Հայաստանի անկախութեան նշումը ամենամեայ մեծ ծրագիր եւ ուրախութիւն է Ճեմարանի աշակերտներու համար։ Անոնք վերամուտին արդէն կը ծրագրեն, թէ արդեօք ի՛նչ պաշտօն պիտի ունենան աշակերտական ճոխ յայտագիրի մէջ։
Այս տարի Անկախութեան յայտագիրը ունէր թէ՛ կատարումներ, եւ թէ՝ դաստիադակչական խօսքեր։ Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի անկախութեան քայլերգի (օրհներգ) միաբերան կատարումով։ Ապա բեմ եկան հանդիսավարները՝ 11-րդ դասարանի աշակերտուհիներ Արմինէ եւ Նարինէ Դանիէլեան երկուորեակները։ Անոնք մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեցին իրենց դասընկերները։
Նախ բեմ բարձրացան միջնակարգի աշակերտները։ Անոնք արտասանեցին Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը։ Միջնակարգի աշակերտուհի Իռեն Թորոսեանը արտասանեց Գէորգ Էմինի «Թող յաւերժ ապրի մեր ժողովուրը» բանաստեղծութիւնը, իսկ Սոֆի Ղումաշեանը՝ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Սա իմ երկիրն է» յուզիչ քերթուածը։
8-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներ Համլետ Մելիք-Մուշկամբարեանը եւ Արեն Յովսէփեանը բեմ եկան Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը եւ մեր նորածին Հանրապետութեան երկունքը պատմող ընթերցումները կատարելու համար։ Ապա բեմ ելան աւագ դասրաններու աշակերնտերը։ Անոնք արտասանեցին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։ Դանիէլեան քոյրերը, որպէս վերջին կատարում բեմ հրաւիրեցին Ճեմարանի բոլոր աշակերտները, որոնք եռանդով երգեցին Ռ. Հախվերդեանի «Իմ փոքրիկ նաւակ» երգը։
Վերջապէս բեմ եկաւ դպրոցի հիմնադիր ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանը։ Ան աշակերներուն պատմեց հայոց պատմութեան «ՈՉ»երը, սկսելով Հայկ նախապետի Բելին արձակած յայտնի ո՛չ-էն, թէ ինչպէս առաջին անգամ անկախացանք եւ ազգ դարձանք՝ եռաթեւ նետի մը հարուածով։ Ն. Տատուրեան աշակերտներուն բացատրեց, թէ հայութեան անկախութեան պաշտպանական գիծերը շատ աւելի ընթարձակ են քան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները։ Ամէն հայ, ըսաւ Տատուրեանը, սահմանագիծ մըն է։ Ուստի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները գրիչով եւ գիրքով կրնան պաշտպանել մեր 35-ամեայ անկախութիւնը։ Ամէն անգամ,- լսեց աշակերտը-, որ աշակերտը խօսի հայերէն, երգէ եւ աղօթէ հայերէն, իր ազգային պարտականութիւնը կատարած կ’ըլլայ։ Այս խօսքերէն վերջ ամբողջ սարհը, ներառեալ ծնողները եւ հիւրեր միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը։
Ճեմարանի ծնողական յանձնախումբի անդամուհիները բեմ բերին անկախութեան նշաններով զարդարուած կարկանդակը։ Ըստ սովորութեան, կարկանդակը կտրեցին 12-րդ դասարանի աշակերտները։
Պլեր դպրոցի Հայկական Ճեմարանը հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ Լոս Անճելըսի 6-12 դասարանի հայորդիներուն։ Աշակերտները անէմ օր ունին հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասեր, ինչպէս նաեւ հայկական պարի արտադասարանային ժամ: Ճեմարանը կը մասնակցի քաղաքիս արտասանական մրցումներուն, Փասատենայի ամենամեայ հայկական փառատօնին, շարադրական մրցումներուն, կը կազմակերպէ գրական երեկոներ, կը նշէ հայկական բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները: Որպէս պետական դպրոց Հայկական Ճեմարանը անվճար է: Դպրոցի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար գրել [email protected] հասցէին, կամ այցելել Instagram ընկերային կայքի Blair Armenian Academy էջը։



