Հօրս եթէ ոչ պատանութեան վաղ երիտասարդութեան յուշերէն լսած եմ Փերա, շարժանկար դիտելու հմայքը։ «Ռումելի Հիսարէն մինչեւ Պեպէք կը քալէի։ Հանրակառքով կը հասնէի Թաքսիմ։ Շատ անգամ «Մելեք» (ապա երկար տարիներ «Էմէք») սինեմայի մէջ ֆիլմ մը դիտելէ ետք կը հանդիպէի «Պայլան» ծաղարանը, «Ատիս Ապապա» մը ուտելու համար։ Աւարտին նոյն ճամբով կը վերադառնայի Հիսարի մեր տունը»։
Հայրս այս բոլորը պատմելէն ետք կը յուշէր նաեւ ծախսած գումարը, որ երբեք չէր գերազանցեր 1 լիրան։
Այս պատումի բոլոր մանրամասնութիւնները անհաւատալի են մեր օրուայ պայմաններու մէջ։ Հանրակառքը ոչ, բայց հանրաշարժը իբրեւ վերջին կանգառ կը հասնի շատ աւելի հեռու վայրեր, նոյնիսկ Սարիյարէն ալ աւելի անդին, Սեւ Ծովի ափերուն։ Դրամի արժէքը եւս անկարելի է պատկերացնել, քանի որ այդ տարիներուն շրջագայութեան մէջ էր «փարա» դրամանիշը, որուն 40 միաւորը կը համապատասխանէր 1 ղրուշի։ Այս բոլորին մէջ եթէ պիտի փնտռենք անփոփոխ մնացած բան մը, այդ մէկը Փերա ելած ըլլալու արդած ուրախութիւնն էր միայն։ Մենք այդ ուրախ տրամադրութիւնով է, որ դուրս եկանք տունէն եւ ուղուեցանք դէպի Փերայի պատմական Միս փողոցը, այդ տեղի պարերէն մէկուն կայացող համերգին ներկայ գտնուելու համար։
Խոստովանինք թէ այս միջոցառումը մեզի համար ալ բաւականին անսովոր դիմագիծ մը ունէր։ Արդարեւ նկատի ունենալով պարի մէջ երաժշտութիւն լսելու որոշ դժուարութիւնները, ապահովեցինք նաեւ նստարանի դրութիւն մը, քանի որ պիտի դժուարանայինք երիտասարդ սերունդի նման ժամերու տեւողութեամբ ձեռքերնիս գարեջուրի շիշով մը ճոճուիլ աջ ու ձախ։
Հմայիչ էր համերգի խորագիրը։ Նախ «Կինտոներու Պար» կոչումը մեր յիշողութեան մէջ անմիջապէս կենդանացուց Խաչատուր Աւետիսեանի նոյնանուն յօրինումը։ Այս անգամ սակայն «Կինտոներու Պար»ը մեզի կը ներկայանար բոլորովին տարբեր կերպարանքով։ Փոխանակ Թիֆլիսի բնորոշ կերպարին բեմին վրայ կը հնչէր երիտասարդ երաժիշտի մը յանկարծաբանութիւնը ձեռնադաշնակի կատարումով։
Միքայիլ Եաքութի անունը ծանօթ էր մեզի իր նախկին թողարկած ալպոմով, որու մէջ ան կ՚ընկերակցէր եւս երկու երաժիշտներու, կազմելով «Ակա Թռիօ» նուագախումբը։
Այդ յաջող միասնութենէն ետք, այս անգամ Միքայիլ Եաքութ երաժշտասէրներուն կը ներկայանայ իր հեղինակային ծրագրով։
Իրականութեան մէջ ալպոմը չորս բաժիններէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է, որուն մէջ երիտասարդ երաժիշտը կը փորձէ ձեռնադաշնակի հնչողականութեան սահմանները մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսը տանելով զարմանքի ու հիացման ապրումներուն։
Համերգի ընթացքին ճազի դաշնակահարուհի Այշէ Թիւթիւնճիւ, երգչուհի Այշէնուր Քոլիվար եւ քլարնեթիսթ Քամուրան Եալչըն իրենց կատարումներով փայլ տուին այս եզակի համերգին։
Հօրս արկածախնդրութենէն 80 տարիներ անց Փերան կը պահէր նոյն հմայքը պայմանաւ որ հաշտուած ըլլանք կեանքի պարտադրած բազմաբնոյթ փոփոխութիւններուն։




