Սէնթ Էսփրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ «Մայր Եկեղեցի» կոչման 150-ամեակի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան 24 Մարտ 2026, Երեքշաբթի, հանդիսաւոր արարողութիւններով։ Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Վիճակաւոր Մոնս. Մարթին Քմեթէք Եպիսկոպոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուած գոհաբանական Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Աթոռոյ Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական բաժանմունքներու տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։
Իսթանպուլի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն մասնակցութեամբ կատարուած արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարք Հայրը եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։ Լատին Եկեղեցւոյ Իսթանպուլի Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպիսկոպոսը որպէս Սէնթ Էսփրի Մայր Եկեղեցւոյ աթոռակալ ողջունեց ներկաները։
Հոգեւորականներու թափորով սկսաւ արարողութիւնը։ Ներկայ էին հիւպատոսներ, վարիչներ եւ հաւատացեալներ։ Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպս. շնորհակալութեան ուղերձով հանդէս եկաւ։ Արարողութեան աւարտին սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, շեշտելով եկեղեցի ըլլալու գաղափարականը։ Այս առթիւ յայտնեց, որ Քրիստոսի մարմինն է եկեղեցին, որուն մէջի Ս. Խաչով, Ս. Աւետարանով եւ Ս. Հաղորդութեամբ կառոյցները ճշմարտապէս կը դառնան այս մարմնի մասերուն։ Իսկ հաւատացեալներ եկեղեցւոյ մէջ այս սրբութիւններու ճամբով կը միանան Աստուծոյ եւ հաւատքին։ Շնորհաւորելով Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդները, մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց որ Միջեկեղեցական կարեւորագոյն տաճարներէն մին եղած է Սէնթ Էսփրին, քանի որ իր անունը կու գայ Ս. Հոգիէն։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց որ եկեղեցին մնայ միշտ անշարժ եւ ուխտաւորներ տակաւին շատ տարիներ վայելեն այս եկեղեցւոյ օրհնութիւնները։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի օրհնութեամբ։



