Նիհաթ Էօզտալի համադրութեամբ եւ Աշոտ Յովհաննիսեան Մարդասիրական Գիտութեանց Հետազօտութեան Հիմնարկի գործակցութեամբ իրականացած ցուցահանդէսը, երկու լեզուներու խաչաձեւումէն մեկնելով, նոր հանդիպումի տարածք մը կ՚առաջարկէ։
Հայերէնով «նոր» նշանակող «նոր» եւ թրքերէնով «ճեղք» ցոյց տուող «արալըգ» (aralık) բառերը միացնող NORARALIK-ը կը հրաւիրէ վերանայելու լեզուներու, հասարակութիւններու եւ մշակոյթներու միջեւ յարաբերութիւնները։
Թուրքիայէն Ճէնկիզ Թէքինի, Էճէմ Տիլան Քէօսէի, Պէթիւլ Էօզքանի, Աթէշ Ալփարի, Թուղչէ Իւլքիւ Քէսէնի, Էտա Քալքանի եւ Եուսուֆ Աղըմի մասնակցութեամբ կայացող ցուցահանդէսը, Հայաստանէն արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, տարբեր արուեստի փորձառութիւններ իրարու կը մօտեցնէ։
Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Հրանդ Տինքի Հիմնադրամէն իրականացուող Թուրքիա–Հայաստան Ճամբորդութեան Ֆոնտի աջակցութեամբ եւ Տիգրանակերտի Առեւտրի ու Արդիւնաբերութեան Պալատի նպաստով իրականացած ցուցահանդէսը կարելի պիտի ըլլայ այցելել մինչեւ Դեկտեմբեր 1՝ Խանճեան փողոց, թիւ 19, 5-րդ յարկ։



