Յարութը նկատած էր զինք, ժամեր շարունակ հետեւած էր անոր նկարահանումներուն։ Զգացած էր տարօրինակութիւն։Երբ ուրիշներ կը լուսանկարէին հանրահաւաքի երեւակայական դրուակները, ան իր ոսպնեակը ուղղած էր ցուցարարներուն։ Հանրահաւաքի բոլոր մասնակիցները հանդիպած էին իր տեսախցիկի տեսադաշտին։
Յարութի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ այդ երիտասարդ լուսանկարիչին։ Ցուցարարներու ցրուած պահուն եւս շարունակեց իր զգոյշ հետապնդումը եւ անգամ մը եւս համոզուեցաւ իր կասկածներու իրաւացիութեան։ Նախապէս երեք անգամներ նկատած էր տեսախցիկէն դուրս բերած memory card-երը փոքրիկ տուփի մը մէջ դնելուն։ Օրուան աւարտին վերջինն ալ դուրս բերաւ տեսախցիկէն, տեղաւորեց այն նոյն տուփին մէջ եւ տուին ալ փոխանցեց շէնքի ելեկտրական խնդիրներու մասնագէտ թեխնիկագործին։ Յարութ հիմա այլեւս պիտի հսկէր նաեւ այս երկրորդ կասկածեալը։
Ան գիտէր թէ նման հետապնդումը կը պահանջէ մեծ համբերութիւն։ Արդարեւ հազիւ ամիսներ անց, ուսանողի մը Ուղուրին Լոնտոնի մէջ ապրածները պատմելով է որ վերահաստատեց իր շփոթը։ Միայն ինք էր այդ շփոթը ապրողը։ Ուսանողներու մեծամասնութիւնը տարուած էին պահի զարգացումներով։ Անոնք չէին նկատած իսկ այդ երիտասարդ ուսանողի վարմունքի տարօրինակութիւնը։ Ո՞վ գիտէ Միջին Արեւելքի արտատնային եւ արտադպրոցային փորձառութիւններով ձեռք բերուած ուշիմութիւն մը պարզապէս։
Նման զգուշութիւնով հանդերձ Յարութ ալ չէր գիտեր ընթացքի գործադրումը։ Երիտասարդ լուսանկարիչի առած քատրերը ելեկտրական թեխնիկի ձեռամբ փոխանցուած էր մի ուրիշին եւ վերջապէս վեց անձերէ բաղկացող խմբակ մը մի առ մի քննելով նկարուողներու դէմքերը, դիմեցին արհեստական բանականութեան ընձեռած բոլոր միջոցներուն, որու հետեւանքով կարելի եղաւ նաեւ ճշդել ցոյցերու մասնակիցներու ինքնութիւնները։
Աշխատութեան շարունակութիւնը շատ աւելի հեզասահ էր։ Այդ նոյն վեցեակ խմբակը թափանցեց նաեւ ուսանողներու էլ- հասցէներուն եւ սոցցանցերու գրառումներուն։ Այդպէս յայտնաբերած էին Ուղուրի համաձայնութիւն կնքած համալսարանը։ Այդ հանգրուանէն ետք պարզ մանրամասնութիւն մըն էր Իսրայէլի դեսպանատունէն կցորդի մը տեսուչը այցելելով համալսարան գալու պատրաստուող «ահաբեկիչի» մասին տեղեկութիւն փոխանցելը։
Լոնտոնի համալսարանի տեսուչը տարիներու փորձառութեամբ գիտէր թէ ահաբեկիչ կոչուածը երբեք ու երբեք չէր յայտնուեր հանրահաւաքի մը բազմութեան մէջ։ Բայց նոյն փորձառութեամբ կրնար ենթադրել թէ ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ նման լրատւութիւնը անտեսելը։ Չէր կրնար իր աթոռը վտանգել օտարազգի ակադեմականի մը արդար պաշտպանութեան սիրոյն։
