Այս մասին Դիմատետրի իր էջի ուղիղ եթերին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Ես իմ դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ արտայայտած եմ յստակ՝ ըսելով, որ նոր Սահմանադրութիւնը պէ՛տք չէ յղում պարունակէ Անկախութեան հռչակագրին։ Իսկ ի՞նչ հիմնաւորում ունի այդ։ Ես խօսեցայ եւ կը խօսիմ Ղարաբաղի շարժումը չշարունակելու անհրաժեշտութեան մասին։ Եթէ մենք այսօր ընդունինք նոր Սահմանադրութիւն եւ այդ Սահմանադրութեան պատճէնի մէջ ըլլայ յղում Անկախութեան հռչակագրին, այդ կը նշանակէ, որ մենք կը շարունակենք Ղարաբաղեան շարժումը: Եթէ կը շարունակենք Ղարաբաղեան շարժումը, այդ ալ կը նշանակէ, որ կը վերսկսինք հակամարտութեան Ատրպէյճանի հետ: Եթէ կը վերսկսինք հակամարտութեան Ատրպէյճանի հետ, այդ կը նշանակէ արդէն, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր չէ» յայտարարած է Փաշինեան՝ յաւելելով, որ այդ կը նշանակէ ընդունիլ Արեւմտեան Հայաստանի, ծովէն ծով Հայաստանի մասին խօսոյթը:
Ըստ Փաշինեանի՝ հարցի նրբութիւնը այն է, որ սա գործնականին կը նշանակէ բացառել «Արեւմտեան Ատրպէյճանի», «Արեւելեան Թուրքիայի» եւ նմանատիպ այլ խօսոյթներու շուրջ քննարկումները։
Փաշինեան. «Ես յստակ արձանագրած եմ, որ մենք Ղարաբաղի շարժումը պէտք չէ շարունակենք, մենք Ղարաբաղի շարժումը պէտք չէ դադարեցնենք, այսինքն՝ այսօր Հայաստանի մէջ Ղարաբաղի շարժումը դադարեցուած է՝ առնուազն պաշտօնական եւ ժողովրդական մակարդակով։ Հայաստանը ժողովրդավարական պետութիւն է, եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կ՚որոշեն այլ կերպ, բնականաբար, ես՝ որպէս Հայաստանի վարչապետ եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը այդ որոշումը կընդունինք ի գիտութիւն», - խոստացած է Փաշինեանը՝ վստահեցնելով, որ կասկածի տակ չի դներ ժողովուրդի որոշումներ կայացնելու իրավունքը։
Վարչապետը անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու նիւթին՝ յայտարարեց, որ այդ հարցը նոյնպէս պէտք է փակել։ «Ինչքա՞ն պէտք է Ղարաբաղի ժողովրդին պահենք պատանդի կարգավիճակին։ Աւելի քան 30 տարի Ղարաբաղի մեր ժողովուրդը լիարժէք կեանքով չէ ապրած. անընդհատ անորոշութեան մէջ, ինչ-որ առումով քաղաքական պատանդի կարգավիճակով», նշած է Փաշինեան։



