Ուրախութիւն է տեսնել թէ վերջերս գաւառի եկեղեցիներու շարքին աւելցած է նաեւ Զմիւռնիան իր սակաւաթիւ համայնքով։ Բացի եկեղեցական արարողութիւններէ, տաղաւարը տօնական մթնոլորտով նշուեցաւ Վաքըֆգիւղի եւ Պոյաճըգիւղի եկեղեցիներուն մէջ։ Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ Պատրիարք Սրբազանը նախագահեց Վաքըֆգիւղի Սուրբ Պատարագը եւ տօնակատարութիւնը, մեծ ուրախութիւն պարգեւելով գիւղի բնակչութեան։
Պոյաճըգիւղ վերջին տարիներուն կ՚ընդօրինակէ Վաքըֆգիւղի սովորութիւնը եւ Ս. Պատարագի աւարտին ուխտաւորներուն կը մատուցէ հարիսա։ Արդարեւ Պատարագիչ Հայր Զատիկ Վարդապետ Պապիկեան Պատարագի աւարտին օրհնեց աղը, խաղողը եւ հարիսան ու ապա Սայաթ Նովա Երգչախումբի անդամներ եւ թաղական խորհուրդը հարիսա մատուցեցին բոլոր ներկաներուն։
Ուշագրաւ էր շատերուն բերնէն հնչող «Ամէն տարա սաղ ու բարու» (Ամէն տարի ողջ, առողջ) բարեմաղթանքը։
Իսկենտէրունի եկեղեցւոյ մէջ
Ս. Պատարագ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առթիւ աւանդական ուխտագնացութեան ճամբուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 Օգոստոս 2026, Շաբաթ առաւօտ Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին նախագահեց:
Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Առաք. Քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեան եւ եկեղեցւոյ դպիրները: Երգեցողութեանց առաջնորդեց Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղյ. Եասուլքանեան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, ինչպէս նաեւ Անատոլուի Պապական Փոխանորդի ներկայացուցիչ Հ. Գարմինա Վրդ. Տոնիչի, Եուսուֆ Թապաշի ատենապետած Իսկենտէրունի Ծխական Խորհուրդի անդամները։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Ով որ կը խոստովանի իմ անունս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի խոստովանիմ զայն իմ Հօրս եւ հրեշտակներուն առջեւ» բնաբանով եւ նախ խօսեցաւ վկայութեան գաղափարին մասին, յատկապէս Ս. Քառասուն Մանուկներու վկայութեան մասին։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա ծանրացաւ Իսկենտէրունի եկեղեցւոյ վրայ, որ երկրաշարժէ վնաս կրած էր եւ այս Ս. Պատարագով պաշտամունքը կը կասէր եւ կը սկսէր նորոգութիւնը։ Մեծածախս աշխատանքին համար եկեղեցին կը կարօտէր բոլորի օգնութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց այս աշխարհամասի մէջ մնացած երկու եկեղեցիներէն մէկին՝ Իսկենտէրունի եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը, որ մեր այստեղ գոյութեան վկան է։Այս եկեղեցին պէտք է նորոգուի, որպէսզի շարունակէ իր վկայութիւնը տալ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի յատուկ կարգ կատարուեցաւ Իսկենտէրունի հանգուցեալ հոգեւոր սպասաւորներու՝ հովիւներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Հաթայի աւանդական
ուխտագնացութիւնը
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս 2026, Կիրակի, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի առթիւ, Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսութեանց նախագահեց եւ քարոզեց.
Պատարագիչն էր Հաթայի եւ գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Առաք. Քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեան, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշ, Բրկ. Առէն Ուր. Դպ. Քուշեան եւ Բրկ. Մինաս Դպ. Թապաշեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճուի։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղյ. Եասուլքանեան եւ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, ինչպէս նաեւ Սամանտաղի Քաղաքապետ Էմրահ Քարաչայ, Իսլահիյէի Քաղաքապետ Քեմալ Ուրալ, քոյր եկեղեցիներու ծխական խոհուրդներու ատենապետներ.
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց մեր Հոգեւոր Պետը։
Քարոզի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ Իսկենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ անոր անհրաժեշտ նորոգութեան մասին։ Ըսաւ որ կարեւոր է այդ եկեղեցին եւ պէտք է օժանդակենք անոր նորոգութեան:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց ու բարձր գնահատեց յատկապէս Վաքըֆգիւղի բնակիչները, գլխաւորութեամբ իրենց հովուին՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայի, Ճեմ Չափարի ատենապետութեամբ Ծխական Խորհուրդի եւ գիւղապետ Պերճ Քարթունի ու յարատեւութիւն մաղթեց իրենց։
Յաւարտ Ս. Պատարագի Եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը։ Ապա հարիսայի կաթսաներն օրհնուեցան մատաղի յատուկ աղօթնքերով ու բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։
Վերափոխման Տօնը Իզմիրի մէջ
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ Իզմիրի Նոթր Տամ տը Լուրտ եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատացեալ համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ։
Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Արսէն Քհն. Էքինճեան։ Սպասարկեցին Մարիա Հազար, Յովսէփ Էքինճեան, Սիմոն Էքինճեան, Մարկոս Կիւվէրճեան եւ Պետրոս Փիթաս։
Տէր Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման խորհուրդին՝ շեշտելով Ս. Աստուածածնի հաւատքի, հնազանդութեան եւ Աստուծոյ կամքին լիակատար նուիրումի օրինակը։ Ս. Մարիամը, որ իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ եւ դարձաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը յիշատակուի որպէս հաւատքի, մաքրութեան եւ մայրական սիրոյ մեծագոյն օրինակներէն մէկը։ Տէր Հայրը ըսաւ.
«Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ շնորհքով եւ հաւատքով ապրող մարդու կեանքը դէպի երկնային իրականութիւն կը բարձրանայ։ Ս. Մարիամի կեանքը մեզի կը սորվեցնէ հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ կամքին, սիրով ծառայել մեր մերձաւորներուն եւ մեր սիրտերը բաց պահել աստուածային շնորհքին։ Թող Ս. Աստուածածնի բարեխօսութիւնը առաջնորդէ մեր ընտանիքները եւ մեր համայնքը՝ պահելով մեզ հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ յոյսի մէջ»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։ Օրհնուած խաղողը բաժնուեցաւ ներկաներուն՝ որպէս Աստուծոյ շնորհներուն եւ առատութեան խորհրդանիշ։
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը դարձաւ հաւատքի, միութեան եւ համայնքային համերաշխութեան գեղեցիկ վկայութիւնը։



