Եկաւ ուրախացանք, մեկնեց կը մտմտանք
Անուանի դաշնակահար Շահան Արծրունիի խմբագրատունս կատարած իւրաքանչիւր այցելութիւն ուրախութեան առիթ մըն է թերթիս անձնակազմին համար։
Այս անգամ ալ նոյնը եղաւ, երբ մեր դիմաց տեսանք մեծ վարպետը։
Սովորութեան համաձայն հարցուցինք դէպի Պոլիս այցելութեան պատճառը, յուսալով լսելու մօտալուտ համերգային ծրագրի մը կամ նոր ձայնասկաւառակի մը ձայնագրութեան մասին։
Այդպէս չէր սակայն, մեր բարեկամը այս անգամ եկած էր իր հօրաքրոջ, երջանկայիշատակ երգահան Սիրվարդ Գարամանուկի տունը դատարկելու։ «Անցեալին կը մտածէի կեանքիս վերջին տարիները անցնել ծննդավայրիս մէջ։ Ուղիղ 62 տարի է որ կ՚ապրիմ ԱՄՆ, Նիւ Եորք նահանգը։ Սակայն նկատած եմ որ Պոլիսը այն չէ, ինչ որ ես կ՚երազէի։ Վերանայեցայ որոշումիս եւ հրաժարեցայ այդ միտքէն։ Վերջապէս Նիւ Եորքի մէջ ունիմ ընկերական միջավայր։ Անցեալին յաճախ եղած եմ Հայաստան եւ հիմա ալ որքան որ կարողութիւնս կը ներէ, աւելի շատ ժամանակ կ՚անցնեմ Հայաստանի մէջ։ Բայց որոշ է, որ կեանքիս աւարտը պիտի ըլլայ Նիւ Եորք»։
Խոստովանինք թէ այս անգամ Արծրունիի այցելութիւնը հեռու էր մեզ խանդավառելէ, քանի որ իր մեկնումէն ետք մատնուեցանք նոր խոհերու սեփական կեանքի, հասարակական առօրեայի ու համայնքային ապագայի վերաբերեալ։

