Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 2 Օգոստոս 2026, Կիրակի առաւօտ, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեանց։ Այս օրը մասնաւոր իմաստ ստացաւ այն առումով, որ Հաթայի երկրաշարժէն տուժած Իսկենտէրունի մեր Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ ի նպաստ սիրոյ սեղան պիտի սարքուէր:
Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ, ղեկավարութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի։ Ներկայ էր եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան:
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Սիրեց իրենները, մինչեւ վերջը սիրեց» (Յովհաննէս 13.1) բնաբանով եւ յիշեցուց Յովհաննէսի այն ամփոփումը, որ կը խտացնէ ամբողջ Աստուածաշունչը. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4.8): «Սէրը քրիստոնէութեան հիմքն է եւ նպատակը» ըսաւ մեր Հոգեւոր Պետը եւ ապա հանգամանօրէն խօսեցաւ սիրոյ մասին: Քրիստոսնեայի կեանքը սէրը հասկնալու եւ ապրելու առիթ է: Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ըսաւ թէ սէրը տալ կը պարտադրէ, սիրոյ գոյութիւնը տալով է որ կը հասկնանք: Աստուած մեզ սիրեց եւ իր սէրը ցոյց տուաւ իր Միածին Որդին տալով: Որպէսզի մարդիկ, որոնք Միածին Որդիին կը հաւատան՝ չկորսուին ու փրկուին: Նորին Ամենապատուութիւնը օրինակներ տուաւ Ս. Գիրքին մէջ տալու գաղափարին մասին: Տալով է որ մարդ կը սորվի սիրել:
Մեր Հոգեւոր Պետը քարոզի վերջաւորութեան անգամ մը յիշեցուց, որ պէտք է տանք. մեր եկեղեցիին, մեր համայնքային հաստատութեանց տանք: Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ Հաթայի մեր ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ երկրաշարժէն կրած վնասներուն մասին եւ հանգանակութիւն հռչակեց Իսկենտէրունի մեր Եկեղեցւոյ համար: Մեր Հաթայի, յատկապէս Իսկենտէրունի համայնքը իր եկեղեցւոյ նորոգութեան համար պէտք ունի նիւթական օժանդակութեան եւ մենք պարտաւոր ենք անոնց օգնելու։ Այս մէկը՝ տալը մեր թէ մարդկային եւ թէ քրիստոնէական պարտականութիւնն է։ Տալով է որ մենք պիտի հասուննանք։
Յաւարտ Ս. Պատարագի պաշտօն կատարուեցաւ Իսկենտէրունի մեր համայնքի հանգուցեալ հոգեւոր հովիւներուն եւ անդամներուն հոգւոցն ի հանգիստ:
Եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ:
Ապա Եկեղեցւոյ սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ ի նպաստ Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ: Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց թէ մեր համայնքային հաստատութեանց, թէ համայնքի իւրաքանչիւր անդամին եւ թէ աշխարհասփիւռ մերազն ժողովուրդին, որոնք իրենց լուման բերեն Անատոլուի մեր այս գործօն եկեղեցւոյ նորոգութեան ու պայծառութեան համար:



