Սկիւտարի Քաղաքապետութեան դէմ կաշառք ստանալու եւ յանցագործութեան նպատակով կազմակերպութիւն գոյացնելու ու ղեկավարելու մեղադրանքներով, Իսթանպուլի մէջ հարցաքննական գործողութիւն մը սկսած է։
Այդ ծիրէն ներս 29 Յուլիս չորեքշաբթի առաւօտ կանուխ ժամերէն սկսեալ գլխաւորութեամբ Քաղաքապետ Սինեմ Տետեթաշի, բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բերման ենթարկուած են։
Դատախազութիւնը յայտարարութիւնով մը նշած է թէ սոյն գործողութեան հիմք կազմած է կարգ մը քաղաքացիներու միջոցաւ ստացուած ահազանգները։
Ինչպէս ծանօթ է, ընդդիմադիր կուսակցութեան նուաճած բոլոր քաղաքապետարաններու դէմ գործադրուած հարցաքննութիւնները նոյն եղանակով մեկնարկած են եւ բոլորն ալ հիմք կ՚առնեն երկրի նախագահին «Սա քաղաքապետարանները քիչ մը թոթուեցէք տեսնենք» արտայայտութիւնով։



