Իշխանութեան կողմէ «Ահաբեկչութենէ Ազատ Թուրքիա» անուանուած գործընթացին շրջագծին մէջ, Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած «շրջանակային օրէնք» առաջարկը, Ազգային Ժողովի Արդարադատութեան Յանձնաժողովին մէջ 18 ժամ տեւած խորհրդակցութիւններէն ետք եկաւ Ընդհանուր Ժողովի քննարկման։ Օրինագիծի քննարկումները սկսան երկուշաբթի, ժամը 11։00-ին։ Ազգային Ժողովի Փոխ նախագահ Ճելալ Ատանի նախագահութեամբ բացուած նիստին, առաջարկը ընդունուեցաւ եւ վերածուեցաւ օրէնքի։ 562 պատգամաւորի մասնակցութեամբ կայացած քուէարկութեան մէջ, 468 պատգամաւոր դրական քուէ տուաւ, մինչ 88 պատգամաւոր «դէմ» քուէարկեց։ 6 պատգամաւոր ալ ձեռնպահ մնաց։
Երկրորդ նիստին խօսք առնող Ազգային Շարժում Կուսակցութեան Նախագահի Փոխանորդ Ֆեթի Եըլտըզ ընդգծեց, թէ «շրջանակային օրէնք»ի առաջարկը «ներում»ի կարգադրութիւն մը չէ։ Կարգադրութեան ուղղեալ «յատուկ ներում»ի քննադատութիւնները մերժելով, Եըլտըզ նշեց, թէ քննութեան, դատավարութեան եւ դատապարտութեան որոշումները կը պահպանուին, եւ օրէնքը ներում կամ անպատժելիութիւն չի պարունակեր։ Եըլտըզ գործածեց հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Ահաբեկչութենէ Ազատ Թուրքիա տեսլականը զուտ անվտանգութեան քաղաքականութիւն մը չէ. ան պետութեան գոյատեւման, օրէնքի գերակայութեան եւ ընկերային համերաշխութիւն ընդգրկող պետական քաղաքականութիւն մըն է»։ Ներկայ դրութեամբ՝ ՓՔՔ-ի ինքնալուծարկման եւ զէնքերու վայրէջումին հետ «կիսադարեայ ահաբեկչական սպառնալիքին վերացումը» նշելով, Եըլտըզ ըսաւ, թէ գործընթացին ընթացքին «մեծ ընկերային համաձայնութիւն» մը ստեղծուեցաւ։ Ան ըսաւ, թէ առաջարկը Խորհրդարանին մէջ որակեալ մեծամասնութեամբ ընդունուիլը կը սպասեն։
ՏԵՄ կուսակցութիւն՝
«Թուրքիոյ ժողովուրդներուն
համար առիթ մը»
ՏԵՄ կուսակցութեան Փոխ Նախագահ Կիւլիսթան Քըլըչ Քոչյիղիթ ըսաւ, թէ ասիկա Թուրքիոյ ժողովուրդներուն համար խաղաղութիւնը մշտականացնելու եւ ժողովրդավարութիւն կառուցանելու առիթ մըն է։ Ան աւելցուց. «Անշուշտ առաջարկը ունի պակասութիւններ, եւ ասկէ ետք մեր պատասխանատուութիւնն է այս պակասութիւնները շտկել։ Խաղաղութիւնը միայն օրէնքով չի գար։ Ժողովրդավարական քաղաքականութեան դաշտը ընդարձակել, ԵՄԻԱ-ի եւ Սահմանադրական Ատեանի որոշումները գործադրել, ընտրուածներուն եւ ժողովուրդի կամքին երաշխաւորուած կարգ մը հաստատելու համար բոլորս միասին պայքարելու պարտաւոր ենք»։
Նոր Կուսակցութիւն՝
«Հասարակաց բանականութեան դուրս ձգումը մեծ
պակասութիւն մըն է»
Նոր Կուսակցութիւն խմբակցութեան Փոխ-Նախագահ Մուրատ Էմիր ուշադրութիւն հրաւիրեց գործընթացի ընթացքին կազմուած յանձնախումբի պատրաստած հասարակաց տեղեկագրին վրայ։ Տեղեկագրին մէջ նշուած ժողովրդավարացման շեշտադրումին հակառակ դաշտին վրայ ոչ մէկ դրական քայլ առնուած ըլլալը նշելով, Էմիր ընդգծեց, թէ Թուրքիոյ մէջ անօրինականութիւնները կը խորանան։ Դատական իշխանութիւնը քաղաքագէտներու, լրագրողներու եւ քաղաքացիներու վրայ ճնշման գործիքի վերածուած ըլլալը յայտնելով, Էմիր ընդգծեց, թէ տեղեկագրին մէջ նշուած «Սահմանադրական Ատեանի եւ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի որոշումներուն հպատակիլ» առաջարկն ալ անտեսուած է։ Խորհրդարանի Նախագահ Քուրթուլմուշի հետ միասին կազմած յանձնախումբի բնագիրին բոլոր կողմերը ստորագրած ըլլալը յիշեցնելով, Էմիր ըսաւ. «Զէնքերու լռութեան եւ ահաբեկչութեան աւարտին համար նախ ժողովրդավարական հիմ մը կառուցանելու անհրաժեշտութիւնը այն օրն ալ ըսած էինք։ Սակայն այսօր, ստորագրուած տեղեկագրին մէջ նշուած ժողովրդավարացման քայլերը ամբողջովին անտեսուած օրինագիծի մը դիմաց կը գտնուինք։ Ահաբեկչութեան աւարտին ուղղեալ ամէն քայլ արժէքաւոր կը նկատենք, սակայն այս առաջարկին պատրաստման եղանակը եւ հասարակաց բանականութեան դուրս ձգումը մեծ պակասութիւն մըն է։ Մեր կուսակցութեան ճշգրիտ դիրքորոշումը քուէարկութեան մէջ մեր Ընդհանուր Նախագահը մանրամասնութեամբ պիտի յայտարարէ»։
Անդին Լաւ Կուսակցութեան նախագահը յայտարարեց թէ իրենց ի սկզբանէ դէմ են այս նախագծին եւ զայն կը համարեն ահաբեկիչները ներելու միջոց, հետեւաբար դէմ պիտի քուէարկեն բանաձեւին։



