Նախորդ շաբթուայ երկրորդ կէսը դրոշմուեցաւ ուխտագնացութիւններով։ Անոնցմէ առաջինը Արմաշու երբեմնի Դպրեվանքի յիշատակի ոգեկոչումն էր, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ։
11 Յունիս հինգշաբթի առաւօտ Պոլսոյ տարբեր թաղերէն մեկնող չորս հանրաշարժէր, շուրջ 1,5 ժամ ճամբորդելէ ետք լցքակայանի մը մէջ մէկտեղուեցան եւ շարասիւն մը կազմելով ուղղուեցան դէպի Արմաշ, կամ ներկայ պաշտօնական անուանումով Աքմեշէ աւանը։
Հանրաշարժները կանգ առին աւանի մզկիթին առջեւ, որ անցեալին այդ նոյն վայրը կանգնած էր հայոց եկեղեցին։
Այստեղ «Ակօս»ի աշխատակից ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու բացատրութիւններ տուաւ Արմաշի երբեմնի բնակչութեան, դպրեվանքին եւ վանական կեանքին մասին։ Ան թուեց այդ հոգեւոր ճեմարանէն ուսում ստանալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրագոյն սպասարկողներ դարձած հոգեւորականներու անունները, յատկապէս ծանրանալով այժմու Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի հիմնադիր Գարեգին Արք. Խաչատուրեան Տրապիզոնեցի Պատրիարքի վրայ։ Պատմեց թէ երբ օրակարգի կու գայ այս վերջինին պատրիարքի թեկնածութիւնը Պոլսոյ աթոռին, Խաչատուրեան Սրբազան պայման կը դնէ նոր դպրեվանքի մը կառուցման աջակցութիւնը։ Պոլսահայեր կը ձայնակցին այս առաջարկին, որ իրականութիւն դարձաւ 1953-ին։
Այսօր ոչինչ մնացած է Արմաշու երբեմնի դպրեվանքէն։ Հոգեւոր ճեմարանը բոլորովին անհետացած է, որուն տարածքին աւելի ուշ կառուցուած է վարժարան մը։ Այս վերջինն ալ երկրաշարժերու հետեւանքով վնասուած եւ փլած է։ Անցեալէն մնացած է միայն վանքի տպարանի շէնքը, որ երկար տարիներ աղբակոյտով լցուած, վերջերս մաքրուած եւ բոլորովին դատարկ վիճակով հասած է մեր օրերուն։ Նոյնպէս աւերակ վիճակով իր գոյութիւնը կը պահէ երբեմնի ջաղացքը։
Ուխտագնացութիւնը դաշտապտոյտի բնոյթ ալ ունէր, քանի որ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Միութեան անդամները շատ բծախնդիր կարգադրութիւնով վանքի երբեմնի ագարակի տարածքը վերածած էին յարմարաւետ հանգստավայրի։ Այստեղ տեղւոյն քաղաքապետարանին ալ աջակցութեամբ տեղադրուած էր սեղաններ ու աթոռներ, սպասարկուեցաւ տեղւոյն վրայ պատրաստուած ճաշը եւ մատուցուեցաւ բոլոր ներկաներուն։
Դաշտապտոյտին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազանը, իր հետ ունենալով Հայր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Տէր Գրիգոր Աւագ Քհն. Տամատեանը։ Պատրիարք Սրբազանը ճաշի աւարտին ողջունեց միութեան կատարած աշխատութիւնը եւ բարի վերադարձ մաղթելով բոլորը հրաւիրեց «Տէրունական Աղօթք»ը արտասանելու։
Պարտինք նշել թէ այս ուխտագնացութիւնը հետզհետէ ստացած է աւանդական բնոյթ, քանի չորրորդ անգամն է, որ կը կատարուի աշխարհասփիւռ դպրեվանքցիներու մէկտղման օրերուն։
Եթէ 11 Յունիսի Արմաշու ուխտագնացութիւնը միօրեայ միջոցառում մըն էր, անդին հայ ուխտաւորներու խումբ մը 12-15 Յունիս թուականներու միջեւ այցելեցին Ամասիա, Մարզուան եւ Կիւմիւշհաճը գիւղ։ Այս եռօրեայ ուխտագնացութիւնն ալ կը զուգադիպէր Ամասիոյ այժմ «Վէնք Սույու» կոչեալ, երբեմնի Լոյսաղբիւրի վերաբացման։ Տեղական շրջանակներ կը յայտնեն թէ ժայռաբուխ այդ ջուրը անցեալին օգտագործուած է մկրտութեան ծիսակատարութիւններուն։ Այժմ տեղական իշխանութիւնները վերանորոգման աշխատանքով աղբիւրը բերած են նախկին տեսքին, որու բացումին համար յատուկ հրաւէր ուղարկած են յունաց եւ հայոց պատրիարքարաններուն։ Արդարեւ բացման պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ զոյգ պատրիարքներու շնորհաւորական ուղերձները։
Գարեգին սարկաւագ Պարսամեանի գլխաւորած ուխտագնացութիւնը շարունակուեցաւ Մարզուանի եւ անցեալին հայաբնակ Կիւմիւշհաճը գիւղի այցելութիւններով։ Հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ երբեմնի հայկական գերեզմանատուները, որոնք բաւականին խնամեալ վիճակ կը պարզեն։
42 հոգիներէ բաղկացող ուխտաւորները քաղաք վերադարձան 15 Յունիս կիրակի օր։



