Երեւանի «Ոսկէ Ծիրան» 23-րդ միջազգային կինօփառատօնը կը կայանայ 12-19 Յուլիս թուականներու միջեւ։ Այս տարի եւս կինօփառատօնը կը ներկայացնէ մրցութային եւ արտամրցութային ծրագրեր աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ֆիլմեր հեղինակաւոր միջազգային կինօփառատօններէն՝ ներառեալ Քաննը, Պեռլինը եւ այլ առաջատար կինօհարթակներ։
Այժմ ներկայացուած է 2026 թուականի գլխաւոր պաստառը, որ այս տարի նուիրուած է բանաստեղծութեան՝ որպէս աշխարհը զգալու, ընկալելու եւ վերաիմաստաւորելու իւրայատուկ ձեւի։
Փառատօնի գլխաւոր պաստառի հեղինակն է յայտնի նկարիչ եւ տիզայներ Իկոր Գուրովիչը, որու աշխատանքները բազմիցս արժանացած են միջազգային ուշադրութեան։ Պաստառը կ՚արտացոլէ այս տարուայ գաղափարական առանցքը՝ կինօն եւ բանստեղծութիւնը որպէս ստեղծագործական ազատութեան եւ մարդկային զգայնութեան տարածքներ։
Յայտնի է Երեւանի միջազգային մրցոյթի ժիւրիի դատակազմը
Ժիւրիի նախագահն է Ճեսիքա Հաուսները, որ ժամանակակից ավստրիական կինոյի առաջատար դէմքերէն է։
Մարկ Քազընսը իռլանտա-շոտլանդացի կինօպատմաբան եւ ռեժիսոր է, որ հեղինակած է բազմաթիւ գրքեր եւ վաւերագրական ֆիլմեր։
Նաուէլ Պերես Պիսկայարտը արկենթինացի դերասան է, արժանացած է «Սեզար» եւ «Լիւմիէր» մրցանակներուն։
Մարկ Պերանսոնը գանատացի գրող, փրոտիւսեր եւ երկարամեայ կինօհամադրող է։ Պեռլինալէի եւ Լոկառնոյի կինօփառատօնի ծրագիրներու ղեկավար, իսկ կինոյի մասին անոր յօդուածները տպագրուած են Sight and Sound, Film Comment, Cahiers du Cinéma եւ այլ հեղինակաւոր պարբերականներու մէջ։
Շերմին Լանգհոֆը գերմանա-թուրքական թատերական փրոտիւսեր է։ 2013-էն ի վեր Պեռլինի Մաքսիմ Կորքի թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն է։



