Արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէքի փաստաբան Ապտուլլահ Ատըր գրաւոր յայտարարութիւն ըրաւ Ահմէտ Շըքի՝ Կիւրլէքի եւ անոր կնոջ՝ Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէքի մասին առաջ քաշած պնդումներուն առիթով։
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Կիւրլէք եւ իր կինը կը բնակին Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ իրենց յատկացուած պաշտօնական բնակարանին մէջ, եւ թէ ուրիշ բնակարան վարձելու մասին պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Յայտարարութեան մէջ ըսուեցաւ հետեւեալը.
«Մեր Արդարադատութեան նախարար Պարոն Աքըն Կիւրլէքի եւ իր կնոջ՝ Տիկին Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէքի մասին, լրագրող եւ երեսփոխան հանդիսացող Ահմէտ ՇԸՔ անունով անհատի մը կողմէ առաջ քաշուած պնդումները լիովին անիրական են, անհիմն եւ զրպարտութեան բնոյթ ունին։ Մեր վստահորդը եւ իր կինը կը բնակին Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ իրենց յատկացուած պաշտօնական բնակարանին մէջ։ Զրպարտիչ Ահմէտ Շըքի սուտ յայտարարութիւններուն հակառակ, մեր վստահորդին կողմէ ուրիշ բնակարանի վարձում երբեք խօսքի նիւթ չէ։
Լրագրութիւնը փաստաթուղթի վրայ կը հիմնուի, երեսփոխանութիւնը՝ հանրութեան առջեւ պատասխանատուութեան։ Եթէ զրպարտիչին ձեռքը վարձակալութեան պայմանագիր եւ վճարման փաստաթուղթ կայ, պէտք է անմիջապէս հրապարակէ զայն հանրութեան։ Հակառակ պարագային, նշեալ անձը հանրային խղճմտանքին մէջ զրպարտիչ պիտի նկատուի։ Մեր վստահորդին եւ իր ընտանիքին անձնական իրաւունքները եւ հեղինակութիւնը թիրախ դարձնող ստորին զրպարտութիւններուն համար, Ահմէտ Շըքի դէմ Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազութեան քրէական ամբաստանութիւն ներկայացուած է, ինչպէս նաեւ անձնական իրաւունքներու խախտման պատճառով բարոյական հատուցման հայց յարուցուած է։
Մեր վստահորդին դէմ հեղինակութեան սպանութեան բնոյթ ունեցող այս զրպարտութիւններուն հաշիւը իրաւունքի առջեւ պէտք է տեսնուի, իսկ զրպարտիչին պատիւն ու արժանապատուութիւնը՝ ազգին խղճմտանքին առջեւ դատուելու կարիքը ունի։ Գործընթացը իրաւական շրջանակի մէջ մանրակրկիտ կերպով կը հետապնդուի։ Յարգանքով կը հրապարակուի հանրութեան։
Ի՞նչ եղած էր
ԹԻՓ-ի երեսփոխան Ահմէտ Շըք, Սիւզէր Փլազայի եւ Ռից Քարլթընի մէջ գտնուող բնակարաններու շուրջ, արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէքին դէմ ուղղուած մեղադրանքները օրակարգ բերաւ։ Շըք, վարձքին եւ 30 միլիոն թրքական լիրա արժող նորոգութեան ծախսերուն կողքին՝ նաեւ ճաշի ծախսերուն առնչութեամբ, Կիւրլէքէն պատասխան պահանջելով, հետեւեալ 6 հարցումները ուղղեց։
Ահմէտ Շըք, իր յայտարարութիւններուն աւարտին, Աքըն Կիւրլէքին ուղղեց հետեւեալ 6 հարցումները՝ պատասխան պահանջելով.
«1- Տաւութ Եասին Պիլէնը, կամ անոր մերձաւորներէն մէկը, Սիւզէր Փլազայի մէջ բնակարան ունի՞։
2- Աքըն Կիւրլէք եւ իր կինը՝ Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէք, այս բնակարանին մէջ վարձակա՞լ են։
3- Բնակարանին համար ամսական 750 հազար թրքական լիրա վարձք կը վճարուի՞։ Ո՞վ կը վճարէ։ Վճարման անդորրագրեր կա՞ն։
4- Բնակարանին 30 միլիոն թրքական լիրա արժող նորոգութեան եւ կահաւորման ծախսը ո՞վ ստանձնած է։
5- Սեփականութեան վկայականին մէջ բնակարանին տէրը երեւցող Տաւութ Եասին Պիլէնի հետ ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւն ունիք։
6- Միաժամանակ Կապիտալի Շուկայի Խորհուրդի (SPK) վարչութեան անդամ Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէքի՝ փլազայի մէջ գտնուող «Նոպու» ճաշարանին մէջ կերած ճաշերուն ամսական 250 հազար լիրայի հաշիւը ինք՞ կը վճարէ, պարոն նախարա՞րը, թէ՞ Սիւզէր Հոլտինկը»։
Ինչպէս կը պարզուի, Ահմետ Շըք իբրեւ երեսփոխան, կը գործածէ իր հարցում ուղղելու իրաւունքը, սակայն Արդարադատութեան Նախարարը փոխանակ ուղղուած հարցումները պատասխանելու կը դիմէ դատարան, զրպարտութեան մեղադրանքով եւ հատուցում կը պահանջէ։



