ՄԱԿ-ի, 81-րդ նստաշրջանի շրջանակով «Թուրքական Տան» մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հանդիպումը։
Կողմերը անդրադարձ կատարած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։
Ընդգծուած է նաեւ կարգաւորման գործընթացը առաջմղելու կարեւորութիւնը եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Այդ առումով, կողմերը անհրաժեշտ համարած են առեւտրատնտեսական յարաբերություններու խթանման, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման միտուած աշխատանքներու հետեւողական իրականացումը։
Մտքեր փոխանակուած է նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: Կողմերը շեշտած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այն էական ազդեցութիւն կ՚ունենայ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման գործին։ Այդ համատեքստին, ընդգծուած է «TRIPP» նախագծի իրականացման ու տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը։



