Թուրքիոյ տեղը համաշխարհային լիկայի մէջ
Քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ Փրոֆ. Պասքըն Օրան հանգամանօրէն դասաւորած էր «պետութիւն» հասկացողութեան յատկանիշները։ Ան խօսած էր գերտէրութիւններու, մեծ տէրութիւններու, շրջանային ազդեցութիւն ունեցող պետութիւններու եւ իր գոյութիւնը հազիւ այլ ուժի մը օգնութեամբ ապահոված պետութիւններու մասին։ Նկարագրած էր իւրաքանչիւրը իրենց պայմաններէն օրինակներ թուարկելով։
Այդ դասաւորման համաձայն Թուրքիա միջին ազդեցութեամբ երկիր մըն է, որ կը փորձէ իր աշխարհագրական տարածքին մէջ գերակշռող ուժ մը ըլլալ։ Նման ձգտումին հասնելու համար անհրաժեշտ պայմանները բազմաբնոյթ են։ Անհրաժեշտ է կայուն տնտեսական ուժ, համերաշխ հասարակութիւն, այդ բոլորին համապատասխան կարողութեամբ բանակ եւ տարածքի վրայ ազդեցիկ դիւանագիտութիւն։ Եթէ այս չափանիշերը նկատի ունենանք Թուրքիոյ իշխանութիւններու իր տարածքին մէջ հզօր պետութիւն մը ներկայացնելու յաւակնութիւնը այդքան ալ համոզիչ չի թուիր։
Սկսինք տնտեսական պայմաններէ, սղաճը եւ անոր փոխարէն աշխատավարձքի զգալի նուազումը լուրջ խնդիր մըն է Թուրքիոյ հաշւոյն։ Ընդհանուր աղքատութիւնը իր հետ բերած է հասարակութեան մէջ հետզհետէ ծաւալող փտախտը։
Նախակրթարանի հասակով երախաներ դարձած են նարքոնիւթերու սպառողներ։ Բախտախաղերը եւ անոր հետ կապուած զեղծարարութիւնները հասած են անհաւատալի համեմատութիւններու։
Իբրեւ թէ երկրի ապագան ներկայացնող երիտասարդ սերունդը մէկ կողմէ կը տանջուի ուսում ստանալու համար, միւս կողմէ կը տառապի ստացած ուսման համապատասխան աշխատանք ճարելու խնդրին մէջ։ Անգործութիւնը եւ համապատասխան աշխատանք գտնելու դժուարութիւնները անիմաստ կը դարձնեն ուսումն ալ։ Գործող կառավարութիւնը անտեսեց այս երեւոյթի բնական հետեւանքները։ Ուսանած երիտասարդներու յատկապէս ալ բժիշկներու արտագաղթին դիմաց երկրի նախագահին անփութօրէն արտասանած «Ուր որ ուզեն թող երթան» խօսքը տակաւին թարմ է յիշողութիւններու մէջ։
Շուրջ երկու շաբաթ է որ օրակարգի նիւթ կը դառնայ անօդաչու թռչող սարքերու յայտնութիւնը երկրի տարածքին։ Երկու ԱԹՍ-ներ ինքնիրենց խորտակուեցան եւ ապա յայտնաբերուեցան ոչ մարդաբնակ տարածքներու մէջ։ Երրորդը՝ որ Սեւ Ծովը հատելով հասած էր Թուրքիոյ տարածքին, Անգարայի մօտակայքը հասնելէ ետք է, որ կործանեցաւ օդային ուժերու միջամտութեամբ։
Այս երեւոյթը անգամ մը եւս հարցականի տակ բերաւ երկրի օդային պաշտպանութեան մակարդակը։ Նաեւ նշենք թէ նախորդ օրերու ընթացքին թրքական բեռնատար նաւերն ալ Սեւ ծովի վրայ հեղինակը անյայտ յարձակումներու թիրախ դարձան։ Եթէ նկատի ունենանք ռուսական S-400 հրթիռներու անգործածելիութիւնը, աւելին այդ հրթիռներու պատճառաւ F-35 կործանիչներէ զրկուելու, աւելին F-16-երու այժմէականացումէն եւս հեռու մնալու երեւոյթը, հարցական կը դառնայ նաեւ բանակի զօրեղութիւնը։
