Բագրատ Էսդուգեանի հայոց ապրումներէն ներշնջուելով գրի առած պատմուածքները կը բեմադրուին Պաքըրգիւղի մէջ։
Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ Տատեան վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց, աշակերտաց եւ ծնողաց կազմերուն զօրակցութեամբ գործող «Պաքըրգիւղի Մշակութային Ձեռնարկներու Յանձնախումբ»ը նախաձեռնած է դատերական բեմադրութեամբ ներկայացնել Բագրատ Էսդուգեանի «Պանդուխտ Երգեր»ը։
Պոլսահայ գեղարուեստական կեանքի վերջին տասնամեակին վրայ շատ կարեւոր ներդրում ունեցած անուն մըն է Արամ Կոստանեան։ Սունդուկեան թատրոնի այս կարող դերասանը իր բեմական գիտելիքները ու փորձերը մատուցեց բոլոր դիմողներուն, գործնականապէս վերածուելով արուեստաբանի։ Ան բացի իր հեղինակային բեմադրութիւններէն, պարային ստեղծագործութիւններէն, արտասանութեան համար մարզեց նաեւ պոլսահայ վարժարաններու անհամար աշակերտներ։
Կոստանեան այս անգամ ալ ստանձնած է Էսդուգեանի պատմուածքները թատրերգութեան վերածելով բեմադրելու դժուարին գործը։
«Պաքըրգիւղի Մշակութային Ձեռնարկներու Յանձնախումբ»ը կը տեղեկացնէ թէ ներկայացումները պիտի կայանան 15, 18, 20 Մայիս թուականներուն Աթաքէօյի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Ապահովուած է երթեւեկի դրութիւն։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ քարտուղարութեան 0212 571 65 75 հեռախօսահամարին։

