Իսթանպուլի 13-րդ Ծանր Քրէական Դատարանը մերժեց Օսման Քավալայի վերադատութեան համար ներկայացուած դիմումը։ Դատարանը չկիրարկեց Մարդու Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Մեծ Ատեանի կողմէ Քավալայի մասին տրուած իրաւունքի խախտման վճիռը։
Ըստ DW Թրքերէնէն Ալիճան Ուլուտաղի լուրի, Իսթանպուլի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազութիւնը, դատարանի խնդրանքով ուղարկած կարծիքին մէջ նշեց, որ Սահմանադրական Դատարանը տակաւին չէ կայացուցած իր վճիռը Քավալայի վերաբերեալ եւ որ ներքին իրաւական ուղիները չեն սպառուած, եւ խնդրեց մերժել դիմումը։
Դատարանի վճիռին մէջ շեշտուեցաւ, որ ՄԻԵԴ դիմելէ առաջ պէտք է սպառել ներքին իրաւական ուղիները։ Հիմնաւորման մէջ ըսուեցաւ, որ միջազգային իրաւունքի մէջ ընդունուած ընդհանուր սկզբունքներուն համաձայն՝ դիմողները նախ պէտք է դիմեն ազգային դատական մարմիններուն եւ օգտագործեն գոյութիւն ունեցող իրաւական ուղիները։ Վճիռին մէջ ըսուեցաւ. «Հակառակը ընդունիլը՝ միջազգային դատարանի մը իր իրաւասութիւնը գերազանցելով ինքնիշխան պետութեան իր դատական իրաւասութիւնը ինքնուրոյն գործադրելուն միջամտութիւն պիտի կազմէ»։


