Վկայութիւններ ականատեսի կողմէ
Կատարեալ խաբկանք մըն է 10 Հոկտեոբերէն այս կողմ շարունակուող զինադադարը։ Այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ քաղեցինք պաղէստինցի փորձագէտ տիկին Պոտիւր Հասսանէն։
Իր խօսքերով թէժ օրերու եւ ներկայի միջեւ միակ տարբերութիւնը հետեւեալն է։ «Մարդկանց վրայ անընդհատ հրթիռներ չեն տեղար, բայց դանդաղ մահերը յարատեւ են։ Կազզայի մէջ կեանքը իր բնական հունին չէ վերադարձած։ Սնունդը եւ ըմպելի ջուրը անհասանելի են։ Ցուրտը եւ տեղատարափները վրաններու տակ կեանքը անտանելի կը դարձնեն։ Թրամփի անձնակազմը աւերակուած Կազզայի տարածքին արհեստական բանականութեամբ տեղադրուած երկնաքերներու տեսանիւթեր կը տարածեն, կազզացիներուն աւետելով թէ այս շրջանը պիտի զարգանայ։ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ Կազզան կարգադրելէ ետք այժմ կը փորձեն ահաբեկել արեւմտեան Շերիան։ Եթէ զինադադարէն ետք զանգուածային սպանութիւնները դադրած են, հրեայ քաղաքացիներ, որոնք Իսրայէլի պետութեան կարգադրութեամբ վերաբնակեցուած են այս տարածքները եւս սպառնալիք մը դարձած են տեղացի ժողովուրդին դիմաց։ Անոնք զանազան եղանակներով արգելք կ՚ըլլան պաղէստինցիներու իրենց արտերը մշակելուն, կամ հօտերը արածելուն։
Հիմնական սննդամթերքի հասանելիութեան դէմ ալ շատ լուրջ դժուարութիւններ կ՚ապրուին։ Իսրայէլի իշխանութիւնները միայն որոշ ընկերութիւններու արտօնած են սննդեղէնի ներածումը։ Այս ալ շուկայի սակերու վրայ անհամեմատ սղաճի մը պատճառ կը դառնայ»։
Այս բացատրութիւնները փոխանցելէ ետք Հասսան «Ի՞նչ է խղճի տէր մարդոցմէ ձեր ակնկալութիւնը» հարցումին ալ պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Յատկապէս կարավարութիւններու համար կրնամ ըսել հետեւեալը։ Պաղէստինցիներու մարդու իրաւունքներուն զօրակցիլը պայմանաւորուած է Իսրայէլին զէնք մատակարարելէ հրաժարելով։ Իսրայէլեան բնակավայրերուն հետ առեւտուրը դադրեցնելով։ Իսրայէլի գործած յանցանքներու համար յամառօրէն հաշիւ պահանջելով։ Իրենց օդային սահմանը Նեթանյահուի շահագործման փակելով։
Գալով քաղաքացիներէն պահանջներուն, չտարուիլ կեղծ ու անհիմն զինադադարէն եւ չարտօնել թէ ցեղասպանները իրենց սովորական կեանքը շարունակեն ամենայն անփութութեամբ»։

