14 Ապրիլ Երեքշաբթի յետմիջօրէին ուրախութիւնը վայելեցինք մեր սիրելի բարեկամ, Սուրբ Գրային Ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճեպեճեանի այցելութիւնով։ Ան ընկերակցութեամբ նոյն ընկերութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ Տիկին Թամար Գարասույի, եկած էր անձամբ հրաւիրելու մեզ՝ Սուրբ Գրային Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչը» հատորի գինեձօնին։
Մեր հիւրը լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց 8-12 տարեկանին միջեւ երախաներու համար նախատեսուած հատորի մասին։ Գունագեղ նկարներով զարդարուած այս հատորը նպատակադրած է թերատի ուսանողին Աստուածաշունչը ծանօթացնել, պատմութիւններու եւ վարժութիւններու ճամբով։
Գիրքի հեղինակներն են՝ Սուզն Ճաշ, Քրիսթինա Շթըրլ, Մաթիաս Ուէպըր։
Պարտինք նշել որ գիրքը ոչ թէ բնագիրի բառացի թարգմանութիւնն է, այլ հայերէնով վերարտադրութիւնը։ Ան տպուած է 5000 օրինակով եւ առհասարակ բաժնուած է Միջին Արեւելքի հայկական կրթօճախներուն անվճար կերպով։ Պարոն Հրայր Ճեպեճեան քաղաքս ժամանած է շուրջ 450 հատորներով, որոնք պիտի տրամադրուին տուեալ տարիքի աշակերտներուն։ Այս առթիւ կազմակերպուած է շնորհանդէս մը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն համայնքային վարժարաններու հայերէնի եւ կրօնքի դասերու ուսուցիչներ։
Այժմ կը նախատեսուի աւելի բարձր դասարաններու ուսանողներուն համար մատչելի նոր աշխատութեան մը մասին։
«Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը գրի առնուած է մանկավարժական սկզբունքներու հիման վրայ։ Ան կը փորձէ կարելի եղածին չափ հեռու մնալ վերացական պատումներէ եւ նիւթերը պատմել մարդկային յարաբերութիւններու սահմաններուն մէջ։ Բան մը՝ որ այս օրերուն խիստ անհրաժեշտութիւն մըն է ԱՄՆ նախագահի համար, քանի այս վերջինս կը յաւակնի իր անմարդկային ռազմավարութիւնները արդարացնել, արհեստական բանականութեան միջոցաւ Քրիստոսի կերպարանք ստանալով։
Կարելի է ըսել թէ այս նորատիպ գործը իբրեւ օժանդակ աղբիւր պիտի դիւրացնէ մանաւանդ ալ համայնքային վարժարաններէ ներս կրօնք դասաւանդող ուսուցիչներու աշխատութիւնը։



