ԵՐԵՒԱՆ — Երրորդ հայագիտական միջազգային համագումարը, որ կայացաւ Յուլիսի 22–24-ին Մատենադարանի մէջ, առաջին հայեացքին կարելի էր ընկալել որպէս հերթական գիտաժողով՝ նուիրուած հայագիտութեան տարբեր ճիւղերուն։ Սակայն ծրագրի խորքային ընթերցումը ցոյց կու տայ, որ ան շատ աւելի լայն յաւակնութիւն ունէր. երեք օրերու ընթացքին քննարկումները կը վերաբերէին ոչ միայն հայագիտական առանձին հետազօտութիւններուն, այլեւ այն հարցին, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ հայագիտութիւնը 21-րդ դարին, ինչ դեր կարող է ան ունենալ համաշխարհային ակադեմիական տարածքին եւ ինչպիսի ինստիտուցիոնալ ու տեխնոլոգիական փոփոխութիւններ են անհրաժեշտ այդ նպատակին հասնելու համար։
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած համագումարը համախմբեց աշխարհի տասնվեց երկիրներու առաջատար համալսարաններու, հետազօտական կեդրոններու, ձեռագրական հաստատութիւններու եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը՝ ԱՄՆ-էն եւ Գանատայէն մինչեւ Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Իտալիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Չեխիա, Վրաստան, Լիբանան եւ Հայաստան, ինքնին կը վկայէր, որ հայագիտութիւնն այլեւս վաղուց դուրս եկած է ազգային գիտութեան սահմաններէն եւ դարձած է միջազգային ակադեմիական համագործակցութեան ինքնուրոյն ուղղութիւն։

Այս տարուայ համագումարը նուիրուած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։ Սակայն յոբելեանական խորհրդանիշը չէր սահմանափակուած պատմական յիշողութեան յարգանքի տուրք մատուցելով։ Ընդհակառակը, Մխիթարեաններու ժառանգութիւնը ներկայացուեցաւ որպէս այն մտաւորական հիմքը, որու վրայ կարող է կառուցուիլ ժամանակակից հայագիտութեան նոր փուլը։ Այդ ընտրութիւնը պատահական չէր. Մխիթարեան միաբանութիւնը դարեր շարունակ եղած է հայկական բանասիրութեան, լեզուաբանութեան, թարգմանչութեան, քարտէզագրութեան եւ հրատարակչութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը՝ ձեւաւորելով եւրոպական հայագիտութեան գիտական աւանդույթը։ Հետեւաբար համագումարի մեկնարկը ճիշդ այս թեմայով խորհրդանշական ուղերձ էր. հայագիտութեան ապագան հնարաւոր չէ պատկերացնել առանց սեփական գիտական պատմութեան վերարժեւորման։
Սակայն առաջին օրուայ ծրագրէն ակնյայտ դարձաւ, որ կազմակերպիչներու նպատակը ոչ թե անցեալի փառաւոր էջերու վերարտադրութիւնն էր, այլ անոնցմէ դէպի ապագայ անցումը։ Մխիթարեաններու գործունէութեան նուիրուած նիստերուն յաջորդեցին միջազգային դրամաշնորհային ծրագրերու, համատեղ հնագիտական նախագիծերու, եւրոպական հետազօտական նախաձեռնութիւններու եւ համալսարանական համագործակցութիւններու քննարկումները։ ERC «ArmEn» նախագիծը, հայ-գերմանական հնագիտական արշաւախմբի նոր բացայայտումները, Լեհաստանի հայ հոգեւորականութեան կենսագրական բառարանի նախագիծը, Պոլոնիայի համալսարանի, Կա' Ֆոսկարի համալսարանի եւ այլ գիտական կեդրոններու ներկայացուցած նախաձեռնութիւնները փաստեցին, որ հայագիտական հետազօտութիւններն այսօր կը զարգանան միջազգային գիտական ցանցերու շրջանակին։
