Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ կ՚ապրինք համայնքային միջոցառումներու խտացեալ օրեր։ Կարծես հապճեպ մը կը տիրէ, նախքան դպրոցական արձակուրդի մեկնարկումը, աւարտին հասցնել տարուայ ընթացքին մշակուած ձեռնարկները։ Անխուսափելի կը դառնայ խաչաձեւումներ եւ մարդիկ կը դժուարանան կողմնորոշուելու այս կամ այն ձեռնարկին հետեւելու համար։
Յունիս ամսուայ երկրորդ կէսն ալ կ՚անցնի այդ վազվզուքի մթնոլորտին մէջ, երբ իրար կը յաջորդեն համերգները, բեմադրութիւնները, դպրոցական հանդէսները, գրական միջոցառումները եւ այլն։
Այդ թոհուբոհին մէջ 18-19 Յունիսի երեկոյեան Պէյօղլուի Լատինաց Սուրբ Անտոն Եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Վարդանանց Երգչախումբի համերգը, որ կը կրէր «Ձայն Յաւիտենական» խորագիրը։ Մենք որքան ալ հայերէնի թարգմանուած կերպով նկարագրենք համերգը, իր ամբողջ էութեամբ օտարաշունչ բնոյթ ունէր, իբրեւ թէ պատշաճեցնելով «դասական» կոչումին։ Արդարեւ երգչախումբին կ՚ընկերանար սենեկային նուագախումբը։
Այսպէս համերգը կը ծանուցուէր Vox Aeterna խորագրով։ Երգացանկի մէջ կարեւոր բաժին յատկացուած էր Գառլ Օրֆի հանրածանօթ «Գարմինա Պուրանա» գործին։ Այս ստեղծագործութեան յաջորդեցին Յոհան Սեպաստիան Պախի, Գաբրիէլ Ֆորէի, Դաւիթ Հալլաճեանի, Մոցարթի եւ Ահմետ Ատնան Սայկունի ստեղծագործութիւններէ նմոյշներ։ Համերգի սկզբին խմբավար Սիպիլ Արսենեան սահուն թրքերէնով ողջունեց ներկաները եւ բացատրութիւններ տուաւ յայտագրի բովանդակութեան մասին։ Ան յատկապէս յիշեց Դաւիթ Հալլաճեանը, որու առաջին ստեղծագործութիւնը կատարուեցաւ նուագախումբի կողմէ, իսկ երկրորդ գործի բառերը կը պատկանէին եղեռնամահ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի։
Նշենք որ Գառլ Օրֆի «Գարմինա Պուրանա»ն եւ Մոցարթի մահերգը անցեալին եւս երգուած են Վարդանանց Երգչախումբի կողմէ։
Պարտինք նշել թէ համերգը իր նպատակադրած յաջողութեան արժանացաւ նախ երգչախումբի հնչեղ երգեցողութեան, նուագախումբի համերաշխ ընկերակցութեան, տաճարի հնչողականութիւնով եւ խմբավար Սիպիլ Արսենեանի կարողութիւնով։
Համերգի աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւս շնորհաւորեց կատարուած աշխատանքը եւ օրհնեց ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները եւ աջակցողները։
Յաւելենք նաեւ թէ Վարդանանց Երգչախումբի համերգը մաս կը կազմէր Օրթագիւղի Թարգմանչաց Վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեայ յոբելեանի միջոցառումներուն շարքին եւ աջակցութիւնը կը վայելէր Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն, Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայոս, Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիներու թաղականութեան, Գարակէօզեանի խնամակալութեան եւ խումբ մը բարերարներու։



