Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ իրականացած է բառարանային համեստ ծրագիր մը, որ կը դիւրացնէ հայերէն, թրքերէն եւ գերմաներէն բառերու փնտռտուքն ու ապահովումը՝ անձնական բջջայինի («խելախօս», smartphone)-ի միջոցով։ Ծրագիրը կը կոչուի «Բառգիրք» (Parkirk), բաց է հանրութեան ու կարելի է ներբեռնել անվճար՝ AppStore-էն (iPhone) կամ Google Play Store-էն (Android), հետեւեալ հասցէներէն.
– apps.apple.com/at/app/parkirk/id6760705718
– play.google.com/store/apps/details?id=com.nis.newhayapp
Ծրագրի հեղինակն է նախկին պոլսահայ Վարդ Յակոբ Նշանեան։ Շեշտենք, որ այս ծրագիրը լրացուցիչ դեր կը խաղայ գոյութիւն ունեցող հանրածանօթ «Նայիրի» բառարանային հարթակին եւ «Կուկըլ» թարգմանիչին կողքին։ Ունի վեց գլուխներէ բաղկացած կոկիկ ընտրացանկ մը, հետեւեալ շարքով՝ գլխաւոր էջ, կրճատումներ, օգտագործման ուղեցոյց, անձնական բառարան, ծրագրի մասին, կապի հաստատում։
Հետեւեալ նորութիւնները բերուած են՝
1. Որոնում լատինատառով։ Հայերէն բառի մը որոնումը կարելի է իրագործել նաեւ լատիներէն տառերով։ Այս ուղղութեամբ հնչիւնաբանական տարբեր համակցութիւններ նկատի առնուած են։
2. Անձնական բառարան։ օգտագործողը կրնայ բառի մը որոնման արդիւնքը ապահովել «անձնական բառարանս» խորագրի տակ։ Սեղմելով համապատասխան պատկերակը, կարելի է ապահովուած բառերը կարդալ, դասաւորել եւ, ի հարկին, նաեւ ջնջել։
3.- Աստղանիշ (*)։ Որոնուած բառը կարելի է մուտքագրել նաեւ կրճատուած ձեւով։ Տուեալ բառի առաջին քանի մը տառերուն յաջորդող աստղանշան մը կու տայ այդ տառակազմով սկսող եզրերու ցանկը։ Ի դէպ, բառարանի գործածութիւնը չբեռնաւորելու համար այս բացառիկ հնարաւորութիւնը սահմանուած է այժմ 50 բառով։
4. Լեզուական ընդարձակում։ Ներդրուած չորս բառարաններէ բաղկացած այս ծրագիրը կարելի է նոյնիսկ ընդլայնել այլ լեզուներով։ Հեղինակի թոյլտուութեամբ կարելի կը դառնայ ընդլայնել թէ՛ անփոփոխ, թէ՛ որոշ լրացումներով ու սրբագրութիւններով։
Այս ուղղութեամբ ծրագրիս հեղինակը՝ զուտ փորձարկման նպատակով, տեղեկատուական մարզէն (Computer technology) թրքերէնէ-հայերէն բառարանին աւելցուցած է մասնագիտական մօտաւորապէս 100 եզրեր։ Յաւելեալ եզրերը օժտուած են յատուկ նշանով մը՝ բնագրէն զանազանելու համար։ Ի դէպ, այս ցանկը կարելի է յառաջիկային հասցնել մօտ 1000-ի։
5. Մշտական կապ։ Ծրագրի հետ առնչուող նկատողութիւններն ու առաջարկները կարելի է ուղղակի հեղինակին տեղեկացնել ել-նամակի միջոցով։



