յանցագործ զինեալ կազմակերպութիւն մըն է, որ կը շարունակէ վտանգել համաշխարհային խաղաղութիւնը։
Այսօր այս իրողութիւնը նկատողներ ՆԱԹՕ-ի Անգարայի վեհաժողովի ընդառաջ կը փորձեն այս ճշմարտութիւնը ահազանգել հասարակութեան։ Այդ բողոքի ձայները ճնշելու համար Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց 209 քաղաքացիներ, որոնցմէ 178 արդէն իսկ ձերբակալուած են եւ բանտարկուած ճաղերու ետին։ Երբ մանրամասնութիւնները յստակացան տեսանք թէ ձերբակալուածներու մէջ կարեւոր համեմատութիւն կը կազմեն ԹԵՄԱ հիմնարկի բնապահպանները, որոնք շրջագայութենէ մը կը վերադառնային, երբ ոստիկանները բերման ենթարկեցին զիրենք։
Երկրի քաղաքականութեան, նոյնիսկ մակերեսային կերպով հետեւողներուն համար գաղտնիք մը չէ այն իրողութիւնը, որ այդ մարդիկ ձերբակալուեցան ո՛չ թէ յանցանք մը կանխելու համար, այլ հասարակութեան մէջ վախի ու սարսափի զգացումը գոյացնելու համար։
Արեւմտեան աշխարհի անվտանգութեան քաղաքականութիւն կոչածը ճիշդ ալ այս նպատակին կը ծառայէ։ Ճնշումներու միջոցով զսպել ժողովուրդի պոռթկումը։
Յատկապէս մայրաքաղաք Անգարայի բնակիչները 6-12 Յուլիս թուականներու միջեւ պիտի ենթարկուին պաշարման վիճակի պայմաններուն։ Ներքաղաքային հասարակական փոխադրամիջոցները զանց պիտի առնեն համագումարի մասնակցող բարձրաստիճան հիւրերու իջեւանած հիւրանոցներու եւ ժողովասրահներուն գտնուած թաղերու կանգառները կամ մեթրօ կայանները։ Այլ խօսքով առկախուած է հասարակութեան ազատ շրջագայութիւնը քաղաքին մէջ։
Կ՚արժէ յիշեցնել թէ որքան ատեն որ կը տիրէ անարդարութիւնը, այս տեսակի կանխամիջոցները միայն ժամանակաւոր ազդեցութիւն կ՚ունենան եւ հետզհետէ գետին կը պատրաստեն շատ աւելի ուժգին ցնցումներու, նոյնիսկ ընկերային պայթումներու։