Այս բովանդակութեամբ առանձնակի ուշադրութեան արժանի էր այն հանգամանքը, որ համագումարի օրակարգին առանցքային տեղ կը'զբաղեցնէ ոչ թէ միայն գիտական արդիւնքներու ներկայացումը, այլեւ գիտութեան կազմակերպման մեխանիզմներու քննարկումը։ Ֆինանսաւորման աղբիւրները, միջազգային դրամաշնորհները, գիտական համագործակցութեան նոր մոդելները, հետազօտական ենթակառուցուածքներու ձեւաւորումը եւ միջհամալսարանական գործընկերութիւնները կը ներկայացուէին որպէս հայագիտութեան հետագայ զարգացման անհրաժեշտ պայմաններ։ Այս մօտեցումը կը վկայէ, որ ժամանակակից հայագիտութիւնը աստիճանաբար կը հրաժարուի մեկուսացուած ազգային գիտութեան մոդելէն եւ կը համակերպի համաշխարհային գիտական համակարգին։
«Ակօս»-ի հարցին, թէ ինչ ուղերձ կը կրէ 3-րդ Հայագիտական Միջազգային Համագումարը եւ ինչ նշանակութիւն ունի ան ժամանակակից հայագիտութեան համար, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը պատասխանեց. «Այս տարուայ համագումարը նուիրուած է Մխիթար Սեբաստացու 350-ամեակին։ Ո՞վ էր Մխիթար Սեբաստացին։ Ան մի մարդ էր, ով, ինչպէս ես իմ բացման խօսքին
նշեցի, հանգրուանելով կղզիի վրայ՝ յաղթահարեց կղզիացումը։ Ան ցոյց տուաւ, որ ազգային կենսունակութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, թէ որքանով ենք մենք ներգրաւուած համաշխարհային մտքի փոխակերպումներու մէջ։ Մխիթար Սեբաստացին եւ, հետագային, նաեւ Մխիթարեան միաբանները այս գաղափարի իրականացման ամենավառ օրինակներն են, եւ այս համագումարը ճիշդ այդ մասին է, որ հայագիտութիւնը շրջանային կամ տեղական գիտութիւն չէ. հայագիտութիւնը միջգիտակարգային եւ բազմաշերտ իրողութիւն է, եւ այն պէտք է ունենայ միջազգային հնչեղութիւն։ Մեր միջազգային գործընկերները, փորձագէտները, առաջատար համալսարաններու հայագէտները պէտք է իմանան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հետեւի իրենց աշխատանքին, պատրաստ է ստեղծել մեխանիզմներ, որոնց միջոցով կարող ենք համագործակցիլ, ընդհանուր եզրեր գտնել համալսարաններու հետ, իրականացնել համատեղ դրամաշնորհային եւ հետազօտական ծրագրեր։ Հայագիտական համագումարի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը մեր հոգեւոր ձեռագրական կեդրոններու հայրերու մասնակցութիւնն է, եւ անոր շնորհիւ է, որ բոլորովին վերջերս՝ երկու օր առաջ, մենք ամփոփեցինք Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզին Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագրական հաւաքածոներու մշտադիտարկման եւ վերականգնման առաքելութեան առաջին փուլը։ Եւ սա պէտք է ունենայ շարունակական ընթացք, տարածուի մեր միւս հոգեւոր կեդրոններու վրայ։ Այսինքն՝ սա մի հարթակ է, որտեղ միջազգային գիտական հետաքրքրութիւնները կը համադրուին Հայաստանի հայագէտներու ծրագրերուն, գիտական հետաքրքրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այս ոլորտի պետական քաղաքականութեան»։
«Մէկ տարուայ յաւէրժութիւնը». «Կերոն» զարգացման
հիմնադրամի նուիրատւութեամբ Մատենադարանը համալրուեց բացառիկ ձեռագրերով։
Համագումարի ծիրէն ներս Մատենադարանի թանգարանէ ներս բացուեցաւ «Մէկ տարուայ յաւէրժութիւնը. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումները» ցուցադրութիւնը, որ կը ներկայացնէր վերջին մէկ տարուայ ընթացքին հաւաքածուն համալրած արժէքաւոր ձեռագրերն ու նուիրատուութիւնները։ Բացման ընթացքին «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը Մատենադարանին նուիրաբերեց շուրջ 1672–1676 թուականներով թուագրուող եզակի ձեռագիր ժողովածու, որ կը ներառէր բժշկական, կրօնական եւ պատմական բնոյթի բնագրեր։ Ձեռագիրը կը ծագի Փարիզի Հրանդ Սամուէլեանի Արեւելեան գրախանութի հաւաքածոյէն։ 1930 թուականին հիմնադրուած այս գրախանութը տասնամեակներ շարունակ եղած է հայկական գրքի եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւոր կեդրոն։ Անոր հաւաքածոն 2025 թուականին աճուրդի հանուած է, ուր հայկական «Վիլկօ» կապիտալի կառավարման ընկերութիւնը ձեռք բերած է 17–19-րդ դարերու 13 տպագիր գիրք եւ 5 բացառիկ ձեռագիր։ Հաւաքածոյի մէջ ընդգրկուած են 1733 թուականի Վենետիկի Աստուածաշունչ, Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» 1782 եւ 1829 թուականներու հրատարակութիւնները, ծիսարաններ, պատմական ժողովածուներ եւ ժողովրդական բժշկութեան կարեւոր սկզբնաղբիւրներ՝ հեքիմարաններ։ «Վիլկօ»-ն ամբողջ հաւաքածուն նուիրաբերած էր «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին, որն այն փոխանցեց Մատենադարանին՝ պահպանութեան եւ հետազօտութեան նպատակով։
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վանանէ Արարքցեանը նշեց. «Մենք մեծ պատասխանատւութեամբ ընդունած ենք այս բացառիկ հաւաքածոն։ Մեզ համար սկզբունքային է, որ մշակութային նման արժէքները ոչ միայն ապահով պահպանուին, այլեւ հասանելի ըլլան մասնագէտներուն, հետազօտողներուն եւ ապագայ սերունդներուն։ Այդ գիտակցմամբ ալ այդ հաւաքածոյէն այս ձեռագիր ժողովածուն կը յանձնենք Մատենադարանին՝ վստահ ըլլալով, որ այն իր արժանի տեղը կը գտնէ հայկական ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման եւ ուսումնասիրման աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն։ Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Վիլկօ» ընկերութեան՝ այս կարեւոր առաքելութիւնը մեզ վստահելուն համար»։
«Կերոն» զարգացման հիմնադրամին դեռ առանձին կանդրադառնանք «Ակօս»-ի էջերէն։
Եթէ առաջին օրը ցոյց կու տար հայագիտութեան պատմական հիմքերն ու միջազգային համագործակցութեան նոր ձեւերը, ապա երկրորդ օրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր այդ համագործակցութեան ռազմավարական հեռանկարներուն։ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը ներկայացուց հաստատութեան բարեփոխումներու ընթացքը եւ զարգացման տեսլականը, իսկ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի, Հարուարդի, Օքսֆորդի, Լեհաստանի, Չիկակոյի, Փարիզի եւ այլ կեդրոններու ներկայացուցիչները խօսեցան իրենց հաստատութիւններուն իրականացուող հայագիտական ծրագրերու մասին։
Այս համատեքստին առաւել նշանակալից իրադարձութիւններէն էին Մատենադարանի եւ Լեհաստանի հայկական ինստիտուտի միջեւ փոխըմբռնման յուշագրի, ինչպէս նաեւ Մատենադարանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի միջեւ «Հայերէն ձեռագրերու համահաւաք շտեմարան» ծրագրի համաձայնագրի ստորագրումները։ Անոնք կարեւոր էին ոչ միայն որպէս առանձին համագործակցութեան նախաձեռնութիւններ, այլեւ որպէս ինստիտուցիոնալ մտածողութեան արտայայտութիւն։ Հայկական գրաւոր ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը ներկայիս կը տեղափոխուի այնպիսի հարթութիւն, ուր առաջնային կը դառնան տուեալներու համախմբումը, թուային ենթակառուցուածքները եւ միջազգային հասանելիութիւնը։
Այստեղ է, որ համագումարը ձեռք կը բերէ իր ամենաժամանակակից շեշտադրումը։ Թուային հայագիտութեանը նուիրուած նիստերը կը վկայէին, որ ոլորտը կը մտնէ որակապէս նոր փուլ։ Եթէ դեռ քանի մը տարի առաջ թուայնացումը հիմնականին կը վերաբերէր ձեռագրերու սկանաւորման ու թուային պահոցներու ստեղծման, ապա այժմ օրակարգի են մեծ լեզուային մոդելները (Large Language Models), արհեստական բանականութիւնը, նէյրօցանցերը, թուային կորպուսները, համագործակցային մատենագիտութիւնը եւ ինտեգրուած գիտական շտեմարանները։
