Ժամանակակից արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն Զարեհ Խրախունի, յատուկ միջոցառումով մը յիշատակուեցաւ իր ծննդեան դարադարձին՝ 16 Հեկտեմբերին, Նարեկեան սրահին մէջ կայացող հանդիսութիւնով մը։
Մնջոցառման ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան իր կողքին ունենալով հոգեւորականաց դասէ պատուիրակութիւն մը եւս։
Բացման խօսքը արտասանեց Անի Գալայլը, փոխանցելով միջոցառման նախապատրաստութեան փուլերը եւ հակիրճ ծանօթացնելով յայտագրի բովանդակութիւնը։ Անի Գալայլը յայտնեց թէ յատուկ այս միջոցառման համար քաղաքս ժամանած են Հայաստանէն երեք գրականագէտ՝ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզաննա Առաքելեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք»ի գիտաուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան եւ նոյն կեդրոնի ղեկավար Տոց. Քնարիկ Աբրահամեան։
Երեք հիւր զեկուցողներն ալ իրերայաջորդ կերպով դրուատեցին Խրաքունի բանաստեղծի գրական վաստակն ու առանձնայատկութիւնները, անոր գրական արտադրութիւնը դիտելով ստեղծագործական ժամանակաշրջանի յատուկ պայմաններու մէջ։
Գրականագէտ Կարօ Աբրահամեան, Զարեհ Խրախունիի ծննդեան հարիւրամեակին ձօնուած միջոցառումին մասնակցեցաւ ուղարկած զեկոյցով, որ ընթերցեց «Մարմարա» թերթի խմբագիր Նայիրա Սիւզմէ։
Միջոցառումը օժտուած էր նաեւ երաժշտական բաժինով մը։ Յայտագրի այս բաժնին մէջ նախ Աննա Գէորգեան Ուղուրլեանի կատարումով լսեցինք Առնօ Պապաճանեանի հանրածանօթ «Ողբերգ ըստ Սայաթ Նովայի» անուն յօրինումը։ Ապա դաշնակահարուհին ընկերակցեցաւ երգչուհի Մարալ Այվազի եւ երգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի կատարումներուն։ Մարալ Այվազ երկու երգեր ընտրած էր անուանի երգահան Խաչատուր Աւետիսեանէն, որուն եւս ծննդեան դարադարյը կը յիշենք այս տարուայ ընթացքին։ Արդարեւ երգչուհի Շուշան Գալաթաշ եւս այս նոյն դահլիճին մէջ քանի մը ամիսներ առաջ համերգ մը սարգած էր ի յարգանս Խաչատուր Աւետիսեանի։ Մարալ Այվազի ուժեղ եւ քնքուշ կատարումով հնչեցին «Ծաղկած Բալենի» եւ «Իմ Լաւ» երգերը, երկուքն ալ Լուտուիկ Դուրեանի բառերով։
Ապա բեմ եկաւ մենակատար Արթիւր Պաղտասարեան, որ նախ մեկնաբանեց Սիրվարդ Գարամանուկի ու ապա Պերճ Դիւարպեանի յօրինումները, Զարեհ Խրախունիի խօսքերով։
Յայտագրի մէջ յատուկ բաժին մը վերապահուած էր Հիլտա Գալֆայեան Փանոսեանի «Պոլսահայ Նորարար Բանաստեղծութեան Պատմութեան Ուրուագիծեր» հատորի Խրախունիի վերաբերող էջերու ընթերցման համար։ Ընթերցումները կատարեցին քաղաքիս հայ վարժարաններու ուսուցչուհիներ՝ Լիանա Պենլի, Տիյանա Պուլտուք, Թաթիա Մարաշլեան, Նայիրի Խաչիկօղլու եւ Մարալ Սաթար։
Բաւականին բովանդակալից յայտագրի յաջորդ բաժնին սրտի խօսք արտասանեց «Մարմարա» օրաթերթի հրատակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան։ Ան նկատի ունենալով որ մինչեւ իր ելոյթը բոլորն ալ խօսած էին բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին մասին, ինք նախընտրեց հանդիսատեսի հետ կիսել Արթօ Ճիւմպուշեանի կամ աւելի հարազատ կոչումով Արթօ Տայտայի հետ ունեցած ապրումներէն դրուագներ։ Պատմեց Ճիւմպիւշեանի բարեկամութիւնը իր ծնողքի հետ եւ փոխանցեց վկայութիւններ մանկական տարիներու յիշատակներէն։
Ծանրաբեռնուած յայտագիրը հետզհետէ կը մօտենար աւարտին, երբ հանդիսավար Անի Գալայլը «Ասմունքի Թագուհի» ածականով բեմ հրաւիրեց վաստակաւոր արուեստագիտուհի՝ Սիլվա Կոմիկեանը։
Տիկին Կոմիկեան իրեն յատուկ եռանդով արտասանեց Խրախունիի բանաստեղծութիւններէն նշոյշներ, արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին, որ կը դրսեւորուէր խանդավառ ծափահարութիւններով։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ մեծարեալ բանաստեղծի դստեր եւ որդւոյն շնորհակալութեան եւ երախտիքի նախադասութիւններով։
Պատրիարք Սրբազանը արտասանած հուսկ բանքի մէջ եւս ողջունեց կատարուած աշխատանքը, քանի որ ան կը միտի արժանի բանաստեղծի մը անունը պանծացնելու բարի գործին։
Յարակից սրահի մէջ կայացաւ ընդունելութիւն, որու աւարտին հանդիսատեսները առիթը ունեցան ատենախօսները, մենակատարները, կազմակերպիչները եւ յատկապէս Խրախունիի հարազատները շնորհաւորելու։




