Յատկապէս սփիւռքի տարածքին վրայ գլխաւոր մտատանջութիւններէն մէկն ալ մայրենիի պահպանումն է։ Խնդիրը սահմանուած չէ հայ ժողովուրդով։ Սա համընդհանուր երեւոյթ է, որու համաձայն հայրենիքէն հեռանալով ձուլման առաջին դրսեւորումը կը յայտնուի լեզուի կորուստով։ Երկրորդ եւ երրորդ սերունդները հետզհետէ կը հեռանան մայրենիէն, որու փոխարէն կը հմտանան տեղական լեզուի գործածութեան մէջ։ Տեղական լեզուի տիրապետելը անհրաժեշտութիւն է անհատի զարգացման համար։ Փոխարէնը մայրենին տեսանելի ոչինչ կ՚ապահովէ այդ ուղղութիւնով։ Անոր կորուստը մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ ազգային գիտակցութեան գոյութիւնով միայն։ Եթէ այդ գիտակցութիւնը բացակայի ծնողներ դիւրաւ կրնան բողոքել ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն՝ հարց տալով թէ ինչի՞ կը ծառայէ հայերէնը։
Ամէն ինչ ձեռքբերումի սահմանով գնահատող մտայնութեան մը համար դժուար հասկնալի հարցում մըն է այս։ Մարդիկ ակնկալութիւններ ունին ուսման համակարգէն եւ այդ ակնկալութիւնները դրած են առաւել կամ նուազ շահաւէտութեան կշիռի նժարներուն։
Այս պայմաններու մէջ է որ ՈՒՆԷՍՔՕ շուրջ տասնամեակ մը առաջ հրապարակեց գոյութիւնը վտանգուած լեզուներու ցանկ մը, որոնց կարգին էր նաեւ արեւմտահայերէնը։ Այդ հրապարակումէն ետք ցանկագրեալ լեզուները խօսողները աւելի գերզգայուն դարձան իրենց մայրենիի յարատեւութեան խնդիրով։
Այդ ծիրէն ներս համշէնցիներ մեծ զոհողութիւններ յանձն առին, իրենց զաւակները հայ վարժարան ղրկելու համար։ Վերջապէս անոնց մայրենին համեշէներէնը արեւմտահայերէնի իր կենդանութիւնը պահած հազուադէպ բարբառներէն մէկն էր։ Այս մտահոգութեան բնական ցոլացումը եղաւ մանկական գրականութեան օրինակներու զգալի աճը։ Վերջապէս մանուկներու կամ պատանիներու ընթերցասիրութիւնը ինքնաբերաբար պիտի նպաստէր մայրենիի գործածութեան։ Այս ընդհանուր պարունակի մէջ լոյս տեսնող վերջին օրինակը եղաւ Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեանի հեղինակած «Ձեռք մը» գիրքը։
Այս աշխատութիւնը, որ օժտուած է Թինա Քոբմայի ինքնատիպ ու գունագեղ արուեստով պատրաստած նկարներով, թերատի ընթերցողին կը մատուցէ մեղմ ու սիրով լեցուն պատում մը, խաղի, փնտռտուքի ու իրարու օգնելու մասին ոգի սրսկելու ատակ գիրք մը։ «Ձեռք մը կը շոյէ, կը խաղայ, կ՚ուրախանայ ու կ՚օգնէ։
Յետոյ քիչ մը կը մեծնայ եւ ուրիշ ձեռք մը կը գտնէ։
Հապա քու ձեռքդ ի՞նչ կ՚ընէ»։
Այս է «Ձեռք մը» մանկական գիրքի հարցադրումը, որու պատասխանի որոնումը բնականաբար պիտի նպաստէ մատղաշ ընթերցողի մտային ու զգացական աշխարհի զարգացման։
«Արաս» հրատարակչութիւնը իր այս վերջին հրապարակումով կը շարունակէ հարստացնել պոլսահայ գրական վաստակը։



