Օծում Քիւրտիստանի առաջին հայ եկեղեցւոյ
Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ օծուեցաւ եւ պաշտամունքի բացուեցաւ առաջին հայկական եկեղեցին։ Օծումը կատարեց Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւորական դասէն Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան, Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան, Տամասքոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան։ Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեան, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան։ Բացի հոգեւորական բարձրաստիճան այս աւագանիէ ներկայ էր նաեւ ՀՀ. Իրաքի դեսպանը, Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Նոր եկեղեցին անուանուած է Սուրբ Խաչ։

