Զրոյցներու շարք՝ 19 Յունուարի ընդառաջ
Հրանդ Տինք Հիմնարկը «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 19-րդ տարելիցի առթիւ ծրագրած է զրոյցներու շարք մը։ Միջոցառումներու շարքը կը մեկնարկէ 12 Յունուար, Երկուշաբթի Իւմիթ Քըվանչի պատրաստած «Յիշողութիւնը անբաւարար» անուն ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Քըվանչ այս ֆիլմով նկարագրած է Հրանդ Տինքի խօսքը, միտքը, գաղափարները աղաւաղող համակարգի ինքնիրմէջ սնուցած հակասութիւնները ու թերութիւնները։
Նոյն օր Այլին Վարդանեան ժամը 17.00-ին պիտի զեկուցէ «19 Յունուարը յիշողութիւններու մէջ» խորագրի ներքեւ։ Վարդանեանին ելոյթը պիտի կրկնուի նաեւ 15 Յունուար, Հինգշաբթի ժամը 15.00-ին։
14 Յունուար, Չորեքշաբթի օրուայ միջոցառումը Քոստա Կավրասի 1969 թուականին արտադրած «Z» ֆիլմի դիտարկումն ու մեկնաբանութիւնն է, որ պիտի ներկայացնէ Կէօքչէր Թահինճիօղլու։
Ֆիլմը հիւսուած է արդարութիւն, պետական բռնութիւն եւ իրողութեան որոնումի նիւթերով։
17 Յունուար, Շաբաթ օր ժամը 14.00-ին Նայաթ Գարաքէօսէ պիտի զեկուցէ յիշողութեան վայրերու մասին, օրինակներ թուելով աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս ցեղասպանութիւններու, ցեղային խտրականութիւններով ընթացող վարչակարգրու, զինուորական յեղափոխութիւններու եւ պատերազմներու աւարտին հիմնուած յիշողութեան վայրերու, թանգարաններու, յուշարձաններու եւ յուշակոթողներու մասին։
Նոյն օր «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի ժողովավարութեամբ՝ Լուիզ Պաքար, Արուս Եումուլ եւ Լորա Պայթար պիտի խորհրդածեն «Ակօս» թերթի 30 ամեայ գործունէութեան եւ այս հրատարակութեան ներկայացուցած նշանակութեան նիւթերով։
Նկատի ունենալով վայրի սահմանափակ պայմանները մասնակցիլ ցանկացողներէն կը պահանջուի այցելել Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջը գրանցումին կամ Zoom հաղորդման գաղտնագիրը ստանալու համար։

