Ցկեանս բանտարկութիւն Նազարեանին
25Դեկտեմբերին կայացաւ Մարիցա Քիւչիւքի սպանութեան վճռական նիստը։ Դատակազմը ամբաստանեալ Մուրատ Նազարեանը մեղադրեց 85 ամեայ Մարիցա Քիւչիւքը վայրագաբար սպաննելու յանցանքով։ «Մարմնական եւ հոգեկան առումով ինքզինք պաշտպանելու կարողութենէ զուրկ անձը դիտումնաւոր կերպով սպաննել» նախադասութիւնով բնութագրեց գործուած ոճիրը եւ ցկեանս բանտարկութիւն տնօրինեց Մուրատ Նազարեանի համար։ Նազարեան յաւելեալ կերպով տասը ամիս եւս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը ոտնակոխելու յանցանքով։

