2023 թուականի Յունուարի 1-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրային մաքսային ընթացակարգերուն ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու վերաբերեալ ձեռնարկուած առաջին ճշգրիտ թեխնիկական քայլէն ետք համաձայնութեան կիրառման շրջանակը ընդլայնուած է, կը գրեն թրքական լրատուամիջոցները։ Կը նշուի, որ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան մաքսային գլխաւոր վարչութեան կողմէ մաքսային վարչութիւններուն ուղարկուած վերջին հրահանգի համաձայն՝ գործող օդային փոխադրուեան համակարգէն բացի՝ թեխնիկական ենթակառուցուածքին այժմ ներառուած են նաեւ ճանապարհային, ծովային եւ երկաթուղային փոխադրութեան միջոցներ։ Համապատասխանաբար, երրորդ երկրներու միջոցաւ Հայաստանի հետ ներմուծման, արտահանման եւ տարանցիկ գործարքներու մաքսային յայտարարագրերուն կարելի է անմիջապէս ընտրել Հայաստանի պաշտօնական քոտը՝ «077»-ը: Հնարաւոր դարձած է նաեւ որպէս Հայաստան ուղղուած ապրանքներու վերջնական նպատակակէտ կամ ծագման կէտ նշել «Հայաստան/Թուրքիա»:
Թուրքիոյ մաքսային ծառայութիւնը ներդրած է Հայաստանի պաշտօնական՝ «077» քոտը
Հնարաւոր դարձած է Հայաստան ուղղուած ապրանքներու վերջնական նպատակակէտ կամ ծագման կէտ նշել «Հայաստան/Թուրքիա»:



