Լոնտոնի հայ համայնքը Հոկտեմբեր 11-ին արթնցաւ՝ Անգլիոյ սովորական մռայլ եւ անձրեւոտ եղանակին փոխարէն վայելելով պայծառ արեւու ճառագայթները, որոնք կը լուսաւորէին Սուրբ Եղիշէի պատմական քարերը, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդին սիրտերը արդէն իսկ օրուան կարեւորութեան պատճառաւ ջերմացած էին։ Այդ օրը պիտի տօնախմբուէր Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ օծման քսանհինգամեակը եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
Չելսի թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը սկսի իր ներկայ առաքելութենէն շատ առաջ։ Շէնքը, որ 1867 թուականին կառուցուած էր որպէս Անգլիական Սուրբ Պետրոս եկեղեցի, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու նիւթական աջակցութեամբ վերածուեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ։ 2001 թուականի Յունիս 10-ին այն օծուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ՝ դառնալով Լոնտոնի հայ համայնքի մարգարիտներէն մէկը։
Յոբելենական Սուրբ Պատարագը մատուցեց Արժանթինի եւ Չիլիի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Առէն եպիսկոպոս Շահէնեան, որ անցեալին եղած էր նաեւ Սուրբ Եղիշէի հոգեւոր հովիւը։ Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի կոնդակը։ Նոյն առիթով ընթերցուեցաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւոր Չարլզ Գ.-ի շնորհաւորական նամակը։

Պոլսոյ մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով՝ եկեղեցական հարուստ արարողութիւններն ու տօնախմբութիւնները ինծի ծանօթ էին։ Հետեւաբար հետաքրքրական էր ականատես ըլլալ այսպիսի նշանակալից օրուան։
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան իր պատգամին մէջ յատկապէս շեշտեց եկեղեցւոյ կենդանի ժառանգութեան եւ զայն գալիք սերունդներուն փոխանցելու պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը։ Այս գաղափարը նաեւ իր արտայայտութիւնը գտած էր յոբելեանին առիթով պատրաստուած A Living Temple «Կենդանի Տաճար» գրքոյկին խորագիրին մէջ։
Սրբազանին խօսքերը լսելով՝ մտածեցի Սուրբ Եղիշէի հետ իմ իսկ կապին մասին։ Երբ Լոնտոն հաստատուեցայ, Յովակիմ Սրբազանին օրհնութեամբ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նշան քահանայի ջերմ ընդունելութեամբ՝ Սուրբ Եղիշէն շուտով դարձաւ Լոնտոնի մէջ իմ եւ ընտանիքիս հոգեւոր ու համայնքային կեանքի կեդրոնը։ Հոս ստացայ սարկաւագական ձեռնադրութիւնս, որ ինծի համար դարձաւ աշխարհիկ կեանքէն դէպի հոգեւոր ծառայութիւն անցնելու կարեւոր հանգրուան մը։
Կը զգայի, որ մեծէն մինչեւ պզտիկ՝ նոյն պահուն կը մտածէր այս սուրբ եկեղեցւոյ հետ ունեցած իր կապին, անցեալին եւ ստացած օրհնութիւններուն մասին։ Սակայն Սուրբ Եղիշէի նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր անհատական պատմութիւններով։ Պոլիսէն, Հայաստանէն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եկած հայեր կը հանդիպին նոյն Սուրբ խորանին առջեւ։ Իւրաքանչիւրը իր մշակոյթն ու աւանդութիւնները կը բերէ այս Սուրբ Սեղանին շուրջ, եւ այդ տարբերութիւնները կը միաւորուին նոյն հաւատքի ու աղօթքի մէջ՝ միասին մասնակցելով Սուրբ Պատարագին, որ կը մատուցուի գրաբար հայերէնով։
Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ դուք Աստուծոյ տաճարն էք, եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի» (Ա. Կորնթացիս 3։16)։ Իսկ Քրիստոսի խօսքը՝ «Ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես՝ անոնց մէջ» (Մատթէոս 18։20), կը յիշեցնէ, որ հաւատացեալներու աղօթքով ու հոգեւոր կեանքով է, որ եկեղեցւոյ շէնքը կը դառնայ կենդանի տաճար. իսկ Սուրբ Հոգին է, որ կը բնակի հաւատացեալներուն մէջ եւ կ՚առաջնորդէ անոնց կեանքը։
Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինը ամբողջացուց Սուրբ Եղիշէի երգչախումբին հոգեւոր համերգը՝ Արիս Նատիրեանի ղեկավարութեամբ։
Օրուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանը շնորհուեցաւ Վիգէն եւ Ծովինար Հալաճեաններուն։ Իսկ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի Սուրբ Եղիշէ շքանշանը, որ թեմի կողմէ առաջին անգամ կը շնորհուէր, յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ, թեմին եւ համայնքային կեանքին մէջ երկար տարիներ ծառայած անձերու։
Սուրբ Եղիշէի 25-ամեակը ինծի համար միայն եկեղեցւոյ պատմութեան կարեւոր հանգրուան մը չէր։ Ան նաեւ իմ անձնական ճանապարհիս մէկ մասն է։ Կը մաղթեմ, որ այս տաճարը շարունակէ իր դռները բանալ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք կը փնտռեն աղօթքի, հաւատքի եւ հոգեւոր հարազատութեան վայր մը, եւ որ գալիք սերունդներն ալ շարունակեն վայելել այս օրհնութիւնները՝ իրենց մասնակցութեամբ եւ հաւատքով։



