Կաթլիֆ բազմատաղանդ արուեստագէտ մըն էր եւ իր ետին թողուց բազմաթիւ ֆիլմեր, որոնց մէջ անոր անունը կը ներկայանար մերթ բեմադրիչի, մերթ սցենարի հեղինակի, մերթ արտադրողի եւ մերթ ալ դերասանի կոչումով։
Թոնի Կաթլիֆի ընտանիքն էր որ ԱՖՓ գործակալութեան միջոցաւ գուժեց արուեստագէտի մահը, որ պատահած էր 2 Սեպտեմբեր թուականին Ֆրանսայի հարաւային հատուածի Առլէս քաղաքին մէջ, երբ ան կ՚աշխատէր ֆիլմի մը նախագծին վրայ։
Այրին, զաւակները եւ թոռները հաղորդեցին թէ Կաթլիֆի ֆիլմէն ցոլացող ցնծութիւնը, բանաստեղծական ու երաժշտական սէրը կենդանի պիտի մնայ իրենց հետ։
Անոնք յայտարարութիւնը աւարտեցին Կաթլիֆի ֆիլմերէն մէկուն ալ անունը եղած «Լաղօ Տրոմ» ըսելով, որ գնչուներու լեզուի մէջ կ՚օգտագործուի «բարի երթ» մաղթանքի իմաստով։
Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարար Գաթրին Փեկարտ նախարարութեան կայքէջի միջոցաւ հրապարակած գրառումով փառաբանեց Կաթլիֆի արուեստական վաստակը՝ նշելով որ ան իր արուեստի կեդրոնին դրած էր անտեսուած կեանքերը, երաժշտութիւնը, շարժումը եւ ազատատենչ ոգին։
1970-ական տարեթիւերէն սկսող արտադրական ցուցակին մէջ ուշագրաւ են «Լեզ Փրինսլա» 1982, «Լաղօ Տրոմ» 1993, «Կաճօ Տիլօ» 1997, «Վենկօ» 2000, «Էքսիլզ» 2004, «Թրանսիլվանիա» 2006, «Լիպերթէ» 2010, «Ճամ» 2017 ֆիլմերը։
Կաթլիֆ 2004-ին «Էքսիլզ» ֆիլմով նուաճեց Քանի փառատօնի «Ոսկի Արմաւ»ը, որպէս յաջողագոյն բեմադրիչ։
Թոնի Կաթլիֆ 2008-ին, «Ռոլլ» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին կը պատմէ թէ 1990-ին եղած է Սուլուքուլէ, 15 օր, աշխատած է այնտեղ եւ նկարած հատուածները գործածած «Լաղօ Տրոմ» ֆիլմի մէջ։
Ան 2008-ին կրկին այցելեց Պոլիս, Իսթանպուլի կինօփառատօնի 27-րդին ներկայ գտնուելու համար, FALE մրցանակի դատակազմին։
Այս այցելութեան օրերուն ալ եղաւ Սուլուքուլէ, ուր բաղդատութիւններ ըրաւ թաղամասի անցեալի եւ այսօրուայ դիմագծի մասին։