Նախագահ Էրտողանի քաղաքական մեծագոյն յաջողութիւնը կը յայտնուի գոյացած առիթներու շահագործումով։ Ան այդ կարողութեամբ ապահովեց Եւրոպայի երկիրներու չէզոքութիւնը, երկրէ ներս տիրող անօրինութիւններու դիմաց։ Ձեռքին ունէր միջին արեւելքէ ներխուժած եւ Եւրոպա հասնիլ ցանկացող մահմետականներու խաղաքարտը։ Բան մը՝ որ սարսափ պիտի պատճառէր եւրոպացիներուն համար։ Ռուս- Ուկրաինական հակամարտութեան մէջ ալ յաջողեցաւ երկուստէք լեզու գտնել։ Սիրաշահեց ԱՄՆ նախագահը, որ իրեն պարգեւած էր օրինականութիւն։ Նոյնիսկ Հայաստանի հետ շփումներու ժամանակ պահեց որոշ զսպուածութիւն։
Սակայն միջազգային քաղաքականութիւնը ունի տարբեր շերտեր եւս։
Սուրիոյ մէջ շնորհիւ միջազգային դաւադրութեան, տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն, որ մեծ ուրախութիւն պատճառեց նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան։ Երբեմնի ահաբեկիչը դարձաւ երկրի նախագահ եւ ամենայն հեզութեամբ ընդունուեցաւ թէ՛ ԱՄՆ-ի, թէ Եւրոմիութեան եւ թէ Արաբական աշխարհի կողմէ։
Թուրքիոյ հաշւոյն մնաց միակ խոչընդոտը, որն է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը։ Թուրքիա կը պահանջէ այդ կառոյցին Սուրիոյ բանակին ագուցումը։ Մինչ մեծաւմասամբ քիւրտերէ բաղկացող այդ բանակն ալ նոյնիսկ եթէ համաձայնի ընդհանուր բանակին մասնակցելու, կը պահանջէ յատուկ գումարտակի իրավիճակ։ Հոս է որ կը ծագի Թուրքիոյ առարկութիւնը եւ կը փորձէ խօսիլ սպառնալիքի լեզուով։
Ենթագիտակցութեան մէջ տեղ դրած համոզումով կ՚արհամարհէ սուրիաբնակ քիւրտերու կամքը, առանց նկատի ունենալու անոնց ալ իրենց կարգին ապահոված միջազգային զօրակցութիւնները։ Թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ Իսրայէլ այս խնդրի մէջ Սուրիոյ քիւրտերու կողքին են՝ յատկապէս զինուորական օժանդակութեամբ։
Այս պայմաններու տակ է, որ Իսրայէլի ցեղապաշտ նախագահը Յունաստանի հետ կնքած համաձայնութենէ ետք համարձակութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ հանդէպ բացայայտ թշնամութիւն պարունակող ելոյթով մը հանդէս գալու։ «Իրենց երբեմնի կայսրութիւնը վերակերտելու փորձերը շատ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենան» ըսած է Նաթանյահու։
Նման խառնաշփոթի օրերուն ջաքջախուեցաւ Լիպիոյ սպայակոյտի նախագահի եւ ցամաքային ուժերու հրամանատարի ալ ճամբորդած ինքնաթիռը։
Այս անցուդարձներու ընթացքին է, որ Թուրքիոյ Խորհրդարանը վաւերացուց արտերկրեայ բանակայիններու պաշտօնավարման ժամկէտը երկարելու մասին որոշումը։ Այդ նոյն խորհրդարանը բռնցքամարտի բեմահարթակի վերածուած էր իշխանութեան եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու միջեւ, պիւտճէի քննարկման նիստին։
Դիտելով այս բոլորը, կ՚արժէ անգամ մը եւս խորհիլ թէ Թուրքիա երկիրներու լիկայի մէջ ո՞ր տեղը պէտք է գրաւէ, անկախ անոր թէ ո՞ւր ըլլալ կը ձգտի։

