Թէեւ ամբողջ հիւսիսային կիսագունդը, մեր հաշուոյն ալ յատկապէս Պոլիսը կ՚ապրի դժոխային օրեր։ Դժոխքի նմանութեան պատճառը ջերմաստիճանի աննախադէպ բարձրութիւնն է։ Եղանակի միջինը շուրջ 10 աստիճանով գերազանցող օդի ջերմութիւնը մասնագէտներ կը վերագրեն համաշխարհային ջեռուցման։
Այլ որորտի մասնագէտներ ալ խորհուրդ կու տան յատկապէս ցերեկուայ ժամերուն դուրս չելլել եւ խուսափիլ արեւու ճառագայթներէն։
Այս պայմաններու տակ Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Սանկանց Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը գործակցելով Տիքիլիթաշի «Լայնս» ակումբին հետ որոշած է երաժշտական միջոցառում մը կազմակերպել եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։
70-ական, 80-ական եւ 90-ական տարեթիւերու երաժտութենէն նմուշներով լեցուն այս միջոցառումը իւրայատուկ երանգ մը կը խոստանայ մեր եկեղեցական ապրումներու ծիրէն ներս։
Թաղական խորհրդէն կը ներկայացնեն թէ այս միջոցառման մասնակցողները պիտի վճարեն 100 լիրա եւ պիտի հիւրասիրուին խորոված երշիկով։
Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 29 Յուլիս շաբաթ իրիկուն 19.00-23.00 ժամերու միջեւ։

