Արամ Գամպուրեանը իր ետին բարի յիշատակ մը թողելով տարի մը առաջ հրաժեշտ առաւ մեզմէ։ Ան բառին բուն իմաստով նուիրեալ գործիչ մը ըլլալով Ուսուցչաց Հիմնարկին ծառայեց այդ հաստատութեան հիմնադրութեան յաջորդող օրերէն այս կողմ։ Երբ աւանդեց կեանքը, իր բոլոր ունեցուածքն ալ թողուց համայնքին, իբրեւ կտակ։
3 Հոկտեմբեր շաբաթ օրուայ յետմիջօրէին ուրախ երեւոյթ է տեսնել թէ Ուսուցչաց Հիմնարկը իր գրասենեակի հանդիպակած յարկաբաժինը գնած եւ ՀայՃար միութեան մասնագէտներու խորհրդակցութեամբ վերածած է Արամ Գամպուրեան Մշակոյթի Կեդրոնի մը։ Նախորդ շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ նորակազմ կեդրոնին։ Հանդիսութեան ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը, ՀայՃարի անձնակազմը եւ Ուսուցչաց Հիմնարկի ու միութեան անդամները։
Նորակառոյց կեդրոնին մէջ յատուկ անկիւն մը տրամադրուած էր Արամ Գամպուրեանի կիսանդրիին համար, որ քանդակած է ծանօթ արուեստագէտ Էրոլ Սարաֆեան։
Նոյն օր բացումը կատարուեցաւ նաեւ Պոլսահայ նկարիչներու ոսպնեակէն Պալեան գերդաստանի ճարտարապետական վաստակի ցուցահանդէսին։
Պատրիարք Սրբազանը առիթը պատեհ գտաւ անձամբ շնորհաւորելու համար այս տարի համալսարանի մտից քննութիւններու մէջ արտակարգ յաջողութիւն արձանագրած երիտասարդները։
Խուռներամ բազմութեան մը մասնակցութիւնով կայացող բացման հանդէսի աւարտին բոլորի մտքին մէջ շրջող հարցադրումն էր այս սրահի արժանի կերպով շահագործման հնարաւորութիւնները։
Յիշենք թէ հիմնարկը ունի բաւականին հարուստ գրադարան մը։ Բայց հարցական կը մնայ այդ գրադարանի շահագործման կարողութիւնները։ Հոն գտնուող գիրքերու ցանկը որքանո՞վ թուայնացած է եւ հասանելի բոլոր հետաքրքիրներուն։
Համայնքային հաստատութիւններ ի՞նչ եղանակներով պիտի կարենան օգտուիլ միջավայրէն։
Հարցադրումներ, որոնց դրական պատասխաններով պիտի իմաստաւորուի այս նոր մշակոյթի կեդրոնը։



