Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի Վերին Մարմինը 25 Օգոստոս երեքշաբթի օր հրապարակեց 2017-էն այս կողմ բանտարկեալ Օսման Քավալայի երկրորդ դիմումի արդիւնքը։
Դատական նիստի ընթացքին Օսման Քավալան ներկայացուցին Փրոֆ. Ֆիլիփ Լինչ եւ Փրոֆ. Պաշաք Չալըի գլխաւորած իրաւաբաններու խումբը։ Թուրքիան ներկայացնելու պարտականութիւնն ալ վստահուած էր Արդարադատութեան նախարարութեան մարդու իրաւունքներու բաժանմունքի պետ Ապտուլլահ Այտընի եւ Պողազիչի Համալսարանի իրաւաբանական ֆաքուլթետի տեսուչ Ալի Էմրահ Պոզպայընտըրի գլխաւորած իրաւաբաններու խմբակին։ Դատական նիստ վարեց ԵՄԻԱ-ի նախագահ Մաթէաս Կայոմար։
ԵՄԻԱ-ի նիստը կայացաւ հինգ ամիս տեւող արժեւորման գործընթացի մը աւարտին։
Նիստի աւարտին ԵՄԻԱ-ի նախագահ Մաթէաս Կայոմար յիշեց թէ Թուրքիա ցարդ չէ գործադրած դատարանի նախորդ վճիռը։ Ան յիշեց Քավալայի մեղադրուած յանցագործութիւնները եւ նշեց թէ անհրաժեշտութիւն է անոր ամենակարճ ժամանակի ընթացքին ազատ արձակումը։
Դատարանը նաեւ վճռեց թէ Թուրքիա 70 հազար Եւրօ բարոյական հատուցումէն զատ պիտի վճառէ նաեւ դատավարութեան ծախսերը, որոնք կազմած են 43 հազար 342 Եւրօ։
Թրքական կողմը առարկած էր այս դատավարութեան, պատճառաբանելով թէ չէ աւարտած Սահմանադրական Ատեան անհատական դիմումի գործընթացը։
Դատարանը բացի Օսման Քավալայի անպարտ հռչակումը պահանջելէ, անդրադարձաւ Թուրքիոյ հանդէպ աւելի ընդհանուր կանխամիջոցներու։ Այդ ծիրէն ներս նշուեցաւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն, լրագրողներուն եւ ընդդիմադիրներուն ուղղուած անկանխատեսելի մեղադրանքներով զանազան պատիժներու դատապարտուելու երեւոյթը եւ ցկեանս բանտարկութեան վերաբերեալ բազմաթիւ վճիռներու վերատեսութեան անհրաժեշտութիւնը։
ԵՄԻԱ 2019-ին վճռած էր Քավալիայի դէմ արձակուած վճիռի անարդարութեան եւ պահանջած էր անոր ազատ արձակումը։ Ան մեղադրուած էր «Կեզի» զբօսայգիի բողոքի ցոյցերու միջոցաւ իշխանափոխութիւն կազմակերպելու յանցանքով եւ դատապարտուած ցկեանս ազատազրկման։



