«Զապարէ», «Անուշապուր», «Ձիաւորներ»,«Արի Նոր Տարի», «Թզուկի Երգը», «Քաջ Նազար», «Վիվա Լա Մուզիքա», «Գնդակի Խաղ», «Մրջիւնները Կը Քալեն», «Նուպար Նուպար», «Կենդանիներու Ժողովը» ու վերջապէս «Քայլերգ Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբի»։
Այս էր Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբի 6 Յունիս շաբաթ երեկոյ Օրթագիւղի Թարգմանչաց Վարժարանի բեմէն կատարած ներկայացումը։
Կազմակերպիչները արդարօրէն խուսափած են այս ներկայացումը համերգ կոչելէ, քանի որ բեմին վրայ կատարուածը մանկական ուրախ համագործակցութեան մը կրկնութիւնն էր պարզապէս։
Այդ համագործակցութիւնը կրկնուեցաւ իւրաքանչիւր շաբաթ օր Կեդրոնական Սանուց Միութեան երթիքին տակ իբրեւ հայեցի երգ ու խաղի զուարթ միջոցառում։
Նկատի ունենանք թէ 29 անդամներէ բաղկացող մանկանց կազմի կրտսերագոյնը հազիւ 3,5 տարեկան է, այսինքն նախամանկապարտէզական տարիքով։ Աշխատակազմի անդամները Առէն Սելվիօղլու, Գայիանէ Կավրիլոֆ, Մասիս Թաշը, Մարալ Ուսթա Պալ եւ Նարօտ Էրքոլ, բոլորն ալ նոյնանուն երգչախումբի երբեմնի անդամներ իրենց բոլոր կարելին ի գործ դրած էին այդ 29 մանուկներու, երգով, խաղով ուրախ հայեցի ժամանցին համար։
Դժուար չէ կռահել թէ դահլիճը լեցուն էր ծնողներով, մեծ ծնողներով եւ մանկանց երգչախումբի երբեմնի սաներով։
Արդարեւ 1996-ին, Զարեհ Խրախունիի հեղինակած բառերու համար Գէորգ Դաւիթեանի յօրինումով գոյացած քայլերգը խորհրդանշական պահ մը ապրեցուց, երբ այսօրուայ ծնողները վերադարձան իրենց մանկութեան օրերուն եւ փոքրիկներու հետ միասին երգեցին այդ քայլերգը։
Այսօր խումբի տարիքի միջինը կը թելադրէ երգը ընդելուծել խաղի հետ։ Բայց արդէն տարիքով քիչ մը հասունները դաշնամուրի վրայ ունեցած ելոյթներով պարզեցին նաեւ իրենց երաժշտական սկզբնական հմտութիւնները։ Յոյս պիտի պահենք թէ Սայաթ Նովա մանկանց կազմի անդամները յառաջիկայ տարիներուն երաժշտական աւելի ցայտուն կատարումներով պիտի շարունակեն իրենց երթը, վառ պահելով խիստ կարեւոր աւանդութիւն մը։
Ուրեմն կը մնայ շնորհաւորել այդ ջահը վառ պահելու համար զոհողութիւն եւ նուիրում ներդրած բոլորը, ողջունել իրենց աշխատանքը եւ մաղթել ուժ ու կորով։




