Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնապէս խոստովանեցաւ, որ ինք պահանջած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էտիթա Կզոյեանի հրաժարականը։ Պատճառը՝ Կզոյեանին կողմէ ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսին Արցախի հակամարտութեան մասին գիրք մը նուիրելն է։
Փաշինեան այս արարքը որակեց իբրեւ «սադրիչ» եւ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան հակասող քայլ։ Ըստ վարչապետին, պետական պաշտօնեաները իրաւունք չունին կառավարութեան որդեգրած գիծէն դուրս գործելու, յատկապէս երբ Արցախի հարցը իրեն համար համարուած է «փակուած»։
Այս որոշումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց թանգարանի 74 աշխատակիցներուն մօտ, որոնք միացեալ նամակով մը բողոքեցին Փաշինեանին՝ պաշտպանելով իրենց տնօրէնը։ Միւս կողմէ, Վենսի այցելութենէն ետք, անոր կատարած գրառումներէն ջնջուեցան «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրերը՝ Թուրքիան չվիրաւորելու նպատակով։


