Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը կը շարունակուի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի։
Ստորեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յայտարարութիւնը.
«Կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի: Այս ուղղութեամբ կարեւոր հանգրուաններուն մասին տեղեակ պահեցինք մեր ժողովուրդի զաւակները՝ յիշեալ դատը նկատելով մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ դատը, ինչպէս նաեւ առաջին եւ յանդուգն քայլ մը՝ ազգային պահանջատիրութեան իրաւական մարզէն ներս:
Արդարեւ, թրքական դատարաններու նախադատ ատեաններէն ետք, ուր մերժուած էր դատը յետ քննութեան, այժմ անիկա կը գտնուի վճռաբեկ ատեանին մօտ: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմանադրական դատարան, որմէ ետք պիտի ուղղուինք դէպի Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան: Այս ծիրէն ներս, քանի մը օրեր առաջ, կաթողիկոսարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սիսի դատին իրաւական յանձնախումբի անդամներէն նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, փրոֆ. Թենի Սիմոնեանի եւ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի մասնակցութեամբ, եւ քննուելէ ետք դատին իրաւական գործընթացի նախկին հանգրուանները, ընդհանուր գիծերով ճշդուեցան յառաջիկայ քայլերը: Այս մասին նոր զարգացումներու լոյսին տակ բնականաբար տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդի զաւակները»:
Նշենք, որ 28 Ապրիլ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին՝ պահանջելով Սիսի մէջ գտնուող իր պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Որոշուած է, որ հայցին՝ մերժուելու պարագային, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոյն հարցով պիտի դիմէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանին։
Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, որ կը գտնուի պատմական Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ, թրքական կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ 1921-ին Օսմանեան կառավարութիւնը միայն երկու օր ժամանակ տուած էր Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին՝ կաթողիկոսարանէն վերջնականապէս հեռանալու համար։ Սահակ Բ. կաթողիկոսը իր փոքրաթիւ միաբանութեան հետ, վերցնելով կրօնական եւ մշակութային թանկարժէք գանձերը՝ ձեռագիրներ, հնատիպեր, ծիսական սպասք եւ միւռոնի կաթսան՝ բռնեց գաղթի ճամբան։ Վեհափառը յաջորդաբար հաստատուեցաւ Երուսաղէմի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Կիպրոսի, իսկ 1930-ին՝ Անթիլիասի մէջ։

