Սիտնիի Պոնտի Ծովափին վրայ ահաբեկչական յարձակում
Սիտնիի Պոնտի ծովափին վրայ հրէաներու «հանուքա» տօնակատարութեան ընթացքին ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ։ Հրացաններով կատարուած յարձակման պատճառաւ 12 հոգի զոհուեցաւ: Աւստրալիական պետութիւնը յարձակումը ահաբեկչական կոչեց եւ յայտարարեց, թէ ձերբակալած է ահաբեկչականներէն մէկը եւ միւսը վիրաւորուած:
Ոստիկանութիւնը նաեւ նշեց, թէ յարձակումը պատճառած է շուրջ 30 վիրաւոր:
Ահաբեկչականներուն մասին յայտնի եղաւ որ անոնք հայր ու տղայ են եւ փաքիստանի ծագում ունին։
Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսերիզներ ցոյց տուին մարդ մը, որ կը յաջողի դէմ ելլել յարձակողներէն մէկուն եւ ձեռքեն կը խլէ հրացանը: Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ան Ահմատ էլ Ահմատ անունով սուրիացի արմատ ունեցող նպարավաճառ մըն է, որ երկու փամփուշտ ստացած է եւ այժմ կը բուժուի:
Ահմատ էլ Ահմատի ընտանիքը իր քաջութեան պատճառաւ հպարտ է։ Նահանգի վարչապետ Քրիս Միննս հիւանդանոց այցելեց Ահմատ էլ Ահմատը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի իր քաջութեան համար։