Պտոյտը կատարեց «Լոնտոնի աչքը» կոչուած քարուզելը եւ Ուղուր դուրս եկաւ մտքին մէջ պտտուող բազմաթիւ հարցումներով, խնդիրներով ու մտատանջութիւններով։ եղելութիւնը չէր պատմած Նիկոլին, գոհացած էր «կարգ մը խոչընդոտներ կան» ըսելով։ Անկարելի էր ԱՄՆ, եկած համալսարանը վերադառնալ։ Համարեա անկարելի էր նաեւ իր երկիրը վերադարձը։ Իր ուսումնասիրած թեման՝ ժողովուրդներու երաժշտութիւններու փոխազդեցութիւնը միմիանց վրայ, անբաղձալի նիւթ կը համարուէր Թուրքիոյ մէջ, քանի որ բացառիկ տարրալուծարանի մը բնոյթ, մշակոյթներու զանազանութեան առումով, բայց նման հետազօտութիւնով ապրուստ հոգալ, գրեթէ անկարելի էր։
Ուղուր աննպատակ կը շրջէր Լոնտոնի փողոցներով։ Մատնուած կացութենէն դուրս գալու եղանակներ կը որոնէր, բայց միշտ ապարդիւն կը մնային մտքով անցուցածները։
Երբ ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ «PUB»ի մը հիւրընկալ ցուցափեղկին, կարծես յատուկ հոս գալու համար փողոց իջած ըլլար, անվարան ներս մտաւ։ Այդ ժամուն բապի ներքեւը աւելի լուսաւոր չէր, քան Լոնտոնի փողոցները։
Պատուիրեց սքոչ մը եւ նոյն պահուն նկատեց կին մը, որ շշով գարեջուր կը խմէր ու իրեն կը նայէր։ Երբ իրար հանդիպեցան հայեացքները, ժպիտի փոխանակում մըն ալ եղաւ երկուքին միջեւ։
Զարմանալիօրէն արտայայտչական էր այդ ժպիտը։ Ծանօթանալու ցանկութիւն կար դէմքի մկաններու այդ յայտնի- անյայտ պոկումի ու թուլացման մէջ։ Մարդ էակի բնորոշ յատկութիւն մը։ Հետաքրքրութիւն, յոյս, ակնկալիք, թախիծ, հրաւէր կամ մերժում,գոհունակութիւն, դժգոհութիւն… Այդ բոլորը արտայայտել աչքերով, շրթներու հազիւ նշմարելի փոփոխութիւններով, միայն մարդ արարածի տրուած յատկութիւն է։ Կինը փոքր ինչ տեղափոխուած էր իր նստած դիրքին մէջ։ Ուղուր իսկոյն նկատեց թէ սա հրաւէր մըն է, մօտենալու համար։ Բաց չթողեց այդ առիթը եւ մօտեցաւ, աչքերուն մէջ գոհունակութեան փայլով մը։
**
Յարութը՝ որ Պաղեստինի զօրակցութեան ցոյցի օրը, քայլ առ քայլ հետեւած էր երիտասարդ լուսանկարիչին, նկատած էր «memory card»երը, որու փոխանցելու, բայց յետոյ չէր շարունակած իր հետապնդումը։ Հազիւ որոշ ժամանակ անց, երբ լսեց Լոնտոնի համալսարանի տեսուչի սենեակի պատահածը Ուղուրի հետ,Վերսկսաւ իր հետապնդման։
«Խելքի ճամբան մէկ է» կ՚ըսէ արածը։ Յարութ ալ հետեւեցաւ այդ նոյն ճամբան, իր բջջային հեռախօսով արձանագրած լուսանկարի ուսումնասիրութեան։ Ան ալ ընկերոջ մը օգնութեամբ յաջողեցաւ իր նկարած դէմքը պիոմեթրիկ դիմանկարի մը վերածել եւ բաղդատական որոնում մը կատարել համալսարանի աշակերտութեան անձնակազմին մէջ։
Ո՞վ էր այդ երիտասարդ լուսանկարիչը։ Ինչպէ՞ս եղած էր որ անոր նկարածը հասնի Լոնտոնի համալսարանի տեսուչին եւ խանգարուի Ուղուրի հետ կնքուած համաձայնագրութիւնը։
Յարութը, Ուղուրը եւ այժմ Լոնտոնեան բապի մը մէջ ծանօթացած Սարան, (այդպէս էր շշով գարեջուր խմող կնոջ անունը) մատնուին նոյն հարցումի պատասխանը փնտռելու ընթացքին մէջ։