Երրորդ օրը ծրագրի տրամաբանութիւնը տեղափոխուեց մէկ այլ առանցք՝ հայկական գրաւոր ժառանգութեան պահպանութիւն, հրատարակչական քաղաքականութիւն եւ գիտելիքի տարածում։ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանը, Զմմառի Հայրապետական Կեդրոնը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սուրբ Թէոդորոս ձեռագրատունը եւ այլ հաստատութիւններ ներկայացուցին իրենց ընթացիկ ծրագրերն ու համագործակցութեան հեռանկարները։ Սա կարեւոր յիշեցում էր, որ հայկական ձեռագրական ժառանգութիւնը մէկ կեդրոնի մէջ կեդրոնացուած հաւաքածոյ չէ, այլ աշխարհով մէկ սփռուած գիտական եւ մշակութային ցանց, որու ամբողջական ուսումնասիրութիւնը հնարաւոր է միայն միջազգային համակարգուած համագործակցութեան միջոցով։
Նոյնքան խորհրդանշական էր, որ համագումարի աւարտական նիստերը նուիրուած էին հրատարակչական ռազմավարութիւններուն, նոր գիտական գրքերուն եւ ակադեմիական գիտելիքի տարածման գործիքաւորման։ Եթէ առաջին օրը կը խօսուէր գիտելիքի ստեղծման, երկրորդ օրը՝ գիտական համագործակցութեան, ապա երրորդ օրը ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ գիտելիքի փոխանցման վրայ։ Այս կառուցուածքը պատահական չէր. այն կ՚արտացոլէր գիտութեան ամբողջական շրջապտոյտը՝ գաղափարի ձեւաւորումէն մինչեւ անոր հանրայնացում։
Համագումարի մասնակիցներու կազմը ինքնին արժանի է առանձին ուշադրութեան։ Հարուարդի, Օքսֆորդի, Չիքակոյի, Ֆլորենցիայի, Պոլոնիայի, Վիեննայի, Յագելոնեան, Միւնստերի, Տրիեստի, Լոձի, Հրադեց Կրալովէի, Ժնեւի եւ այլ համալսարաններու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ հայագիտական հետազօտութիւնները այսօր կը զարգանան բազմակեդրոն համակարգով։ Եթէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ընթացքին եւրոպական հայագիտութեան հիմնական կեդրոնները սահմանափակուէին քանի մը հաստատութիւններով, ապա այսօր ձեւաւորուած է լայն միջազգային ցանց, որտեղ իւրաքանչիւր համալսարան կամ հետազօտական կեդրոն իր ներդրումը ունի հայկական պատմութեան, մշակոյթի, արուեստի, լեզուի եւ գրաւոր ժառանգութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ։
Այս իմաստով 3-րդ Հայագիտական Միջազգային Համագումարի ամենակարեւոր ձեռքբերումը ոչ թէ առանձին զեկոյցներն էին, այլ այն գաղափարը, որ հայագիտութիւնը պէտք է դիտարկուի որպէս բաց, համագործակցային եւ թեխնոլոկիապէս զարգացող գիտական ոլորտ։ Ան այլեւս չի սահմանափակուիր ձեռագրերու պահպանութեամբ կամ պատմական ուսումնասիրութիւններով. ան կը ներառէ թուային ենթակառուցուածքներ, միջազգային գիտական քաղաքականութիւն, հրատարակչական ռազմավարութիւններ, մշակութային դիւանագիտութիւն եւ նոր սերունդի հետազօտողներու ներգրաւում։
Ի վերջոյ՝
Մատենադարանի մէջ կայացած համագումարը կարելի է գնահատել ոչ միայն որպէս հերթական միջազգային գիտաժողով, այլ որպէս հայագիտութեան ապագայի շուրջ ձեւաւորուող ռազմավարական հարթակ։ Եթէ այստեղ ներկայացուած նախաձեռնութիւնները շարունակական զարգացում ստանան, ապա այս համագումարը կարող է յիշուիլ ոչ այնքան իր զեկոյցներով, որքան այն հանգամանքով, որ հէնց այստեղ ձեւակերպուեցաւ 21-րդ դարի հայագիտութեան նոր օրակարգը՝ հիմնուած գիտական համագործակցութեան, թուային վերափոխման եւ համաշխարհային ակադեմիական ինտեգրման սկզբունքներու վրայ։



