Փանկալթը թաղի հանրածանօթ գրախանութը «Նոսթալժի» իր գոյութիւնը պահելու համար հարկադրուեցաւ ցուցափեղկին վրայ աւելացնել «Սրճարան» կոչումը եւս։
Շնորհիւ գրադարաններու բոլոր գիրքերու մասին յաճախորդներուն լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցելու կարողութիւնով օժտուած գրասէր սեփականատիրոջ՝ պարոն Սիւհայի եւ այդ երդիքի տակ կազմակերպուած բազում միջոցառումներու, գրախանութը արժանի է նաեւ մշակոյթի կեդրոն կոչումին։
Ցարդ բազում բանախօսութիւններ, բանելային զրոյցներ կամ ցուցահանդէսներու բեմահարթակ հանդիսացող գրախանութի մէջ 20 Յունիս շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ մեր բարեկամ Այտըն Քաշքալի վերջին վէպի շնորհանդէսը։
Քաշքալ այս վէպով կը փորձէ իր ծննդավայր Շապինքարահիսարի երբեմնի բազմազգի բնակչութիւնը յիշել իբրեւ պատումի հերոս ընտրելով երեք ընկերներ՝ Գառնիկը, Գարեքինը եւ Ահմետը։
Անոնց մանկութեան ընկերութիւնը տարիներու հոլովոյթով խորացած է որու յիշատակին, որոշած են այդ մտերմութիւնը խորհրդանշել իրենց ձեռքով իսկ տնկած թթենիով։ Հնազանդած են կատարուած խորհուրդներուն եւ հասած են հայ պարտիզպանի մը մօտ, որ իրենց խորհուրդ տուած է թթենիի տունկ մը ճարել, որուն արագ աճումին ականատես պիտի ըլլան եւ ապա պիտի վայելեն անոր զովաշունչ շուքը։ Պատումի շարունակութեան մէջ ականատես կ՚ըլլանք պատերազմներու, որոնք լրիւ կը փոխեն բնօրրանի անդորրը։ Բնիկներ տեղահան կ՚ըլլան եւ իրենց կը փոխարինեն եկուոր գաղթականներ։
Հեղինակի փափաքին ընդառաջելով այս միջոցառման ելոյթ ունեցաւ թերթիս հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Ան նշեց թրքերէն գրականութեան մէջ երկրի մօտ անցեալի ամենակարեւոր վերիվայրումներուն անտեսումի տարօրինակ երեւոյթը։ «Մէկ կողմէն բնիկ ժողովուրդներ ցեղասպանուեցան, բնակչութեան փոխանակումի ծրագիրներով վտարուեցան իրենց բնօրրանէն եւ փոխադարձաբար բազմաթիւ ժողովուրդ ներգաղթեցին դարձեալ ակամայ լքելով իրենց վաղեմի հայրենիքը։ Մարդկային բազում ողբերգութիւններու պատճառ դարձած այս հոսանքին անդրադարձողները բացառութիւն կազմեցին, որոնցմէ կարելի է յիշել Եաշար Քեմալի կամ Քեմալ Թահիրի անունները։
Նոյնպէս շարժանկարը, թատրերգութիւնը եւս անհաղորդ մնացին այս խիստ կարեւոր անցուդարձերուն նկատմամբ»։
Էսդուգեան ապա նշեց Շապինքարահիսարի աշխարհագրական դիրքը, որ կարեւոր հանգրուան մը կը դառնար բարձր Հայքի տարածքին դէպի Պոլիս տանող ճանապարհի վրայ։ «Մարդիկ հետիոտն կը հասնին Շապինքարահիսար, ապա Կերասոնի նաւահանգիստէն ծովու ճամբով կը հասնին Պոլիս»։ Ան նաեւ նշեց սոյն քաղաքի անուանի դէմքերէն Զօրավար Անդրանիկը, Արա Կիւլերի հայրը՝ Տաճատ Կիւլերը։ Կարճ անդրադարձաւ Շապինքարահիսարի դիմադրութեան եւ ապա հայաթափման։
Միջոցառումը օժտուած էր նաեւ երաժշտական բաժինով մը, ուր այս անգամ ընտանիքի անդամներ, այսինքն հեղինակի խնամին, հարսը եւ աներձագը սազի ու կիթարի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեցին ժողովրդական երաժշտութենէ ընտրուած նմոյշներ։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ ընթերցողներու գնած գիրքերու մակագրումով։



