Հայկական մանկական գրականութեան հերոսուհիներուն այս շաբաթ միացաւ նոր անուն մը՝ Գանգուր Լորին։ Սիրունիկ աղջնակ մըն է ան՝ «Գանգուր Լորին» մատենաշարի գլխաւոր կերպարը։ Լորին նորայայտ երիտասարդ գրող Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեանի ստեղծագործութիւնն է։ Հետաքրքրասէր, ուշիմ, կատակասէր, մարդամօտիկ եւ զուարճախօս աղջնակ մըն է Լորին, որ ունի շագանակագոյն գանգուր մազեր։ Եւ այդ մազերն են, որ ծնունդ սկսած են տալ «Գանգուր Լորին» մատենաշարին, որուն առաջին հատորը արդէն լոյս տեսած է։
«Գանգուր Լորին» նախատեսուած է մատենաշար մը ըլլալ։ Նոր լոյս տեսած առաջին հատորի մէջ Լորին իր խճճուած մազերու մէջ կը գտնէ ոսկեգոյն բանալի մը։ Ուրկէ՞ եկած էր այդ բանալին։ Ան ինչպէ՞ս յայտնուած էր իր մազերու մէջ… Ան ի՞նչ կը բանար։ Իսկական առեղծուած մը… Այս հարցումներուն գոհացում տալու համար փոքրիկ Լորին, ոստիկանական ճշգրտութեամբ պրպտումներ կը կատարէ։ Պատմութեան աւարտին կը յայտնուի ընտանեկան հին, քաղցր հէքիաթ մը։ Յաջորդ պատմութեան մէջ Լորին պիտի արթննայ եւ իր մազերու մէջ պիտի գտնէ մէկ այլ առարկայ։ Այդ պատմութեան աւարտին ալ պիտի յայտնուի ընտանեկան եւ հայրենասիրական ջերմ պատմութիւն մը։

«Գանգուր Լորին - Լորին եւ Ոսկեգոյն Բանալին» գիրքը ուշագրաւ է իր նկարազարդումներով։ Տաղանդաւոր նկարիչ Ճէսի Քյուպըց հմտօրէն պատկերացուցած եւ նկարած է հայու դիմագիծը եւ հայկական տոհմիկ միջավայրը։ Գիրքը ունի փոքրիկ հայ ընթերցողներու համար յատուկ պատրաստուած լուսաւոր գծագրութիւններ, որոնց ենթաշերտի մէջ ներկայ է հայկական մշակոյթի բոլոր առարկաները։ Իւրաքանչիւր էջի մէջ տեղ գտած են հայկական տան մը բոլոր տոհմիկ առարկաները, ինչպէս գորգը, երաժշտական գործիքները, պատերու վրայ հայրենի տեսարանները, եւ այլն։
«Գանգուր Լորին» հատորը հայկական մանկական գիրքերու աշխարհի մէջ գեղեցիկ նորութիւն մըն է։ Լորիին պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ ընթերցասիրութիւնը տարածելու համար անոր երիտասարդ հեղինակը ծրագրած է քաղաքիս հայկական վարժարանները այցելել եւ գիրքի օրեր կազմակերպել։ Կասկած չկայ, թէ այս հրատարակութեան շնորհիւ ամէն հայկական տան գրադարանը պիտի հարստանայ գեղեցիկ մայրենիով գրի առնուած նոր մէկ գիրքով։
Հեղինակի մասին։
Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեան ծնած եւ մեծցած է քաղաքիս մէջ։ Ան շրջանաւարտն է Սահակ-Մեսրոպ եւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարաններու։ Քրիստինան ունի անձնական հետաքրքրութիւններու լայն ծիր մը։ Ան հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ աւանդական արուեստներու հանդէպ սէրը թէ հայ եւ թէ օտար երեխաներու մէջ տարածելու համար կը կատարէ զանազան միջոցառումներ։ Նոյն նպատակով ան որոշած է հայոց լեզուի եւ համաշխարհային պատմութեան ուսուցչուհի դառնալ, գիրքեր հեղինակել, առաւելաբար նահանգային ուսումնական ծիրէ մը ներս «The Genocide Education Project»ի հետ ամէն ամառ Ամերիկացի ուսուցիչներուն հայոց պատմութիւն ուսուցանել, որպէս վերապատրաստման դասընթացք։ Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեանի նորագոյն աշխատանքն է հայերէն սորուելու «ԱԲԳ Կապիկ» կայքէջը։ Քրիստինան այդ կայքէջը պատրաստած է իր նորապսակ ամուսինի՝ Նարեկ Տատուրեանի հետ։ 3-12 տարեկաններու համար նախատեսուած «ԱԲԳ Կապիկ» կայքէջը ճոխ է խաղերով եւ երգերով, ուր ամէն այցելու մանուկ թէ՚ լեզու կը սորվի եւ թէ՝ կը ծանօթանայ Հայաստանի աշխարհագրութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան։
Կը շնորհաւօրէնք Քրիստինան «Գանգուր Լորին - Լորին եւ Ոսկեգոյն Բանալին» գիրքի հրատարակութեան առիթով եւ անհամբեր կը սպասենք նորանոր պատմութիւնները։ Ուրախ ենք նաեւ տեսնելով, թէ քաղաքիս հայկական վարժարաններէն ելած է հայալեզու գրող մը, որ կը պաշտէ իր մայրենին եւ իր սէրը կը փոխանցէ հայորդիներուն։
Գիրքը ապսպրելու համար դիմել՝ abcgabig.com/lori։ Վարժարանի մը մէջ գիրքի օր կազմակերպելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար գրել՝ [email protected] հասցէին։




