Ըստ Rojnews-ի լուրին, Նայիլի նշեց թէ սպանդի ենթարկուած սինճարցիներու հաւաքական գերեզմաններէն մինչեւ հիմա 90-ը բացայայտուած է: Ան յայտնեց թէ իրենց հիմնարկը այս գերեզմաններէն 85-ի ստուգման եւ արձանագրման աշխատանքները աւարտած է, իսկ դուրս բերուած շուրջ 700 հոգիի մարմինները քննութեան առնուած են:
Նայիլի փոխանցեց թէ Դատաբժշկական հիմնարկի ինքնութեան որոշման աշխատանքներուն արդիւնքով 300 հոգիի մարմին ընտանիքներուն յանձնուած է: Ան ըսաւ թէ ինքնութեան որոշումը կատարուած է աւելի առաջ իրականացուած արշաւի ընթացքին առնուած արիւնի նմոյշներով:
Իրաքի Նահատակներու Հիմնարկի նախագահը ընդգծեց թէ հաւաքական գերեզմաններու բացայայտման եւ պեղումի աշխատանքները մնացեալ 5 գերեզմաններուն համար եւս պիտի աւարտին: Սակայն ըսաւ թէ ասիկա չի նշանակեր որ Սինճարի հաւաքական գերեզմաններու գործը ամբողջութեամբ փակուած պիտի ըլլայ, որովհետեւ Սինճարի վերաշինութեան աշխատանքներուն ընթացքին տակաւին նոր հաւաքական գերեզմաններու կը հանդիպին:
Նայիլի յայտարարեց թէ նահատակներու ընտանիքներուն աջակցելու նպատակով մասնագէտ խումբեր կազմուած են: Այս խումբերը մարմիններու յանձնումէն ետք ծագած հոգեբանական եւ հասարակական խնդիրներուն շուրջ պիտի աշխատին:



