Agos
Բարռեսիա քոլէքթիվի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Թալին Սուճեանն ու ես անգլերէն լեզուով կը ներկայացնենք «Ասիկա հասարակ կեանք չէ» (This is No Ordinary Life) փոտքաստը, ուր մօտէն կը քննենք մեր առօրեային ընդելուզուած բռնութիւնն ու մանրաբռնութիւնը (micro-violence)։ Յայտագրի մեր վերջին զրոյցներէն մէկուն ընթացքին նկատեցինք, որ կայ հարց մը, որուն յաճախ կը վերադառնանք՝ Ինչպէս մենք, որպէս աղջիկներ, կը սորվինք մենք զմեզ պաշտպանել։ Աշխարհի մը մէջ, ուր բռնութիւնը կրնայ որեւէ մէկ վայրկեանին ծագիլ, ո՞վ մեզ կը սորվեցնէ ապահով մնալ։ Արդեօք այս գիտութիւնը սիրո՞յ, յստակ եւ սրտապնդիչ ուղղութեա՞ն կամ վախի ու արգելումի ճամբով կը փոխանցուի։
Վաղ յուշերէս մին կապուած է մանկապարտէզի մէջ մեր երգած երգերէն մէկուն։ Այո, երգ. այն ալ՝ զուարճալի։ Նախասիրած ուսուցիչներէս օրիորդ Արաքսին ամէն առաւօտ մեզ կը դիմաւորէր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, իր պատրաստած գունաւոր դերձանէ գունդերով։ Երգին հետ մեզ կը հրաւիրէր միասին շարժելու, ցատկելու եւ զուարճանալու։ Երգերէն մէկը այպէս էր՝
Ո՞ւր կ՚երթաս, ո՞ւր կ՚երթաս, պզտիկ աղջիկ,
Կ՚արգիլեմ, կ՚արգիլեմ։
Մանիշակ ժողվել կ՚երթամ,
Մ՚արգիլէք, մ՚արգիլէք։
Այսօր երգին մնացածը չեմ յիշեր. նոյնիսկ զայն հիմա գրի առնելը տարօրինակ կը թուի, բայց այն ատեն մեզի համար արտասովոր չէր։ Մեզի արտօնուած էր դասարանին մէջ երգելով վազվզել, ցատկրտել. շատ լաւ ժամանակ կ՚անցնէինք։ Տարիներ ետք, երբ երգը միտքս ինկաւ, հասկցայ, որ անիկա արգիլումի երգ էր։ Աւելի տխուրը այն էր, որ հասկցայ, թէ ինչպէ՛ս արգիլումը արմատներ նետած էր մեր փոքրիկ մարմիններուն մէջ՝ ուրախութեան ճամբով։ Մեր մանկութիւնը կասկածի տակ չդրաւ երգը։ Երբ արգիլող ուժը միահիւսուեցաւ սիրոյ եւ խաղի հետ, այն թէ անտեսանելի դարձաւ, թէ ալ հաստատեց արգելքը։
Հարկաւ, որ խանդաղատանքը մեր կեանքէն բացակայ չէր։ Մօրս եւ մեծմօրս տածած գուրգուրանքը, յատկապէս համեղ եւ սննդարար կերակուրներու, տաքուկ տունի եւ պահապան ներկայութեամբ, ձեւաւորեց ապահով զգալու առաջին փորձառութիւններս։ Սէրը յաճախ ճաշի սեղանին շուրջ կը դրսեւորուէր՝ լաւ կերակրուած ըլլալը, տաքուկ հագուստով, խնամուած ըլլալով, սպասող ունենալով։ Յետադարձ հայեացքով, զանոնք կը տեսնեմ պաշտպանուածութեան դրսեւորում։
Այնուամենայնիւ, պաշտպանուած եւ կապուած ըլլալը միշտ չէ, որ կը նոյնացուէր։ Տունը յաճախ ապահովութիւն կը ներկայացնէր, մինչ փողոցը՝ անորոշութիւն։   Սահմանափակումները կը բազմապատկուէին արտաքին աշխարհին մէջ։ Կարեւոր կը դառնային մեր ո՛ւր երթալը, ե՛րբ վերադառնալը եւ որո՛ւ հետ ժամանակ անցնելնիս արտօնուած ըլլալը։ Բայց հետաքրքրական էր, որ մեր մեծերուն հասկացողութեամբ դպրոցներն ու անոր շրջակայքը յաճախ ապահով տարածքներ կը սեպուէին։ Այսուհանդերձ, տարիներ անց, նկատեցի, թէ դպրոցներու միջանցքները միշտ չէ, որ ապահով եղած են, թէ սահմանները  յաճախ բացայայտօրէն չէին քննարկուեր եւ թէ ես շատ բան պէտք էր սորվէի մարմինիս միջոցով։ Տունէն ոչ մէկ նախզգուշացում կար, որ դպրոցին մէջ եւս կրնար անբաղձալի դէպքեր պատահիլ մեզի։ Մեր ուսուցիչներուն հանդէպ մեր յարգանքն ու վստահութիւնը անվիճելի պէտք էր ըլլար։ Սակայն տարիներու ընթացքին փորձառութեամբ սորվեցանք, որ դպրոցները, նոյնիսկ արտավարժարանային կրթական միջավայրերը, անվտանգ տարածքներ չէին ապահովեր։
Շատ մը կանանց նման, կանուխէն սորվեցայ շուրջս զննել։ Կանխատեսել հայեացք մը, կարդալ շրջապատիս տրամադրութիւնը, համակերպիլ առանց խնդիրներ յառաջացնելու, խուսափիլ ուշադրութիւն գրաւելէ, հաճեցնել շուրջիններս… Պաշտպանութիւնը յաճախ կը սորվէի մարմինիս հետ կապ մը ունենալու հաշուին։ Աւելի շատ կը կեդրոնանայի աշխարհին ինծմէ ակնկալածին վրայ, քան զգացումներուս վրայ։
Քանատացի բժիշկ եւ գրող Կապոր Մաթէ կը բացատրէ, որ մնայուն յարմարակումը, զայրոյթի զսպումը եւ ուրիշներու կարիքներուն մշտական առաջնահերթութիւն տալը, յատկապէս կանանց քով, կրնան երկարաժամկէտ բեռ ստեղծել մարմնին վրայ։ Հոս ան չի խօսիր պատճառ եւ արդիւնք տիպի ուղիղ յարաբերութեան մասին, այլ դիտարկման արժանի խաչմերուկի մասին։ Ան դիտել կու տայ, որ երբեմն մարդ արարածը չի կրնար «ոչ» ըսել, իսկ մարմինը այդ «ոչ»-ը այլ միջոցներով կ՚արտայայտէ։
Մեր սերունդին համար փոքր տարիքին «ոչ» ըսելը գրեթէ անկարելի էր։ Ծնողներու, ուսուցիչներու եւ այլ հեղինակաւոր անձերու ակնկալութիւնը յստակ էր՝ պէտք էր հլու, հնազանդ ըլլայինք ու խնդիրներ չյառաջացնէինք։ Ի վերջոյ, թէ՛ հայ էինք, թէ՛ ալ աղջիկ։ Ո՜վ գիտէ, թէ մարմնական սահմանները խախտող քանի-քանի պատմութիւններ մեր մարմիններուն մէջ կը գտնուին՝ երեխան դարձնելով անարժէք եւ ներթափանցելի։ Յաճախ բռնի միջամտութիւնները, որոնք իբրեւ թէ մեզի կարգի կը բերեն, կը համարենք միայն մարմնական սահմանները խախտող փորձառութիւններ։ Այնուամենայնիւ, ստիպողաբար կուլ տուած պատառը կամ գծագրուած ժպիտը աւելի քան բաւարար են, որ պատճառ դառնան աղջիկան՝ իր սեփական մարմինէն լռութեամբ անջատուելու։
Այս յօդուածը գրած ժամանակս անգամ մը եւս հասկցայ, որ մեր մանկութիւնը մեզի հետ ոչ միայն յիշողութեան ճամբով, այլեւ մարմինին ընդմէջէն կը խօսի։ Անանուն սահմաններ, անբացատրելի վախեր, «լաւ աղջիկ» ըլլալու ճնշում, յարմարուելու պարտաւորութիւն…Որոշ բաներ հասկնալի կը դառնան միայն յետադարձ հայեացքով։ Հոգեխոցի ֆեմինիստ տեսաբան Ճիւտիթ Հըրմեն մեզ կը յիշեցնէ, որ չխօսուած փորձառութիւնները պարզապէս չեն անյայտանար, անոնք յաճախ այլ կերպերով կը վերադառնան,— լռութեամբ, անբացատրելի անհանգստութիւններով, մարմնի կրած բեռով։ Երբ պատմութիւն մը չի կրնար բառերով արտայայտուիլ, մարմինը կը շարունակէ խօսիլ։
Հիմա, անգամ մը եւս մարմինիս այս ոսպնեակէն նայելով, չեմ կրնար ինքզինքիս չհարցնել, թէ ինչպէ՛ս կրնամ աւելի ուշադրութեամբ պաշտպանել տարիներու ընթացքին ներթափանցելի դարձած սահմանները։ Թէեւ մանկութեան լուռ մանկավարժութիւնն է մեզի կոփողը, ժամանակի ընթացքին նաեւ կը սորվինք տարբեր յարաբերութիւններ հաստատել մեր մարմինին, սահմաններուն եւ ձայնին հետ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծել տարածքներ, ուր պաշտպանութիւնը կ՚աւանդուի ոչ միայն վախի եւ արգիլումի, այլ նաեւ վստահութեան, սահմաններու եւ յարաբերութիւններ հաստատելու ունակութեան ճամբով։ Հարցը միայն ինքնապաշտպանութիւն սորվիլը չէ, այլ նաեւ կեանքը գնահատելն է՝ առանց կորսնցնելու պաշտպանուած ըլլալու միջոցին մեր անձերուն հետ ունեցած մեր կապը ։
(Թարգմանեց Արազ Գոճայեանը)
«Բարեկամութիւնը ժամացոյցի
կը նմանի, միշտ լարել պէտք է
զայն՝ բանեցնելու համար»:
Յակոբ Պարոնեան
Յատուկ ակ­նո­ցի կա­րիք չկայ տես­նե­լու, ըն­դի­մադիր մա­մու­լը լայ­նօ­րէն կ'ահա­զան­գէ՝ թէ ինչպէս վեր­ջին քա­ղաքա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րու պատ­ճա­ռով, այ­լեւս եղ­բայրա­կան չեն հայ-ռու­սա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, անոնք հե­ռու են նախ­կի­նը ըլ­լա­լէ՝ մեղմ ասած պաղ լա­րուա­ծու­թիւն գո­յացած է իրար հան­դէպ եւ ցա­ւօք՝ այն կա­րող է խո­րանալ «Հո­րիզոն» Մա­յիս 12, 2026-ը կ՝ահա­զան­գէ, թէ «Այսպէս սկսաւ ամէն ինչ Ուքրա­նիոյ մէջ», վկա­յակո­չելով ռուս քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու մամ­լոյ ելոյթնե­րը եւ գաղտնիք չէ, որ վեր­ջին Փու­թին-Փա­շինեան հան­դի­պու­մը ջերմ մթնո­լոր­տով չէր, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ։
Աւե­լորդ չէ պատ­մա­կան որոշ դրո­ւագ­ներ յի­շեց­նել՝ ի գի­տու­թիւն ըն­թերցող­նե­րուն, որ դա­րեր շա­րու­նակ հա­րաւ կով­կա­սեան տա­րածաշրջա­նը Պարսկաս­տա­նին են­թա­կայ էր եւ միայն 1831 թո­ւակա­նի ռուս-պարսկա­կան պա­տերազ­մի յաղ­թա­նակով ան դար­ձաւ Ռու­սիոյ ծայ­րա­գոյն գա­ւառ։ Յի­շենք Խա­չատուր Աբո­վեանի գրու­թիւնը.- «Օրհնեալ լի­նի այն օրը, երբ ռու­սը ոտք դրեց մեր հո­ղի վրայ»։
1918-ի Ա. Հան­րա­պետու­թեան կար­ճա­տեւ ան­կա­խու­թեան տա­պալու­մով էր, որ ան դար­ձաւ հա­մայ­նա­վար բռնի հա­մակար­գի ան­դամ մին­չեւ 1991-ի սեպ­տեմբե­րին ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մը։
Նոր դա­րի սկիզբն էր եւ պի­տի կա­րողա­նայինք մեր ճա­շակին հա­մահունչ հայ­րե­նիք եւ պե­տակա­նու­թիւն ստեղ­ծել, սա­կայն երե­ւոյթնե­րը այլ ըն­թացք ու­նե­ցան եւ ար­կա­ծախնդիր­ներ պե­տական աթոռ­նե­րու տի­րանա­լով՝ երկրի ու­ղե­գիծը խա­թարե­ցին։ Այ­սօր ու­նինք այն ինչ ստեղ­ծե­ցինք, զանց չառ­նե­լով մեր ժա­ռան­գա­կան հա­րեւան­նե­րը։
Ար­դի պայ­մաննե­րուն բա­զում են մեր ազ­գա­կից­նե­րը հարց հնչեց­նե­լով, թէ մա­յիս ամ­սուն ՀՀ կող­մէ հրա­ւիրո­ւած՝ Երե­ւանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գաթ­նա­ժողո­վի մաս­նա­կից­նե­րը Էմա­նուէլ Մաք­րո­նի մաս­նակցու­թեամբ, ելոյթներ ու­նե­ցան քա­ջալե­րելով ՀՀ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու վե­րաբե­րեալ, սա­կայն անոնց կող­քին էր նաեւ Վլո­տիմիր Զե­լինսկին, որ առի­թը յար­մար գտնե­լով, ամէն տե­սակի լու­տանքներ հնչե­ցուց Ռու­սիոյ մա­սին, որ չմնաց առանց ու­շադրու­թեան ար­ժա­նանա­լու Մոս­կո­ւայի կող­մէ՝ ի վնաս ՀՀ-ի։
Աներկբայ է, որ Զե­լինսկիի ներ­կա­յու­թիւնը թե­լադ­րո­ւած է եւ­րո­պացի­ներու կող­մէ, բայց մեր իշ­խա­նու­թիւնը, ցա­ւօք, սխալ­մամբ է այն ըն­դունած, քան­զի կա­տաղած ար­ջի հետ խա­ղալը բազ­միցս ան­խո­հեմ ու ան­պարկեշտ է նկա­տի ու­նե­նալով հե­տեւանքնե­րը։
Կեն­դա­նի օրի­նակը հէնց Ուկրաինա­յի մէջ տա­րիներ տե­ւող բա­խումներն են, որ ան­յայտ է թէ որու հա­մար են օգ­տա­ւէտ, որ­մէ խու­սա­փելը կ’ըլ­լար ճիշդ եւ իմաս­տուն։
Ռուս որոշ պաշ­տօ­նեաներ, ինչպէս նաեւ մա­մու­լը տար­բեր առիթ­նե­րով չեն վա­րանիր յայ­տա­րարե­լու, թէ՝ Ռու­սիան եւ ՀՀ ու­նին ջերմ, մտե­րիմ յա­րաբե­րու­թիւններ, շեշ­տե­լով նաեւ որ Ռու­սիոյ մէջ բնա­կող հա­յերու թի­ւը գրե­թէ հա­ւասար է ՀՀ-ի բնակ­չութեանը եւ կը զբա­ղեց­նեն տար­բեր պաշ­տօններ, կ՚ընտրո­ւին պատ­գա­մաւոր՝ միաժա­մանակ աջակ­ցե­լով իրենց հա­րազատ­նե­րուն։
Ըստ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւննե­րու Ռու­սիան իր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը այլ եր­կիրնե­րու հետ կը կա­ռու­ցէ բա­րեկա­մու­թեան, փոխ­շա­հաւէտ հա­մագոր­ծակցու­թեան եւ ներ­քին գոր­ծե­րուն չմի­ջամ­տե­լու սկզբունքնե­րով (դա­րուս մե­ծագոյն սու­տը «Կ») նշե­լով, որ Պե­տական տու­ման պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ հայ-ռու­սա­կան բա­րեկա­մական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ամ­րապնդման ուղղու­թեամբ։ Փոր­ձենք հա­ւատալ։
Խե­լամ­տութիւ­նը եւ պար­կեշտու­թիւնը կը պա­հան­ջեն լրջօ­րէն խորհրդակ­ցիլ եւ բա­ցառել շտապ կողմնո­րոշում ըն­դունե­լու տար­բե­րակը, քան­զի ստոյգ խնդիր­նե­րու դէմ դի­մաց ենք՝ դե­մոկ­լեան թու­րը կա­խուած մեր գլխուն որու հե­տեւանքնե­րը կա­րող են խիստ աւե­րիչ ըլ­լալ։
17Մա­­­յիս 2026, Կի­­­­րակի երե­­­­կոյեան, ԱՄՆ-ի Փա­­­­սատե­­­­նա քա­­­­ղաքի Ս. Գրի­­­­գոր Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորիչ եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ «Փե­­­­թակ» շա­­­­բաթօ­­­­րեայ դպրո­­­­ցը, եկե­­­­ղեցա­­­­պատ­­­­կան «Գա­­­­լուստեան-Տու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յեանց» սրա­­­­հին մէջ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւած շքեղ աշա­­­­կեր­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կան հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սով, հնչե­­­­ցուց իր վեր­­­­ջին զան­­­­գը եւ աւար­­­­տեց 2025-26 տա­­­­րեշրջա­­­­նը։
«Գա­­­­րունն ու մայ­­­­րը եր­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւորեակ­­­­ներ են». ահա այս խո­­­­րագի­­­­րին եւ ազ­­­­նիւ գա­­­­ղափա­­­­րին շուրջ հիւ­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր «Փե­­­­թակ» դպրո­­­­ցի տա­­­­րեվեր­­­­ջի յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիրը, ուր ամէն դա­­­­սարան եւ մե­­­­նակա­­­­տար աշա­­­­կերտ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց հայ մայ­­­­րը եւ գա­­­­րու­­­­նը գո­­­­վեր­­­­գող եր­­­­գեր, ոտա­­­­նաւոր­­­­ներ ու խօս­­­­քեր։
Հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սը սկսաւ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան քայ­­­­լերգի եւ «Մենք մա­­­­նուկներ հա­­­­յոց ազ­­­­գի» դպրո­­­­ցական եր­­­­գի միաբե­­­­րան ու յոտնկայս կա­­­­տարումնե­­­­րով։ Այ­­­­նուհե­­­­տեւ դպրո­­­­ցի տնօ­­­­րէն Նո­­­­րայր Տա­­­­տու­­­­րեանը ող­­­­ջունեց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ները եւ հա­­­­ճելի վա­­­­յելում մաղ­­­­թեց ծնող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ու հիւ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Իր խօս­­­­քը դպրո­­­­ցի տա­­­­րեշրջա­­­­նի ար­­­­դիւնքնե­­­­րու ամ­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­փումն էր, ինչպէս նաեւ յա­­­­ռաջի­­­­կայ ծրա­­­­գիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­մը։ Ապա, տա­­­­րիքա­­­­յին կար­­­­գով, բեմ բարձրա­­­­ցան գար­­­­նան գոյ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով եւ ծա­­­­ղիկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով զար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րուած աշա­­­­կերտնե­­­­րը։
Ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զի սա­­­­ները, ու­­­­սուցչու­­­­հի Անի Մար­­­­սէ­­­­­­­­­­­­­­­լեանի եւ դա­­­­սարա­­­­նի կա­­­­մաւոր երի­­­­տասար­­­­դուհի­­­­ներ Մար­­­­մար Էքի­­­­զեանի ու Տե­­­­րեւ Տա­­­­տու­­­­րեանի առաջ­­­­նորդու­­­­թեամբ, բեմ ելան եւ իրենց ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան ժպի­­­­տով, պա­­­­րով ու եռան­­­­դով նախ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­ցին հիւ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն բա­­­­րի գա­­­­լուստ մաղ­­­­թող «Բա­­­­րի եկաք հայ­­­­րեր, մայ­­­­րեր» քնքուշ ոտա­­­­նաւո­­­­րը, ապա եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ցին «Ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զի Թի­­­­թեռ­­­­ներ» եւ «Մէկ, եր­­­­կու, երեք, չորս» եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Պէտք է նշել, թէ ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զի աշա­­­­կերտնե­­­­րը տա­­­­րի մը առաջ բո­­­­լորո­­­­վին ան­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­նօթ էին հա­­­­յերէ­­­­նին, իսկ այ­­­­սօր Անի Մար­­­­սէ­­­­­­­­­­­­­­­լեանի նո­­­­ւիրեալ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քին շնոր­­­­հիւ այս փոք­­­­րիկ «մե­­­­ղու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը» ար­­­­դէն սկսած են հա­­­­յերէն բզզալ։
Ա. դա­­­­սարա­­­­նի աշա­­­­կերտնե­­­­րը, ու­­­­սուցչու­­­­հի Ազ­­­­նիւ Սէ­­­­րայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րեանի առաջ­­­­նորդու­­­­թեամբ, ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­ցին մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն նո­­­­ւիրո­­­­ւած ոտա­­­­նաւոր մը եւ Մխի­­­­թարեան հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Վա­­­­հան Վրդ. Յով­­­­հաննէ­­­­սեանի հե­­­­ղինա­­­­կած «Հա­­­­յաս­­­­տան. Իմ հե­­­­ռաւոր հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք, իմ փա­­­­ռաւոր հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք» բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւնը։ Ամե­­­­րիկեան դպրոց­­­­ներ յա­­­­ճախող այս փոք­­­­րիկնե­­­­րը վար­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­տօրէն հնչե­­­­ցու­­­­ցին մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի լե­­­­զուն եւ մեծ եռան­­­­դով ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցին իրենց բա­­­­ժինը, ինչ որ վկա­­­­յու­­­­թիւնն էր ու­­­­սուցչու­­­­հի Ազ­­­­նիւ Սէ­­­­րայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րեանի նո­ւիրեալ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քին։
Բ. դա­­­­սարա­­­­նը յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիրին հա­­­­մար պատ­­­­րաստած էր աս­­­­մունք եւ կա­­­­տակ-պար։ Ու­­­­սուցչու­­­­հի Մա­­­­րալ Դա­­­­ւիթեանի ղե­­­­կավա­­­­րու­­­­թեամբ աշա­­­­կերտներ­­­­ արտա­­­­սանե­­­­ցին «Մես­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պեան տա­­­­ռեր» ոտա­­­­նաւո­­­­րը, իսկ պա­­­­տանի աշա­­­­կերտ Արէն Գրի­­­­գորը լիաթոք ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց «Դպրո­­­­ցի ճամ­­­­բան» ոտա­­­­նաւո­­­­րը։ Անոնք հա­­­­սուն մա­­­­կար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կով կա­­­­տարե­­­­ցին իրենց բա­­­­ժին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Ապա խումբը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց բո­­­­լորին կող­­­­մէ մեծ սպա­­­­սու­­­­մով ըն­­­­դունուած կա­­­­տակ-պա­­­­րը։ Աշա­­­­կերտնե­­­­րը բե­­­­մին վրայ կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նացու­­­­ցին հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան տոհ­­­­միկ ու քնա­­­­րական կեան­­­­քի գե­­­­ղեցիկ պատ­­­­կեր մը։ Այդ ճա­­­­շակա­­­­ւոր բե­­­­մադ­­­­րութեան հե­­­­ղինակն ու ձե­­­­ւաւո­­­­րողը դա­­­­սարա­­­­նի ու­­­­սուցչու­­­­հի Մա­­­­րալ Դա­­­­ւիթեանն էր։
Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս բեմ բարձրա­­­­ցաւ աւագ դա­­­­սարա­­­­նը՝ Նո­­­­րայր Տա­­­­տու­­­­րեանի աշա­­­­կերտնե­­­­րը։ Անոնք ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցին հայ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն նո­­­­ւիրո­­­­ւած խօս­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւննե­­­­րու գե­­­­ղեցիկ ծաղ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­քաղ մը։ Իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր աշա­­­­կեր­­­­տի բե­­­­րանէն քաղցրօ­­­­րէն հնչե­­­­ցին Յով­­­­հաննէս Շի­­­­րազի, Վա­­­­հան Թո­­­­թովեն­­­­ցի, Ռա­­­­փայէլ Պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նեանի, Պա­­­­րոյր Սե­­­­ւակի, Պա­­­­տուա­­­­կան Խա­­­­չատ­­­­րեանի եւ այլ հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րէն հա­­­­տուած­­­­ներ։
Աւար­­­­տին անոնք միաբե­­­­րան ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­ցին.«Այ­­­­սօր պայ­­­­ծառ գա­­­­րուն է եւ Ձեր տօնն է, սի­­­­րելի մայ­­­­րեր։ Այ­­­­սօր դուք աւե­­­­լի քնքոյշ էք, աւե­­­­լի գե­­­­ղեցիկ։ Թո՛ղ գար­­­­նան բո­­­­լոր ծա­­­­ղիկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը բա­­­­ցուին ձե­­­­զի հա­­­­մար եւ ձե­­­­զի պար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­ւեն արե­­­­ւոտ ժպիտ­­­­ներ… Գա­­­­րունն ու մայ­­­­րը եր­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւորեակ­­­­ներ են։ Գա­­­­րու­­­­նը կեանք է՝ մօր կեան­­­­քով լե­­­­ցուն, գա­­­­րու­­­­նը սէր է՝ մօր սի­­­­րով լե­­­­ցուած։ Գա­­­­րունն ու մայ­­­­րը ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­խու­­­­թիւն են։ ՏՕՆԴ ՇՆՈՐ­­­­ՀԱ­­­­­­­­­­­­­­­ՒՈՐ, ՍԻ­­­­ՐԵԼԻ ՄԱՅՐ»։
Այս տա­­­­րի «Փե­­­­թակ» դպրո­­­­ցը, Ստամ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­լեան, Սէ­­­­փէթ­­­­ճեան եւ Գու­­­­յումճեան ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու առա­­­­տաձեռն նո­­­­ւիրա­­­­տուու­­­­թիւննե­­­­րուն շնոր­­­­հիւ, իր դա­­­­սացու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­կին աւել­­­­ցուց եր­­­­գի եւ պա­­­­րի դա­­­­սեր։ Քա­­­­ղաքի յայտնի երի­­­­տասարդ պա­­­­րու­­­­սոյց քոյ­­­­րեր Փա­­­­թիլ եւ Սին­­­­թիա Ալ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րեանի, ինչպէս նաեւ դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կահար ու ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­վարժ Էլ­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­րա Սի­­­­մոնեանի աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քի շնոր­­­­հիւ, դպրո­­­­ցի աշա­­­­կեր­­­­տութիւ­­­­նը վե­­­­րածո­­­­ւեցաւ մեծ պա­­­­րախումբի եւ երգչա­­­­խումբի։
Յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիրի վեր­­­­ջին բա­­­­ժինը վե­­­­րապա­­­­հուած էր այդ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քի բե­­­­մադ­­­­րութեան։ «Փե­­­­թակ» նո­­­­րակազմ երգչա­­­­խումբը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց «Մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րին բո­­­­լոր», «Էսօր Ուրբաթ է», «Գա­­­­րուն, գա­­­­րուն, գա­­­­րուն» եւ «Բաց եր­­­­կինք, մի եր­­­­կիր» եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնց գլխա­­­­ւոր հե­­­­րոս­­­­ներն էին հայ մայ­­­­րը եւ հա­­­­յոց բնաշ­­­­խարհի գու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գեղ գա­­­­րու­­­­նը։ Ապա աշա­­­­կերտներն ան­­­­գամ մը եւս բեմ ելան, եւ սրա­­­­հին մէջ թնդաց Սաս­­­­նոյ եւ Մու­­­­շի յայտնի եար­­­­խուշտան։ Բո­­­­լոր սիր­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը հպար­­­­տութեամբ բա­­­­բախե­­­­ցան.
«Լեռ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րի մէջ կայ պայ­­­­քար,Քա­­­­րի մէջ երգ ու պար,
Ձեռ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րի մէջ առ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան,
Հայ պարն է յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան»։
Յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիրի աւար­­­­տին տնօ­­­­րէն Նո­­­­րայր Տա­­­­տու­­­­րեանը շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն յայտնեց նո­­­­ւիրեալ ու­­­­սուցչա­­­­կազ­­­­մին, կա­­­­մաւոր երի­­­­տասար­­­­դուհի­­­­ներուն, ծնո­­­­ղական յանձնա­­­­խումբի ան­­­­դամնե­­­­րուն, տա­­­­ղան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր պա­­­­րու­­­­սոյցնե­­­­րուն եւ եր­­­­գի ու­­­­սուցչու­­­­հիին։ Ապա ան յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարեց, թէ 1965 թո­­­­ւակա­­­­նին հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած դպրո­­­­ցը որո­­­­շած է 2026-27 տա­­­­րեշրջա­­­­նին, իր պատ­­­­մութեան մէջ առա­­­­ջին ան­­­­գամ, տա­­­­րեգիրք հրա­­­­տարա­­­­կել եւ յա­­­­ւեր­­­­ժացնել դպրո­­­­ցի պատ­­­­մութիւ­­­­նը։
Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ հո­­­­գեւոր ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նաշ­­­­նորհ Տէր Սար­­­­գիս Աւագ քա­­­­հանայ Փե­­­­թոյեանը բարձրա­­­­խօսը ստանձնեց եւ իր սրտի խօս­­­­քը փո­­­­խան­­­­ցեց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ներուն։ Ան բա­­­­ցատ­­­­րեց, թէ Ամե­­­­րիկան յայտնի է որ­­­­պէս «լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու խառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րան», ուր ամէն լե­­­­զու, եթէ անու­­­­շադրու­­­­թեան մատ­­­­նո­­­­­ւի, դա­­­­տապար­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է ան­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տանա­­­­լու։ «Բայց տե­­­­սէք, ըսաւ տէր հայ­­­­րը,– թէ ինչպէ՛ս այ­­­­սօր մեր բե­­­­մը ցնծաց մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի լե­­­­զուով, հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան եր­­­­գով ու պա­­­­րով»։
Ապա ան գնա­­­­հատեց բո­­­­լոր ծնող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնք ամէն զո­­­­հողու­­­­թիւն կը կա­­­­տարեն իրենց զա­­­­ւակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հա­­­­յեցի դաս­­­­տիարա­­­­կու­­­­թիւն տա­­­­լու հա­­­­մար։ Տէր Սար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­սը յա­­­­ջողու­­­­թիւն մաղ­­­­թեց նաեւ դպրո­­­­ցի տնօ­­­­րէնէն մին­­­­չեւ կա­­­­մաւոր երի­­­­տասար­­­­դուհի­­­­ները՝ բո­­­­լոր ծա­­­­ռայող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Ան իր խօս­­­­քը աւար­­­­տեց «Պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նիչը» աղօ­­­­թելով եւ ամ­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­փիչ օրհնու­­­­թիւն տա­­­­լով, ապա հրա­­­­ւիրեց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ները միասին եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­լու Տէ­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան աղօթ­­­­քը։
Եւ եկաւ այդ յու­­­­զիչ պա­­­­հը. բո­­­­լորի յոտնկայս ծա­­­­փահա­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րուն ներ­­­­քոյ տնօ­­­­րէն Նո­­­­րայր Տա­­­­տու­­­­րեանը 60-րդ ան­­­­գամ հնչե­­­­ցուց դպրո­­­­ցի պղնձեայ ձեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­զան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­կը եւ աւար­­­­տած հռչա­­­­կեց 2025-26 տա­­­­րեշրջա­­­­նը։
Այս տա­­­­րի յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գիրը նաեւ անակնկալ բա­­­­ղադ­­­­րիչ մը ու­­­­նէր։ Պա­­­­րու­­­­սոյցներ Փա­­­­թիլ եւ Սին­­­­թիա Ալ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րեան քոյ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը բո­­­­լոր աշա­­­­կերտներն ու ծնող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը հրա­­­­ւիրե­­­­ցին դպրո­­­­ցի պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զը եւ յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարե­­­­ցին, թէ պի­­­­տի սոր­­­­վեցնեն Թամ­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­րա պա­­­­րի պարզ ու գե­­­­ղեցիկ շար­­­­ժումնե­­­­րը։ Երբ երաժշտու­­­­թիւնը հնչեց, աղ­­­­ջիկներն իրենց հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, իսկ տղա­­­­ները՝ իրենց մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րուն հետ զոյգ կազ­­­­մած, պա­­­­րեցին հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան հա­­­­րազատ թամ­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­րան։ Պա­­­­րի աւար­­­­տին բո­­­­լորը փա­­­­փագ յայտնե­­­­ցին, որ թամ­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­րան այ­­­­սուհե­­­­տեւ ամէն տա­­­­րի կրկնո­­­­ւի եւ դառ­­­­նայ «Փե­­­­թակ» դպրո­­­­ցի տա­­­­րեվեր­­­­ջի հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սու­­­­թիւննե­­­­րու ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նեկան աւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան պա­­­­րը։
«Փե­­­­թակ» շա­­­­բաթօ­­­­րեայ դպրո­­­­ցը կը գոր­­­­ծէ Հիւ­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­սային Ամե­­­­րիկա­­­­յի Արեւմտեան Թե­­­­մի ժրա­­­­ջան առաջ­­­­նորդ, գե­­­­րաշ­­­­նորհ Տ. Յով­­­­նան Արք. Տէր­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­րեանի հո­­­­վանիին ներ­­­­քոյ։ Ան առաջ­­­­նորդա­­­­րանի 17 շա­­­­բաթօ­­­­րեայ դպրոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէկն է եւ կը ծա­­­­ռայէ ամե­­­­րիկեան պե­­­­տական դպրոց­­­­ներ յա­­­­ճախող հա­­­­յոր­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­ներուն։
Այժմ «Փե­­­­թակ»-ը եւ իր «մե­­­­ղու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը» խան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վառու­­­­թեամբ կը պատ­­­­րաստո­­­­ւին 30 Մա­­­­յիս Շա­­­­բաթ օրը Փա­­­­սատե­­­­նայի հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան մեծ փա­­­­ռատօ­­­­նին մաս­­­­նակցե­­­­լու, հսկայ բե­­­­մին վրայ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու իրենց եր­­­­գերն ու պա­­­­րերը։
«Փե­­­­թակ» դպրո­­­­ցը, հա­­­­յոց լե­­­­զուի ու­­­­սուցման կող­­­­քին, իր աշա­­­­կերտնե­­­­րուն կու տայ նաեւ հո­­­­գեւոր դաս­­­­տիարա­­­­կու­­­­թիւն եւ ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին կրթու­­­­թիւն։ Դպրո­­­­ցի ծրա­­­­գիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան տեղ կը գրա­­­­ւեն ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին, կրօ­­­­նական եւ մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին տօ­­­­ներն ու ծէ­­­­սերը։
Այժմ բաց է դպրո­­­­ցի 2026-27 տա­­­­րեշրջա­­­­նի ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րութիւ­­­­նը։ Ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւելու կամ աւե­­­­լի ման­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մասն տե­­­­ղեկու­­­­թիւն ստա­­­­նալու հա­­­­մար կա­­­­րելի է այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լել՝ www.petagstgwd.com կամ զան­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հարել 626-660-9443 թիւին։
Հայաս­տան- Թուրքիա կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու աջակ­­ցութեամբ, 2 Յու­­նի­­­սին Հա­­յաս­­տա­­­նի գոր­­ծա­­­րար հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը հա­­տեցին Հա­­յաս­­տան–Թուրքիա ցա­­մաքա­­յին սահ­­մա­­­նը եւ մեկ­­նե­­­ցան Կարս`մաս­­նակցե­­լու Թուրքիոյ գոր­­ծա­­­րար հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու հետ հան­­դիպման։
Եր­­կու երկրնե­­րու գոր­­ծա­­­րար հա­­մայնքնե­­րը ող­­ջունած են Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ մի­­ջեւ երկկողմ առեւ­­տուրի մեկ­­նարկի հա­­մար ձե­­ւաւո­­րուած բա­­րեն­­պաստ մի­­ջավայ­­րը: Հան­­դիպման ըն­­թացքին եր­­կու երկրնե­­րու գոր­­ծա­­­րար հա­­մայնքնե­­րը, որոնք կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն սննդամ­­թերքի, խմիչքնե­­րու, շշալ­­ցո­­­ւած ջու­­րե­­­րու, հիւ­­թե­­­րու, մրգե­­րու, ծխա­­խոտի, շի­­նարա­­րու­­թեան, զբօ­­սաշրջու­­թեան, ծաղ­­կի ար­­տադրու­­թեան եւ այլ ոլորտնե­­րը, ընդգծած են Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ մի­­ջեւ առեւ­­տուրի ոլոր­­տին հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան զգա­­լի նե­­րու­­ժը եւ մտքեր փո­­խանա­­կած ապա­­գայ հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան հե­­ռան­­կարնե­­րու վե­­րաբե­րեալ։
Անցեալ օրե­­րուն բա­­րեկամ­­ներ ու ծա­­նօթ­­ներ հե­­ռաձայ­­նե­­­ցին ին­­ծի, խնդրե­­լով որ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցի Յ.Ս.-ի մա­­սին լուր գրեմ։ Խնդրե­­ցին, բայց ինչպէ՞ս։ Ամէն հար­­ցումիս բա­­ցասա­­կան պա­­տաս­­խան, կի­­սատ-պռատ.
— Մեր աղ­­քատն է՞։
— Այո, բայց նաեւ ոչ (Հա­­յաս­­տանցի)։
— Զբօ­­սաշրջի՞կ է։ Բա­­նուո՞ր է։
— Կի­­սատ-պռատ (Անօ­­րէն)։
Այ­­սինքն՝ կ՚ու­­զէք որ անօ­­րինա­­կանը պաշտպա­­նեմ, նաեւ կա­­մաւոր օգ­­նութեան կոչ ընեմ, այնպէ՞ս։ Գլուխ կը շար­­ժեն։ Օֆ...
Բայց հի­­ւա՛նդ է, եկե­­ղեց­­ւոյ ապաս­­տա­­­նած է...
Խղճի աչ­­քով մար­­դոց նա­­յող­­նե­­­րուն հա­­մար ան­­մեկնա­­բան կը գրեմ։
(Յ.Ս. 51 տա­­րեկան)
— Քա­­նի՞ տա­­րի առաջ ըն­­տա­­­նիքիդ հետ եր­­կիր մտար։ Միշտ անօ­­րինա՞կ ապ­­րե­­­ցաք։
13 տա­­րիէ ի վեր հոս ենք։ Հինգ-վեց տա­­րի առաջ Հա­­յաս­­տան գա­­ցինք, քիչ մը ապ­­րե­­­ցանք եւ վե­­րադար­­ձանք։ Սկիզ­­բը բնա­­կու­­թեան թոյ­­լտւու­­թիւն ու­­նէինք։ Հան­­գիստ կ՚ապ­­րէինք։ Յե­­տոյ բնա­­կու­­թեան թոյ­­լտւու­­թիւն չկրցանք ստա­­նալ, բայց ապ­­րիլ շա­­րու­­նա­­­կեցինք։ Խնդիրն այն է, որ ոչ ոք մեզ իր հաս­­ցէին գրան­­ցեց։ Չգրան­­ցե­­­ցին, ուստի բնա­­կու­­թեան թոյ­­լտւու­­թիւն ալ չկրցանք ստա­­նալ։
— Կինդ եւ դուն անօ­­րինա­­կան կ՚երե­­ւաք։ Բայց երե­­խան ինչպէ՞ս կ՚ու­­սա­­­նի։
Հի­­մա հիւր աշա­­կերտ կար­­գա­­­վիճա­­կով կ՚ու­­սա­­­նի։ Դժբախ­­տա­­­բար հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան քննու­­թեան մաս­­նակցե­­լու իրա­­ւունք չու­­նի։ Հոս մեծ­­ցած ըլ­­լա­­­լուն՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի դպրո­­ցական ծրագ­­րէն տե­­ղեակ ան­­գամ չէ։ Բո­­լոր դա­­սերը Թուրքիոյ ծրագ­­րին հա­­մաձայն առաւ։ Կը մտա­­ծենք թէ այս երա­­խան ո՛ւր եւ ինչպէ՞ս հա­­մալ­­սա­­­րան պի­­տի կար­­դայ։
— Ին­­չո՞ւ եկաք Թուրքիա։
Իրա­­կանին մէջ աշ­­խա­­­տելու եկանք։ Երբ եկանք, աղ­­ջիկս երեք տա­­րեկան էր։ Հիւր աշա­­կերտ կար­­գա­­­վիճա­­կով դպրոց սկսաւ յա­­ճախել։ Ու ան­­կէ ետք վե­­րադառ­­նալ չու­­զե­­­ցինք։ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիու­­թե­­­նէն հրա­­ժարիլ չենք ու­­զեր։ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ խնդիր չու­­նինք, բայց ապ­­րե­­­լու հա­­մար այս եր­­կի­­­րը կ՚ընտրենք։ Որով­­հե­­­տեւ թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ թուրքե­­րը կը սի­­րենք։ Շատ թուրք բա­­րեկամ­­ներ ու­­նիմ։ Առ­­կա­­­ծէն ետք տա­­սը թուրք բա­­րեկամ տուն եկան, ողջ-առողջ մնաք ըսին, կա­­րիք մը կա՞յ հար­­ցուցին։ Դրա­­ցիս ոջ­­խար մոր­­թած էր, մեր տունն ալ բա­­ժին հա­­նած է։ Հոս շատ հան­­գիստ կ՚ապ­­րիմ։
— Կ՚ըսէք թէ կրնաք աշ­­խա­­­տիլ, բայց անօ­­րինա­­կան էք։
Այո։ Անօ­­րինա­­կան եմ, օգ­­նա­­­կան կ՚աշ­­խա­­­տիմ։ Նո­­րոգու­­թիւն կ՚ընեմ, ինչ որ գործ ըլ­­լայ կ՚եր­­թամ։ Ծա­­նօթ­­նե­­­րուս մանր-մունր տան շի­­նարա­­րական փո­­փոխու­­թիւննե­­րը կ՚ընեմ։
— Այ­­սինքն իրա­­կանին մէջ ոչ ոք ձեզ օրի­­նական գոր­­ծի չէ'առած։
Այո, օրի­­նական կեր­­պով ոչ ոք գոր­­ծի չ՚առաւ զիս։ Ապա­­հովագրու­­թիւն եւ աշ­­խա­­­տան­­քի ար­­տօ­­­նագիր չու­­նիմ։ Աշ­­խա­­­տելու կ՚աշ­­խա­­­տինք, բայց ապա­­գան ալ չենք տես­­ներ։
Թուրքիա-Հա­­յաս­­տան խա­­ղաղու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցը մե­­զի յոյս կու տայ։ Կը մտա­­ծենք՝ ար­­դեօք հիւ­­պա­­­տոսա­­րան կրնա՞յ բա­­ցուիլ։ Մեր նման­­նե­­­րուն օրի­­նակա­­նանա­­լուն հա­­մար գե­­ղեցիկ ճամ­­բայ մը կ՚ըլ­­լայ ատի­­կա։ Այս երկրի մէջ ին­­ծի պէս բախստա­­կան շատ Հա­­յաս­­տանցի կայ։
Ամէն ան­­գամ հայ­­րե­­­նիք եր­­թալ ու վե­­րադառ­­նալ հար­­կա­­­ւոր կ՚ըլ­­լայ։ Ատի­­կա ծախս է, հո­­գալու կա­­րողու­­թիւն ալ չու­­նինք։
Նոր-նոր կ՚իմա­­նանք որ Թուրքիոյ մէջ ապ­­րող Հա­­յերը Հա­­յաս­­տա­­­նէն քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն կը ստա­­նան։ Կը յու­­սանք որ մեզ ալ կրկնա­­կի քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ստա­­նալու իրա­­ւունք ըլ­­լայ։ Շատ կ՚ու­­զենք զայն։ Քա­­ղաքա­­ցի դառ­­նա­­­լու հա­­մար շատ մար­­դոց խոր­­հուրդ հար­­ցուցինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ընել, ինչպէ՞ս կ՚ըլ­­լայ, պրպտե­­ցինք։ Հիւ­­պա­­­տոսա­­րան ան­­գամ չու­­նիք, ի՞նչ քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն, կ՚ըսեն։
— Քա­­նի՞ տա­­րիէ ի վեր Պա­­քըր­­գիւղ կ՚ապ­­րիք։
13 տա­­րի առաջ, առա­­ջին ան­­գամ Պա­­քըր­­գիւղ եկանք։ Գործ չկրցայ գտնել, բայց աղ­­ջիկս ան­­մի­­­ջապէս հիւր աշա­­կերտի կար­­գա­­­վիճա­­կով դպրոց ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­ցին։ Եկե­­ղեցի այ­­ցե­­­լել, ամէն կի­­րակի պա­­տարագ­­նե­­­րուն մաս­­նակցիլ սկսանք։ Բա­­րեկամ­­ներ, ծա­­նօթ­­ներ ու­­նե­­­ցանք։
Ակ­­տիւ կեր­­պով աղ­­քատնե­­րուն կա­­մաւոր օգ­­նութիւն կ՚ընեմ։ Ծեր-աղ­­քատ մար­­դոց սննդի ծրար­­նե­­­րը կը կրեմ, կա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րուն դե­­ղերը, բժշկա­­կան պէտ­­քե­­­րը կը հասցնեմ, շու­­կա­­­ներուն մէջ քայ­­լե­­­լու դժուարու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ծե­­րերուն թե­­ւէն կը բռնեմ ու տուն կը'հասցնեմ։
Մին­­չեւ առ­­կա­­­ծը մենք չգի­­տէինք, որ դուք փախստա­­կան էք։ Ինչպէ՞ս տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ առ­­կա­­­ծը։
Երբ մենք ժա­­մանե­­ցինք, բնա­­կու­­թեան թոյլտւու­­թիւն ու­­նէինք, այնպէս որ մենք անօ­­րինա­­կան փախստա­­կան չէինք։ Յե­­տոյ ոչ ոք չգի­­տէր, որ մենք այ­­լեւս անօ­­րինա­­կան կը մնանք հոս։
Ես առ­­կած ան­­ցուցի իմ էլեկտրա­­կան սկու­­տե­­­րով։ Իմ սկու­­տե­­­րը ին­­կաւ փո­­սի մէջ եւ ես տա­­պալե­­ցայ։ Բազ­­մա­­­թիւ կոտ­­րո­­­ւածքներ ու­­նիմ թե­­ւիս վրայ։
Շտապ տա­­րին պե­­տական հի­­ւան­­դա­­­նոց։ Ինչ որ ծախս ելաւ մենք վճա­­րեցինք բուժման հա­­մար։
Դուք գու­­մար ու­­նէ՞իք։
Ոչ այնքան։ Մենք դժո­­ւարին իրա­­վիճա­­կի մէջ մատ­­նո­­­ւեցանք։ Հի­­ւան­­դա­­­նոցը մէկ թե­­ւի ռենտգեն նկա­­րեցին, ապա ըսին, որ կ՚ու­­զեն վերցնել միւս մէկն ալ, բայց մենք հրա­­ժարեցանք։ Որով­­հե­­­տեւ մենք հա­­զիւ հաս­­ցուցինք վճա­­րել մէկ ձեռ­­քի դրա­­մը։
Այն ժա­­մանակ ըսին որ. «Ստո­­րագ­­րէք փաս­­տաթղթե­­րը եւ հե­­ռացէք, դուք ոչինչ չէք ըն­­դունիր։ Դուք նոյ­­նիսկ հոս պառ­­կիլ չէք ըն­­դունիր»։ Բայց զիս զգու­­շա­­­ցու­­ցին, որ եթէ ես ան­­մի­­­ջապէս չվի­­րահա­­տուիմ, իմ թե­­ւը չի աշ­­խա­­­տիր, որով­­հե­­­տեւ մէ­­ջը չկոտ­­րո­­­ւած ոս­­կոր չէ մնա­­ցած եւ ես հաշ­­մանդամ կը դառ­­նամ։
Մենք գու­­մար չ՚ու­­նէինք, ինչպէ՞ս կա­­րող էինք հոգ տա­­նիլ հի­­ւան­­դա­­­նոց պար­­կե­­­լու մա­­սին։ Մենք պէտք է վճա­­րէինք առ­­նո­­­ւազն մէկ շա­­բաթո­­ւայ հոս­­պի­­­տալաց­­ման հա­­մար, իսկ եթէ մէկ շա­­բաթ անց հերթ ու­­նե­­­նայինք, այն ատեն պի­­տի վի­­րահա­­տէին։ Մենք ու­­րիշ ելք չու­­նէինք, քան հե­­ռանա­­լը. միեւ­­նոյն է, չէինք կա­­րող մնալ։
Դուք հա­­ւանա­­բար եկած էք եկե­­ղեցի
Այո։ Իրա­­կանին մենք ապաս­­տան գտանք եկե­­ղեցին։ Մենք բա­­ցատ­­րե­­­ցինք մեր իրա­­վիճա­­կը՝ ըսե­­լով. «Մեզ օգ­­նութիւն է պէտք»։ Մենք ոչ մի բժշկին չենք ճանչնար, ուր դի­­մենք չգի­­տենք...
Այստեղ սկսաւ տե­­սակ մը կա­­մաւո­­րական օգ­­նութեան ար­­շաւ։ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ մեզ ճա­­նաչող­­նե­­­րը խօ­­սեցան տար­­բեր բժիշկնե­­րու, տար­­բեր մարդկանց հետ եւ աղօթքներ հնչե­­ցին ինձ հա­­մար։ Ո՞վ գի­­տի, գու­­ցէ ինչ-որ տեղ, ինչ-որ մէ­­կը շու­­տով կա­­մաւոր կը յայ­­տա­­­րարէ իմ վի­­րահա­­տու­­թիւնը կա­­տարե­­լու կամ­­քը։
Յու­­սով եմ՝ շու­­տով վի­­րահա­­տուե­­լու էք։ Որով­­հե­­­տեւ ցա­­ւեր ու­­նիք, դժո­­ւարին իրա­­վիճա­­կի մէջ էք։ Դուք ապաս­­տան գտաք եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Եկե­­ղեցին կ՚ու­­զէ օգ­­նել ձեզ, բայց չգի­­տէ՝ ինչպէս։ Կը կար­­ծեմ՝ անոնք նոյնպէս օրի­­նական իրա­­ւունք չու­­նին։ Պե­­տու­­թիւնը գու­­մար կը պահանջէ վի­­րահա­­տու­­թեան հա­­մար, իսկ դուք չու­­նիք։ Ի՞նչ կը կար­­ծէք՝ ի՞նչ կ՚ըլ­­լայ։
Նոյ­­նիսկ եթէ վի­­րահա­­տուիմ, երեք ամիս չեմ կրնար աշ­­խա­­­տիլ։ Ապա ստի­­պուած ֆի­­զիկա­­կան թե­­րապիա պի­­տի անցնեմ։ Եթէ թեւս կար­­գին չաշ­­խա­­­տի, չեմ կրնար աշ­­խա­­­տիլ։ Տնա­­յին կա­­րիք­­ներ կան, ո՞վ կը բա­­ւարա­­րէ դրանք։ Մեր վար­­ձը 20,000 լի­­րա է, յա­­ջորդ ամիս կը դառ­­նայ 30,000, չգի­­տեմ՝ ինչպէս կը հո­­գանք։ Ջու­­րը, ելեկտրա­­կանու­­թիւնը, ու­­տե­­­լիքը... Կինս կ՚աշ­­խա­­­տի, խնա­­մող է եւ տու­­նե­­­րու մաք­­րութեան կ՚եր­­թայ։ Մենք ապ­­րած ենք օրե­­ցօր, եր­­բեք բա­­ւարար գու­­մար չենք ու­­նե­­­ցած խնա­­յելու հա­­մար։ Մենք կը կար­­ծենք, որ եթէ կա­­րողա­­նանք մի քա­­նի ամիս անցկաց­­նել, կրնանք աշ­­խա­­­տիլ մնա­­ցածը հո­­գալու հա­­մար։ Հի­­մա ոմանք կ՚ըսեն. «Թող վե­­րադառ­­նան իրենց հայ­­րե­­­նիք»։
Մենք Հա­­յաս­­տան կ՚ապ­­րինք հայ-թուրքա­­կան սահ­­մա­­­նի մօտ։ Մեր տա­­րածաշրջա­­նին գոր­­ծա­­­րան­­ներ կամ աշ­­խա­­­տան­­քի հնա­­րաւո­­րու­­թիւններ չկան։ Աշ­­խա­­­տատե­­ղերը սահ­­մա­­­նափակ են։ Ամէն մարդ ինքնու­­րոյն կը վե­­րանո­­րոգէ իր տու­­նը։ Ես այնտեղ սո­­ված կը մնամ։ Մի քա­­նի տա­­րի առաջ մենք մտա­­ծեցինք այնտեղ ապ­­րե­­­լու մա­­սին, բայց չստա­­ցուեց։ Այստեղ գո­­նէ աշ­­խա­­­տանք կայ։ Նոյ­­նիսկ եթէ մենք օրա­­կան աշ­­խա­­­տավարձ ստա­­նանք, մենք մեր հա­­ցը կը շա­­հինք, ու­­րի­­­շի կա­­րիք չենք ու­­նե­­­նար։ Ին­­ծի մէ­­կը պէտք է որ, պաշ­­տօ­­­նապէս ինձ աշ­­խա­­­տան­­քի ըն­­դունի, որ­­պէս աշ­­խա­­­տող։ Ես իս­­կա­­­պէս կ՚ու­­զեմ բնա­­կու­­թեան թոյլտո­­ւու­­թիւն։ Կը ցան­­կա­­­նայի, որ մենք կա­­րողա­­նայինք երկքա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ու­­նե­­­նալ։
Տե­­սէք, ես հի­­ւան­­դա­­­ցայ եւ նոյ­­նիսկ պաշ­­տօ­­­նապէս չկրցայ օգ­­նութիւն խնդրել մեր հի­­ւան­­դա­­­նոցէն։ Ես չեմ կրնար ըսել. «Ես հայ եմ, ես աղ­­քատ եմ, կրնա՞ք իմ վի­­րահա­­տու­­թիւնը ընել»։ Ամէն ինչ կա­­խուած է բա­­րեգործ մարդկանց եւ կա­­մաւոր­­նե­­­րէ։
Փախստա­­կան­­նե­­­րը վա­­խի մէջ կ՚ապ­­րին։ Դուք այդ վա­­խը ու­­նի՞ք
Ի հար­­կէ։ Օր մը այստեղ էք, յա­­ջորդ օր՝ ոչ։
Ես կը վախ­­նամ ճա­­նապարհ դուրս գալ, որով­­հե­­­տեւ, ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը կը կանգնեց­­նեն ինձ եւ կը պահանջեն իմ ինքնութիւնը հաս­­տա­­­տող փաս­­տա­­­թուղթը։ Ես կը մտա­­ծեմ. «Օ՜, այնտեղ ոս­­տի­­­կանա­­կան մե­­քենայ կայ։ Ես միւս փո­­ղոցէն եր­­թամ, ոչ թէ այս փո­­ղոցով»։
Այսպի­­սով, մենք ստի­­պուած ենք ապ­­րիլ այս կեան­­քով։ Մենք մա­­քուր ենք, չու­­նինք քրեական ան­­ցեալ, ոչ մէ­­կին վատ բան չենք ըրած, բայց կ՚ապ­­րինք որ­­պէս յան­­ցա­­­գործնե­­րու նման։
Օր մը ոս­­տի­­­կանա­­կան մե­­քենայ մը տե­­սայ եւ ցան­­կա­­­ցայ փախ­­չիլ։ Ես սկու­­տե­­­րով դուրս եկայ մի կողմնա­­կի փո­­ղոց թե­­քուե­­ցի։ Մե­­քենան ան­­մի­­­ջապէս կանգ առաւ կողքս եւ ստի­­պեց ինձ դուրս գալ։ Ոս­­տի­­­կանը ստի­­պեց ինձ բարձրաց­­նել ձեռ­­քերս եւ սկսեց նա­­յել գրպան­­ներս՝ պտու­­տակներ, մի­­ջադիր­­ներ, պտու­­տա­­­կահան­­ներ... «Ի՞նչ կ՚ընէք», - հար­­ցուց։ «Վե­­րանո­­րոգու­­թիւններ»։ Ան դի­­մեց գոր­­ծընկե­­րոջը եւ ժպտաց։ Հար­­ցուց, թէ ին­­չու կը փախ­­չիմ, եւ ես պա­­տաս­­խա­­­նեցի. «Ես փախստա­­կան եմ, վախ­­ցայ»։ Յան­­կարծ մեր շուրջը հա­­ւաքո­­ւեցան խա­­նութպան­­նե­­­րը, հա­­րեւան­­նե­­­րը, ծա­­նօթ­­նե­­­րը եւ թա­­ղամա­­սի ան­­ծա­­­նօթ­­նե­­­րը, բո­­լորը ըսին. «Թո­­ղէք գնայ, ցա­­ւալի է, նա տա­­րիներ շա­­րու­­նակ այստեղ է, բո­­լորս կը ճանչնանք, բո­­լորս կը սի­­րեն»։ Ան աչ­­քով շար­­ժում մը ըրաւ եւ ես փա­­խայ։
Բայց այսպէս կեան­­քը դժո­­ւար է։ Առա­­ւօտը տու­­նէն դուրս կ՚ել­­լես, բայց տուն պի­­տի վե­­րադառ­­նաս յայտնի չէ։
Սոյն թո­ւակա­նի (2026) Ապ­րիլ ամ­սո­ւայ վեր­ջին Պուլկա­րիոյ Վառ­նա քա­ղաք կա­տարած այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցայ այ­ցե­լելու Զօ­րավար Անդրա­նիկի տուն, որ­տեղ ի թիւս անոր պատ­կա­նող անձնա­կան իրե­րու, լու­սանկար­նե­րու եւ պատ­մա­կան վա­ւերագ­րե­րու պահ­պա­նուած է նաեւ մինչ այժմ ան­տիպ հե­ռագիր մը, որ ար­ժա­նացաւ իմ առանձնա­յատուկ ու­շադրու­թեանս։ Հե­ռագ­րի յայտնա­բերու­մը հե­տաքրքրա­կան է ոչ միայն որ­պէս պատ­մա­կան փաս­տա­թուղթ, այ­լեւ որ­պէս Զօ­րավար Անդրա­նիկի անձնա­կան կեան­քի ու­սումնա­սիրու­թեան կա­րեւոր աղ­բիւր։
Յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ պա­րոն Յա­րու­թիւն Յով­սէ­փեանին, որու թոյլտւու­թեամբ սոյն ան­տիպ փաս­տա­թուղթը պա­տիւ ու­նիմ ներ­կա­յաց­նե­լու հան­րութեան առա­ջին ան­գամ։
1927 թո­ւակա­նի Յու­նի­սի 16-ով թո­ւագ­րո­ւած այս մինչ այժմ ան­տիպ հե­ռագի­րը բա­ցառիկ վա­ւերագ­րա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող նիւթ է, որ լոյս կը սփռէ Զօ­րավար Անդրա­նիկի կեան­քի ամե­րիկեան շրջա­նի առօ­րեայ շփումնե­րու եւ անձնա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու վրայ։ Հե­ռագի­րը ուղղուած է անոր կնո­ջը՝ Նո­ւարդ Օզա­նեանին, եւ ու­ղարկո­ւած է Շի­քակո­յէն՝ Անդրա­նիկի հեր­թա­կան ճա­նապար­հորդու­թեան ըն­թացքին։ Կարճ, սա­կայն բո­վան­դա­կային այս հա­ղոր­դագրու­թիւնը հե­տաքրքիր է ոչ միայն իր կեն­սագրա­կան ման­րա­մաս­նե­րով, այ­լեւ մարդկա­յին ջեր­մութեամբ։ Զօ­րավա­րը կը յայտնէ իր առող­ջա­կան վի­ճակի, ճա­նապար­հորդու­թեան ժա­մանա­կացոյ­ցի մա­սին, ինչպէս նաեւ կ՚անդրա­դառ­նայ կնոջ դժգո­հու­թեան՝ խոս­տա­նալով փո­խարի­նել «ան­բա­ւարար» մուշտա­կը մէկ այ­լով, «որ կը բա­ւարա­րէ» անոր։ Այս դրո­ւագը հնա­րաւո­րու­թիւն կու տայ տես­նել ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի խորհրդա­նիշ դար­ձած գործչին՝ ըն­տա­նեկան եւ անձնա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու աւե­լի ան­մի­ջական հար­թութեան մէջ։ Հե­ռագի­րը նաեւ ար­ժէ­քաւոր աղ­բիւր է սփիւռքա­հայ կեան­քի, ամե­րիկա­հայ մի­ջավայ­րի եւ 1920-ական թո­ւական­նե­րու հայ­կա­կան կա­պերու պատ­մութեան ու­սումնա­սիրու­թեան հա­մար։ Նման վա­ւերագ­րե­րը կը լրաց­նեն Անդրա­նիկի մա­սին ձե­ւաւո­րուած պատ­մա­կան պատ­կե­րը՝ ներ­կա­յաց­նե­լով անոր ոչ միայն որ­պէս զօ­րավար, այ­լեւ որ­պէս մարդ, ամու­սին եւ սփիւռքեան իրա­կանու­թեան մաս­նա­կից։
Զօ­րավա­րի երկրորդ
ամուսնու­թիւնը. կեն­սագրա­կան անդրա­դարձ
Անդրա­նիկ Զօ­րավա­րը Նո­ւարդ Քիւրքչեանի հետ ամուսնա­ցած է 1921 թո­ւակա­նին Փա­րիզ։ Անոր կեն­սա­գիր Անդրա­նիկ Չե­լեպեանը կը գրէ. «Հե­րոսին քոյ­րը՝ Նա­զելին, Վառ­նա, Պուլկա­րիա կը բնա­կէր։ Անդրա­նիկ իրեն կը գրէ, թէ կ՛ու­զէ ամուսնա­նալ։ Նա­զելին իրեն կը յանձնա­րարէ Ֆի­լիպէ, Պուլկա­րիա, բնա­կող Օր. Նո­ւարդ Քիւրքճեանը։ Նա­զելին Նո­ւար­դին նկա­րը կը ղրկէ եղ­բօ­րը, որ կը հաւ­նի եւ իր հա­ւանու­թիւնը կու տայ...»։ Ամուսնու­թեան արա­րողու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած է Փա­րիզ։ Պսա­կադ­րութեան «քա­ւորը» Պօ­ղոս Նու­պար փա­շան էր։
Հե­ռագ­րի վա­ւերագ­րա­կան
բնա­գիրը
Chicago, Jun 16, 1927
Mrs. M. Ozanian,
Arrived Chicago Wednesday, Nahigians’ guest. Enjoying good health. Your letter and telegram delivered to me today. Sorry the fur is unsatisfactory. Will send one that will satisfy. Leaving Tuesday night at eight ten, arriving San Francisco Friday morning at nine ten. Will wire you again the night I leave Chicago.
General Antrarik
(Շի­քակօ, 16 Յու­նիս 1927
Տի­կին Մ. Օզա­նեան,
Չո­րեք­շաբթի օրը հա­սայ Շի­քակօ, կը մնամ Նա­հիկեան­նե­րու հիւ­րը։ Առող­ջութիւնս լաւ է։ Ձեր նա­մակը եւ հե­ռագի­րը այ­սօր ին­ծի հաս­ցո­ւեցան։ Կը ցա­ւիմ, որ մուշտա­կը գո­հացու­ցիչ չէ։ Կը ղրկեմ մէ­կը, որ պի­տի գո­հաց­նէ զձեզ։ Երեք­շաբթի գի­շեր ժա­մը ութ եւ տաս վայրկեանին կը մեկ­նիմ, ուրբաթ առա­ւօտեան ժա­մը ինն եւ տաս վայրկեանին Սան Ֆրան­սիսքօ կը հաս­նիմ։ Շի­քակո­յէն մեկ­նե­լու գի­շերը նո­րէն հե­ռագիր պի­տի ղրկեմ ձե­զի։
Զօ­րավար Անդրա­նիկ
Այսպէ­սով՝
Զօ­րավար Անդրա­նիկի մա­սին պատ­մա­կան գի­տելի­քի ձե­ւաւո­րու­մը եր­կար ժա­մանակ հիմ­նո­ւած է հիմ­նա­կանին անոր ռազ­մա­կան գոր­ծունէու­թեան, քա­ղաքա­կան դիր­քո­րոշումնե­րու եւ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան շարժման շրջա­նակ­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րի վրայ։ Սա­կայն նմա­նօրի­նակ նո­րայայտ կամ մինչ այժմ ան­տիպ վա­ւերագ­րե­րը թոյլ կու տան ընդլայ­նել այդ պատ­կե­րացու­մը՝ ներ­մուծե­լով աղ­բիւրա­գիտա­կան այնպի­սի շեր­տեր, որոնք դուրս են աւան­դա­կան պատ­մագրա­կան ու­շադրու­թեան կեդ­րո­նէն։ Այսպի­սի վա­ւերագ­րե­րը կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նին ոչ միայն Անդրա­նիկ Օզա­նեանի կեն­սագրու­թեան առան­ձին դրո­ւագ­նե­րու վե­րականգնման, այ­լեւ անոր մարդկա­յին կեր­պա­րի ամ­բողջա­կան ըն­կալման հա­մար։ Պաշ­տօ­նական պատ­մագրու­թեան մէջ յա­ճախ գե­րակշռող ռազ­մա­կան ու քա­ղաքա­կան կեր­պա­րին զու­գա­հեռ՝ նման անձնա­կան փաս­տաթղթե­րը հնա­րաւո­րու­թիւն կու տան տես­նե­լու նաեւ ըն­տա­նիքի, առօ­րեայի եւ մարդկա­յին զգաց­մունքնե­րու շրջա­նակին ապ­րող Անդրա­նիկին։ Եւ 1927 թո­ւակա­նի այս ան­տիպ հե­ռագի­րը, պահ­պա­նուե­լով Վառ­նայ, այ­սօր կը վե­րածո­ւի ոչ միայն պատ­մա­կան աղ­բիւրի, այ­լեւ յի­շողու­թեան մշա­կոյ­թի ար­ժէ­քաւոր մա­սի։ Այն մէկ ան­գամ եւս կը վկա­յէ, որ ազ­գա­յին պատ­մութիւ­նը կը կա­ռու­ցո­ւի ոչ միայն մեծ իրա­դար­ձութիւննե­րով, այ­լեւ նման փոքր, սա­կայն խո­րապէս մարդկա­յին փաս­տե­րով ու ձայներով։
7Յու­­­նի­­­­­­­սի ընտրու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­դա­­­­­­­ռաջ Ռու­­­սիոյ Դաշ­­­նութիւ­­­նը հետզհե­­­տէ կը յստա­­­կաց­­­նէ ՀՀ վար­­­չա­­­­­­­պետ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի դէմ։ Ռու­­­սա­­­­­­­կան մա­­­մու­­­լի մէջ յա­­­ճախա­­­կի դար­­­ձած հա­­­կահայ մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւննե­­­րուն կը ձայ­­­նակցի նաեւ Պե­­­լառու­­­սի նա­­­խագահ Լու­­­քա­­­­­­­շեն­­­քոն։ Բո­­­լորը միաս­­­նա­­­­­­­բար կը յու­­­շեն Ուկրա­­­նիոյ ներ­­­կայ պայ­­­մաննե­­­րը, որոնք բնա­­­կան հե­­­տեւան­­­քը եղան այդ երկրի ՆԱ­­­ԹՕ-ի ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցե­­­­­­­լու ցան­­­կութեան եւ քայլ առ քայլ Եւ­­­րո­­­­­­­միու­­­թեան մեր­­­ձեցման։
Հա­­­յաս­­­տան ցարդ չէ յայ­­­տա­­­­­­­րարած նման հա­­­կում մը, սա­­­կայն հայ ժո­­­ղովուրդի մօտ տի­­­րող հիաս­­­թա­­­­­­­փու­­­թեան հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւնը ինքնին ազ­­­դակ մը դար­­­ձած է երկրէ ներս հա­­­կառու­­­սա­­­­­­­կան մթնո­­­լոր­­­տի մը գո­­­յանա­­­լուն։
Փա­­­շինեանի որ­­­դեգրած քա­­­ղաքա­­­կան ու­­­ղին ու­­­րիշ բան չէ, եթէ ոչ թարգման հան­­­դի­­­­­­­սանալ ժո­­­ղովուրդի զգա­­­ցումնե­­­րուն։
Յայտնի է որ Ռուս փոր­­­ձա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րը կ՚ան­­­տե­­­­­­­սեն հո­­­գեբա­­­նական այս ազ­­­դա­­­­­­­կը եւ կա­­­տարո­­­ւածը կը մեկ­­­նա­­­­­­­բանեն Փա­­­շինեանի անձնա­­­կան նա­­­խաձեռ­­­նութիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լով։
Տո­­­ւեալ պայ­­­մաննե­­­րու տակ Ռու­­­սաստան սկսած է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հետ խօ­­­սիլ սպառ­­­նա­­­­­­­լիքի լե­­­զուով, օրա­­­կար­­­գի բե­­­րելով իր երկրէն նե­­­րածո­­­ւող բնա­­­կան կա­­­զի սա­­­կերը։ Աւե­­­լին՝ Ռու­­­սաստան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն դէ­­­պի իր եր­­­կիր ար­­­տա­­­­­­­ծուած ապ­­­րանքնե­­­րուն դէմ ալ շրջա­­­փակում կա­­­տարել կը փոր­­­ձէ։ Դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով սահ­­­մա­­­­­­­նի մուտքին կը սպա­­­սեց­­­նէ հայ­­­կա­­­­­­­կան միր­­­գով լե­­­ցուն բեռ­­­նա­­­­­­­տար­­­նե­­­­­­­րը, մին­­­չեւ որ փճա­­­նան անոնց պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը։ Վեր­­­ջին շրջա­­­փակու­­­մը կա­­­տարո­­­ւեցաւ հայ­­­կա­­­­­­­կան ծաղ­­­կա­­­­­­­բու­­­ծութեան դէմ, երբ Ռու­­­սաստան ար­­­գի­­­­­­­լեց հայ­­­կա­­­­­­­կան ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րու նե­­­րածու­­­մը դէ­­­պի իր եր­­­կիր։
Հա­­­յաս­­­տան ար­­­դէն իսկ հիմ­­­նադրու­­­թեան տա­­­րինե­­­րէն ի վեր սո­­­վոր է հա­­­րեւան եր­­­կիրնե­­­րու կող­­­մէ գոր­­­ծադրո­­­ւած տնտե­­­սական շրջա­­­փակումնե­­­րուն։ Մէկ կող­­­մէն Թուրքիա, միւս կող­­­մէն Ատրպէյ­­­ճան եր­­­կար տա­­­րիներ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի սահ­­­մաննե­­­րը փակ պա­­­հեցին ամէն տե­­­սակ առեւտրա­­­կան փո­­­խան­­­ցումնե­­­րու դի­­­մաց։ Այդ նոյն շրջա­­­նին մերթ ընդ մերթ ակա­­­նատես եղանք նաեւ Վե­­­րին Լար­­­սի սահ­­­մա­­­­­­­նին յա­­­րու­­­ցո­­­­­­­ւած ար­­­հեստա­­­կան ար­­­գելքնե­­­րուն։ Այդ տե­­­սակի շրջա­­­փակումնե­­­րը եր­­­բեք չեն բե­­­րած ակնկա­­­լուած ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը։ Ճիշդ է որ Հա­­­յաս­­­տանն ալ, ինչպէս ցան­­­կա­­­­­­­ցած եր­­­կիր կա­­­րիք ու­­­նի ազատ անցքի մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րու, թէ ար­­­տածման եւ թէ նե­­­րած­­­ման հա­­­մար։ Սա­­­կայն այդ շրջա­­­փակումնե­­­րը ոչ երեկ յա­­­ջողե­­­ցան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը ծնկա­­­չոք ընե­­­լու, ոչ ալ այ­­­սօր նման հե­­­ռան­­­կար մը կայ։
Հա­­­պա այս բո­­­լորը ինչպէ՞ս կ՚ազ­­­դէ հայ ընտրո­­­ղի նա­­­խասի­­­րու­­­թեան։ Ար­­­դեօք ան պի­­­տի խրտչի՞ եր­­­բեմնի մեծ եղ­­­բօր սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րէն, թէ ոչ ալ աւե­­­լի պի­­­տի ամ­­­րացնէ դիր­­­քե­­­­­­­րը յա­­­նուն ազատ-ան­­­կախ պե­­­տակա­­­նու­­­թեան եւ ազ­­­գա­­­­­­­յին ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուութեան։
Թերթիս հիմ­նա­դիր՝ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան 20-ամեակին մօ­տենա­լուն զու­գընթաց, կը ցան­կա­նանք լսել այն երի­տասարդնե­րու պատ­մութիւննե­րը, որոնք հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են հե­տագա­յին ճանչնալ անոր։ Մենք կը փնտռենք այն ան­հատնե­րը, որոնք դեռ չէին ծնած կամ ան­չա­փահաս էին Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան ժա­մանակ ու այժմ 18-էն 35 տա­րեկան են եւ հե­տագա­յին հան­դի­պած են անոր միտ­քե­րուն, յի­շատա­կի մի­ջոցառ­ման ելոյթնե­րու կամ այլ առի­թով։ Մենք կը ցան­կա­նայինք հրա­պարա­կել «Ակօս»ի մէջ ձեր ու­ղարկած նա­մակ­նե­րու ընտրա­նին՝ ձեր անու­նով կամ անա­նուն, եթէ կը ցան­կա­նաք։ Դուք կրնաք գրել ձեր պատ­մութիւ­նը՝ հիմ­նո­ւելով հե­տեւեալ հար­ցե­րու վրայ.
Ե՞րբ եւ ո՞ր առի­թով առա­ջին ան­գամ լսե­ցիք Հրանդ Տին­քի անու­նը։
Անոր անու­նը ի՞նչ զգա­ցում կ՚արթնաց­նէ ձեր մէջ։
Ար­դեօք եղա՞ւ պահ մը, երբ դուք անոր աւե­լի մօ­տիկէն ճանչցաք։
Ար­դեօք սա ինչ-որ բան մը փո­խե՞ց ձեզ հա­մար։
Ար­դեօք անոր միտ­քե­րը եր­բե­ւէ կը հա­մընկնի ձեր կա­յացու­ցած որո­շումնե­րուն, ձեր ձե­ւաւո­րած յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն կամ ձեր կեան­քի վար­քագծի հետ։
Դուք կրնաք ձեր գրած­նե­րը ու­ղարկել՝ kurumsal@agos.com.tr հասցէով։
4Ro Photos լու­­սանկար­­չա­­­կան միաւո­­րու­­մը կը ներ­­կա­­­յանայ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով մը, որ պի­­տի կա­­յանայ Ամի­­տայի մէջ։
Մի­­ջագետ­­քի բազ­­մա­­­շերտ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գէն ազ­­դո­­­ւած խմբա­­կի ան­­դամնե­­րը յի­­շողու­­թեան, գաղ­­թի, ինքնու­­թեան նման նիւ­­թե­­­րով կը պատ­­րաստո­­ւին հան­­դի­­­պիլ արո­­ւես­­տա­­­սէր հա­­սարա­­կու­­թեան հետ։
Խմբա­­կը կը կա­­րեւո­­րէ արո­­ւես­­տա­­­կան ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը, իրո­­ղու­­թեան հա­­սանե­­լու մար­­մա­­­ջը եւ լու­­սանկար­­չութիւ­­նը կը գնա­­հատէ իբ­­րեւ այս նիւ­­թե­­­րու մա­­սին պատ­­մե­­­լու մի­­ջոց։
Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մաս­­նա­­­կից ու­­թը լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րը ճիշդ ալ այս նա­­խապատ­­ւութեան հա­­ւատա­­րիմ մնա­­լով Համ­­շէ­­­նի գիւ­­ղե­­­րէն Իրա­­նի հա­­սարա­­կական կեան­­քի, Աֆ­­ղանստա­­նէն Եւ­­րո­­­պա եր­­կա­­­րող գաղ­­թի ճա­­նապարհնե­­րու, սու­­րիաբ­­նակ Տոմ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու ան­­տե­­­սուած ապ­­րումնե­­րուն, Շա­­բաթօ­­րեայ Մայ­­րե­­­րու ար­­դա­­­րու­­թեան պայ­­քա­­­րին ծա­­ւալող նիւ­­թե­­­րով կազ­­մած են ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը։
Իւ­­րա­­­քան­­չիւր լու­­սանկար իր առանձնա­­յատ­­կութեան մէջ պա­­հած նշա­­նակու­­թեան կող­­քին, իբ­­րեւ ամ­­բողջա­­կան պատ­­գամ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ մարդկա­­յին հա­­մամշխար­­հա­­­յին պա­­տում մը։
Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մաս­­նա­­­կից­­ներն են Ֆաթ­­մա Չե­­լիք, Թիւրքան Քը­­լըչ Փը­­նար, Պերճ Արա­­պեան, Փա­­շա Իմ­­րեք, Ռե­­ֆիք Թե­­քին, Մեթ­­յու Չա­­զալ եւ Էն­­սար Էօզ­­տե­­­միր։
Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բա­­ցու­­մը կը կա­­յանայ 6 Յու­­նիս շա­­բաթ օր, ժա­­մը 18.30-ին, Չանտ Ամէտ ցու­­ցասրա­­հի մէջ եւ այ­­ցե­­­լու­­ներ կը հիւ­­րընկա­­լէ ամ­­բողջ ամ­­սո­­­ւայ մը տե­­ւողութեամբ։
Վեր­ջա­պէս հա­սած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան բնակ­չութեան հա­մար բախ­տո­րոշ պա­հը։ 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րը իրենց ար­դիւնքնե­րով ճա­կատագ­րա­կան պի­տի ըլ­լայ հայ­րե­նի երկրի հա­մար։
Հա­յաս­տա­նաբ­նակ ընտրո­ղը որ լծակ­նե­րով, ո՞ր գոր­ծօննե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ պի­տի կողմնո­րոշէ իր ձայ­նը։
Պար­տինք յի­շել թէ Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թիւնը անցնող հա­րիւր տա­րինե­րու ըն­թացքին ընդմիշտ հան­դի­սատե­սի հան­գա­ման­քով հե­տեւե­ցաւ երկրի խիստ կա­րեւոր ան­ցուդար­ձե­րուն։
Պատ­մութեան շատ եր­կար հա­տուած մը առանց պե­տակա­նու­թեան ան­ցուցած հաձ ժո­ղովուրդը Ի դա­րու տե­ւողու­թեան ըն­թացքին երեք ան­գամ փոր­ձո­ւեցաւ պե­տու­թիւն հիմ­նե­լու գոր­ծընթա­ցով։
Նախ­քան այդ հայ ժո­ղովուրդը յօ­ժարած էր տա­րածաշրջա­նի հզօր պե­տու­թիւննե­րու հպա­տակե­լով իր գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կելու։
Երբ Ֆրան­սա­կան յե­ղափո­խու­թեան ար­ձա­գանգնե­րը թա­կեցին նաեւ Հա­յաս­տան աշ­խարհի դար­պասնե­րը, ծայր առաւ ան­կախ պե­տակա­նու­թեան գա­ղափա­րը եւս։ Սա­կայն այդ գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը սահ­մա­նափակ մնաց մտա­ւորա­կանաց որոշ շրջա­նակի մը մէջ։ Այդ պա­հուն թէ՛ եկե­ղեցին եւ թէ աշ­խարհիկ առաջ­նորդներ, այս պա­հուն մե­ծաւ մա­սամբ գոր­ծա­տէրեր եւ ամի­րաներ, վտան­գա­ւոր ար­կա­ծախնդրու­թիւն հա­մարե­ցին ան­կախ Հա­յաս­տա­նի մը հե­ռան­կա­րը։
Ա. Աշ­խարհա­մար­տը իր հե­տեւանքնե­րով ահ­ռե­լի աւեր մը եղաւ տաճ­կա­հայոց հա­մար։ Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի հա­յաթա­փու­մէն ետք 1918 թո­ւին, երբ հիմ­նո­ւեցաւ հա­յոց առա­ջին հան­րա­պետու­թիւնը, այդ հիմ­նադրու­թիւնը կը պար­տինք տա­րածաշրջա­նի մեծ ալե­կոծումնե­րուն։ Հա­րաւ Կով­կա­սի մէջ յան­կարծա­կի գո­յացան երեք տէ­րու­թիւններ, որոնք եր­կու տա­րի անց մաս կազ­մե­ցին նո­րայայտ Խորհրդա­յին Միու­թեան։
Այս ան­ցուդար­ձերն ալ ազ­գի կամ­քէն ան­կախ, լոկ պայ­մաննե­րու պար­տադրու­թեան հե­տեւան­քով իրա­կանա­ցած էին։
Վեր­ջին ան­գամ Գ. Հան­րա­պետու­թիւնը դար­ձեալ մեր կամ­քէն ան­կախ, Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րան­ջա­տու­մով իրա­կանա­ցաւ։
Հայ ժո­ղովուրդը իր մաս­նա­կան կամ­քը առա­ջին ան­գամ դրսե­ւորեց թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թեան օրե­րուն։ Ժո­ղովուրդի կամ­քով տե­ղի ու­նե­ցաւ իշ­խա­նափո­խու­թիւն։ Նոր իշ­խա­նու­թիւնը նկա­տի ու­նե­նալով Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մէ ետք ժո­ղովուրդին մէջ իր ռազ­մա­կան գոր­ծակցին դէմ գո­յացող հիաս­թա­փու­թիւնը, փոր­ձեց այ­լընտրան­քա­յին մի­ջոց­ներ որո­նել։ Այդ որո­նու­մը ընդհուպ անո­ւանո­ւեցաւ «Արեւմտա­մէտ» կո­չու­մով, իբր հա­կադարձ «ռու­սա­մէտ»ի։
Ահա­ւասիկ գո­յացած են եր­կու բե­ւեռ­ներ, որոնք իրենց կար­գին ու­նին հետզհե­տէ յստա­կացող բա­ցասա­կան յատ­կութիւններ։ Արեւ­մուտքը զո­հելով դա­րերու ըն­թացքին յա­ջողած հա­մաշ­խարհա­յին սկզբունքնե­րը, գոր­ծի­քը դար­ձած է նոր լի­բերա­լական դրա­մապաշ­տութեան։ Միւս կող­մէ Ռու­սաստան ալ աւե­լի հե­ռացած է հա­մաշ­խարհայ­նա­ցած սկզբունքնե­րէն եւ վե­րածո­ւած օլի­կար­խա­կան հա­մակար­գի մը մե­նատի­րու­թեան։
Հա­յաս­տան 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րով ստի­պուած է հա­յամէտ ել­քի մի­ջոց­ներ որո­նելու, խու­սա­փելով թէ՛ արեւ­մուտքի եւ թէ Ռու­սաստա­նի հետ բախումներէ։
Դպրոց­նե­րը կը պատ­րաստո­ւին ամառ­նա­յին ար­ձա­կուրդի։ Պա­հը հա­սած է ման­կանց երե­ւակա­յելու կա­րողու­թիւնը բազ­մացնող, հե­տաքրքրու­թիւննե­րը զար­գացնող եւ ըն­թերցման պա­պակը յա­գեց­նող գիր­քե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած եր­կա­րատեւ ար­ձա­կուրդի օրե­րուն։
«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը երա­խանե­րու գիր­քի հա­սանե­լիու­թիւնը աւել մատ­չե­լի դարձնե­լու մի­տու­մով ծրագ­րած է յա­տուկ ար­շաւ մը։ Այսպէս «Արաս»ի կա­յէջին տե­ղադ­րո­ւած գիր­քե­րուն 15-21 Յու­նիս թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ կա­րելի է հաս­նիլ 50 տո­կոս զեղ­ջով։
Ար­շա­ւը կը նե­րառէ «Արաս»ի եւ «Հիփ­փօ»ի մա­տենա­շարէն լոյս տե­սած հա­յերէն եւ թրքե­րէն բո­լոր ման­կա­կան գիր­քե­րը։
Կը յու­սանք որ սոյն գիր­քե­րու էջե­րը ըն­թերցո­ղին պի­տի մա­տու­ցեն նոր աշ­խարհներ յայտնա­բերե­լու, նոր կեր­պարնե­րու հետ ծա­նօթա­նալու անոնց ոս­դի­սակա­նին հե­տեւե­լու բա­ցառիկ առիթ­ներ։
Լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թեան հա­մար կա­րելի է դի­մել «Արաս» հրա­տարակ­չութեան կայ­քէջին։
«Ռու­սե­րը, մեղ­մօ­րէն ըսած, գոհ չեն Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր ներգրա­ւուա­ծու­թե­նէն»։ Այս մա­սին յայ­տա­րարեց Միացեալ Նա­հանգնե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մար­քօ Ռու­պիօ:
«Կը կար­ծեմ` կան փաս­տեր, որոնք կը վկա­յեն, որ Միացեալ Նա­հանգնե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու խո­րաց­ման պատ­ճա­ռով անոնք կը փա­փաքէին, որ գոր­ծող վար­չա­պետը պար­տո­ւէր ընտրու­թիւննե­րուն», նշեց ան։
Ռու­պիօ աւել­ցուց, որ Միացեալ Նա­հանգներ չի ստի­պեր Հա­յաս­տա­նին՝ խզել բա­րեկա­մական կա­պերը այլ եր­կիրնե­րու հետ:
«Մենք պար­զա­պէս կ՛ու­զենք, որ մեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կա­ռու­ցո­ւին ոչ միայն խա­ղաղու­թեան վրայ: Խա­ղաղու­թիւնը կա­րեւոր է, բայց ատի­կա միայն սկիզբն է, որ կը բա­նայ տնտե­սական կա­րելիու­թիւններ», շեշ­տեց նա­խարարը։
Հայաստանի մէջ քա­նի կը մօ­տենայ 7 Յու­նիս թո­­ւակա­­նը ընտրու­­թեան մաս­­նակցող­­նե­­­րու մեկ­­նարկած քա­­րոզար­­շաւն ալ թափ կը ստա­­նայ մերթ ընդ մերթ տե­­ղի տա­­լով որոշ լա­­րուա­­ծու­­թիւննե­­րու։
Քա­­նի մը օր առաջ շրջա­­նառու­­թեան դրո­­ւեցաւ վի­­տէյօ ժա­­պաւէն մը, ուր դի­­մակա­­ւոր զի­­նեալ­­ներ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեանին կը սպառ­­նա­­­յին սպա­­նու­­թեամբ։
Տե­­սանիւ­­թի յայտնո­­ւելէն ետք Ազ­­գա­­­յին Անվտան­­գութեան Ծա­­ռայու­­թեան շրջա­­նակ­­ներ, հար­­ցաքննու­­թեան դի­­մեցին դի­­մակա­­ւոր­­նե­­­րու ինքնու­­թիւնը պար­­զե­­­լու հա­­մար։
Տե­­սանիւ­­թի մէջ անոնցմէ մէ­­կը Վար­­չա­­­պետը պա­­տաս­­խա­­­նատու կը հա­­մարէր Ար­­ցա­­­խի հա­­յաթա­­փու­­մէն եւ բա­­զում ան­­գամներ կ՚անար­­գէր ստա­­խօս ըսե­­լով։
Հար­­ցաքննու­­թեան Յանձնա­­խումբի մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թեան հա­­մաձայն կաս­­կա­­­ծեալ­­նե­­­րը այս նկա­­րահա­­նու­­մը ու­­ղիղ եթե­­րի ըն­­թացքին հրա­­պարա­­կելու հա­­մար թա­­փան­­ցած են հա­­մակարգչա­­յին ցան­­ցե­­­րուն։
Յանձնա­­խումբը այս նկա­­րահա­­նու­­մը որա­­կած է վար­­չա­­­պետի կեան­­քի անվտան­­գութեան ուղղեալ սպառ­­նա­­­լիք մը ըլ­­լա­­­լով։
Դի­­մակա­­ւորը ըսած է թէ «Գի­­տենք թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր կ՚եր­­թաս։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր քայ­­լիդ հա­­մար հա­­շիւ պի­­տի պա­­հան­­ջենք»։ Յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ նշո­­ւած է որ հար­­ցաքննու­­թիւնը կ՚ըն­­դա­­­նայ սպա­­նու­­թեան ձեռ­­նարկե­­լու, հա­­մակարգչա­­յին ցան­­ցե­­­րը կա­­ցինա­­հարե­­լու եւ ապօ­­րէն կեր­­պով զէնք ու զի­­նամ­­թերք պա­­հելու մե­­ղադ­­րանքով։
Փա­­շինեան իր քա­­րոզար­­շա­­­ւի ժա­­մանակ անդրա­­դար­­ձաւ այս նկա­­րահան­­ման՝ ըսե­­լով թէ դի­­մակ­­նե­­­րու ետեւ պա­­հուը­­տելով իրենք զի­­րենք ու­­ժով ցոյց տա­­լու կ՚աշ­­խա­­­տին։ Եթէ հա­­նեն այդ դի­­մակ­­նե­­­րը, մենք պի­­տի տես­­նենք ռազ­­մա­­­ճակա­­տէն փախ­­չողնե­­րը, նոյ­­նիսկ մեր զի­­նուոր­­նե­­­րուն թի­­կունքէն կրա­­կող­­նե­­­րը։
Միւս կող­­մէ կարգ մը քա­­ղաքա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու հա­­մաձայն այս նկա­­րահա­­նու­­մը ռու­­սա­­­կան բնոյթ ու­­նի եւ կը մի­­տի բնակ­­չութեան մէջ լա­­րուա­­ծու­­թիւն ստեղ­­ծե­­­լու եւ ներ­­քին պա­­ռակ­­տում հրահ­­րե­­­լու։ Իսկ ոմանք ալ կը պնդեն թէ այս նկա­­րահան­­ման ետին իշ­­խա­­­նու­­թեան ձեռ­­քը կայ, որ կը նպա­­տակադ­­րէ Փա­­շինեանի շուրջ զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը ամ­­րապնդե­­լու։
Ըստ երե­­ւոյ­­թի նման բնոյ­­թի դէպ­­քե­­­րը յա­­ռաջի­­կայ օրե­­րուն ալ աւե­­լի ծա­­ւալե­­լու բնոյթ ու­­նին։ Ար­­դա­­­րեւ Լո­­ռիի մար­­զի մէջ ալ որ­­մազդնե­­րը պատ­­րե­­­լու մե­­ղադ­­րանքով սեր­­ման են­­թարկո­­ւած են վեց ան­­ձեր։
Վար­­չա­­­պետի պնդու­­մով նման դէպ­­քե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րը կը վար­­ձատրո­­ւին 200 հա­­զար դրա­­մով, որ մօ­­տաւո­­րապէս կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ 510 ԱՄՆ տո­­լարի։ Այս ծի­­րէն ներս Երե­­ւանի մէջ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը 15 հա­­ցէներ խու­­զարկեց, զէնք ու զնամ­­թերք փնտռե­­լու հա­­մար։
Այս բո­­լորին մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի Ար­­մէն Յով­­հաննի­­սեանի մա­­հը, որ որ­­մազդնե­­րը պատ­­րե­­­լու մե­­ղադ­­րանքով բեր­­ման են­­թարկո­­ւած եւ ապա փո­­խադ­­րո­­­ւած էր հո­­գեբուժարան։
Շատ ան­գամ դէպ­քե­րը կ՚ըն­կա­լենք արեւմտեան քա­րոզ­չա­մեքե­նայի եր­կա­րատեւ թե­լադ­րանքնե­րէն ազ­դո­ւած կեր­պով։ Օրի­նակի հա­մար ժո­ղովրդա­վարու­թիւն, կամ խօս­քի ազա­տու­թիւն ըն­կա­լումնե­րը ընդհան­րա­պէս կը վե­րագ­րենք արեւմտեան քա­ղաքակրթու­թեան։ Սա­կայն եր­բեմն անսպա­սելի պա­հուն կը յայտնո­ւի տե­սանիւթ մը, կամ լու­սանկար մը, որ կաս­կա­ծի տակ կը դնէ այդ ըն­կալման իրա­ւացիու­թիւնը։
Այդպէս պա­տահե­ցաւ, երբ սոց­ցանցե­րու վրայ հան­դի­պեցանք ՀՀ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի կնոջ մը հետ մատ­նո­ւած սուր բա­նավէ­ճի տե­սանիւ­թին։
Աւե­լի ետք պար­զո­ւեցաւ թէ կի­նը քոյրն էր 44-օրեայ պա­տերազ­մի ըն­թացքին ան­յայտ կո­րած հայ սպա­յի մը։ Ան իր եղ­բօր ճա­կատագ­րէն պա­տաս­խա­նատու կը հա­մարէր վար­չա­պետը եւ մեծ բար­կութեամբ կը գո­ռար անոր երե­սին։
Վար­չա­պետն ալ իր կար­գին նոյն զայ­րոյթով կը փո­խադար­ձէր կնոջ, այդ մեղ­քը վե­րագ­րե­լով Ռո­պերտ Քո­չարեանին եւ այ­լոց։
Զրոյ­ցի բո­վան­դա­կու­թե­նէն ան­կախ, այդ պատ­կե­րը կ՚ապա­ցու­ցէր Հա­յաս­տան երկրի մէջ խօս­քի ազա­տու­թեան սահ­մա­նը։
Սոյն տե­սանիւ­թը դի­տելով յի­շողու­թեանս մէջ վե­րակեն­դա­նացաւ լու­սանկար մը։ Այդ լու­սանկա­րին Խորհրդա­յին Միու­թեան Կոմ­կուսի Ա. Քար­տուղար, այլ իմաս­տով՝ Սո­վետա­կան Միու­թեան Նա­խագա­հը Մի­խայիլ Կոր­պա­չով ինքնա­շար­ժի մը առ­ջեւ դէմ առ դէմ իրա­րու հան­դէպ մատ կը շար­ժէին հայ քա­ղաքա­ցիի մը հետ։ Սպի­տակի երկրա­շար­ժի յա­ջոր­դող օրերն էին եւ Կոր­պա­չով արտեր­կիր կա­տարած պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թիւնը կի­սատ թո­ղելով փու­թա­ցած էր Հա­յաս­տան երկրա­շար­ժի աղէ­տի պատ­ճա­ռած ար­տա­կարգ վի­ճակը հա­մադ­րե­լու հա­մար։
Նոյն օրե­րուն ար­դէն բռնկած էր Ար­ցա­խի ազա­տագրման շար­ժումը, ար­ցա­խահա­յու­թեան իր ապա­գան ճշդե­լու իրա­ւունքի պա­հան­ջով։
Նկա­րին մէջ ցո­լացողն ալ, այդ նիւ­թի քննար­կումն էր երկրի նա­խագա­հի եւ հա­սարակ քա­ղաքա­ցիի մի­ջեւ։
18 Մա­յիսի քա­րոզար­շա­ւէն ցո­լացող տե­սանիւ­թը ակա­մայ պատ­ճառ դար­ձած էր այս վեր­յի­շու­մին։ Եւ ինքնա­բերա­բար ծա­գած էր հար­ցում մը՝ Ար­դեօք նման պատ­կեր մը իրո­ղու­թիւն կրնար ըլ­լալ, բո­լոր այլ եր­կիրնե­րու հաշ­ւոյն, ուր իշ­խա­նական վեր­նա­խաւը շրջա­պատո­ւած է պա­հակա­զօր­քով եւ նոյ­նիսկ կա­րելի չէ մօ­տենալ մէկ կողմ թո­ղենք նա­խագա­հը, նոյ­նիսկ ոեւէ նա­խարա­րի կամ այլ պե­տական բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեայի։
Ան­շուշտ այ­սօր գո­յու­թիւն չու­նի Խորհրդա­յին Միու­թիւնը եւ յա­տուկ քա­ջու­թիւն կը պա­հան­ջէ, այդ միու­թեան առ­կա­յու­թեան տա­րինե­րուն խօս­քի ազա­տու­թեան կամ ժո­ղովրդա­վարու­թեան մա­սին ոեւէ մեկ­նա­բանու­թիւն։ Մար­դիկ պար­զա­պէս կը ծի­ծաղեն, եթէ նման կար­ծիք յայտնո­ւի։ Բայց ահա մենք մեր աչ­քով տե­սանք այդ նկա­րը, դի­տեցինք այդ տե­սանիւ­թը, որ ապա­ցոյցն էր ժո­ղովրդա­վարու­թիւն կո­չուա­ծին մի­սով, ոս­կո­րով յայտնու­թեան։
Ու­րեմն մենք ալ հրա­ժարինք Սո­վետի կամ առ­հա­սարակ արե­ւելեան աշ­խարհի ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը փա­ռաբա­նելէ, բայց գո­նէ իրա­ւունքը ու­նե­նանք նման հար­ցադրումն ալ օրա­կար­գի բե­րելու։ Մա­նաւանդ երբ իբ­րեւ թէ հա­սարա­կու­թեան անվտան­գութեան պատ­րուակով կը ոտ­նա­կոխո­ւին խօս­քի ազա­տու­թիւնը, ար­տա­յայ­տո­ւելու մի­ջոց­նե­րը եւ հսկո­ղու­թեան ծանր քօղ մը կ՚իջ­նէ ամ­բողջ ժո­ղովուրդի մը վրայ։
Մեծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոս Արամ Ա., հան­­­դի­­­­­­­պած է Հռո­­­մի պապ Լե­­­ւոն XIV-ի հետ եւ բարձրա­­­ցու­­­ցած է հայ գե­­­րինե­­­րու հար­­­ցը։
Արամ Ա-ն խօ­­­սած է նաեւ ար­­­ցա­­­­­­­խահա­­­յու­­­թեան վե­­­րադար­­­ձի իրա­­­ւունքի մա­­­սին։ Կի­­­լիկոյ Կա­­­թողի­­­կոսը անդրա­­­դար­­­ձած է եկե­­­ղեցի­­­ներու եւ պատ­­­մա­­­­­­­կան կո­­­թող­­­նե­­­­­­­րու պահ­­­պանման հար­­­ցին, շեշ­­­տած է նաեւ Ար­­­ցա­­­­­­­խի նախ­­­կին ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րիու շու­­­տա­­­­­­­փոյթ ազատ ար­­­ձակման անհրա­­­ժեշ­­­տութեան մա­­­սին։
Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիո կա­­­թողի­­­կոս Արամ Ա.-ը խօ­­­սած է նաեւ Լի­­­բանա­­­նի ներ­­­կայ վի­­­ճակի մա­­­սին՝ ընդգծե­­­լով Լի­­­բանա­­­նի հա­­­րաւէն Իս­­­րա­­­­­­­յէլի հե­­­ռաց­­­ման եւ զի­­­նադա­­­դարի պահ­­­պանման կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը։
Հռո­­­մի պա­­­պը իր զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը յայտնած է նշո­­­ւած հար­­­ցե­­­­­­­րուն։
20 Մա­­­յիս 2026-ի առա­­­ւօտեան Լե­­­ւոն ԺԴ. Սրբա­­­զան Պա­­­պը Սուրբ Պետ­­­րոս հրա­­­պարա­­­կին վրայ գլխա­­­ւորեց չո­­­րեք­­­շաբթի օրո­­­ւայ հեր­­­թա­­­­­­­կան հրա­­­պարա­­­կային ընդհա­­­նուր ունկնդրու­­­թեան, որուն իր մաս­­­նակցու­­­թիւնը բե­­­րաւ նաեւ` այս օրե­­­րուն պաշ­­­տօ­­­­­­­նական այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեամբ Վա­­­տիկան ժա­­­մանած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­­­թողի­­­կոսը եւ իրեն ըն­­­կե­­­­­­­րացող պա­­­տուի­­­րակու­­­թեան ան­­­դամնե­­­րը։
«Սի­­­րելի եղ­­­բայրներ եւ քոյ­­­րեր, ըսաւ Սրբա­­­զան Պա­­­պը, շատ ու­­­րախ եմ բա­­­րի գա­­­լուստ մաղ­­­թե­­­­­­­լու Նո­­­րին Սրբու­­­թիւն Արամ Ա., Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեց­­­ւոյ Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոս, իրեն ըն­­­կե­­­­­­­րացող պա­­­տուար­­­ժան պա­­­տուի­­­րակու­­­թեան հետ միասին։ Այս եղ­­­բայրա­­­կան այ­­­ցը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ կա­­­րեւոր առիթ մը ամ­­­րապնդե­­­լու հա­­­մար միու­­­թեան կա­­­պերը, որոնք ար­­­դէն գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նին մեր մէջ, մինչ կը մօ­­­տենանք մեր Եկե­­­ղեցի­­­ներու լիակա­­­տար միու­­­թեան» ըսաւ ապա Քա­­­հանա­­­յապե­­­տը յա­­­տուկ երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը յայտնե­­­լով եկե­­­ղեցի­­­ներու հա­­­մամիու­­­թեան նկատ­­­մամբ Արամ Ա. Վե­­­հափա­­­ռին ցու­­­ցա­­­­­­­բերած մշտա­­­կան անձնա­­­կան յանձնա­­­ռու­­­թեան հա­­­մար, յատ­­­կա­­­­­­­պէս Կա­­­թողի­­­կէ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ եւ Արե­­­ւելեան Ուղղա­­­փառ Եկե­­­ղեցի­­­ներու մի­­­ջեւ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­բանա­­­կան երկխօ­­­սու­­­թեան գծով։
«Բա­­­րի եկած էք, Ձերդ Սրբու­­­թիւն, սի­­­րելի եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­ներ եւ սի­­­րելի բա­­­րեկամ­­­ներ։ Միաս­­­նա­­­­­­­բար հայ­­­ցենք Սուրբ Գրի­­­գոր Լու­­­սա­­­­­­­ւորի­­­չի, Սուրբ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցիի, Սուրբ Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լիի եւ, ամե­­­նէն առաջ, Սուրբ Կոյս Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­մօր բա­­­րեխօ­­­սու­­­թիւնը, որ­­­պէսզի անոնք լու­­­սա­­­­­­­ւորեն մեր ու­­­ղին դէ­­­պի այն լիակա­­­տար միու­­­թիւնը, զոր բո­­­լորս կը բաղ­­­ձանք»։
Յայտնենք` որ ունկնդրու­­­թեան աւար­­­տին Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան պա­­­տուի­­­րակու­­­թեան մաս կազ­­­մող Գե­­­րաշ­­­նորհ Սրբա­­­զան Հայ­­­րե­­­­­­­րը ող­­­ջունե­­­լէ ետ­­­քը Լե­­­ւոն ԺԴ. Պա­­­պին անոր կող­­­քին կանգնած միաս­­­նա­­­­­­­բար հնչե­­­ցու­­­ցին «Կի­­­լիկիա»ն ապա «Ի վեհ բար­­­ձանց սուրբ Սիոնի» օրհներ­գը։
7 Յու­նիս թո­­ւակա­­նը ինչպէս Հա­­յաս­­տա­­­նի, Քո­­սովո­­յի մէջ ալ խորհրդա­­րանա­­կան ընտրու­­թիւննե­­րու օր է։ «Ար­­նա­­­ւութ Հա­­պէր» կայ­­քէ­­­ջի լրատ­­ւութեամբ վե­­րահա­­սու եղանք թէ Քո­­սովո­­յի Խորհրդա­­րանի ան­­դա­­­մակ­­ցութեան հա­­մար իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը առա­­ջադ­­րած է նախ­­կին պոլ­­սա­­­հայ, այժմ քո­­սովո­­յաբ­­նակ Գէորգ Ֆըն­­տըք։
Ան իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը առա­­ջադ­­րած է Քո­­սովո­­յի Դե­­մոկ­­րատ Թուրքեր կու­­սակցու­­թեան շար­­քէն։
Կու­­սակցու­­թիւնը այս առու­­մով պատ­­րաստած որ­­մազդե­­րուն մէջ շեշ­­տադրե­­լու հա­­մար իր թեկ­­նա­­­ծուի հայ ինքնու­­թիւնը, մա­­կանու­­նը նշած է Ֆըն­­տըքլըեան ըսե­­լով։
Նշենք որ Գէորգ Ֆըն­­տըք եր­­կար տա­­րիներ աշ­­խա­­­տած էր Ալ­­պա­­­նիոյ մէջ, ապա իր գոր­­ծը փո­­խադ­­րած Քո­­սովօ ու այս երկրի մէջ ալ յա­­ջողած էր զբա­­ղեց­­նել Քո­­սովո­­յի Վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րու Սե­­նեակի նա­­խագա­­հու­­թիւնը։
Գէորգ Ֆըն­­տըք ընտրու­­թեան նա­­խոր­­դող քա­­րոզար­­շա­­­ւի շրջա­­նին կը խու­­սա­­­փի շռնդա­­լից խոս­­տումնե­­րէ, անոնց փո­­խարէ­­նը իր ծրա­­գիր­­նե­­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով։
Ան այդ ծրա­­գիր­­նե­­­րով կը հա­­ւաս­­տիաց­­նէ թէ պի­­տի նպաս­­տէ յատ­­կա­­­պէս երի­­տասարդնե­­րու գոր­­ծազրկման խնդրին։
Հայկական թերթերուն համաձայն, Հայաստանի մէջ կացութիւնը հիմա անտանելի կերպ մը կ՚ընդունի։ Քիւրտերը կը կողոպտեն հայերու հողերը, կը բռնագրաւեն անոնց արտերն ու ստացուածքները, եւ այս բոլորը կ՚ընեն անպատիժ կերպով։
Կառավարութիւնը անտարբեր կը մնայ, հանդիսատես կ՚ըլլայ եւ շարունակ կը ներկայացնէ իր տկարութիւնը որպէս պատճառաբանութիւն։ Հայերու շրջանում կ՚արձանագրուի Ռուս Ուղղափառութիւնը ընդունելու ուժեղ հակում մը։
Վանէն եկող լուրերու համաձայն, մոլեռանդները կ՚արտօնեն Քիւրտ աւազակախումբերուն յանցագործութիւններ կատարել։ Անոնց նպատակն է, որ հայերը կարծեն թէ յուսահատութեան մատնուելով պիտի ընդունին Իսլամ, ինչ որ երբեք պիտի չըլլայ։
Եթէ այս կացութիւնը շարունակուի, մէկ տարուայ մէջ բոլոր հայերը պիտի ընդունին Ռուս Ուղղափառութիւնը, եւ այդ պարագային, ի՛նչ պիտի ըլլայ, թող պետութիւնը խորհի։
Վանի Հայ Մետրոպոլիտը, Պատրիարքարան ղրկած իր հեռագիրին մէջ, կը նշէ թէ Քիւրտերը սպառնալից կեցուածք մը կ՚որդեգրեն իշխանութիւններու դէմ, ինչ որ կարելի է միայն իսկական ապստամբութիւն մը բնութագրել։
Հաճի Մուսա Պէյի գլխաւորութեամբ, գլխէն մինչեւ ոտք զինուած Քիւրտեր, գաւառներ կը շրջին եւ դարանամուտ ըլլալով դաշտերու Քրիստոնեաներն ու մշակները կ՚սպաննեն։
Բոլոր բնակիչները վախէն կը մնան փակ տուներու մէջ։
Սեֆէնտէր Զատէ Հիքմէթ Պէյ բռնագրաւեց հայերու բոլոր ստացուածքները եւ Հաքքարիի գիւղը։
Հայերը, Յոյն եկեղեցիէն օգնութիւն խնդրելով, արտասահման գաղթելու պահանջ կ՚ընեն, սակայն Թուրք կառավարութիւնը այս կացութեան միշտ անտարբերութեամբ ու անուշադրութեամբ մօտեցած է։
Մետրոպոլիտը Պատրիարքարանէն կ՚խնդրէ անյապաղ քայլեր առնել։
RFİ-ի համաձայն, նոր ծառայութիւնը պիտի արտադրէ բացառաբար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուով, եւ առաջնահերթութիւն պիտի տայ սոցիալական կայքերուն, այդ թւում Ինսթաґրամ, Ֆէյսպուք եւ Թիքթոք։
«Հայ երիտասարդութիւնը, ինչպէս մեծ մասամբ աշխարհի բոլոր երիտասարդները, չափազանց կապուած է թուային աշխարհին։ Ա՛լ աւանդական մամուլ չի կարդար։ Հետեւաբար, եթէ կ'ուզենք հասնիլ այդ հանդիսատեսին, պէտք է անպայման անցնինք սոցիալական ցանցերու ճամբով»,— ըսաւ Աստրիգ Ագոպյան, խմբագրութեան գլխաւոր խմբագիրը։
Թիմին հիմնական նպատակն է տեղեկացնել, փոխանցել լուրերը եւ ստուգել փաստերը նորարարական ձեւաչափերու միջոցով՝ Հայաստանի մէջ գտնուող թղթակիցներու վրայ յենուելով։
Լրագրող Լիլիթ Շահվերդեան, ծագումով Լեռնային Ղարաբաղէն, Հայաստան պիտի մեկնի, ուր երկրի մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի լուսաբանէ ուղիղ եթերի ճամբով. այս կարգադրութիւնը ան «երկնային պարգեւ» բնութագրեց։
Փաստերու ստուգումը նոր ծառայութեան կեդրոնական սիւնն է։Ագոպյան զգուշացուց, թէ ապատեղեկատւութիւնը արագ կը տարածուի այն հանդիսատեսին մէջ, որ «անպայմանօրէն չէ, որ պատրաստ է կեղծ տեղեկութիւններ ճանաչելու, հաշուի առնելով լրատւական դաշտի խոցելի վիճակը»։ Խմբագրութիւնը կ'ուզէ ապահոված ըլլալ ինչպէս ստուգուած լրատւութիւն, այնպէս ալ գործիքներ, որոնք հանդիսատեսը կ'օգնեն ճանաչել կեղծ լուրերը։
(hy.armradio.am)
Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հիմ­նադրու­թեան 174-րդ ամեակը ըստ աւան­դութեան նշո­ւեցաւ նա­խորդ հինգշաբ­թի Համ­բարձման Տօ­նին։ Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զանի նա­խագա­հած հո­գեւոր արա­րողու­թե­նէ ետք սար­քո­ւեցաւ ընթրիք։ Այստեղ Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, ելոյթ ու­նե­նալով բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ վեր­ջին մէկ տա­րուայ ըն­թացքին կա­տարո­ւած գոր­ծունէու­թեանց մա­սին։ Ան նշեց որ մօտ 9 մի­լիոն ԱՄՆ տո­լարի հաս­նող ներդրումներ կա­տարո­ւած են, Հի­ւան­դա­նոցը օժ­տե­լով սիրտ-անո­թային հի­ւան­դութիւննե­րու վի­րահատ­ման սար­քա­ւորումնե­րուն հա­մար։
Ատե­նապե­տը նշեց նաեւ թէ յա­ռաջի­կայ տա­րի պի­տի սկսի հիւ­լէական բժշկա­գիտու­թեան բաժ­նի շի­նու­թիւնը։
Ան նաեւ նշեց թէ Հի­ւան­դա­նոցը դի­մագ­րա­ւած է 1344 կա­րօտեալ հա­մայնքա­յին­նե­րու բուժման ծախ­սե­րը, որ կը գե­րազան­ցէ 13 մի­լիոն ԹԼ.։
Շի­րինօղ­լու նաեւ նշեց թէ ինչպէս նա­խորդ տա­րիներ, այս տա­րի ալ Պատ­րիար­քա­րանին կը յանձնեն հի­ւան­դա­նոցի տա­րեկան հա­շուետուութիւնը։
Երբ առա­ջին ան­գամ լսե­ցի գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Արա­տի ձօ­նուած գիր­քի խո­րագի­րը, փոր­ձե­ցի գու­շա­կել, «Գոյ­նե­րու Դիոկե­նեսը» կո­չու­մի ետին թագ­նուած միտ­քը։ Շու­տով պար­զո­ւեցաւ թէ Արա­տին այդ կո­չու­մը պատ­շա­ճեց­նո­ղը ու­րիշ մէ­կը չէր, եթէ ոչ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու նախ­կին աշ­խա­տակից­նե­րէն Երուանդ Կո­պելեանը։
Ին­ճի Այ­տը­նի հե­ղինա­կած մե­նագ­րութիւ­նը սահ­մա­նուած չէ գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Արա­տի կեր­պա­րով, այլ կը ծա­ւալի Արա­տի ապ­րած ժա­մանա­կահա­տուա­ծի բա­զում դէմ­քե­րու եւ ան­ցուդար­ձե­րու մի­ջով։
Հոն կը հան­դի­պինք Թուրքիոյ յայտնի գրա­կան դէմ­քե­րու, որոնք սերտ բա­րեկա­մու­թիւն ու­նե­ցած են Յա­կոբ Արա­տի հետ։
Բա­նաս­տեղծը, ար­ձա­կագի­րը եւ գե­ղան­կա­րիչը իրենց գոր­ծով եկած են զի­րար ամ­բողջաց­նե­լու։ Կա­խար­դա­կան մի­ջավայ­րի մը մէջ գոր­ծած են անոնք, ձե­ւաւո­րելով ժա­մանա­կի արո­ւես­տի եւ ըն­կե­րային, ին­չո՞ւ չէ նաեւ մշա­կու­թա­յին, գա­ղափա­րախօ­սական եւ հետզհե­տէ քա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տը։
Երբ մենք ան­ձամբ ճանչցանք Յա­կոբ Արա­տը, ան կը շա­րու­նա­կէր աշ­խա­տիլ «Ճումհու­րի­յէթ» թեր­թի մէջ։
Ին­ճի Այ­տը­նի գիր­քով վե­րահա­սու եղանք թէ նախ­քան «Ճումհու­րի­յէթ» ան աշ­խա­տակ­ցած է բա­զում թեր­թե­րու, սկսե­լով իր ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րէն։ «Եթէ այդ աշ­խա­տան­քը չտա­նէի չէի կրնար աւար­տել գե­ղարո­ւես­տա­կան ակա­դեմիոյ ու­սումը» կը պատ­մէ Արատ իր յու­շե­րուն մէջ։
Ծնած էր 1913-ին, Էս­քի­շեհիր։ Ար­դէն այդ տա­րեթի­ւին զգա­լի դար­ձած էր Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի ազ­դանշան­նե­րը։ Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւնը շուրջ 5 դար տե­ւող տի­րապե­տու­թե­նէ ետք կը կորսնցնէր իշ­խա­նու­թիւնը գրա­ւած այդ տա­րածքնե­րուն մէջ։ Քա­նի կ՚ան­կա­խանա­յին Յու­նաստա­նի, Պուլղա­րիոյ, Սեր­պիոյ, Մա­կեդո­նիոյ, Ալ­պա­նիոյ կամ Հունգա­րիոյ նման եր­կիրներ, այդ տա­րած­քի մահ­մե­տական ժո­ղովուրդնե­րը կը դի­մէին դէ­պի Թուրքիա ներ­գաղթի։ Այդ թո­հու­բո­հի մէջ Պիւ­յիւքան­տո­նեան­նե­րու ըն­տա­նիք­ներն ալ կը բռնէ գաղ­թի ճամ­բան դէ­պի Պո­լիս։ Յա­կոբ Արատ հա­զիւ մէկ տա­րեկան է, երբ ըն­տա­նիքը կը հաս­նի պատ­մա­կան Քումքա­փը թա­ղը։ Ու­րեմն Արա­տի ուսման առա­ջին հանգրո­ւանը կը դառ­նայ թա­ղի Պէզ­ճեան Վար­ժա­րանը։ Ապա ան կը յա­ճախէ ֆրան­սա­կան Սեն Ասոմ­սիոն ֆրան­սա­կան քո­լէճը։
1930-ին, կը մտնէ Իս­թանպու­լի Գե­ղարո­ւես­տի Ակա­դեմիոյ նկար­չա­կան բա­ժինը։ Իր ու­սուցիչ­նե­րը ժա­մանա­կի առա­ջատար դէմ­քերն են ինչպէս Իպ­րա­հիմ Չալ­լը, Նազ­մի Զի­յա Կիւ­րան եւ Լէոփոլտ Լե­ւի։
Գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան աւե­լի ծա­ւալուն բա­ժինը յատ­կա­ցուած է Յա­կոբ Արա­տի եւ իրեն ժա­մանա­կակից թուրք հե­ղինակ­նե­րու բա­րեկա­մու­թեան նիւ­թե­րուն։ Իր ամե­նամ­տե­րիմ­նե­րէն եղած է ար­ձա­կագիր Սա­յիթ Ֆա­յիք։ անոր բո­լոր պատ­մո­ւածքնե­րը նկա­րուած են Արա­տի կող­մէ։ Նոյ­նիսկ Յա­կոբ Արատ կող­քի գծագ­րութիւններ պատ­րաստած է զա­նազան հե­ղինակ­նե­րու հա­մար։ Մինչ այդ իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թե­րուն հա­մար գծած է զա­նազան դա­տավա­րու­թիւննե­րու ան­ցուդար­ձե­րը։ Նկա­րած է դա­տակազ­մը, փաս­տա­բան­ներ, մե­ղադ­րեալ­ներ, դա­տավա­րու­թեան հե­տեւող­ներ։ Յա­ջողած է անոնց դէմ­քի ար­տա­յայ­տութիւննե­րով դրսե­ւորել նաեւ են­թա­կանե­րու այդ պա­հի յա­տուկ հո­գեբա­նու­թիւնը։
Իճի Այ­տըն ար­դէն իսկ իր մաս­նա­գիտու­թեամբ խո­րապէս ու­սումնա­սիրած է Յա­կոբ Արա­տի ժա­մանա­կակից «Ղա­րիպ», «Երկրորդ Նոր»ի նման գրա­կան հո­սանքնե­րու դե­րակա­տար­նե­րը։
Այդ ընե­լու ժա­մանակ կ՚անդրա­դառ­նայ նաեւ պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն տի­րող հո­գեբա­նու­թեան։ Ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­ներ ահ­ռե­լի վե­րագ­րումնե­րով կը նկա­րագ­րեն այդ տա­րինե­րուն թէ գրա­կանու­թիւնը եւ թէ գե­ղան­կարչու­թիւնը։ Ամէն ինչ կը վե­րածեն յա­տուկ նշա­նակու­թիւն փո­խան­ցե­լու։ Օրի­նակի­ համար արե­գակը կո­մու­նիստ ապա­գայի խորհրդան­շանն է։ Նոյն իմաս­տը կը վե­րագ­րեն վար­դին, իր կար­միր թեր­թե­րուն հա­մար։ Անձրե­ւը յե­ղափո­խու­թիւն կը նշա­նակէ, հե­տեւա­բար Յա­կոբ Արա­տի «Աղօթք Տե­ղու­մի» անուն գործն ալ, ու­րիշ բան չէ եթէ ոչ յե­ղափո­խու­թեան կոչ։
Ստո­ւէրի նման ընդմիշտ իր կող­քին է ձեր­բա­կալո­ւելու վա­խը։ Վեր­ջա­պէս իր ալ գոր­ծե­րը նկա­րած Սա­պահատ­տին Ալի դա­ժան ոճի­րի մը զո­հը գա­ցած է խիստ կաս­կա­ծելի պայ­մաննե­րու մէջ։
Եթէ վե­րադառ­նանք գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան, հոն տե­ղադ­րո­ւած են ան­հա­տական հա­ւաքա­ծոնե­րէ նմոյշներ, որոնք լու­սանկա­րած է Էր­հան Արըք։ Բազ­մա­թիւ տե­սանիւ­թեր եւս քա­ղուած են Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի մօտ պա­հուած «Քու­լիս» պար­բե­րակա­նի ար­խի­ւէն։
Շնոր­հա­լի եւ ող­ջունե­լի աշ­խա­տու­թեան մը ար­դիւնքն է, որ դրո­ւած է մեր սե­ղան­նե­րուն վրայ, իբ­րեւ գնա­հատանք եւ երախ­տիք վաս­տա­կաւոր արո­ւեստագէտի։
«Արմէնփրես» կը հա­­ղոր­­դէ, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան որո­­շու­­մով` գու­­մար պի­­տի յատ­­կա­­­ցուի Լի­­բանա­­նի մէջ գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող պա­­տերազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու պատ­­ճա­­­ռով յա­­ռաջա­­ցած մար­­դա­­­սիրա­­կան ճգնա­­ժամի պայ­­մաննե­­րուն մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան կող­­մէ մար­­դա­­­սիրա­­կան աջակ­­ցութիւն տրա­­մադ­­րե­­­լու անհրա­­ժեշ­­տութեամբ պայ­­մա­­­նաւո­­րուած։
«Ար­­մէնփրես»-ի հա­­մաձայն, Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան կա­­ռավա­­րու­­թեան 14 մա­­յիսի նիս­­տին յայ­­տա­­­րարո­­ւած է, որ կը նա­­խատե­­սուի պա­­հես­­տա­­­յին ֆոն­­տէն յատ­­կացնել շուրջ 60 մի­­լիոն դրամ, որ­­մէ 34 մի­­լիոն դրա­­մը պա­­րենա­­յին ապ­­րանքնե­­րու (սննդամ­­թերք) եւ անձնա­­կան մաք­­րութեան պա­­րագա­­ներու ձեռքբեր­­ման, իսկ 26 մի­­լիոն դրա­­մը` դե­­ղերու ձեռքբեր­­ման հա­­մար, որոնք, իբ­­րեւ մար­­դա­­­սիրա­­կան աջակ­­ցութիւն, պի­­տի տրա­­մադ­­րո­­­ւին Լի­­բանա­­նին։
Հիմ­­նա­­­ւոր­­ման հա­­մաձայն, Լի­­բանա­­նի մէջ ըն­­թա­­­ցող պա­­տերազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րուն պատ­­ճա­­­ռով ձե­­ւաւո­­րուած է մար­­դա­­­սիրա­­կան ճգնա­­ժամ, որուն պայ­­մաննե­­րուն մէջ զգա­­լիօրէն աճած է բնակ­­չութեան պա­­րենա­­յին ապ­­րանքնե­­րու, ինչպէս նաեւ անձնա­­կան մաք­­րութեան եւ առա­­ջին անհրա­­ժեշ­­տութեան պա­­րագա­­ներու ու դե­­ղերու կա­­րիքը։
Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կը նա­­խատե­­սէ տրա­­մադ­­րել նպա­­տակա­­յին մար­­դա­­­սիրա­­կան աջակ­­ցութիւն` ապա­­հովե­­լով տու­­ժած բնակ­­չութեան առաջ­­նա­­­յին կա­­րիք­­նե­­­րու բա­­ւարար­­ման հա­­մար անհրա­­ժեշտ պա­­րենա­­յին եւ անձնա­­կան մաք­­րութեան ապ­­րանքնե­­րու, դե­­ղերու տրա­­մադ­­րումը։
Անհրա­­ժեշտ ապ­­րանքնե­­րու ցան­­կը, աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին կար­­գով, ներ­­կա­­­յացո­­ւած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան կողմէ։
Հայաստա­­նէն ժա­­մանած Օր­­դա­­­կեան Պա­­րի Դպրո­­ցի սա­­ներ Յոյս Միու­­թեան ի նպաստ հա­­մերգ մը սար­­քե­­­ցին 16 Մա­­յիս 2026, Շա­­բաթ իրի­­կուն, Պա­­քըր­­գիւղի Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի սրա­­հին մէջ.
Հա­­մեր­­գին մաս­­նակցե­­ցաւ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը։ Ներ­­կայ էին Գերշ. Տ. Արամ Ար­­քեպս. Աթէ­­շեան, Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեան, Արժ. Տ. Շա­­հէն Քհնյ. Օհա­­նեան, Առաք. Մայր Գա­­յեանէ Տուլքա­­տիրեան։
Բա­­րի գալստեան խօսք ար­­տա­­­սանեց Յոյս Միու­­թեան Ատե­­նապետ Լե­­ւոն Եըլ­­տը­­­րըմեան։
Ապա տկար ըմբռնո­­ղու­­թեան տէր տղաք Օթի Տանս-ով հան­­դէս եկան:
Հա­­մեր­­գի ըն­­թացքին Օր­­դա­­­կեան պա­­րի դպրո­­ցի սա­­ներ, վար­­ժա­­­րանի հիմ­­նա­­­դիր-տնօ­­րէն եւ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ղե­­կավար Պետ­­րոս Օր­­դա­­­կեանի մա­­կանին ներ­­քեւ, հայ­­կա­­­կան աւան­­դա­­­կան զգեստնե­­րով ժո­­ղովրդա­­կան քսան պա­­րեր պա­­րեցին։ Մերթ ընդ մերթ իրենց եր­­գե­­­րով մաս­­նակցե­­ցան Սա­­հակեան Դպրաց Դաս Երգչա­­խումբի ան­­դամներ, գլխա­­ւորու­­թեամբ Սե­­ւան Ակօ­­շեանի։
Հա­­մեր­­գի աւար­­տին, գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ղե­­կավար Պետ­­րոս Օր­­դա­­­կեան տղոց հետ միասին պա­­րեց ու շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց իրենց վար­­ժա­­­րանի հան­­դէպ ցու­­ցա­­­բերո­­ւած հե­­տաքրքրու­­թեան ու ջերմ սի­­րոյ համար։
Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած` «Մահ­մուտ Բ.ի եւ Թան­զի­մաթի շրջա­նին Սկիւ­տա­րի մէջ Միլ­լէթ-ի Սա­տըքա­յի (հա­յոց) վար­ժա­րան­ներ եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քը» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։
Ծա­ւալած ծրա­գիրը սկսաւ Սուրբ Խաչ Վար­ժա­րանի տնօ­րէն Հայկ Սեր­քան Քը­յըճըի բաց­ման խօս­քով։
Փրոֆ. Օն­նիկ Ժամ­կո­չեանի, Տքթ. Սեր­քան Քէ­չէճիի եւ Սա­տըք Միւ­ֆիթ Պիլ­կէի պատ­մութեան, կրթու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի վե­րաբե­րող կա­րեւոր զե­կոյցնե­րը մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ հե­տեւո­ւեցան մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ։
Անոնք իրենց խօս­քե­րուն մէջ յատ­կա­պէս անդրա­դար­ձան Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի ամի­րանե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ գոր­ծող շրջա­նին, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու հա­սարա­կական կեան­քին մէջ ու­նե­ցած դե­րակա­տարու­թեան, եւ Թան­զի­մաթի (սահ­մա­նադ­րութեան եւ բա­րեփո­խումնե­րու) գոր­ծընթա­ցի՝ հա­մայնքա­յին կեան­քին վրայ տե­ղի տո­ւած ար­ձա­գան­գին։
Ունկնդիր­նե­րը՝ որոնց մէջ կա­րեւոր հա­մեմա­տու­թիւն կը կազ­մէին գիտ­նա­կան­ներ, հե­տազօ­տող­ներ եւ պատ­մութեան սի­րող­ներ, ու­շադրու­թեամբ հե­տեւուեցան ար­խի­ւային փաս­տա­թուղթե­րով եւ մօտ ան­ցեալի պատ­մութեան նկատ­մամբ հե­տաքրքիր­ներ գո­հու­նա­կու­թեամբ հե­տեւե­ցան ակա­դեմա­կան ելոյթնե­րուն, որոնց շնոր­հիւ աւե­լի տե­սանե­լի դար­ձաւ ան­ցեալի բազ­մամշա­կու­թա­յին կրթա­կան կեանքը։
13-17 Մա­յիս թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ քա­ղաքս տե­­ղի ու­­նե­­­ցած ArtContact Istanbul 6-րդ մի­­ջազ­­գա­­­յին ժա­­մանա­­կակից արո­­ւես­­տի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի հիւ­­րերն էին Հա­­յաս­­տա­­­նէն ժա­­մանած արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ։
Ենի­­գաբը Քա­­տիր Թոփ­­պա­­­շի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի եւ արո­­ւես­­տի կեդ­­րո­­­նին մէջ կա­­յացող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կը միաւո­­րէր 40 երկրնե­­րէն նկա­­րիչ­­ներ եւ հա­­զարա­­ւոր աշ­­խա­­­տանքներ։ Այս տա­­րի առա­­ջին ան­­գամ Հա­­յաս­­տա­­­նը ներ­­կա­­­յաց­­նող «Արա­­մէ Արո­­ւես­­տի Պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հը» այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րու ու­­շադրու­­թեան կեդ­­րո­­­նը նո­ւաճեց իր 44 գե­­ղան­­կարնե­­րով։
Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բաց­­ման առա­­ւօտո­­ւայ ժա­­մերուն, Արա­­մէ Արո­­ւես­­տի Պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի հիմ­­նա­­­դիր Արամ Սարգսեանի եւ նկա­­րիչ Տիգ­­րան Մա­­տու­­լեանի հետ մեր կա­­տարած ջերմ հար­­ցազրոյ­­ցէն դրուակ­­ներ կը փո­­խան­­ցենք։
Յար­­գե­­­լի Արամ Սարգսեան, քա­­նի որ դուք «Արա­­մէ Արդ Կա­­լերի»ի հիմ­­նա­­­դիրն էք, առա­­ջին հար­­ցումներս ձեզ պի­­տի ուղղեմ։
Երբ հիմ­­նո­­­ւեցաւ կա­­լերին։ Քա­­նի՞ մաս­­նա­­­ճիւղ ու­­նիք։
«Արա­­մէ Արդ Կա­­լերի»ն հիմ­­նադրո­­ւած է 2003 թո­­ւակա­­նին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Երե­­ւանի մէջ ու­­նինք եր­­կու կա­­լերի։ Եր­­կուքն ալ Երե­­ւանի ճիշդ կեդ­­րո­­­նին կը գտնո­­ւին։ Լի­­բանա­­նի մէջ եր­­կու մաս­­նա­­­ճիւղ ու­­նինք։ 2014 թո­­ւին բա­­ցինք Ժը­­մէյ­­զի թա­­ղամա­­սին առա­­ջին կա­­լերին, իսկ միւ­­սը բա­­ցինք 2016 թո­­ւին Պէյ­­րութի Զէյ­­թունա­­պէյ թա­­ղամա­­սին։
Մեր պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի ամե­­նամեծ գլխա­­ւոր խնդի­­րը հայ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րուն մի­­ջազ­­գա­­­յին բեմ, աս­­պա­­­րէզ հա­­նելն է։ Հի­­մա հոս եկած բո­­լոր գոր­­ծե­­­րու նկա­­րիչ­­նե­­­րուն ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տա­­­նը գի­­տէ, բայց խնդի­­րը այն է որ մեր տա­­ղան­­դա­­­ւոր արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը ճանչնան Հա­­յաս­­տա­­­նէն դուրս ալ։
Անոր հա­­մար մենք կը մաս­­նակցինք հա­­մաշ­­խարհա­­յին փա­­ռատօ­­ներուն, մի­­ջազ­­գա­­­յին ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րուն։
Բա­­ցի ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րէ մենք շատ աշ­­խուժ կը զբա­­ղինք հրա­­տարակ­­չա­­­կան գոր­­ծե­­­րով։ 23 տա­­րուայ մէջ 30-է աւե­­լի պատ­­կե­­­րագիրք հրա­­տարա­­կած ենք։ Բո­­լոր նկա­­րիչ­­նե­­­րու մա­­սին եւ գիր­­քեր կը հրա­­տարա­­կենք եւ ֆիլ­­մեր կը նկա­­րահա­­նենք։
Առա­­ջի՞ն ան­­գամ կու գաք Պո­­լիս
Ոչ, սա եր­­րորդ գալս է։ Աւե­­լի առաջ եր­­կու ան­­գամ Իս­­թանպու­­լին ծա­­նօթա­­նալու, արո­­ւես­­տի շու­­կան տես­­նե­­­լու, իւ­­րա­­­յատ­­կութիւննե­­րը հասկնա­­լու հա­­մար «Contlemporary İstabul» եկած էի։ Սա եր­­րորդ այցս է Իս­­թանպուլ եւ ար­­դէն 6-րդ Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ժա­­մանա­­կակից Արո­­ւես­­տի ցու­­ցա­­­հան­­դէս՝ «ArtContect İstanbul»-ի մաս­­նա­­­կից ենք։
Նշեմ որ եր­­կու ամիս առաջ մենք եւս մաս­­նակցած ենք «Art Ankara»ի մէջ կա­­յացող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին։
Պո­­լիսը ի՞նչ զգա­­ցումներ յա­­ռաջա­­ցուց ձեր վրայ։
Պո­­լիսը հա­­րուստ պատ­­մութիւն ու­­նե­­­ցող քա­­ղաք է։ Հա­­մայնք ու­­նի։ Մենք յու­­զո­­­ւած ենք տես­­նե­­­լով մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րը այստեղ կ՚ապ­­րին, կ՚աշ­­խա­­­տին… Մենք այ­­ցե­­­լեցինք Ազ­­գա­­­յին Հի­­ւան­­դա­­­նոց շատ գե­­ղեցիկ էր։ Զրու­­ցե­­­ցինք Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լուի հետ։ Այս ամէ­­նը մեզ շատ հա­­րազատ է եւ մենք հպարտ ենք, որ այդ տե­­սակ պատ­­մութիւն կայ Պոլ­­սոյ մէջ։
Ինչպէ՞ս մաս­­նակցե­­ցաք «Art Ankara»ին։
Տա­­րուայ սկզբին մենք որպէս «Արա­­մէ Արդ Կա­­լերին»ն մաս­­նակցե­­ցինք «Art Kahire»ին։ Այնտեղ մեզ մօ­­տեցաւ շատ յար­­գարժան պա­­րոն մը՝ Պիլ­­կին Այ­­կիւլը, որ մենք հասկցանք որ «Art Ankara»ի հիմ­­նա­­­դիրն էր։ Ան շատ տպա­­ւորո­­ւած էր մեր արո­­ւես­­տով, շատ գե­­ղեցիկ գնա­­հատեց մեր արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գոր­­ծե­­­րը, շատ բարձր մա­­կար­­դա­­­կի տե­­սաւ եւ մեզ առա­­ջար­­կեց մաս­­նակցիլ «Art Ankara»ին։
Ան­­գա­­­րայի մէջ շատ մեծ յա­­ջողու­­թիւն ու­­նե­­­ցանք։ Մեր արո­­ւես­­տը շատ բարձր գնա­­հատո­­ւեցաւ, ու­­րախ ենք այս առու­­մով։
Քա­­նի՞ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գոր­­ծը բե­­րած էիք Ան­­գա­­­րա եւ հի­­մա քա­­նի՞ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գոր­­ծե­­­րը բե­­րած էք Իս­­թանպուլ։
Ինը։ Ան­­գա­­­րա ալ ինը արո­­ւես­­տա­­­գէտի գոր­­ծե­­­րը բե­­րած էինք։ Հի­­մա Պո­­լիս ալ ինը արո­­ւես­­տա­­­գէտի գոր­­ծե­­­րէն 44 նմոյշներ բե­­րինք։ Այ­­սօր Ռու­­բէն Գրի­­գորեան, Վա­­հագն Յա­­րու­­թիւնեան, Ար­­թուր Սա­­րաֆեան, Տիգ­­րան Մա­­տու­­լեան, Իկոր Փրոն, Աւե­­տիս Խա­­չատ­­րեան, Արամ Յա­­կոբեան, Մա­­րատ Մար­­գա­­­րեան եւ Սար­­գիս Հա­­մալ­­պա­­­շեան Պո­­լիս կը ներ­­կա­­­յանան իրենց արուեստով։
Բայց մենք «Arame Art Gallery» ըլ­­լա­­­լով կ՚աշ­­խա­­­տինք մօտ 40 արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու հետ։
Մի­­ջազ­­գա­­­յին փա­­ռատօն­­նե­­­րուն հա­­մար մենք կ՚ընտրենք ամե­­նալա­­ւագոյննե­­րուն, որոնք լաւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն հայ արո­ւես­­տը։ Այ­­սինքն լա­­ւագոյննե­­րէն լա­­ւագոյ­­նը։ Որ­­պէսզի կա­­րողա­­նանք մի­­ջազ­­գա­­­յին շու­­կա­­­յին ար­­ժա­­­նապա­­տիւ ձե­­ւով ներ­­կա­­­յաց­­նենք մեր արո­­ւես­­տը։
Մեր արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ Հա­­յաս­­տա­­­նին մէջ ար­­դէն շատ ճանչցո­­ւած են։ Մենք այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք ֆիկուրա­­թիվ արո­­ւես­­տը։ Մեր նկա­­րիչ­­նե­­­րուն բո­­լորը թան­­գա­­­րանա­­յին նկա­­րիչ­­ներ են։ Օրի­­նակ Տիգ­­րան Մա­­տու­­լեանը վաս­­տա­­­կաւոր նկա­­րիչ եւ Հայ Ժա­­մանա­­կակից Արո­­ւես­­տի Թան­­գա­­­րանին ներ­­կա­­­յացո­­ւած հե­­ղինակ է։
Մենք վստահ ենք որ Պոլ­­սոյ մէջ ալ այս արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը բարձր կը գնա­­հատո­­ւին։
Ձեր եւ Մա­­տու­­լեանի ծա­­նօթու­­թիւնը ինչպէ՞ս եղաւ։
Երբ որ մարդ կը հիմ­­նադրէ կա­­լերի մը կը փոր­­ձէ իր շուրջ հա­­ւաքել ամե­­նալա­­ւագոյն նկա­­րիչ­­նե­­­րը։ Գաղտնիք չէ եթէ դուն կ՚ու­­զես լաւ կա­­լերի դառ­­նաս, ու­­րեմն դուն պի­­տի ու­­նե­­­նաս լաւ արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ։ Եւ ար­­դէն 22 տա­­րիէ ի վեր կ՚աշ­­խա­­­տինք իրար հետ։
Լի­­բանա­­նը դժո­­ւար օրե­­րուն մէջ է։ Իսկ դուք հէնց այս օրե­­րուն ցու­­ցա­­­հան­­դէս բա­­ցած էք։ Գոր­­ծե­­­րուն բան մը չըլ­­լա՞ր։
Ես 30 տա­­րի Պէյ­­րութ կ՚եր­­թամ կու գամ ար­­դէն, սո­­վոր եմ ռումբե­­րուն։
Ռումբե­­րը չէ դադ­­րած բայց մենք նո­­րէն ալ բա­­ցինք մեր կա­­լերին։ Պէյ­­րութի մէջ 70 կա­­լերի կայ, բայց մենք միակն ենք որ բաց ենք։ Մենք մէկ ար­­դիսդին ներ­­կա­­­յացու­­ցինք՝ Ալ­­պերտ Յա­­կոբեանի ան­­հա­­­տական ցու­­ցա­­­հան­­դէսն էր լաւ ան­­ցաւ։
Լի­­բանա­­նի մեծ պայ­­թումին ձեր ցու­­ցասրա­­հը վնաս ստա­­ցա՞ւ։
Այո, շատ վնաս եղաւ։ Մօտ 40 նկար պատ­­րո­­­ւեցան։ Մա­­տու­­լեանին Աս­­տո­­­ւած լաւ աչ­­քով կը նա­­յի, որով­­հե­­­տեւ իր նկար­­նե­­­րը վնաս չստա­­ցան։
Պա­­րոն Մա­­տու­­լեան դուք «Ակօս» այ­­ցե­­­լած առա­­ջին հան­­դի­­­պու­­մէն մին­­չեւ օրս մեր վա­­ղեմի բա­­րեկա­­մը դար­­ձած էք։ Ձեր գոր­­ծե­­­րը այժմ կը ցու­­ցադրո­­ւին «ArtContect İstanbul»։ Քիչ մը խօ­­սի՞նք այս մա­­սին։
Այո։ Ես «ArtContect İstanbul»ին մաս­­նակցած եմ վեց աշ­­խա­­­տանքնե­­րովս։ Վեր­­ջին եր­­կու աշ­­խա­­­տանքներս գի­­շեր, ցե­­րեկ մէկ ու կէս ամիս նկա­­րած եմ որ հասցնեմ այս ցու­­ցա­­­հան­­դէս։ Մօ­­տաւո­­րապէս օրա­­կան 15 ժամ նկա­­րեցի։ Շատ լաւ աշ­­խա­­­տանքներ եղան։ Վեր­­ջին վեց ամիս­­նե­­­րու ամե­­նալաւ աշ­­խա­­­տանքներս Պո­­լիս գա­­լու հա­­մար նկա­­րուե­­ցաւ կրնամ ըսել։ Ասոր պատ­­ճա­­­ռը այն էր, որ շատկ՚ու­­զէի ձեր բո­­լորը տես­­նել։
Ձեր նկար­­նե­­­րուն մէջ գոյ­­նե­­­րու աշ­­խարհի արան­­քը կ՚իյ­­նանք։ Այս գու­­նա­­­ւոր եւ բազ­­մա­­­շեր­­տա­­­նի նկար­­նե­­­րուն մա­­սին ի՞նչ կրնաք ըսել։
Կրնամ շատ գոյն օգ­­տա­­­գոր­­ծել, բայց շատ քիչ գոյն երե­­ւայ։ Քո­­լորիտ կը կո­­չուի նկար­­չա­­­կան, այդ ար­­դէն լրիւ մաս­­նա­­­գիտա­­կան հարց է։ Այդ կա­­րեւոր չէ։ Կա­­րեւո­­րը այն է, որ նկա­­րը կա­­խեցինք բո­­լորը եկան ժա­­մերով նա­­յեցին նկա­­րիս վրայ։ Նկար­­ներս շեր­­տե­­­րով է եւ տա­­կը լրիւ տար­­բեր բա­­ներ նկա­­րուած է։ Հի­­յորոկ­­լիֆներ նկա­­րուած է, նկա­­րին մէջ կը փնտռես որ գտնաս։ Մո­­զայի­­քա աշ­­խա­­­տած եմ։
Դուք նո­­րէն կին թե­­մայով նկա­­րած էք։
Աս­­տո­­­ւած կնոջ պար­­գեւ ստեղ­­ծած է տղա­­մար­­դու հա­­մար։ Տղա­­մար­­դը պէտք է ամ­­բողջ կեան­­քին մէջ կին գո­­վեր­­գէ։ Չէք զգա­­ցած որ ամ­­բողջ պո­­յէզեան, երաժշտու­­թիւնը, ամէն ինչ կը հիմ­­նո­­­ւի կնոջ գե­­ղեց­­կութեան վրայ։
Ինչպէս սկած է նկար­­չութիւ­­նը գի­­տէ՞ք։ Այդ քա­­րան­­ձաւնե­­րու մար­­դիկ որ կ՚ապ­­րէին գա­­ցած են որ­­սի կեն­­դա­­­նի որ­­սած ու եկած նկա­­րած են։ Գի­­տէ՞ք ին­­չու։ Կա­­նանց մօտ գլուխ գո­­ված են, որ իրենք որս ու­­նին։
Ձեր նկար­­նե­­­րու մէջ կա­­նայք կար­­ծես միշտ քիչ մը թմբլիկ են ին­­չո՞ւ։
Գե­­ղեցի­­կը կը շատցնեմ։ Իմ նկար­­նե­­­րու մէ­­ջի կի­­ները ճշգրիտ տէօքիւ­­մենթով նկար չեն։ Կը ներ­­կո­­­ւին օր­­լա­­­մեն­­թա­­­լի մէջ։
Նոր ես Երե­­ւանի մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս բա­­ցի «Օր­­լա­­­մեն­­թալ Երազ» անու­­նով, որով­­հե­­­տեւ մի հատ դի­­փիք օրի­­նակ բե­­րեմ՝ երբ որ եր­­թաս ջու­­րի ափով պզտիկ քա­­րեր կան, բայց ոչ մէ­­կը չը­­սէր որ ասոնք ան­­դիկ են։ Բայց որ քա­­մի վրայ յան­­կարծ մէկ օր­­լա­­­մենթ զար­­դա­­­նախշ տես­­նենք՝ այդ քա­­ռը շու­­տով կ՚եր­­թայ թան­­գա­­­րան՝ գի­­տէք ին­­չու հա­­մար, որով­­հե­­­տեւ այդ ար­­դէն պատ­­մութիւն է։ Օր­­լե­­­մեն­­թը բա­­րիու­­թեան, գե­­ղեց­­կութեան նշան է։
Ին­­չո՞ւ կնոջ զարդ կը նո­­ւիրէն։ Որով­­հե­­­տեւ զար­­դը ին­­քը բա­­րիու­­թիւն է, զէնք չէ։ Ես միշտ կը զար­­մա­­­նայի որ զէն­­քին վրայ փո­­րագ­­րում էին սի­­րուն քա­­րեր։ Իմ ամ­­բողջ նկար­­նե­­­րուս մէջ զար­­դեր կան։
Ձեր աղ­­ջի­­­կը Մար­­գա­­­րիտան ալ ձեզ նման որա­­կաւոր արո­­ւես­­տա­­­գէտ մըն է։ Իրար նման յատ­­կութիւններ ու­­նի՞ք։
Իս­­կութեան մէջ իրար­­մէ շատ տար­­բեր ենք, բայց Մար­­գա­­­րիտան ալ կը սի­­րէ թմբլիկ կա­­նանց քան­­դա­­­կել ու վրան զար­­դե­­­ղէն­­նե­­­րով։ Մենք շատ կը կրո­­ւինք արուես­­տա­­­նոցի մէջ։Ին­­քը բա­­ւակա­­նին ծանր քան­­դա­­­կի գոր­­ծեր ու­­նի, նոր գոր­­ծե­­­րէն մէ­­կը մօ­­տաւո­­րապէս 32 քկ. է։
Այ­­սօր Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ արո­­ւես­­տա­­­գէտը իր ար­­ժա­­­նի տեղը կը գտնէ՞։
Հի­­մա Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ շատ բարդ է արո­­ւես­­տա­­­գէտի վի­­ճակը։ Արո­­ւես­­տա­­­գէտը ան­­պաշտպան է։ Գի­­տէք ին­­չո՞ւ, որով­­հե­­­տեւ պե­­տական պաշտպա­­նուա­­ծու­­թիւն չու­­նինք։ Ամէն ին­­չի հա­­մար ժա­­մանակ պէտք է։ Հի­­մա քիչ քիչ բա­­ներ մը կը փո­խուի։
Դիմակա­հան­­դէս է... ամէն կողմ դի­­մակ­­ներ՝ բազ­­մա­­­զան, գու­­նա­­­գեղ, փայ­­լուն եւ ու­­լունքնե­­րով զար­­դա­­­րուած։ Ոմանք ժպիտ կը կրեն իրենց վրայ, ու­­րիշներ՝ զար­­մանք, տագ­­նապ կամ ան­­պա­­­տաս­­խան հար­­ցում մը։ Կան մար­­դիկ, որոնք նոյ­­նիսկ դի­­մակի ետին ծա­­նօթ կը թո­­ւին, մինչ ու­­րիշնե­­րուն իրա­­կան դէմ­­քը տես­­նե­­­լու հա­­մար պէտք է ան­­պայման իրենց դի­­մակը վար առ­­նեն։ Իսկ ոմանք ալ, թե­­րեւս մոռ­­ցած իրենց դի­­մակը բե­­րելու, օտար եւ ան­­պաշտպան կը զգան այս մեծ դի­­մակա­­հան­­դէ­­­սին մէջ, ուր առանց դի­­մակի տեղ ու­­նե­­­նալը գրե­­թէ անհնար է։
Երբ դեռ փոքր էինք, մե­­զի սոր­­վե­­­ցու­­ցած էին, թէ դի­­մակ­­նե­­­րը միայն Բա­­րեկեն­­դա­­­նի ու­­րախ խա­­ղերուն կը պատ­­կա­­­նին՝ գու­­նա­­­զարդ, զո­­ւար­­ճա­­­լի եւ ան­­մեղ։ Տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին, երբ հա­­սուն ան­­ձեր դար­­ձանք, հասկցանք, թէ դի­­մակը միայն տօ­­նական օրե­­րու զարդ չէ։ Ան մար­­դու առօ­­րեային ան­­բա­­­ժանե­­լի մասն է, եր­­բեմն՝ պաշտպա­­նու­­թիւն, եր­­բեմն՝ պատ­­րանք, իսկ շատ ան­­գամ՝ լուռ քո­­ղար­­կում իրա­­կան զգա­­ցումնե­­րուն։
Մարդ յա­­ճախ կը կրէ տար­­բեր դի­­մակ­­ներ՝ կա­­խեալ մի­­ջավայ­­րէն եւ պայ­­մաննե­­րէն։ Սա­­կայն ին­­չո՞... Ան կը փոր­­ձէ իր խո­­ցելի կող­­մե­­­րը ծած­­կել եւ «յա­­ջող» ան­­ձի մը տպա­­ւորու­­թիւնը ձգել՝ նե­­րազ­­դե­­­լու հա­­մար իր շրջա­­պատին վրայ։
Դի­­մակ­­նե­­­րը եր­­բեմն անհրա­­ժեշտ են, որ մարդ յար­­մա­­­րի հա­­սարա­­կու­­թեան պա­­հանջնե­­րուն, պաշտպա­­նէ իր զգա­­ցումնե­­րը կամ պահ­­պա­­­նէ իր դիր­­քը։ Սա­­կայն միշտ այդպէս չէ. դի­­մակ­­նե­­­րը մե­­զի կը փրկեն որոշ պա­­հերու, բայց կա­­մաց-կա­­մաց կը ծան­­րա­­­նան՝ դառ­­նա­­­լով շղթա­­ներ, որոնք կը կաշ­­կանդեն մեր իս­­կա­­­կան էու­­թիւնը։
Դի­­մակը յա­­ճախ կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի որ­­պէս կեղ­­ծիք կամ որ­­պէս մար­­դու ներ­­քին ու ար­­տա­­­քին աշ­­խարհնե­­րու հա­­կասու­­թեան ար­­տա­­­յայ­­տութիւն։ Գրա­­կանու­­թեան մէջ ալ կա­­րելի է գտնել նման պատ­­կերներ։ Օրի­­նակ՝ Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի եր­­գի­­­ծական ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն մէջ, մաս­­նա­­­ւորա­­բար «Պաղ­­տա­­­սար Աղ­­բար»-ին մէջ, որոշ կեր­­պարներ կը դի­­մակա­­ւորեն իրենք զի­­րենք՝ ձե­­ւանա­­լով այլ ան­­ձեր, որ ու­­րի­­­շին աչ­­քին լաւ եւ ըն­­դունե­­լի թո­ւին։ Սա­­կայն իրա­­կանու­­թեան մէջ անոնք կը մնան նոյն թե­­րու­­թիւննե­­րով եւ ներ­­քին հա­­կասու­­թիւննե­­րով ան­­հատներ։
Դի­­մակը «ես»-ին եւ «ու­­րի­­­շի աչ­­քին երե­­ւացող ես»-ին մի­­ջեւ գո­­յացած բա­­ցը կը լրաց­­նէ։ Մարդ կը ստեղ­­ծէ այնպի­­սի կեր­­պարներ, որոնք աւե­­լի հեշտ կ՛ըն­­դունո­­ւին կամ «համ­­բաւ» կրնան շա­­հիլ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ։ Սա­­կայն այս երկդի­­մու­­թիւնը գին ու­­նի։ Մարդ որ­­քան հա­­րազատ զգայ իր դի­­մակ­­նե­­­րուն հետ, այնքան կը հե­­ռանայ իր ներ­­քին էու­­թե­­­նէն։ Ան կ՛ապ­­րի ոչ թէ այնպէս, ինչպէս կը զգայ, այլ այնպէս, ինչպէս պէտք է երե­­ւի։ Եր­­բեմն մարդ այնքան կը վար­­ժո­­­ւի իր նոր ինքնու­­թեան, որ կը մոռ­­նայ, թէ ո՛վ է ինք իրա­­կանու­­թեան մէջ։
Շատ ան­­գամ դի­­մակի մը ճեղ­­քե­­­րէն որոշ ճշմար­­տութիւններ կ՛ար­­տա­­­հոսին, մին­­չեւ դի­­մակին ծան­­րութիւ­­նը դառ­­նայ ան­­հանդուրժե­­լի, եւ ան ամ­­բողջո­­վին իյ­­նայ՝ ձգե­­լով ան­­ձը մերկ իրա­­կանու­­թեան առ­­ջեւ։ Հոս է, որ մարդ բա­­խում կ՛ու­­նե­­­նայ իր իրա­­կան «ես»-ին հետ։ Այս հան­­դի­­­պու­­մը ծանր է. դի­­մակին հետ կ՛իյ­­նայ նաեւ այն պատ­­րանքը, թէ պէտք է ու­­րիշ մէ­­կը երե­­ւինք՝ աւե­­լի ըն­­դունե­­լի եւ հա­­ճոյա­­լի դառ­­նա­­­լու հա­­մար։
Ար­­դեօք կա­­րելի՞ է ապ­­րիլ առանց դի­­մակի. հա­­ւանա­­բար ո՛չ ամ­­բողջո­­վին։ Անոնք ան­­խուսա­­փելի են կեան­­քի մէջ. այն պայ­­մա­­­նով, որ մարդ գի­­տակ­­ցի, թէ ե՞րբ եւ ին­­չո՞ւ կը կրէ զա­­նոնք։ Այս պա­­րագա­­յին, զա­­նոնք գի­­տակ­­ցա­­­բար օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լը եւ սե­­փական ինքնու­­թիւնը չկորսնցնե­­լը կեան­­քի հիմ­­նա­­­կան մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րէն մէկն է։ Այ­­լա­­­պէս, ինքնա­­խաբէու­­թիւնը կրնայ ժա­­մանա­­կաւո­­րապէս «հան­­գիստ» պատ­­ճա­­­ռել, իսկ հե­­տագա­­յին՝ ու­­նե­­­նալ բա­­ցասա­­կան անդրա­­դար­­ձեր։
Շատ մը փի­­լիսո­­փաներ կը հաս­­տա­­­տեն, թէ ճշմա­­րիտ ազա­­տու­­թիւնը եւ ներ­­քին խա­­ղաղու­­թիւնը կը սկսին այն պա­­հուն, երբ մարդ կը հրա­­ժարի ար­­տա­­­քին սահ­­մա­­­նումնե­­րէ կամ դի­­մակ­­նե­­­րէ եւ կը հա­­մար­­ձա­­­կի ըն­­դունիլ ինքզինք ինչպէս որ է։ Հոս է իրա­­կան սկիզ­­բը՝ երբ մարդ կը դադ­­րի դեր խա­­ղալէ եւ կը սկսի ապ­­րիլ ինքնա­­կամու­­թեամբ եւ խորք ու­­նե­­­ցող կեան­­քով։ Այստեղ կը ծա­­գի կա­­րեւոր հար­­ցում մը.
Ոչ թէ՝ «Ո՞վ եմ ես հի­­մա»,
Այլ՝ «Ո՞վ կը յանդգնիմ ըլ­­լալ առանց վա­­խի»։
Լի­­զա Բան­­ճարճեան Թել­վիզեան
Տուփ մը գան­գատ
Այս առ­տու նա­մակա­տու­փիս մէջ գտայ բազ­մա­թիւ գան­գատներ: Զար­մա­ցած՝ մէկ մէկ կար­դա­ցի: Ըն­թերցող­ներս եկեր, գան­գա­տեր են, թէ «գան­գատ» բա­ռի նո­ւիրո­ւած նա­խորդ յօ­դուածս ողո­ղուեր է մե­ղաւո­րի, գաղ­թա­կանի, վա­ղամե­ռիկի աղա­ղակող եւ դառն գան­գատնե­րով: Մի՛ տխրիք: Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ կան նաեւ աշու­ղի, բա­նաս­տեղծի քնա­րական գան­գատներ: Քաղցր են անոնք, սի­րային, նոյ­նիսկ ծի­ծաղա­շարժ: Այս գի­շեր, ու­րեմն, աւե­լի ու­րախ տրա­մադ­րութեամբ ամ­փո­փուինք մեր բազ­կա­թոռի մէջ, բա­ժակ մը գի­նի, -թէյ կամ սուրճ, ինչպէս որ կը նա­խընտրէք,- իր բոյ­րը ար­ձա­կէ սե­նեակի մէջ, ապա մենք յօ­դացա­ւը, գլխա­ցաւը, եւս առա­ւել հար­սի կամ ապե­րախտ որ­դիի պատ­ճա­ռած ցա­ւերը մոռ­ցած՝ ականջ տանք գրա­կան, թե­թեւ գան­գատնե­րու:
Ծօ՛, տղայ, չե՞ս մի ամչնար
Երա­նի քիչ մըն ալ մենք ու­նե­նայինք Քու­չա­կի կամ Սա­յաթ-Նո­վայի գան­գատնե­րէն: Խօսքս, յար­գե­լի ըն­թերցող, աշու­ղի սի­րային գան­գատնե­րու մա­սին է: Ճիշդ հինգհա­րիւր տա­րի առաջ, ահա քսա­նամեայ Նա­հապետն է, մեր «Քու­չակ» կո­չուած աշու­ղը, ճամ­բան ին­կեր է քա­ղաքի շու­կայ: Փո­ղոցէն վար կու գայ: Յան­կարծ, ի՜նչ բախ­տա­ւորու­թիւն, հե­ռուէն կը տես­նէ իր լու­սե­րես, արե­գակ­նա­փայլ սի­րածը: Գե­ղեցիկ պատ­կեր: Թուխ մա­զերը, սեւ աչ­քե­րը, կա­մար յօն­գե­րը սի­րուն են, փայ­լուն: Քու­չա­կը կը կան­չէ. «Արի՛ որ տես­նունք իրար ու գան­գատ անենք հետ իրար, / Արի՛ որ պագ­նեմ զա­չերդ, ու­նե­րուդ կա­րօտ չի մնամ»։ Աղ­ջի­կը աչ­քով նշան կու տայ. հա­մաձայն է, որ այդ գի­շեր սէր զրու­ցեն: Գի­շեր է: Աղ­ջի­կը մէկ ալ եկաւ: Աջ ձեռ­քը ու­նէր մոմ վա­ռած, ձախ ձեռ­քը՝ կար­միր գի­նի ապա­կի ամա­նի մէջ դրած: Ու­րախ էր, զո­ւարթ: Հա­ւանա­բար ըսաւ, «Քովդ եկած եմ հիւր: Ներ­գործեց քու սէրդ ին­ծի: Պա­ղատանքդ թող ըլ­լայ կա­տարո­ւած: Ու­տենք, խմենք, բոր­բո­քենք մեր սէ­րը վա­ռած»: Եւ եղաւ այդպէս. Կե­րան, խմե­ցին, եր­գե­ցին, խնդա­ցին: Բայց մեր Նա­հապե­տը, ան­փորձ տղայ, գի­նիին չա­փը ան­ցուց, գի­նով­ցաւ եւ քնա­ցաւ. Աղ­ջի­կը շատ տխրե­ցաւ, քիչ մըն ալ բար­կա­ցաւ: Այդ գի­շեր, սէ­րը մնաց անա­ւարտ: Իսկ մե­զի մնաց չորս տող ոտա­նաւոր՝ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ամե­նէն ծի­ծաղա­շարժ երկխօ­սու­թիւննե­րէն մէ­կը. «Գի­շերս ես գի­նով էի, քիչ մի քուն կար ի յիմ գլխիս. / Գլուխս դրի բար­ձին, լօք եկեր խօշ եարն ի քո­վիս. / Երեսն երե­սիս քսեց ու գան­գատ անէր իմ սրտիս՝ / Ծօ՛, դուն չ՞ես մի ամչնար, սի­րոյ տէր եւ ի քո՞ւն կու լի­նիս»։
Ծո­ցիդ նու­ռե­րուն չտի­րացայ
Սա­յաթ Նո­վան ալ ու­նէր գան­գա­տելու բա­զում պատ­ճառներ: Աշու­ղը «Ի՞նչ զար­բաբ իմ» եր­գի մէջ մա­նիշա­կի, վար­դի կա­րօտ եմ, ըսաւ, սա­զը ձեռ­քիս գի­շեր ու ցե­րեկ քեզ կը կան­չեմ, ըսաւ, չի­մացա՞ր, խե­լաքար եմ, ըսաւ, եկո՛ւր, ականջ տուր, ցաւս լսէ, ըսաւ, ապա, որո­շեցի՛, ըսաւ, այս գի­շեր մօտդ կու գամ. «Էս գի­շեր քի մօտ իմ գա­լու»: Բայց, այդ գի­շեր, Սա­յաթ Նո­վան գան­գա­տեցաւ, թէ, ցա­ւօք դեռ չէ տի­րացած իր սի­րածի ծո­ցին. «Սա­յաթ-Նո­վեն գան­գատ ու­նէ…, / Ծո­ցիտ պա­հած ջուխտ նռնե­րուն հաս­նե­լու մէ դուռ չգտայ»: Սա­յաթ-Նո­վան «ծոց-նուռ» փո­խաբե­րու­թիւնը գոր­ծա­ծեց սի­րելիի գե­ղեց­կութիւ­նը, երի­տասար­դութիւ­նը եւ կա­նացիու­թիւնը շեշ­տե­լու՝ իր հիացու­մը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար: Կը յի­շէ՞ք, Յով­հաննէս Շի­րազն ալ ներ­կա­յացուց նոյն գան­գա­տը. «Բայց մի գան­գատ ու­նի կեանքս` այն, որ ինձ մի վարդ չտո­ւին»:
Միջ­պե­տական գան­գատ
Սի­րային «գան­գատնե­րը» հա­ճելի են լսել, մա­նաւանդ եթէ հին են անոնք եւ կը պատ­կա­նին ու­րի­շին: Բայց, գի­տեմ, ազ­գիդ մե­րօրեայ քա­ղաքա­կան ձա­խողու­թիւննե­րը ցաւ կը պատ­ճա­ռեն քե­զի: Քու թոյլտո­ւու­թեամբդ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը փա­փաքիմ քա­ղաքա­կան գան­գա­տի մա­սին եր­կու խօսք աւելցնել յօ­դուա­ծիս վրայ…: Կը յի­շէ՞ք, կէս տաս­նա­մեակ մը առաջ «գան­գատ» բա­ռը հայ­կա­կան մա­մու­լի առա­ջին էջե­րու վրայ կը յայտնո­ւէր: Այդ լու­րե­րը ժա­մանա­կավ­րէպ են այ­լեւս, սա­կայն ես պա­հեր եմ բո­լորը եւ որ­պէս մեր հին գան­գատնե­րու վկա­յու­թիւն կը փա­փաքիմ քա­նի մը հա­տը վե­րահ­րա­տարա­կել. «Հա­յաս­տանն առա­ջին ան­գամ միջ­պե­տական գան­գատ է ներ­կա­յաց­րել ՄԻԵԴ», «6 ռազ­մա­գերու մա­սով Հա­յաս­տա­նը գան­գատ է ներ­կա­յաց­րել», «Հա­յաս­տա­նը Ար­դա­րադա­տու­թեան Մի­ջազ­գա­յին Դա­տարա­նին մէջ գան­գատ ներ­կա­յացու­ցած է», «Հա­յաս­տա­նի գան­գա­տը՝ Հաագա­յի դա­տարան», «Հա­յաս­տա­նը Եւ­րա­դատա­րան է ներ­կա­յաց­րել 2-րդ միջ­պե­տական գան­գա­տը»: Եթէ կը կար­ծէք, թէ այդ գան­գատնե­րը ի զուր էին, լսող չե­ղաւ՝ ականջ տո­ւէք Յով­հաննէս Շի­րազին. «Ես բո­ղոքում եմ, իրա­ւունք ու­նեմ գան­գատ գրե­լու ամ­բողջ աշ­խարհին, / Որ հա­յոց հո­ղը ետ վե­րադարձո­ւի եւ տրո­ւի պան­դուխտ, տա­ռապող հա­յին»:
Կե­սու­րը կը գան­գա­տի
Յար­գե­լի ըն­թերցող, ժա­մանա­կը եկած է, որ այ­լեւս դադ­րինք գան­գա­տելէ եւ մենք մեր կեան­քը բա­րելա­ւենք: Լա­ւագոյն մի­ջոց­նե­րէն մէ՞կը. սէր եր­գել, ան­շուշտ: Կ’առա­ջար­կեմ, որ մենք նախ լսենք Գու­սան Ծո­վեանի խրա­տը, թէ ա՛ն որ սի­րոյ տէր է, պի­տի հան­դուրժի անոր ոս­կե­թել նա­զերուն. «Ծո­վեան գան­գատ մի՛ անիր, շատ սի­րու­նը նազ կ’ու­նե­նայ, / Եարին տան­ջա­մահ անող ոս­կե­թել մազ կ’ու­նե­նայ»: Իսկ հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տի մէջ գան­գա­տի զո­ւար­ճա­լի պատ­ճառ է հարս ու կե­սու­րի հա­կամար­տութիւ­նը.
Միշտ եր­գե­րի մէջ հար­սին են գո­վում,
Խեղճ կե­սուրնե­րին ծաղ­րում, փնո­վում։
Եր­գե­րու մէջ, ինչպէս հէ­թիաթ­նե­րու, «սկե­սու­րը» միշտ դժգոհ է հար­սէն, կը գան­գա­տի անոր պա­հուած­քէն, տնտես­վա­րու­թե­նէն կամ անհնա­զան­դութե­նէն.
Ախր ես ինչպէս գովք անեմ հար­սիս
Եկել է աման նստել է վզիս։
Աւե­լին, կե­սու­րը կը գան­գա­տի, որ հար­սը «փնթփնթա­լով» գործ կ’ընէ, տու­նը կո­կիկ չի պա­հեր եւ գաղտնօ­րէն կ’ու­տէ: Այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք ամ­փո­փենք «գան­գատ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը ու­րախ կա­տակեր­գով, աւե­լի ճիշդ՝ գան­գա­տով: Աշուղ Ռու­բիկ, «Սկե­սու­րի գան­գա­տը».
Թող­նես օր­նի­բուն եր­գի ու խա­ղայ,
Գոր­ծի ձեռք չի տայ ոնց որ մի աղայ։
Էն­քան էլ թամ­բալ, էն­քան էլ փնթի,
Ոչ ճաշ կ’եփի, ոչ աման կը լո­ւայ:
Կարճ դեյ­րեն հա­նում շալ­վար է հագ­նում,
Հա­զար ու մի գոյն երե­սը ներկում։
ՄԵԹԷ ՀԱԹԱՅ
Հայոց Կիպ­րո­սի մէջ գո­յու­թիւնը շատ հին ան­ցեալ մը ու­նի։ Հա­յեր Կիպ­րո­սի մէջ բնա­կած են նոյ­նիսկ Բիւ­զանդա­կան շրջա­նին։ Սա­կայն այ­սօր կղզիաբ­նակ հա­յոց մե­ծամաս­նութիւ­նը Մեծ Եղեռ­նէն մա­զապուրծ փրկո­ւած եւ անգլիական վար­չա­կար­գի են­թա­կայ Կիպ­րոս հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու շա­ռաւիղ­ներն են։ Ի դա­րու առա­ջին քա­ռոր­դին կղզին իրենց հա­մար աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուած մը ըլ­լա­լէ աւե­լի՝ գո­յու­թիւնը պա­հելու վեր­ջին կան­գա­ռը եղած էր։
Հե­տաքրքրա­կան է, այդ տա­րեթի­ւերուն կղզի եկող հա­յերու մե­ծամաս­նութիւ­նը թրքա­խօս էին։ Ալ աւե­լի հե­տաքրքրա­կան է, որ անոնք բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեցին թրքա­կան թա­ղերու կամ գիւ­ղե­րու մէջ։ Հո­գեբա­նական ցնցումնե­րը եր­բեմն մար­դիկ իրար­մէ կը հե­ռաց­նեն, եր­բեմն ալ ընդհա­կառա­կը կը պա­տահի։ Ահա այդպի­սին էր կիպ­րա­ցի թուրքե­րուն եւ հա­յերուն յա­րաբե­րու­թիւնը։ Մէկ կող­մէ կո­տորած­նե­րէն փրկո­ւած մար­դիկ, իսկ միւս կողմ անգլիական տի­րապե­տու­թեան տակ սփիւռքի վե­րածո­ւած եւ նոր պայ­մաննե­րուն յար­մա­րելու ձգտող փոք­րիկ հա­մայնք մը։ Այս հան­դի­պու­մը կղզիի մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ թէեւ ան­ձայն, բայ խոր հետ­քեր թո­ղուց։
Կիպ­րո­սի թուրքե­րու երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանի փո­ղերա­խումբը կազ­մող եւ այդ երա­խանե­րուն բազ­մա­ձայն երաժշտու­թեան ճա­շակը նե­րառո­ղը Պե­տելեանն էր։
Կի­ներու ալ բեմ ելած առա­ջին թրքե­րէն բե­մադ­րութիւննե­րը կա­տարո­ղը հա­յոց թա­տերա­խումբն էր։ Կղզիի թրքե­րէն առա­ջին թեր­թի հրա­տարա­կիչը եւ խմբա­գիրն ալ Սա­րաֆեանն էր։ Սա­րաֆեան նաեւ թուրք ազ­գա­յին գրա­կանու­թեան ռահ­վի­րանե­րէն Նա­մըք Քե­մալի բա­րեկամն է։
Եթէ ու­զէք բնաւ չանդրա­դառ­նամ խո­հանո­ցի մշա­կոյ­թին։ Այ­սօր մե­րը կը հա­մարենք լահ­մա­ճոն, տէօնե­րը, պաս­տուրման, աղա­ցած մի­սով պատ­րաստո­ւած քէ­պապը եւ տա­կաւին բա­զում ճա­շատե­սակ­ներ, բո­լորին հիմ­քին մէջ հա­յոց հետ­քե­րուն կը հան­դի­պինք։
Նոյ­նը կա­րելի է թո­ւել ար­հեստնե­րու հա­մար եւս։ Լու­սանկար­չութիւ­նը, դեր­ձա­կու­թիւնը, ոս­կերչու­թիւնը, ատաղ­ձա­գոր­ծութիւ­նը եւ տա­կաւին բա­զում ար­հեստներ հայ վար­պետնե­րու ձե­ռամբ փո­խան­ցուեցան կիպ­րա­ցի թուրք աշ­կերտնե­րուն։ Հե­տեւա­բար այս պա­տու­մը լոկ փոք­րա­մաս­նութեան մը մա­սին չէ, ան նաեւ մաս­նիկն է կիպ­րա­ցի թուրք հա­սարա­կու­թեան ար­դիակա­նաց­ման ջան­քե­րուն։
Թէ ին­չո՞ւ անդրա­դար­ձայ այս նիւ­թին։
Այս տա­րի աւե­րակի վե­րածո­ւած Սուրբ Մա­կար Վան­քի ուխտագ­նա­ցու­թեան հա­մար նախ ար­տօ­նու­թիւն տրո­ւելու եւ ապա վեր­ջին պա­հուն այդ ար­տօ­նու­թիւնը չե­ղար­կե­լու մա­սին լրատ­ւութիւ­նը դրդեց որ գրեմ այս նիւ­թով։
Գի­տէինք որ վան­քը կա­յուն պա­հելու հա­մար հայ հա­սարա­կու­թիւնն ալ դրա­մահա­ւաք կա­տարած եւ վե­րանո­րոգու­թեան մաս­նակցած էր։ Մարդ ակա­մայ կը տա­րուի մտա­ծելու, յա­ճախ «Կը գրկենք բո­լորին» ըսող խօ­սոյ­թը կղզիի պատ­մա­կան ժո­ղովուրդնե­րէն մէ­կուն կրօ­նական եւ մարդկա­յին ուխտագ­նա­ցու­թեան հա­մար ին­չո՞ւ հա­մար այսքան վե­րապահ,այսքան ան­հանդուրժո­ղական կը գտնո­ւին։ Մա­նաւանդ երբ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը Թու­ֆան Էր­հիւրմանն է մարդ բնա­կանա­բար աւե­լի տար­բեր մեր­ձե­ցում մը կը սպա­սէ։
Միայն արա­րողու­թիւննե­րու ըն­թացքին բազ­մամշա­կու­թա­յին յատ­կութիւննե­րը փա­ռաբա­նելը այդքան ալ մեծ նշա­նակու­թիւն մը պի­տի չու­նե­նայ եթէ պէտք եղած պա­հուն այդ բազ­մամշա­կու­թա­յին կա­ռոյ­ցը ցո­լաց­նող գոր­ծունէու­թիւննե­րէն խու­սա­փինք։ Երբ մէկ կող­մէն ակա­նատես կ՚ըլ­լանք Հա­յաս­տան-Թուրքիա մեր­ձեցման գոր­ծընթա­ցի մը ի՞նչ շահ կ՚ակնկա­լուի նման ար­գելքով։ Այս մա­սին ի՞նչ կը մտա­ծէ Կիպ­րո­սի Թրքա­կան Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը։ Ի՞նչ կը մտա­ծեն քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը։ Եւ այե­լի կա­րեւոր հար­ցադրու­մը՝ այս կղզին ան­ցեալի վա­խերով պի­տի շա­րու­նա­կէ՞, թէ ոչ հա­մատեղ կե­ցու­թեան փորձ ու­նե­ցող ժո­ղովուրդնե­րու յի­շողու­թեան յար­գանք պի­տի ցու­ցա­բերէ։ Երբ մենք յար­գանք կը սպա­սենք, ինչպէ՞ս կրնանք բա­ցատ­րել ու­րի­շի հան­դէպ այս անի­մաստ դժկա­մու­թիւնը։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Այս ան­գամ ու­ղի­ներու ժա­պաւէ­նը եր­կաթգծի մի­ջոցաւ մեզ կը տա­նին դէ­պի երկրի ներ­քին շրջան­նե­րը։ Այս ան­գամ հրա­ւէրը եկած էր Էս­քի­շեհի­րէն։ Վա­ղեմի բա­րեկամ­ներ կ՚ու­զեն մեր մի­ջոցաւ լսել հա­յոց պատ­մութեան մա­նաւանդ ալ, հայ մշա­կոյ­թի առանձնա­յատ­կութիւննե­րու մա­սին։
Հրա­ւիրող­նե­րը որ­քան ալ ծա­նօթ ըլ­լան պատ­կե­րացում մը չու­նինք թէ Էս­քի­շեհիր հաս­նե­լով որո՞նց հետ պի­տի շփո­ւինք։ Մեզ ու­ղեկցող­ներ հպար­տութեամբ կը պատ­մեն թէ շնոր­հիւ քա­ղաքի բազ­մա­մեայ քա­ղաքա­պետ՝ Եըլ­մազ Պիւ­յիւքէրշե­նի քա­ղաքը աճած, ընդլայ­նած, բազ­մա­ցած եւ զար­գա­ցած է առանց կորսնցնե­լու իր պատ­մա­կան դի­մագի­ծը։
Մեզ հիւ­րընկա­լող «Աւ­լու Սա­նաթ» միու­թիւնը քա­ղաքի պատ­մա­կան Օտուն Բա­զարը թա­ղին մէջ է, որ նաեւ ծա­նօթ է հա­յոց թա­ղամաս կո­չու­մով։
Այստեղ բա­ցար­ձա­կապէս չենք հան­դի­պիր բազ­մա­յարկ շէն­քե­րու։ Ընդհան­րա­պէս երկյար­կա­նի, եր­բեմն ալ եռա­յարկ շէն­քե­րը խնամ­քով նո­րոգո­ւած են առանց զո­հելու իրենց եր­բեմնի տես­քը։
Քա­ղաքի կեդ­րո­նը՝ ուր իջե­ւանած էինք նաեւ մենք, օժ­տո­ւած է գե­ղեցիկ մտայ­ղա­ցումնե­րով։ Փոր­սուք գե­տի վրայ կը շրջին կոն­տոլներ, գո­յաց­նե­լով Վե­նետի­կեան տպա­ւորու­թիւն մը։ Ան­դին կը գոր­ծէ հան­րա­կառք եւ բո­լորի հա­մադ­րումը կը պար­զէ ար­դիաշունչ քա­ղաքի մը տպա­ւորու­թիւնը։
Էս­քի­շեհիր ծա­նօթ է նաեւ ու­սա­նող­նե­րու քա­ղաք ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով։ Շնոր­հիւ Անա­տոլու Հա­մալ­սա­րանի բա­զում երի­տասար­դութիւն կը վա­յելեն այս չքնաղ քա­ղաքի ըն­ձե­ռած յար­մա­րու­թիւններն ու գե­ղեց­կութիւննե­րը։ Քա­ղաքի աժ­մու բնա­կիչ­նե­րը ընդհան­րա­պէս գաղ­թա­կան­ներ են, մե­ծաւ մա­սամբ թա­թար թուրքեր եւ չեր­քէզնե­րու տար­բեր ցե­ղախումբեր։ Կան նաեւ մեծ թի­ւով Պալ­քա­նեան թե­րակղզիէն գաղ­թած ժո­ղովուրդ։ Եթէ ոչ բո­լորին, գո­նէ մեզ շրջա­պատող զան­գո­ւածին հա­մար կրնանք ըսել թէ խիստ հե­տաքրքիր են իրենց ապ­րած տա­րած­քի պատ­մա­կան ան­ցեալով։
Այդ ու­շադրու­թեան իբր հե­տեւանք, անոնք կազ­մա­կեր­պե­ցին դէ­պի Սիվ­րի­հիսար շրջա­գայու­թիւն մը, որ­պէսզի տես­նենք տեղ­ւոյն Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեցին։
1881-ին կա­ռու­ցո­ւած այս եկե­ղեցին իր դիր­քով, ծա­ւալով ու վե­րանո­րոգո­ւած տես­քով իս­կա­պէս ալ հմա­յիչ է բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րու հա­մար։ Մե­զի հա­մար կա­րելի չե­ղաւ Սուրբ Եր­րորդու­թեան Եկե­ղեց­ւոյ ներքնա­մասը տես­նել, քա­նի որ մուտքի դռնե­րը փակ էին ու կղպո­ւած։ Բայց այդ երե­ւոյ­թը ար­գելք չէր եղած, որ եկե­ղեցին ու­նե­նար այ­ցե­լու­ներ, որոնք կը գո­հանա­յին եկե­ղեց­ւոյ շքեղ տես­քը դի­տելով։
Սիվ­րի­հիսա­րի քա­ղաքա­պետու­թիւնը շատ տե­ղին որո­շու­մով մը եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­պակած սա­րալան­ջի տա­րած­քը վե­րածած էր քան­դակնե­րու թան­գա­րանի մը։ Հոն քան­դա­կուած էին թրքե­րէն գրա­կանու­թեան ժա­մանա­կակից հե­ղինակ­ներ եւ այլ ար­հեստա­գէտ­նե­րու ար­ձաններ։
Առա­ջին հեր­թին տրո­ւած բա­ցատ­րութիւ­նով կ՚ըսո­ւէր թէ եկե­ղեցին փակ է, որով­հե­տեւ վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Բայց պար­տինք ընդգծել թէ նման աշ­խա­տան­քի մը գո­յու­թիւնը պար­զող ոչինչ կար մեր տե­սադաշ­տին մէջ։ Ըստ երե­ւոյ­թի եկե­ղեցին ար­տա­քինով բա­րեկար­գո­ւած էր, բայց ներ­քին գոր­ծա­ծու­թեան մա­սին յստակ որո­շում մը ցարդ չէր գո­յացած։
Մենք ար­դէն եր­կու ինքնա­շարժնե­րով հա­սած էինք Սիվ­րի­հիմար, ուր մե­զի միացան եւս եր­կու ինքնա­շարժնե­րով տեղ հա­սած երի­տասարդ ակա­դեմա­կան­ներ։ Անոնք լաւ պատ­րաստո­ւած մտա­ւորա­կան­ներ էին նաեւ, որոնց հետ ու­նե­ցանք հա­ճելի զրոյց Սուրբ Եր­րորդու­թեան շրջա­փակին։
Նոյն օր այ­ցե­լեցինք Սա­քարիա գե­տի ակը, ուր եւս հան­դի­պեցանք մեզ հրա­ւիրող­նե­րու բա­րեկամ­նե­րուն։ Նշեմ թէ իւ­րա­քան­չիւր հան­դի­պում մե­զի հա­մար կը դառ­նար նոր ու­րա­խու­թիւն մը, քա­նի կը ծա­նօթա­նայինք գա­ղափա­րակից յա­ճախ ալ տա­րեկից ան­ձանց հետ։ Քա­նի կը ծա­ւալէր զրոյ­ցը, ալ աւե­լի կը պար­զուէր մեր մի­ջեւ հա­սարա­կական միտ­քերն ու ճա­շակ­նե­րը։ Մերթ հրճո­ւան­քով, մերթ թա­խիծով կը յի­շատա­կէինք ան­ցեալէն ժա­ռան­գո­ւած բազ­մաբնոյթ դէպ­քեր։ Մե­զի հա­մար խիստ տպա­ւորիչ էր, երբ կը խօ­սէինք «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րու ժա­մանակ վայ­րա­գօրէն սպա­նուած Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի մա­սին։
Մեր զրու­ցա­կից­նե­րը երի­տասարդ ու­սա­նողի մա­հէն ետք այ­ցե­լած էին անոր ըն­տա­նիքը, ծննդա­վայր Ան­թա­քիոյ մէջ եւ մին­չեւ այ­սօր կը տա­ռապին իրենց քա­ղաքի մէջ նման ոճի­րի մը գոր­ծուելուն ամօ­թէն։
Եր­րորդ օրը՝ 9 Մա­յիս շա­բաթը, վե­րապա­հուած էր մեր ելոյ­թին։ Տրո­ւած ըլ­լա­լով թէ հան­դիպման վայ­րը սահ­մա­նափակ տա­րողու­թիւն ու­նէր, կազ­մա­կեր­պիչնե­րը խու­սա­փած էին ընդհա­նուր հրա­ւէրի կո­չերէ։ Փո­խարէ­նը՝ անուն առ անուն ճշդո­ւած զան­գո­ւածը հրա­ւիրած էին մեզ լսե­լու։
Լսա­րանին մէջ նոյ­նիսկ կա­յին ան­ձեր, որոնք առա­ւօտո­ւայ գնաց­քով եկած էին Էս­քի­շեհիր, այս մի­ջոցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւելու եւ ապա իրի­կուան գնաց­քով ալ վե­րադար­ձան դէ­պի Պո­լիս։
Զրու­ցա­վար Զէ­քի Փա­րալը մեր նա­խորդ գիր­քե­րէն քա­ղած հար­ցումնե­րով ուղղու­թիւն տո­ւաւ ժո­ղովին։ Ան հե­տաքրքիր էր լսե­լու Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի թէ՛ մօտ ան­ցեալի, թէ պատ­մա­կան ժա­մանակ­նե­րու եւ թէ ներ­կա­յի մար­տահրա­ւէր­նե­րու մա­սին։
Սա­կայն զրոյ­ցը յա­ճախ դուրս եկաւ այդ սահ­մա­նումնե­րէն, անդրա­դարձներ բե­րելով Հա­յաս­տան-Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, ժո­ղովուրդնե­րու հա­մակե­ցու­թեան հետզհե­տէ հա­մաշ­խարհա­յին խնդիր­նե­րու սահ­մաննե­րը հա­տելով։
Իբ­րեւ եզ­րա­կացու­թիւն կա­րելի է ըսել թէ շատ դրա­կան տպա­ւորու­թիւննե­րով վե­րադար­ձանք տուն, ըստ երե­ւոյ­թի մեր ետեւ թո­ղելով նաեւ նոյնքան դրա­կան տպա­ւորու­թիւն։
Քա­նի որ կազ­մա­կեր­պիչնե­րը ապա­հոված էին մեր պատ­մո­ւածքնե­րը բո­վան­դա­կող կամ մե­զի հետ կա­տարո­ւած եր­կա­րաշունչ հար­ցազրոյց նե­րառող հա­տոր­ներ, աւար­տին հար­կադրո­ւեցանք սոյն գիր­քե­րը մա­կագ­րե­լու։
Ու­շագրաւ է որ ներ­կա­ներէն ոմանք գնե­ցին մեր «Պան­դուխտ Եր­գեր» հա­յերէն գիր­քը եւ խնդրե­ցին այդ մէ­կը ստո­րագ­րել հա­յերէն լե­զուով։
Կի­րակի ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն հրա­ժեշտ առինք մեր սի­րելի բա­րեկամ­նե­րէն, կրկին հան­դի­պելու մաղ­թանքներ փո­խանա­կելով։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Ստեղծա­գոր­ծութիւննե­րը Միացեալ Նա­հանգնե­րու, Գեր­մա­նիոյ, Ֆրան­սա­յի, Իս­պա­նիոյ, Անգլիոյ, Ռու­սիոյ, Գա­նատա­յի, Վրաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Իրա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ւոր հա­ւաքա­ծոնե­րուն մէջ գտնո­ւող Ապ­րե­սեանի գոր­ծե­րը կրկին Թուրքիոյ մէջ է։
Գուզկունճու­քի IMOGA ART SPACE-ը, 9-30 Մա­յիս 2026 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ կը ՚հիւ­րընկա­լէ Արծրուն Ապ­րե­սեանի «Ճամ­բորդու­թիւն» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը, որուն կու­րա­տորու­թիւնը կը ստանձնէ Պայ­քար Տե­միր։
Քա­ղաքա­յին եւ գիւ­ղա­կան բնան­կարներ, կեն­դա­նական կեր­պարներ եւ փոքր խորհրդան­շա­կան ման­րա­մաս­նութիւններ՝ արո­ւես­տա­գէտը դի­տողը կը տա­նի բաց ծայ­րով տե­սողա­կան պատ­մա­խօսու­թեան մը մէջ։ Ան առա­ջին ան­գամ 2014 թո­ւակա­նին, Թուրքիոյ կա­յանա­լիք իր առա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սի առի­թով այ­ցե­լած էր «Ակօս»ի խմբագ­րա­տուն։ Մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կուող բա­րեկա­մու­թեան առա­ջին քայ­լե­րը, այն օր նե­տուե­ցաւ ու այժմ կա­րօտով կը սպա­սենք իր նո­րանոր ան­տիպ աշ­խա­տու­թիւննե­րը։ Զինք հոս չկրցանք տես­նել, սա­կայն խնդրե­ցինք որ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար քա­նի մը հար­ցեր պա­տաս­խա­նէ։
Դուք կրկին մղած էք ձեր աշ­խարհի սահ­մաննե­րը՝ երա­զի ու իրա­կանու­թեան արան­քին։ Կրկին թռչող մարդկանց ու­րա­խու­թիւնը ինձ ին­ձա­նից խլեց։ Այս ան­գամ, ցա­ւօք, չկա­րողա­ցանք տես­նել ձեզ։ Քա­նի՞ կտա­ւով Իս­թանպուլ հա­սած էք։
Ող­ջոյն։ Ու­րախ եմ այս զրոյ­ցի հնա­րաւո­րու­թեան հա­մար։ Ափ­սոս, որ այս ան­գամ Իս­թանպուլ չեմ եւ չկրցայ ան­ձամբ հիւ­րընկա­լուիլ ար­դէն հա­րազատ դար­ձած «Ակօս»-ի խմբագ­րութեան մէջ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացո­ւած է 13 կտաւ։ Թէ­պէտ ինքս ֆի­զիկա­պէս ներ­կայ չեմ, ու­րախ եմ, որ աշ­խա­տանքներս կը շա­րու­նա­կեն իրենց ճա­նապար­հորդու­թիւնը եւ կը հան­դի­պին արո­ւես­տա­սէր­նե­րուն։
Եկէք մի փոքր խօ­սինք այս ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու աշ­խա­տան­քա­յին փու­լի մա­սին։ Քա­նի՞ տա­րուայ ըն­թացքին պատ­րաստո­ւեցաւ «Ճամ­բորդու­թիւնը»։ Այս ըն­թացքին «Ճամ­բորդու­թիւն» անու­նով ներ­կա­յացո­ւած գոր­ծե­րէն բա­ցի, ար­դեօք աշ­խա­տա՞ծ էք այլ թե­մանե­րով, այլ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու վրայ։
Իմ վեր­ջին ան­հա­տական ցու­ցա­հան­դէ­սը 2023 թո­ւակա­նի Ապ­րի­լին էր, որ­մէ ետք շա­րու­նա­կած եմ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանքս առանց դա­դարի։ «Ճամ­բորդու­թիւն» ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացո­ւած աշ­խա­տանքնե­րը ստեղ­ծո­ւած են վեր­ջին մէկ տա­րուայ ըն­թացքին։ Այդ ըն­թացքին, ի հար­կէ, աշ­խա­տած եմ նաեւ այլ գա­ղափար­նե­րու ու թե­մանե­րու շուրջ, բայց այս շար­քը իր ներ­քին տրա­մաբա­նու­թեամբ ու զգա­յական ամ­բողջու­թեամբ առանձնա­ցաւ եւ ձե­ւաւո­րուե­ցաւ որ­պէս ինքնու­րոյն ցու­ցա­հան­դէս։
Ձեր գրե­թէ բո­լոր նկար­նե­րուն մարդկանց կող­քին կեն­դա­նիներն ալ տեղ կը գտնեն։ Կրնա՞նք մի փոքր խօ­սիլ ձեր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն մէջ տեղ գտած մարդկանց եւ կեն­դա­նիի հա­մատեղ ներ­կա­յու­թեան մա­սին։ Գլխարկներն ու հա­գուստնե­րը ինձ կը յի­շեց­նեն թա­գաւո­րական դի­մաւո­րու­թիւննե­րուն տի­րող շքե­ղու­թիւնը։ Իսկ ձեզ հա­մար ի՞նչ կ՚ար­տա­յայ­տեն անոնք։
-Եթէ նկա­տած էք, իմ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը հիմ­նա­կանին տղա­մար­դու եւ կնոջ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, անոնց ներ­քին կա­պի ու փո­խադարձ ներ­կա­յու­թեան մա­սին են։ Կեն­դա­նինե­րը եւ միւս առար­կա­ները յա­ճախ լրաց­նող դեր ու­նին, սա­կայն անոնք պար­զա­պէս դե­կորա­տիւ տար­րեր չեն։ Անոնք իմ գե­ղագի­տական աշ­խարհի կա­րեւոր մա­սերն են, որոնք կ՚օգ­նեն ստեղ­ծել տրա­մադ­րութիւն, խո­րաց­նել պատ­մութիւ­նը եւ ընդգծել կեր­պարնե­րու ներ­քին վի­ճակ­նե­րը։
Ինչ կը վե­րաբե­րի գլխարկնե­րուն ու հա­գուստնե­րուն, անոնք ինձ հա­մար նոյնպէս կա­րեւոր ար­տա­յայտչա­միջոց­ներ են։ Անոնք եր­բեմն թա­տերա­կանու­թիւն, իսկ եր­բեմն ալ կեր­պարնե­րուն ժա­մանա­կակից ու իրա­կանու­թիւնէն դուրս մի առանձնա­յատուկ ներ­կա­յու­թիւն կու տան։
Ձեր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը կը ցու­ցադրո­ւին տաս­նեակ երկրնե­րուն մէջ։ Ար­դեօք վեր­ջին հինգ տա­րինե­րուն, Գուզկունճու­քի IMOGA Art Space-էն բա­ցի, ար­տերկի­ներու մէջ ցու­ցա­հան­դէսներ կազ­մա­կեր­պած էք։
Այս պա­հին բա­ցառա­պէս IMOGA Art Space-ին է վե­րապա­հուած ներ­կա­յաց­նել իմ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը։ Անոնք իմ աշ­խա­տանքնե­րը ներ­կա­յացու­ցած են արո­ւես­տի տօ­նավա­ճառ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին տար­բեր հար­թակնե­րու մէջ, որուն շնոր­հիւ նկար­ներս հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են հան­դի­պելու տար­բեր երկրնե­րու արո­ւես­տա­սէր­նե­րու հետ։
Կը ցան­կա­նայի հարցնել, թէ ին­չո՞ւ ձեր ցու­ցա­հան­դէ­սը անո­ւանած էք «Ճամ­բորդու­թիւն» անու­նով։ Ձեր երա­զի ու իրա­կանու­թեան արան­քին ան­սահման ճամ­բորդու­թիւնը ար­դէն ամէն ան­գամ կը զար­մացնէ Արծրուն Ապ­րե­սեանի սի­րահար­նե­րուն։ Սա­կայն յատ­կա­պէս ին­չո՞ւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը անո­ւանած էք «Ճամ­բորդու­թիւն»։
«Ճամ­բորդու­թիւն» անո­ւանու­մը ծնած է իմ եւ ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­մադ­րող Պայ­քար Տե­միրի քննար­կումնե­րու ըն­թացքին։ Այդ գա­ղափա­րը յե­տագա­յին շատ գե­ղեցիկ ձե­ւակեր­պո­ւեցաւ Մե­րի Թեք Տե­միրի գրած թեքսթի մէջ, որ խո­րու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ ցու­ցա­հան­դէ­սի ներ­քին իմաստն ու տրա­մադ­րութիւ­նը։ Կը ցան­կա­նայի, որ դի­տող­նե­րը ան­պայման ըն­թերցեն այդ թեքսթը, որով­հե­տեւ կը կար­ծեմ՝ այնտեղ կա­րելի է գտնել նաեւ ձեր հար­ցի ամե­նաճշգրիտ պա­տասխանը։
Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի՝ ընտրար­շա­ւի ըն­թացքին Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի ական­ջին շշնջա­ցած «Թուրքե­րը այ­սօր կ՚բա­նան» խօս­քե­րը, որոնք բաց մնա­ցած խօ­սափո­ղի պատ­ճա­ռով լսո­ւեցան, շա­տերու կող­մէ մեկ­նա­բանո­ւեցան որ­պէս 33 տա­րիէ ի վեր փակ Ալի­ճան/Մար­գա­րա սահ­մա­նային ան­ցա­կէտի բա­ցում։ Սա­կայն քիչ ետք Փա­շինեան յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ ըսե­լով, որ Միր­զո­յեան իրեն լուր փո­խան­ցած էր, թէ Թուրքիա-Հա­յաս­տան առեւ­տուրի փաս­տաթղթա­ւոր­ման կարգ ըն­թացնե­րուն մէջ փո­փոխու­թիւն կա­տարո­ւած է, եւ այժմ Թուրքիայէն ապ­րանքնե­րու «ուղղա­կիօրէն» Հա­յաս­տան ղրկո­ւելու ճամ­բան հար­թո­ւած է։
Այս առա­ւօտ Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան խօս­նակ Էօն­ճու Քե­չելի X հա­շուէն յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ՝ հաս­տա­տելով զար­գա­ցումնե­րը։ Քե­չելիի յայ­տա­րարու­թիւնը հե­տեւեալն է.
«Մեր Երկրի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի առեւ­տուրի մեկ­նարկի մա­սին. Հա­յաս­տա­նի հետ 2022 թո­ւակա­նէն ի վեր շա­րու­նա­կուող կար­գա­ւոր­ման գոր­ծընթա­ցի շրջա­նակին մէջ կա­տարո­ւած վստա­հու­թիւն ամ­րապնդող քայ­լե­րու կար­գով, մեր երկրի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի առեւ­տուրի մեկ­նարկին վե­րաբե­րող թղթա­բանա­կան նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը Մա­յիս 11, 2026-ի դրու­թեամբ աւար­տին հա­սած են։ Եր­կու եր­կիրնե­րու ընդհա­նուր սահ­մա­նի բաց­ման ուղղու­թեամբ անհրա­ժեշտ տեխ­նի­կական եւ թղթա­բանա­կան աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կեն­սա­գոր­ծո­ւած նոր կար­գա­ւոր­ման շնոր­հիւ, Թուրքիայէն եր­րորդ եր­կիր մը եւ ան­կէ Հա­յաս­տան ու­ղե­ւորուող, կամ նոյն եր­թուղիով եկող ապ­րանքնե­րու վերջնա­կան ժա­ման­ման կամ մեկնման կէ­տին «Հա­յաս­տան/Թուրքիա» գրե­լը հնա­րաւոր դար­ձած է։ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման ամ­րապնդման ուղղու­թեամբ ձեռք ձգո­ւած պատ­մա­կան հնա­րաւո­րու­թեան լոյ­սին տակ, Թուրքիա կը շա­րու­նա­կէ ներդրում կա­տարել տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նի եր­կիրնե­րու եւ ժո­ղովուրդնե­րու օգ­տին առա­ւել ընդլայնման գոր­ծին մէջ»։
Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան խօս­նակ Անի Պա­տալեան եւս ըրաւ յայ­տա­րարու­թիւն մը ըսե­լով, որ ուղղա­կի առեւ­տուրի այս քայ­լը եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ լիար­ժէք եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ճա­նապար­հին կա­րեւոր նա­խաձեռ­նութիւն մըն է։
«Կ՚ող­ջունենք Թուրքիոյ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հետ երկկողմ առեւ­տուրի սահ­մա­նափա­կումնե­րը վե­րաց­նե­լու որո­շու­մը. սա Հա­յաս­տան-Թուրքիա կար­գա­ւոր­ման գոր­ծընթա­ցի եւս մէկ ար­դիւնքն է։ Այս որո­շու­մը մեծ կա­րեւո­րու­թիւն կը կրէ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ առեւտրա­յին եւ գոր­ծա­րար կա­պերու ընդլայնման, տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական կա­պու­նա­կու­թեան բա­րելաւ­ման, ինչպէս նաեւ խա­ղաղու­թիւն եւ բար­գա­ւաճում ապա­հովե­լու առու­մով։ Կ՚ընդգծենք, որ սա եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ լիար­ժէք եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ճա­նապար­հին կա­րեւոր քայլ մըն է, որ տրա­մաբա­նօրէն կրնայ շա­րու­նա­կուիլ Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նի բա­ցու­մով եւ դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հաս­տա­տու­մով»։
Այս զար­գա­ցու­մով գործնա­կանա­պէս վերջ գտած է Թուրքիոյ կող­մէ Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծադրո­ւող տնտե­սական շրջա­փակու­մը։
Հա­յաս­տան նման շրջա­փակ­ման որո­շում կա­յացու­ցած էր Ար­ցա­խեան երկրորդ պա­տերազ­մի օրե­րուն եւ պա­տերազ­մէն ետք ալ չե­ղար­կած այդ որոշումը։
Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի՝ ընտրար­շա­ւի ըն­թացքին Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի ական­ջին շշնջա­ցած «Թուրքե­րը այ­սօր կ՚բա­նան» խօս­քե­րը, որոնք բաց մնա­ցած խօ­սափո­ղի պատ­ճա­ռով լսո­ւեցան, շա­տերու կող­մէ մեկ­նա­բանո­ւեցան որ­պէս 33 տա­րիէ ի վեր փակ Ալի­ճան/Մար­գա­րա սահ­մա­նային ան­ցա­կէտի բա­ցում։ Սա­կայն քիչ ետք Փա­շինեան յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ ըսե­լով, որ Միր­զո­յեան իրեն լուր փո­խան­ցած էր, թէ Թուրքիա-Հա­յաս­տան առեւ­տուրի փաս­տաթղթա­ւոր­ման կարգ ըն­թացնե­րուն մէջ փո­փոխու­թիւն կա­տարո­ւած է, եւ այժմ Թուրքիայէն ապ­րանքնե­րու «ուղղա­կիօրէն» Հա­յաս­տան ղրկո­ւելու ճամ­բան հար­թո­ւած է։
Այս առա­ւօտ Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան խօս­նակ Էօն­ճու Քե­չելի X հա­շուէն յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ՝ հաս­տա­տելով զար­գա­ցումնե­րը։ Քե­չելիի յայ­տա­րարու­թիւնը հե­տեւեալն է.
«Մեր Երկրի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի առեւ­տուրի մեկ­նարկի մա­սին. Հա­յաս­տա­նի հետ 2022 թո­ւակա­նէն ի վեր շա­րու­նա­կուող կար­գա­ւոր­ման գոր­ծընթա­ցի շրջա­նակին մէջ կա­տարո­ւած վստա­հու­թիւն ամ­րապնդող քայ­լե­րու կար­գով, մեր երկրի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի առեւ­տուրի մեկ­նարկին վե­րաբե­րող թղթա­բանա­կան նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը Մա­յիս 11, 2026-ի դրու­թեամբ աւար­տին հա­սած են։ Եր­կու եր­կիրնե­րու ընդհա­նուր սահ­մա­նի բաց­ման ուղղու­թեամբ անհրա­ժեշտ տեխ­նի­կական եւ թղթա­բանա­կան աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կեն­սա­գոր­ծո­ւած նոր կար­գա­ւոր­ման շնոր­հիւ, Թուրքիայէն եր­րորդ եր­կիր մը եւ ան­կէ Հա­յաս­տան ու­ղե­ւորուող, կամ նոյն եր­թուղիով եկող ապ­րանքնե­րու վերջնա­կան ժա­ման­ման կամ մեկնման կէ­տին «Հա­յաս­տան/Թուրքիա» գրե­լը հնա­րաւոր դար­ձած է։ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման ամ­րապնդման ուղղու­թեամբ ձեռք ձգո­ւած պատ­մա­կան հնա­րաւո­րու­թեան լոյ­սին տակ, Թուրքիա կը շա­րու­նա­կէ ներդրում կա­տարել տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նի եր­կիրնե­րու եւ ժո­ղովուրդնե­րու օգ­տին առա­ւել ընդլայնման գոր­ծին մէջ»։
Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան խօս­նակ Անի Պա­տալեան եւս ըրաւ յայ­տա­րարու­թիւն մը ըսե­լով, որ ուղղա­կի առեւ­տուրի այս քայ­լը եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ լիար­ժէք եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ճա­նապար­հին կա­րեւոր նա­խաձեռ­նութիւն մըն է։
«Կ՚ող­ջունենք Թուրքիոյ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հետ երկկողմ առեւ­տուրի սահ­մա­նափա­կումնե­րը վե­րաց­նե­լու որո­շու­մը. սա Հա­յաս­տան-Թուրքիա կար­գա­ւոր­ման գոր­ծընթա­ցի եւս մէկ ար­դիւնքն է։ Այս որո­շու­մը մեծ կա­րեւո­րու­թիւն կը կրէ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ առեւտրա­յին եւ գոր­ծա­րար կա­պերու ընդլայնման, տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական կա­պու­նա­կու­թեան բա­րելաւ­ման, ինչպէս նաեւ խա­ղաղու­թիւն եւ բար­գա­ւաճում ապա­հովե­լու առու­մով։ Կ՚ընդգծենք, որ սա եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ լիար­ժէք եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ճա­նապար­հին կա­րեւոր քայլ մըն է, որ տրա­մաբա­նօրէն կրնայ շա­րու­նա­կուիլ Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նի բա­ցու­մով եւ դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հաս­տա­տու­մով»։
Այս զար­գա­ցու­մով գործնա­կանա­պէս վերջ գտած է Թուրքիոյ կող­մէ Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծադրո­ւող տնտե­սական շրջա­փակու­մը։
Հա­յաս­տան նման շրջա­փակ­ման որո­շում կա­յացու­ցած էր Ար­ցա­խեան երկրորդ պա­տերազ­մի օրե­րուն եւ պա­տերազ­մէն ետք ալ չե­ղար­կած այդ որոշումը։
Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի՝ ընտրար­շա­ւի ըն­թացքին Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի ական­ջին շշնջա­ցած «Թուրքե­րը այ­սօր կ՚բա­նան» խօս­քե­րը, որոնք բաց մնա­ցած խօ­սափո­ղի պատ­ճա­ռով լսո­ւեցան, շա­տերու կող­մէ մեկ­նա­բանո­ւեցան որ­պէս 33 տա­րիէ ի վեր փակ Ալի­ճան/Մար­գա­րա սահ­մա­նային ան­ցա­կէտի բա­ցում։ Սա­կայն քիչ ետք Փա­շինեան յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ ըսե­լով, որ Միր­զո­յեան իրեն լուր փո­խան­ցած էր, թէ Թուրքիա-Հա­յաս­տան առեւ­տուրի փաս­տաթղթա­ւոր­ման կարգ ըն­թացնե­րուն մէջ փո­փոխու­թիւն կա­տարո­ւած է, եւ այժմ Թուրքիայէն ապ­րանքնե­րու «ուղղա­կիօրէն» Հա­յաս­տան ղրկո­ւելու ճամ­բան հար­թո­ւած է։
Այս առա­ւօտ Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան խօս­նակ Էօն­ճու Քե­չելի X հա­շուէն յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ՝ հաս­տա­տելով զար­գա­ցումնե­րը։ Քե­չելիի յայ­տա­րարու­թիւնը հե­տեւեալն է.
«Մեր Երկրի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի առեւ­տուրի մեկ­նարկի մա­սին. Հա­յաս­տա­նի հետ 2022 թո­ւակա­նէն ի վեր շա­րու­նա­կուող կար­գա­ւոր­ման գոր­ծընթա­ցի շրջա­նակին մէջ կա­տարո­ւած վստա­հու­թիւն ամ­րապնդող քայ­լե­րու կար­գով, մեր երկրի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի առեւ­տուրի մեկ­նարկին վե­րաբե­րող թղթա­բանա­կան նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րը Մա­յիս 11, 2026-ի դրու­թեամբ աւար­տին հա­սած են։ Եր­կու եր­կիրնե­րու ընդհա­նուր սահ­մա­նի բաց­ման ուղղու­թեամբ անհրա­ժեշտ տեխ­նի­կական եւ թղթա­բանա­կան աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կեն­սա­գոր­ծո­ւած նոր կար­գա­ւոր­ման շնոր­հիւ, Թուրքիայէն եր­րորդ եր­կիր մը եւ ան­կէ Հա­յաս­տան ու­ղե­ւորուող, կամ նոյն եր­թուղիով եկող ապ­րանքնե­րու վերջնա­կան ժա­ման­ման կամ մեկնման կէ­տին «Հա­յաս­տան/Թուրքիա» գրե­լը հնա­րաւոր դար­ձած է։ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման ամ­րապնդման ուղղու­թեամբ ձեռք ձգո­ւած պատ­մա­կան հնա­րաւո­րու­թեան լոյ­սին տակ, Թուրքիա կը շա­րու­նա­կէ ներդրում կա­տարել տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նի եր­կիրնե­րու եւ ժո­ղովուրդնե­րու օգ­տին առա­ւել ընդլայնման գոր­ծին մէջ»։
Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան խօս­նակ Անի Պա­տալեան եւս ըրաւ յայ­տա­րարու­թիւն մը ըսե­լով, որ ուղղա­կի առեւ­տուրի այս քայ­լը եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ լիար­ժէք եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ճա­նապար­հին կա­րեւոր նա­խաձեռ­նութիւն մըն է։
«Կ՚ող­ջունենք Թուրքիոյ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հետ երկկողմ առեւ­տուրի սահ­մա­նափա­կումնե­րը վե­րաց­նե­լու որո­շու­մը. սա Հա­յաս­տան-Թուրքիա կար­գա­ւոր­ման գոր­ծընթա­ցի եւս մէկ ար­դիւնքն է։ Այս որո­շու­մը մեծ կա­րեւո­րու­թիւն կը կրէ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ առեւտրա­յին եւ գոր­ծա­րար կա­պերու ընդլայնման, տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական կա­պու­նա­կու­թեան բա­րելաւ­ման, ինչպէս նաեւ խա­ղաղու­թիւն եւ բար­գա­ւաճում ապա­հովե­լու առու­մով։ Կ՚ընդգծենք, որ սա եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ լիար­ժէք եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ճա­նապար­հին կա­րեւոր քայլ մըն է, որ տրա­մաբա­նօրէն կրնայ շա­րու­նա­կուիլ Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նի բա­ցու­մով եւ դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու հաս­տա­տու­մով»։
Այս զար­գա­ցու­մով գործնա­կանա­պէս վերջ գտած է Թուրքիոյ կող­մէ Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծադրո­ւող տնտե­սական շրջա­փակու­մը։
Հա­յաս­տան նման շրջա­փակ­ման որո­շում կա­յացու­ցած էր Ար­ցա­խեան երկրորդ պա­տերազ­մի օրե­րուն եւ պա­տերազ­մէն ետք ալ չե­ղար­կած այդ որոշումը։
Մէկ ամի­­սէն աւե­­լի կարճ ժա­­մանակ մնա­­ցած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան խորհրդա­­րանա­­կան ընտրու­­թիւննե­­րուն հա­­մար։
Սոյն ընտրու­­թիւնը հետզհե­­տէ աւե­­լի լուրջ նշա­­նակու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նայ վեր­­ջին օրե­­րու զար­­գա­­­ցումնե­­րու լոյ­­սին տակ։ Եւ­­րո­­­միու­­թեան ան­­դամ եր­­կիրնե­­րէն բարձրաս­­տի­­­ճան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րով կա­­յացող վե­­հաժո­­ղովը յատ­­կա­­­պէս Ռու­­սաստա­­նէն դի­­տուած կեր­­պով ջրբա­­ժանի նշա­­նակու­­թիւն մըն ալ ու­­նե­­­ցաւ։ Ար­­դա­­­րեւ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան նա­­խագա­­հը յանձնա­­րարեց կողմնո­­րոշո­­ւիլ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի մի­­ջեւ։
Տրո­­ւած ըլ­­լա­­­լով որ կան­­խա­­­տեսումնե­­րը ուղղո­­ւած են ներ­­կայ իշ­­խա­­­նու­­թեան յաղ­­թա­­­նակին գծով, դար­­ձեալ Ռու­­սաստա­­նէ հնչող որոշ թե­­լադ­­րանքներ խոր­­հուրդ կու տան չճանչնալ ընտրու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րը։
Լուրջ վտան­­գա­­­ւոր մեր­­ձե­­­ցում մըն է այս, քա­­նի որ ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու հա­­մար կրնայ պատ­­րո­­­ւակ դառ­­նալ անհնա­­զան­­դութեան դէպ­­քե­­­րու։ Վեր­­ջա­­­պէս տա­­րածաշրջա­­նը այս առու­­մով ու­­նի որոշ փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն։
Այս բո­­լորը իրար գու­­մա­­­րած, անհրա­­ժեշ­­տութիւն է պա­­տաս­­խա­­­նատու եւ գի­­տակից վարք՝ կան­­խե­­­լու հա­­մար ներ­­քին կամ ար­­տա­­­քին դա­­ւադ­­րա­­­կան փոր­­ձե­­­րը։
Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը Պոլ­սոյ Հայ հաս­տա­տու­թիւննե­րուն, հիմ­նարկնե­րուն եւ դպրոց­նե­րուն վե­րաբե­րող ար­խիւնե­րու պահ­պանման, դա­սաւոր­ման եւ թո­ւայ­նացման առու­մով եր­կա­րատեւ աշ­խա­տան­քի մը լծո­ւած է։ Կ՚ակնկա­լուի որ այս աշ­խա­տան­քով հայ հա­մայնքի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը աւե­լի տե­սանե­լի պի­տի դառ­նայ եւ պի­տի փո­խան­ցո­ւի յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն։
Այս առ­թիւ կոչ կը կա­տարո­ւի հայ վար­ժա­րանի դպրո­ցական լու­սանկար­նե­րու եւ փաս­տա­թուղթե­րու փո­խան­ցումին, սոյն նիւ­թե­րու դա­սաւոր­ման եւ թարգմա­նու­մին հա­մար կա­մաւոր աշ­խա­տան­քի եւ ար­խի­ւային աշ­խա­տու­թիւննե­րը խրա­խու­սող նո­ւիրա­տուու­թեան հա­մար։
Վեր­ջա­պէս ար­խիւնե­րը միայն ան­ցեալին վե­րաբե­րող փաս­տա­թուղթեր չեն՝ այլ հա­սարա­կու­թեան յի­շողու­թիւնը, յա­րաբե­րու­թիւննե­րը եւ փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը փո­խան­ցող կեն­դա­նի աղ­բիւրներ։
Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը Պոլ­սոյ Հայ հաս­տա­տու­թիւննե­րուն, հիմ­նարկնե­րուն եւ դպրոց­նե­րուն վե­րաբե­րող ար­խիւնե­րու պահ­պանման, դա­սաւոր­ման եւ թո­ւայ­նացման առու­մով եր­կա­րատեւ աշ­խա­տան­քի մը լծո­ւած է։ Կ՚ակնկա­լուի որ այս աշ­խա­տան­քով հայ հա­մայնքի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը աւե­լի տե­սանե­լի պի­տի դառ­նայ եւ պի­տի փո­խան­ցո­ւի յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն։
Այս առ­թիւ կոչ կը կա­տարո­ւի հայ վար­ժա­րանի դպրո­ցական լու­սանկար­նե­րու եւ փաս­տա­թուղթե­րու փո­խան­ցումին, սոյն նիւ­թե­րու դա­սաւոր­ման եւ թարգմա­նու­մին հա­մար կա­մաւոր աշ­խա­տան­քի եւ ար­խի­ւային աշ­խա­տու­թիւննե­րը խրա­խու­սող նո­ւիրա­տուու­թեան հա­մար։
Վեր­ջա­պէս ար­խիւնե­րը միայն ան­ցեալին վե­րաբե­րող փաս­տա­թուղթեր չեն՝ այլ հա­սարա­կու­թեան յի­շողու­թիւնը, յա­րաբե­րու­թիւննե­րը եւ փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը փո­խան­ցող կեն­դա­նի աղ­բիւրներ։
Մենք չունինք Հայաստանը ոչնչացնելու կամ անոր անկախութիւնը խլելու մտադրութիւն։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
«Այսօր այսպէս կոչուած եւրոպացի դիտորդները տակաւին ենթադրաբար հերթապահութիւն կը կատարեն ատրպէյճանական-հայաստանեան սահմանին վրայ։
«Ես ըսած եմ, որ եթէ մենք կրակենք, անոնցմէ ոչ մէկ հետք կը մնայ։ Սակայն անոնք այնպէս կը վարուին, կարծէք թէ Հայաստանը մեզմէ կը պաշտպանեն։ Անհրաժեշտ չէ Հայաստանը մեզմէ պաշտպանել։ Մենք մեր ուզած ամէն ինչին հասած ենք», նշած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ալիեւի համաձայն, Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութիւնը «բոլոր ժամանակներու բարձրակէտին է», որուն պատճառներէն մէկն ալ, ըստ անոր, Ատրպէյճանի «զինուորական յաղթանակն» է։
Խօսելով փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու մասին։ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուէն Զանգելան երկաթուղիի կառուցումը կրնայ մէկէն մէկուկէս տարուան ընթացքին աւարտիլ։
«Յաջորդ տարի կարելի պիտի ըլլայ գնացքով հասնիլ Խանքենդի (Ստեփանակերտ)», ըսած է Ալիեւ՝ շեշտելով, որ երկաթուղին «Զանգեզուրի միջանցք»-ով պիտի երկարի մինչեւ Նախիջեւան։
Ուրախ ենք լսե­լով «Ակօս»ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­­րազատ եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նո­­ւաճումնե­­րը։ Անոնցմէ առա­­ջինն է լրագ­­րող Վար­­դուհի Պա­­լեան, որ իր հե­­ղինա­­կած ֆիլ­­մով նո­ւաճած է WHW (Ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ հա­­մար) մրցա­­նակը։
Պա­­լեանի ֆիլ­­մը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Հա­­յաս­­տա­­­նի տա­­րած­­քին գիւ­­ղի մը մէջ, այդ գիւ­­ղի կեն­­ցա­­­ղը, առօ­­րեայ ապ­­րումնե­­րը, լու­­սանկար­­չա­­­կան Զե­­նիթ մակ­­նի­­­շի գոր­­ծի­­­քով ան­­մա­­­հացու­­ցած հո­­վիւ լու­­սանկա­­րիչի մը կեանքն ու վաս­­տա­­­կը։ Զակ­­րե­­­պեան այս մրցա­­նակը կը շնոր­­հո­­­ւի ան­­կախ շար­­ժանկա­­րի ոլոր­­տէն ներս գոր­­ծող երի­­տասարդ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն։
Երկրորդ յա­­ջողու­­թեան լու­­րը հաս­­ցէագ­­րո­­­ւած է շար­­ժանկա­­րի վաս­­տա­­­կաւոր քննա­­դատ Ալին Թաշ­­ճա­­­նին։ Ան­­ցեալին շար­­ժանկա­­րի ծա­­նօթագ­­րութիւննե­­րով «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն ալ ծա­­նօթ Թաշ­­ճեան արա­­բական շար­­ժանկա­­րի կեդ­­րո­­­նի կող­­մէ գնա­­հատո­­ւած է Մի­­ջազ­­գա­­­յին կի­­նօքննա­­դատ, ցկեանս յա­­ջողու­­թեան պար­­գե­­­ւով։
Ալին Թաշ­­ճեան բա­­ցի ֆիլ­­մե­­­րու քննա­­դատու­­թե­­­նէ, բա­­զում ան­­գամներ պաշ­­տօն ստանձնած է կի­­նօ փա­­ռատօ­­ներու կազ­­մա­­­կերպչու­­թեան փու­­լին եւ դար­­ձեալ բա­­զում ան­­գամներ մաս կազ­­մած է մրցա­­նակ­­նե­­­րու դա­­տակազ­­մին։
Իբ­­րեւ «Ակօս»ի անձնա­­կազմ սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորենք մեր եր­­կու գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը՝ Վարդուհի Պա­լեանը եւ Ալին Թաշ­ճեանը, մաղ­թե­լով նո­րանոր յա­ջողու­թիւններ։
Ուրախ ենք լսե­լով «Ակօս»ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­­րազատ եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նո­­ւաճումնե­­րը։ Անոնցմէ առա­­ջինն է լրագ­­րող Վար­­դուհի Պա­­լեան, որ իր հե­­ղինա­­կած ֆիլ­­մով նո­ւաճած է WHW (Ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ հա­­մար) մրցա­­նակը։
Պա­­լեանի ֆիլ­­մը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Հա­­յաս­­տա­­­նի տա­­րած­­քին գիւ­­ղի մը մէջ, այդ գիւ­­ղի կեն­­ցա­­­ղը, առօ­­րեայ ապ­­րումնե­­րը, լու­­սանկար­­չա­­­կան Զե­­նիթ մակ­­նի­­­շի գոր­­ծի­­­քով ան­­մա­­­հացու­­ցած հո­­վիւ լու­­սանկա­­րիչի մը կեանքն ու վաս­­տա­­­կը։ Զակ­­րե­­­պեան այս մրցա­­նակը կը շնոր­­հո­­­ւի ան­­կախ շար­­ժանկա­­րի ոլոր­­տէն ներս գոր­­ծող երի­­տասարդ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն։
Երկրորդ յա­­ջողու­­թեան լու­­րը հաս­­ցէագ­­րո­­­ւած է շար­­ժանկա­­րի վաս­­տա­­­կաւոր քննա­­դատ Ալին Թաշ­­ճա­­­նին։ Ան­­ցեալին շար­­ժանկա­­րի ծա­­նօթագ­­րութիւննե­­րով «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն ալ ծա­­նօթ Թաշ­­ճեան արա­­բական շար­­ժանկա­­րի կեդ­­րո­­­նի կող­­մէ գնա­­հատո­­ւած է Մի­­ջազ­­գա­­­յին կի­­նօքննա­­դատ, ցկեանս յա­­ջողու­­թեան պար­­գե­­­ւով։
Ալին Թաշ­­ճեան բա­­ցի ֆիլ­­մե­­­րու քննա­­դատու­­թե­­­նէ, բա­­զում ան­­գամներ պաշ­­տօն ստանձնած է կի­­նօ փա­­ռատօ­­ներու կազ­­մա­­­կերպչու­­թեան փու­­լին եւ դար­­ձեալ բա­­զում ան­­գամներ մաս կազ­­մած է մրցա­­նակ­­նե­­­րու դա­­տակազ­­մին։
Իբ­­րեւ «Ակօս»ի անձնա­­կազմ սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորենք մեր եր­­կու գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը՝ Վարդուհի Պա­լեանը եւ Ալին Թաշ­ճեանը, մաղ­թե­լով նո­րանոր յա­ջողու­թիւններ։
Ուրախ ենք լսե­լով «Ակօս»ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­­րազատ եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նո­­ւաճումնե­­րը։ Անոնցմէ առա­­ջինն է լրագ­­րող Վար­­դուհի Պա­­լեան, որ իր հե­­ղինա­­կած ֆիլ­­մով նո­ւաճած է WHW (Ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ հա­­մար) մրցա­­նակը։
Պա­­լեանի ֆիլ­­մը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Հա­­յաս­­տա­­­նի տա­­րած­­քին գիւ­­ղի մը մէջ, այդ գիւ­­ղի կեն­­ցա­­­ղը, առօ­­րեայ ապ­­րումնե­­րը, լու­­սանկար­­չա­­­կան Զե­­նիթ մակ­­նի­­­շի գոր­­ծի­­­քով ան­­մա­­­հացու­­ցած հո­­վիւ լու­­սանկա­­րիչի մը կեանքն ու վաս­­տա­­­կը։ Զակ­­րե­­­պեան այս մրցա­­նակը կը շնոր­­հո­­­ւի ան­­կախ շար­­ժանկա­­րի ոլոր­­տէն ներս գոր­­ծող երի­­տասարդ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն։
Երկրորդ յա­­ջողու­­թեան լու­­րը հաս­­ցէագ­­րո­­­ւած է շար­­ժանկա­­րի վաս­­տա­­­կաւոր քննա­­դատ Ալին Թաշ­­ճա­­­նին։ Ան­­ցեալին շար­­ժանկա­­րի ծա­­նօթագ­­րութիւննե­­րով «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն ալ ծա­­նօթ Թաշ­­ճեան արա­­բական շար­­ժանկա­­րի կեդ­­րո­­­նի կող­­մէ գնա­­հատո­­ւած է Մի­­ջազ­­գա­­­յին կի­­նօքննա­­դատ, ցկեանս յա­­ջողու­­թեան պար­­գե­­­ւով։
Ալին Թաշ­­ճեան բա­­ցի ֆիլ­­մե­­­րու քննա­­դատու­­թե­­­նէ, բա­­զում ան­­գամներ պաշ­­տօն ստանձնած է կի­­նօ փա­­ռատօ­­ներու կազ­­մա­­­կերպչու­­թեան փու­­լին եւ դար­­ձեալ բա­­զում ան­­գամներ մաս կազ­­մած է մրցա­­նակ­­նե­­­րու դա­­տակազ­­մին։
Իբ­­րեւ «Ակօս»ի անձնա­­կազմ սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորենք մեր եր­­կու գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը՝ Վարդուհի Պա­լեանը եւ Ալին Թաշ­ճեանը, մաղ­թե­լով նո­րանոր յա­ջողու­թիւններ։
Ուրախ ենք լսե­լով «Ակօս»ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­­րազատ եր­­կու արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նո­­ւաճումնե­­րը։ Անոնցմէ առա­­ջինն է լրագ­­րող Վար­­դուհի Պա­­լեան, որ իր հե­­ղինա­­կած ֆիլ­­մով նո­ւաճած է WHW (Ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ հա­­մար) մրցա­­նակը։
Պա­­լեանի ֆիլ­­մը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Հա­­յաս­­տա­­­նի տա­­րած­­քին գիւ­­ղի մը մէջ, այդ գիւ­­ղի կեն­­ցա­­­ղը, առօ­­րեայ ապ­­րումնե­­րը, լու­­սանկար­­չա­­­կան Զե­­նիթ մակ­­նի­­­շի գոր­­ծի­­­քով ան­­մա­­­հացու­­ցած հո­­վիւ լու­­սանկա­­րիչի մը կեանքն ու վաս­­տա­­­կը։ Զակ­­րե­­­պեան այս մրցա­­նակը կը շնոր­­հո­­­ւի ան­­կախ շար­­ժանկա­­րի ոլոր­­տէն ներս գոր­­ծող երի­­տասարդ հե­­ղինակ­­նե­­­րուն։
Երկրորդ յա­­ջողու­­թեան լու­­րը հաս­­ցէագ­­րո­­­ւած է շար­­ժանկա­­րի վաս­­տա­­­կաւոր քննա­­դատ Ալին Թաշ­­ճա­­­նին։ Ան­­ցեալին շար­­ժանկա­­րի ծա­­նօթագ­­րութիւննե­­րով «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն ալ ծա­­նօթ Թաշ­­ճեան արա­­բական շար­­ժանկա­­րի կեդ­­րո­­­նի կող­­մէ գնա­­հատո­­ւած է Մի­­ջազ­­գա­­­յին կի­­նօքննա­­դատ, ցկեանս յա­­ջողու­­թեան պար­­գե­­­ւով։
Ալին Թաշ­­ճեան բա­­ցի ֆիլ­­մե­­­րու քննա­­դատու­­թե­­­նէ, բա­­զում ան­­գամներ պաշ­­տօն ստանձնած է կի­­նօ փա­­ռատօ­­ներու կազ­­մա­­­կերպչու­­թեան փու­­լին եւ դար­­ձեալ բա­­զում ան­­գամներ մաս կազ­­մած է մրցա­­նակ­­նե­­­րու դա­­տակազ­­մին։
Իբ­­րեւ «Ակօս»ի անձնա­­կազմ սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորենք մեր եր­­կու գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը՝ Վարդուհի Պա­լեանը եւ Ալին Թաշ­ճեանը, մաղ­թե­լով նո­րանոր յա­ջողու­թիւններ։
Նախորդ շա­բաթո­ւայ հա­մայնքա­յին կա­րեւոր կո­րուստը օփե­րայի մե­ներգչու­հի Ալիս Մա­նու­կեանի մա­հը եղաւ։ Տի­կին Մա­նու­կեան մեր յի­շողու­թեան մէջ դրոշ­մո­ւած է իր մեծ նո­ւիրու­մով։ Ան կա­տարեալ գի­տակ­ցութիւ­նով մեր­ձե­ցաւ իր արո­ւես­տին, միշտ հա­ւատա­րիմ մնա­լով աշ­խա­տան­քի կա­րեւո­րու­թեան սկզբունքին։ Միշտ կ՚ըն­դա­ռաջէր իրեն ուղղած հրա­ւէր­նե­րուն եւ ամե­նայն լրջու­թեամբ կը կա­տարէր ստանձնած պար­տա­կանու­թիւնը։ Բա­րի բուն իմաս­տով պար­տա­ճանա­չու­թեան մարմնա­ցումն էր Տի­կին Ալիս Մա­նու­կեանը։ Նոյ­նիսկ յա­ռաջա­ցած տա­րիքին կ՚ու­զէր հարստաց­նել իր եր­գա­ցան­կը իրեն հա­մար հա­րազատ թո­ւացող նոր գոր­ծե­րով։ Այդ ծի­րէն ներս ու­րախ յի­շողու­թիւն մըն է մե­զի հա­մար Հեն­րիք Անա­սեանի հան­րա­ծանօթ «Ափ մը հող» յօ­րինու­մի կա­տարու­մը։
Ինչպէս կ՚ըսէ Պա­րոյր Սե­ւակ. «Մարդ կայ աշ­խարհն է շա­լակած տա­նում, մարդ կայ ելեր է շա­լակն աշ­խարհի»։ Ալիս Մա­նու­կեան Աշ­խարհը շա­լակած տա­նող­նե­րէն եղաւ։ Ան տա­լու հա­մար տրա­մադ­րո­ւած էր։ Ան­սա­կարկ եւ ան­վե­րապահ տա­լու հա­մար։ Վե­րադառ­նանք բա­նաս­տեղծու­թեան աշ­խարհը եւ հարց տանք թէ ի՞նչ մնաց իրեն, այն ինչ որ տո­ւաւ ու­րի­շին, այդ միայն։
93 տա­րեկան էր երբ մա­հացաւ։ Ետին թո­ղուց մեծ վաս­տակ եւ բա­րի յի­շատակ։ Իր մա­հը կո­րուստ մըն է, լուրջ բաց­թո­ղում մը, երաժշտա­կան գետ­նի վրայ։ Այդ բո­լորը ամո­քելու լա­ւագոյն մի­ջոցը պի­տի ըլ­լար ծո­վածա­ւալ բազ­մութիւ­նով մը յու­ղարկա­ւորել զինք։ Ափ­սոս որ այդպի­սին չէր Սուրբ Վար­դա­նանց Եկե­ղեցին։
Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զանը յար­գած էր իր վաս­տակն ու յի­շատա­կը եւ պատ­շաճ կեր­պով նա­խագա­հած էր յու­ղարկա­ւորու­թեան կար­գը։ Անոր կող­քին էին նաեւ Արամ Արք. Աթէ­շեանը եւ կղե­րական­նե­րու դա­սի ան­դամներ։
Ու­րեմն ար­ժա­նիքի գնա­հատ­ման մէջ թե­րացող­նե­րը հո­գեւո­րական­նե­րը չէին, այլ աշ­խարհա­կան­նե­րը, հա­մայնքա­յին գոր­ծիչնե­րը մա­նաւանդ ալ արո­ւես­տի շրջա­նակ­նե­րը։
Եթէ նկա­տի ու­նե­նանք Ալիս Մա­նու­կեանի իր կեն­դա­նու­թեան օրօք այս հա­մայնքի բո­լոր մի­ջոցա­ռումնե­րուն բե­րած նպաս­տը եւ նո­ւիրեալ ծա­ռայու­թիւնը, ակա­մայ կ՚ափ­սո­սանք նման թե­րացու­մի դի­մաց։ Ամեն պարա­գայի ան աւան­դեց իր վեր­ջին շունչը եւ այ­նինչ որ մե­զի հա­մար ցաւ կը պատ­ճա­ռէ իրեն հա­մար ոչ մէկ նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Ան հպար­տօ­րէն ար­դա­րացուց իր ստանձնած պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը եւ հան­գիստ սիր­տով ան­ցաւ դէ­պի ան­դե­նական։ Իր­մէ ետք մենք է, որ պի­տի տո­ւայ­տինք մեր բաց­թո­ղումնե­րով, մեր տե­ղի տո­ւած թե­րացումնե­րով եւ ին­չու չէ՞ մատ­նո­ւած խղճա­հարու­թեամբ։
Կրկնենք սո­վորու­թիւն դար­ձած բա­րեմախ­թանքը, որուն իմաստն ալ այդքան ալ ծա­նօթ չէ մե­զի, բայց ան­գիր ըրած ենք տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ։ Խօս­քը կը վե­րաբե­րի Լուսեղէն Առա­գաս­տին, որ կար­ծես թէ բա­րեբեր ու­ղե­ւորու­թիւն մը պի­տի պար­գե­ւէ իր ճա­նապար­հորդին։
Թող փա­փուկ ըլ­լայ հո­ղը իր յոգ­նա­տանջ մարմնին համար։
- Ի՞նչ գան­­գա­­­տով եկած էք…
Այս հար­­ցումնե­­րը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եթէ բժիշ­­կդ հարցնէ, գի­­տեմ, այնքան շատ են պա­­տաս­­խաններդ։ Միտքդ, այնպէս չէ՞, կը լա­­րուի երբ մի­­ջազ­­գա­­­յին լու­­րե­­­րը լսես, մկան­­ներդ կը պրկո­­ւին, որով­­հե­­­տեւ հարսդ անհնա­­զանդ է, առա­­ւելա­­բար կը գան­­գա­­­տիս, որ կռնա­­կդ ալ քիչ մը սկսած է ցա­­ւիլ տնտե­­սական ծանր բե­­ռով։ Մեր հին ու նոր գրիչ­­ներն ալ,- վա­­նական, թէ աշուղ-, ու­­նե­­­ցեր են գան­­գա­­­տելու բազ­­մա­­­թիւ պատ­­ճառներ, մէ­­կը պանդխտու­­թիւն, միւ­­սը՝ ծե­­րու­­թիւն, մէ­­կը անար­­դա­­­րու­­թիւն, միւ­­սը սի­­րոյ ցաւ։ Իսկ մենք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, գի­­շերա­­յին այս լուռ ժա­­մերուն, երբ խա­­ղաղ է տու­­նը, փո­­խանակ գան­­գատներ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու, կ’առա­­ջար­­կեմ, որ լու­­սամփո­­փի լոյ­­սի տակ նստինք ու ըն­­թերցենք հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան քնա­­րական գան­­գատնե­­րը, հա­­ւատա­­լով, թէ գրա­­կանու­­թիւնը մո­­գական, բու­­ժիչ ոյժ մը ու­­նի եւ կը մեղ­­մացնէ բո­­լոր գան­­գատնե­­րը։
Ո՞ւմ գան­­գատ անեմ
1600-ի սկիզբներն են։ Վա­­րագա­­վան­­քի հո­­գեւոր հայր, գրիչ, յի­­շատա­­կագիր եւ երա­­ժիշտ Բար­­սեղ վար­­դա­­­պետը նստած է իր խու­­ցի մէջ։ Վա­­նայ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը այ­­լեւս հա­­ճոյք չի տար իրեն։ Հայր Բար­­սե­­­ղը ծե­­րացեր է, աղո­­ւոր աչ­­քե­­­րը թոյլ են։ Վար­­դա­­­պետը ինքն իրեն կը խոս­­տո­­­վանի, թէ աչ­­քե­­­րը շատ մեղ­­քեր են գոր­­ծած։ Այդ պա­­հուն, Վա­­րագե­­ցին դող­­դոջ ձեռ­­քե­­­րով տո­­ղիկ մը գրի կ’առ­­նէ. «Ականջ դրէք գե­­րոյս, ձեզ գան­­գատ ու­­նի, / Ափ­­սոս զա­­ղուոր աչերս լու­­սոյ կու պակ­­սի»։ 1300 թո­­ւակա­­նին, եօթա­­նաս­­նա­­­մեայ Ֆրի­­կը, որ նա­­խապէս մե­­ծահա­­րուստ վա­­ճառա­­կան մարդ էր, սլա­­ցող ար­­ծիւ մը ժիր՝ այժմ դար­­ձեր է սնան­­կա­­­ցած բա­­նաս­­տեղծ։ Իր ափ­­սո­­­սալի վի­­ճակին հա­­մար Ֆրի­­կը չգիտ­­ցաւ, թէ ու­­րո՚ւն գան­­գա­­­տէր. «Նմա­­նեցար ար­­ծո­­­ւին / Ու ի յօդն ելար, շփա­­ցար, / Ֆրի՚կ, զայդ ո՞ւմ գան­­գա­­­տիս, / Քո գի­­շուդ՝ պատ­­ճառ դու եղար»։ Իսկ Սիւ­­նեաց սա­­րերու զա­­ւակ, Պա­­քու քա­­ղաքի «Խորհրդա­­յին գրող» ամ­­սա­­­գիրի աշ­­խա­­­տող, Կաս­­պեան նա­­ւատոր­­մի նա­­ւաս­­տի, Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի մաս­­նա­­­կից, փոր­­ձո­­­ւած մարդ Հա­­մօ Սա­­հեանը նոյնպէս չէր գի­­տեր, թէ իր բա­­զում գան­­գատնե­­րը որուն ներ­­կա­­­յաց­­նէր. «Այնքան փոր­­ձե­­­ցի, այնքան փոր­­ձո­­­ւեցի…, / Ասա, ո՞ւր գնամ, ո՞ւմ գան­­գատ անեմ»։
Մէ­­կուն ոս­­կի, միւ­­սին պղինձ
Հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան գրա­­կանու­­թեան մէջ կայ մէկ հատ մեծ գան­­գատ, տա­­ղասաց Ֆրի­­կի աշ­­խարհահռչակ «ԳԱՆ­­ԳԱՏ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը։ Աշ­­խարհահռչակ կո­­չու­­մը տե­­ղին է, քան­­զի այդ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը թարգմա­­նուած է օտար լե­­զու­­նե­­­րու, եւ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած է, որ­­պէս ըն­­կե­­­րային անար­­դա­­­րու­­թեան նո­­ւիրո­­ւած աշ­­խարհի հնա­­գոյն բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը։ Եւ, ին­­չո՞ւ չգան­­գա­­­տէր Ֆրի­­կը, երբ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ մոն­­ղոլնե­­րու իշ­­խա­­­նու­­թեան վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն հայ ժո­­ղովուրդը կը տա­­ռապէր հարստա­­հարող հար­­կա­­­հաւաք­­նե­­­րու անար­­դա­­­րու­­թեան տակ եւ եր­­կի­­­րը վե­­րածո­­ւեր էր աղա­­ղակող աւե­­րակի մը։ Ֆրի­­կը այդ անօ­­րէնու­­թիւննե­­րէն ան­­մասն չմնաց. Նախ անի­­րաւօ­­րէն սնան­­կա­­­ցաւ, ապա իր միակ զա­­ւակը պարտքե­­րու դի­­մաց պա­­տանդ տո­­ւաւ (պատ­­քի դի­­մաց ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամ տա­­լը միջ­­նա­­­դարու ըն­­դունո­­ւած օրէնք էր), անա­­պատ­­նե­­­րու մէջ որ­­դե­­­կորոյս մո­­լորե­­ցաւ, ապա զայ­­րոյթով եւ պոռթկու­­մով աչ­­քե­­­րը դէ­­պի եր­­կինք յա­­ռած՝ հան­­դէս եկաւ «ար­­դար, ողոր­­մած եւ իրա­­ւի» Աս­­տուծոյ առ­­ջեւ եւ եր­­կու խօսք խօ­­սեցաւ Ամե­­նազօ­­րի հետ, որ մէ­­կուն կու տար հա­­զար ձի, իսկ միւ­­սին ո՚չ մի մա­­քի, մէ­­կուն կու տար հա­­զար ոս­­կի, իսկ միւ­­սին ո՚չ ալ փող պղին­­ձի։ Այդ գան­­գա­­­տը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մին­­չեւ այ­­սօր կը մնայ հա­­յոց պատ­­մութեան դառն օրե­­րու ամե­­նէն քնա­­րական ար­­ձա­­­նագ­­րութիւ­­նը. «Աս­­տո­­­ւած ար­­դար եւ յի­­րաւի, / Եւ ողոր­­մած յա­­մենայ­­նի. / Հան­­դէս ու­­նիմ բան մի վի­­ճի, / Թէ դու լսես քո ծա­­ռայի… / Մէ­­կին հա­­զար ձի ու ջո­­րի, / Մէ­­կին ո՛չ ուլ մի, ո՛չ մա­­քի։ / Մէ­­կին հա­­զար կա­­պիճ ոս­­կի, / Մէ­­կին ո՛չ փող մի պղնձի. / Մէ­­կին հա­­զար հատ մար­­գարտի, / Մէ­­կին ո՛չ հո՛ւլնիկ ապի­­կի… / Մէ­­կին հա­­րամն յա­­ջողի / Մէ­­կին հա­­լալն կորնչի»։
Գան­­գատ կայ իմ սրտիս
քեզ ասե­­լոյ
Ին­­չո՞ւ չգան­­գա­­­տէր հայ կտրի­­ճը, երբ հե­­ռանա­­լով հայ­­րե­­­նի հո­­ղէն, ըն­­տա­­­նիքէն եւ սի­­րածէն՝ դա­­տապար­­տո­­­ւած կը մնար օտա­­րու­­թեան մէջ ապ­­րե­­­լու։ Պան­­դուխտ հա­­յը իր գան­­գա­­­տը եր­­գեց։ Երգ չէր ան աղա­­ղակ էր, աղօթք եւ տրտունջք։ Հայ­­կա­­­կան միջ­­նա­­­դարեան եր­­գա­­­դարա­­նը հա­­րուստ է այդ տե­­սակ տա­­ղերով։ Ահա առա­­ջինը, «Տաղ Կռունկի», ուր պան­­դուխտը, աշ­­նան օր մըն էր, դէ­­պի հայ­­րե­­­նիք վե­­րադար­­ձող կռունկը տե­­սաւ, տխրե­­ցաւ, «Աչ­­քերդ համ­­բուրեմ» ըսաւ, ապա խնդրեց, որ գէթ իր տան բա­­րեւ մը տա­­նի. «Գան­­գատ առ­­նեմ քեզ, թռչուն գո­­վելի, / Ղա­­րիպու­­թիւն ան­­կայ ողորմ ու լա­­լի, / Ո՚չ ազ­­գա­­­կան աստ կայ եւ ո՚չ սի­­րելի, / Սրտիկս է դառ­­նա­­­ցեր, աչերս է լա­­լի»։ Մէկ այլ եր­­գի մէջ «ղա­­րիպ» տղուն աչ­­քե­­­րը գե­­տի նման կը թա­­փէին, «Այ, հո­­գի, շատ գան­­գատ կայ իմ սրտիս քեզ ասե­­լոյ»։ Իսկ Վան քա­­ղաքէն տա­­ղասաց Սա­­հակը, օտար եր­­կիր ին­­կած մարդ, սրտա­­բեկ, երե­­րուն եւ ան­­ճար, ղա­­րիպու­­թեան «դառն» եւ «խիստ դժո­­ւար» մրու­­րը քա­­մեց, ապա իր գան­­գա­­­տը խօ­­սեցաւ հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րուն եւ եղ­­բայրնե­­րուն. «Հարք եւ եղ­­բարք, գան­­գատ ու­­նիմ ձեզ հա­­մար, / Ղա­­րիպի հացն խառ­­նած է լե­­ղի եւ քար, / Նստեալ եմ յա­­ւերակ որ­­պէս բո­­ւի, / Եկեալ ան­­ցաւ ումրիկ (կեանքս) որ­­պէս հո­­վանի»։
Լու­­սին, գան­­գատ ու­­նիմ
Երբ փո­­ղոցի ան­­կիւնը անուշ նուշ ծա­­խող երի­­տասարդ տես­­նէք, ըսեմ ձե­­զի, այդ նու­­շը քաղցր չէ, եթէ պան­­դուխտ է տղան։ Կա­­րօտա­­լի սի­­րածի ար­­ցունքով լո­­ւացո­­ւած նու­­շը դառն է եւ ան­­համ։ Այս խօս­­քե­­­րը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, չեն պատ­­կա­­­նիր ին­­ծի։ Անոր հե­­ղինակն է տասնվե­­ցամեայ աղ­­ջիկ մը, որ տխուր, տար­­տամ նստեր, գան­­գա­­­տի տո­­ղիկ մը եր­­գեր է։ 1500 թո­­ւական­­նե­­­րու երգ է սա, որ ու­­նի բազ­­մա­­­թիւ տար­­բե­­­րակ­­ներ։ Եր­­գի մէջ երի­­տասար­­դուհին կը խօ­­սի լու­­սի­­­նի հետ. «Լու­­սի՚կ, դուն լու­­սով կե­­նաս, / Եր­­կու խօսք գան­­գատ ու­­նիմ, / — Գնա՚ ղա­­րիպիս ըսէ՝ / Չկե­­նայ, ու ել­­լայ գայ»։ Լու­­սի­­­նը կը հարցնէ, թէ ո՞ւր է, ո՞րն է տղան։ Աղ­­ջի­­­կը կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Բարձրը պատ ու ծառն ի վրան, / Նստեր է ծա­­ռին շու­­քը, / Նուշ դրեր, շա­­քար կու ծա­­խէ, / Ամե­­նուն աժան-աժան, / Իս մոռ­­ցեր, նուշ կու ծա­­խէ»։ Նոյն եր­­գի մէկ այլ տար­­բե­­­րակի մէջ աղ­­ջի­­­կը խնդրանք մը ու­­նի. «Լու­­սին…, / Եր­­կու խօսք գան­­գատ ու­­նիմ, / Գնա՚ ղա­­րիպիս ըսէ՝ / Չկե­­նայ ու ել­­լէ ու գայ»։
Գան­­գա­­­տը ի զուր է
Գան­­գատ բա­­ռը յար­­մար եկաւ նաեւ իմաս­­տա­­­սիրե­­լու։ 18րդ դա­­րու հայ դա­­սական բա­­նաս­­տեղծու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ, բա­­նաս­­տեղծ, եր­­գա­­­հան, Էջ­­միած­­նի միաբան, Փոքր Ասիոյ մէջ Նի­­կոմե­­դիոյ թե­­մի առաջ­­նորդ Պետ­­րոս Ղա­­փան­­ցին «Գան­­գատ զպատ­­րա­­­նաց աշ­­խարհիս» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ մար­­դը եթէ ար­­դար եւ իրա­­ւատէր է, գան­­գա­­­տելու հարց ալ պի­­տի չու­­նե­­­նայ. «Այլ թէ լի­­նիցիմք յոյժ իրա­­ւասէր եւ ար­­դա­­­րադատ, / Ո՛չ պար­­տիմք բնա­­ւին բո­­ղոքել զքէն եւ առ­­նել գան­­գատ»։ Բայց, շա­­րու­­նա­­­կեց Ղա­­փան­­ցին, եթէ մար­­դու որո­­վայ­­նը միշտ ան­­յագ է եւ ան բա­­րիք­­նե­­­րու մէջ աղ­­քատ է, այն ժա­­մանակ յա­­ւերժ պի­­տի գան­­գա­­­տի յու­­սա­­­հատու­­թեամբ։ Իսկ 1887 թո­­ւակա­­նին մեր առա­­ջին ման­­կա­­­գիր հե­­ղինակ Աղէք­­սանդր Փա­­նոսեանը եռա­­մեայ ման­­կան մը մա­­հուան առի­­թով գրեց մխի­­թարա­­կան տո­­ղիկ մը եւ ըսաւ. «Ողբք եւ գան­­գատք են ի զուր / Խոր­­հուրդն է խոր, ան­­թա­­­փանց»։
Բազ­­մա­­­հատոր գան­­գատներ
Հայ միտ­­քը սի­­րեց «գան­­գատ» գո­­յակա­­նը։ Անոր հետ մենք շի­­նեցինք բազ­­մա­­­թիւ այլ բա­­ռեր, ինչպէս՝ գան­­գա­­­տաբեր, գան­­գա­­­տաբե­­րան, գան­­գա­­­տաթուղթ եւ գան­­գա­­­տագիրք։ Վեր­­ջի­­­նը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, չբա­­ւեց ժո­­ղովուրդի բո­­լոր գան­­գատնե­­րը ըն­­դունե­­լու, մեր լե­­զուն ստեղ­­ծեց աւե­­լի մե­­ծը՝ «գան­­գա­­­տամա­­տեան», այ­­սինքն հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու, խա­­նութնե­­րու, կամ սպա­­սարկման վայ­­րե­­­րու մէջ պա­­հուող յա­­տուկ տետ­­րակ, ուր յա­­ճախոր­­դը իր բո­­ղոքը, առա­­ջար­­կը կամ դի­­տողու­­թիւնը կը գրէ, այդ վայ­­րի աշ­­խա­­­տան­­քի կամ անձնա­­կազ­­մի վե­­րաբե­­րեալ։ Բայց, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կան նաեւ նա­­խան­­ձե­­­լի գան­­գատներ, ինչպէս Սա­­յաթ Նո­­վայի եւ Քու­­չա­­­կի սի­­րային գան­­գատնե­­րը, ինչպէս օր մը Քու­­չա­­­կը քա­­ղաքի շու­­կա­­­յի մէջ տե­­սեր է իր եարը, բայց աղ­­ջի­­­կը, -խռո­­վա՞ծ էր ար­­դեօք, չենք գի­­տեր,- ան­­տե­­­սած է Քու­­չա­­­կին՝ աչ­­քե­­­րը վեր-վեր ան­­ցեր գա­­ցեր է քո­­վէն։ Երա­­նի մենք ալ ու­­նե­­­նայինք այդպի­­սի գան­­գատներ…։ Գան­­գատնե­­րը չեն վեր­­ջա­­­նար։ Ուստի, կը ծրագ­­րեմ յօ­­դուած մը եւս գրի առ­­նել եւ զրու­­ցել մեր սի­­րային, հին ու անու­­շիկ գան­­գատնե­­րու մա­­սին։ Անխռով մնա­­ցէք մին­­չեւ յա­­ջորդ շա­բաթ։
Միշտ վտանգ կայ հայկական յիշողութեան մասին իրերու, հիւսուածեղէններու, ժանեակագործութեան կամ ժառանգուած բեկորներու ընդմէջէն գրելուն մէջ: Ընթացքը դիւրաբարկրնայ հայրենատենչական, գեղագիտականացած եւ գրեթէ սառած դառնալ ինքնին կորուստիգեղեցկութեան մէջ: Տեպորահ Վալոմայի եւ Էլիզ Եուսուֆեանի վերջերս մեկնարկած Armenian Needlelace Initiative-ը (Հայկական ասեղնագործութիւն նախաձեռնութիւն - https://www.armenianneedlelace.org/home) ժանեակագործութեան լոկ թուային արխիւ մը չէ, այլ կենսունակ արխիւային տարածք մըն է, ուր հիւսուածքներ, լուսանկարներ, բանաւոր պատմութիւններ, քերթուածներ եւ ընտանեկան պատումներ կը շարունակեն խօսիլ սերունդներու միջով։ Ծրագրին հանդիպիլս ինծի վերադարձուց զրոյցի մը, որ տարի մը առաջ պատիւը ունեցած էի վարելու Պոլսոյ մէջ՝ «Ancestral Journeys: Reflections on Land and Belonging» («Նախնիներու ճանապարհորդութիւններ. խորհրդածութիւններ հողի եւ պատկանելիութեան մասին» https://hrantdink.org/en/announcements/4565-ancestral-journeys-ondemand-deborah-valoma) զրուցաշարի ծիրին մէջ։ Ձեռնարկին ընթացքին, Տեպորահ Վալոմա խօսեցաւ Խարբերդի տարածքին իր նախնիներու գիւղերը վերադառնալուն եւ իր մեծ մօր հիւսքերու արխիւներուն մէջ ներկառուցուած պատմութիւնները լսելուն մասին։ Զիս ամենաշատ տպաւորեց ժառանգութեան նկատմամբ անոր աշխատանքի մօտեցումը։ Ան անցեալը չի գեղագիտացներ։ Ականջ կը դնէ անոր։ Հանդարտօրէն, համբերատար, թելի, հպումի, կրկնութեան եւ վերադարձի միջոցով։
Զրոյցի ընթացքին, Վալոմա նկարագրեց, թէ ինչպէս միջգիտակարգային գեղարուեստական ճանապարհորդութիւն մը զինք տարաւ Խարբերդի իր նախնիներուն գիւղերը եւ դէպի մեծ մօր հիւսքերու արխիւներուն շարամանուած թաքնուած պատումները։ Զիս մեծապէս տպաւորողը ոչ միայն անոր աշխատանքին արխիւային հարստութիւնն է, այլ նաեւ ժառանգութեան հետ իր հանդիպման մարմնաւորուած յատկութիւնը։ Ան նկարագրեց իր մեծ մօր ծննդավայրը այցելութեան ժամանակ ունեցած տեղն ու տեղը նստելու մղումի պահը։ Գրեթէ բնազդաբար, ան իր պայուսակէն հանած է կեռաժանեակը (crochet) եւ սկսած աշխատելու։ Այս շարժմունքին մէջ որեւէ բեմադրութիւն չկար։ Ոչ մէկ յայտարարութիւն։ Միայն շարժող ձեռքեր։ Սերունդներու միջեւ ծաւալող լուռ զրոյց մը։ Այդ պահուն, հողը ինքնին կարծես յիշողութիւն կը պարունակէր։ Իր մեծ մայրը՝ Եղիսաբէթ, բացակայ էր, շատոնց չկար, բայց տարօրինակ կերպով ան ներկայ էր շարժմունքի, կշիռի, կրկնութեան եւ հպումի միջոցով։
Մեր զրոյցին ընթացքին, աւելի ուշ, Վալոմա ընդգծեց արձագանգող քան՝ հակազդեցիկ ստեղծագործութեան կարեւորութիւնը։ Ստեղծագործել ոչ թէ անմիջապէս ինքնին հոգեխոցի ցնցումէն, այլ աւելի հանգիստ յարաբերութենէն՝ դէպի ներկայ, շարունակականութիւն եւ վերադարձ։ Կը յիշեմ, որ աւելի ուշ իրեն հարցուցի, թէ ինչպիսի կտոր մը դուրս եկաւ կեռաժանեակի հիւսքէն. ան մեղմիւ ծիծաղեցաւ ու պատասխանեց՝ «Ոհ, պարզապէս խառնիճաղանճ մը»։ Այնուամենայնիւ, թերեւս այդ է ճիշդ նպատակը. ոչ թէ վարպետութիւն. ոչ թէ կատարելագործութիւն. այլ մարմնաւորուած կապ. ձեռք մը, որ կ՚արձագանգէ նախքան լեզուն լիովին հասնի։
Այս զգայնութիւնը աննկատաբար կը հոսի «Հայկական ասեղնագործութեան նախաձեռնութեան» ամբողջ ընթացքին։ Արխիւը ժանեակագործութիւնը չի դիտեր իբրեւ լոկ զարդ, այլ իբրեւ տարրերային հաղորդիչ՝ տեղահանութեան, աշխատանքի, գաղթի, սուգի եւ վերապրումի։ Լուսանկարներ, գրութիւններ, ընտանեկան պատումներ, ժանեակագործութեան նախշեր, բանաւոր պատմութիւններ եւ բանաստեղծութիւն գոյութիւն ունին կողք կողքի՝ թոյլ տալով, որ հայկական աստեղնագործութիւնը ի յայտ գայ ոչ միայն որպէս արհեստ, այլեւ որպէս ապրուած պատմութիւն։
Արխիւէն մէկ պատմութիւն սրտիս մէջ մնաց։ Վալոմա կը պատմէ մեծ մօր մայրատախտակ սնտուկին մէջ հայկական ասեղնագործութեամբ զարդարուած եւ զգուշութեամբ թաշկինակի մէջ փաթթուած բամպակէ երեք օձիքներ գտնելը։ Օձիքներուն միացուած էր երկտող մը, որ կ՚ըսէ, թէ անոնք զարմուհի Սաթենիկը ղկրած էր Խարբերդէն՝ տեղահանութենէն եւ Հալէպի աքսորի ճամբուն վրայ զոհուելէն քիչ մը առաջ։ Տարիներ անց, չորրորդ օձիք մը մէջտեղ ելաւ, որուն վրայ մատիտով գրուած էր՝ «Սառային կը պատկանի»։
Նման փոքրիկ իրեր։ Սակայն ամբողջ աշխարհներ կը գոյատեւեն անոնց մէջ։ Սաթենիկին ձեռքերը դպած էին այն թելերուն նախքան մահը։ Տասնամեակներ ետք, Վալոմա կը դպչի նոյն հիւսքին։ Հիւսուածքը կը դառնայ հանդիպման վայր։ Նիւթը կը դառնայ վկայ։
Արխիւի կողքին, բանաստեղծութիւնը կ՚ուղեկցի այս բեկորներուն։ Կարծես ծրագրին ոգին Էլիզ Եուսուֆեանի «Let the Candle Keep Burning» (Թող մոմերը շարունակեն այրիլ) քերթուածին վերջին տունին մէջ կ՚իյնայ։
Pull the thread and it will sing
No shortcuts to the moment of making
Let all its light and shadow dance
Your path lit by a small, solitary candle
Each step on fertile ground, nothing more or less
Թելը քաշէ եւ պիտի երգէ,
Կտրուկ ճամբաներ չկան ստեղծագործական պահ տանող,
Թող իր բոլոր լոյսերն ու շուքերը պարեն,
Ճամբադ լուսաւորուի փոքրիկ, մինակ մոմով։
Պարարտ հողի իւրաքանչիւր քայլ, ոչ աւելի, ոչ պակաս
Ասոնք տրէզի մասին բանաստեղծութիւններ չեն պարզապէս։ Անոնք սերունդէ սերունդ փոխանցման մասին բանաստեղծութիւններ են՝ շարժումի, հպումի եւ ստեղծագործութեան միջոցով փոխանցուող դիւրաբեկ շարունակականութեան։
Խզումի եւ տեղահանութեամբ ձեւաւորուած շատ մը լռեցուած տուներու մէջ, յաճախ կիներն են բեկորները հաւաքողները, անաւարտ պատումները շալկողները եւ ընդհատուած պատմութիւնները իրարու հիւսողները։ Գործը բնաւ լիովին չ՚աւարտիր։ Թերեւս այդ պատճառով ասեղնագործութիւնը հզօր փոխաբերութիւն կը դառնայ հոս։ հիւսք առ հիւսք, յիշատակը շարժման մէջ կը մնայ։
«Հայկական ասեղնագործութիւն նախաձեռնութիւն»-ը յատուկ ուշադրութեան կը կարօտի։ Արագօրէն թերթելու կայքէջ մը չէ ան։ Այցելուն ոչ միայն հիւսքերու արխիւ մը մուտք կը գործէ, այլեւ՝ տարածք մը, ուր օձիքներ, կարեր, երկտողեր, լուսանկարներ, բանաստեղծութիւններ եւ ընտանեկան պատմութիւններ կը շարունակեն խօսիլ սերունդներու միջոց։ Հիւսելու եւ պահպանելու այս նուրբ գործին մէջ կարգ մը անցեալներ անաւարտ կը մնան, բայց եւ այնպէս կը մնան կարող կառչելու, դպչուելու եւ խնամքով յառաջ երթալու։
(Թարգմանեց Արազ Գոճայեան)
«Յոյս» բարեսիրական միութեան նախաձեռնած համերգը կայացաւ 28 Ապրիլ երեքշաբթի երեկոյ, Սուրք Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ յարակից Նարեկեան սրահին մէջ։
Նախքան համերագային ծրագրի գործադրութիւնը, միութեան անդամներէնՍերա Եէօնտեմ նկատի ունենալով 4 Ապրիլ Օթիզմի գիտակցութեան օրը, ծանօթացուց այս յատուկ դրութիւնը, ընդունուած միջազգային հաստատումներու սահմանին մէջ։
Ապա միութեան առժամեայ ատենապետ Յովհաննէս Սիւրկիւնօղլու պատմեց «Յոյս» բարեսիրական միութեան հիմնադրութեան գործընթացը, շեշտելով թէ իրենց այս պահու գլխաւոր մարտահրաւէրն է աշխատավայրի մը բացակայումը։
Կարճ ելոյթ մը անցաւ նաեւ Սելտա Թոփալօղլու, որ պատմեց իր որդւոյն միջոցաւ օթիզմի հետ ծանօթանալու, ապա համապատասխան ուղղութիւն ճշդելու եւ այդ ճամբուն վրայ զարգանալու ոդիսականը։
Այս երեք ելոյթներէն ետք բեմ բարձրացան երգչուհի Շուշան Քալաթաշ եւ դաշնակահար Աննա Գէորգեան Ուղուրլուեան։
Համերգային ծրագրի առաջին հատուածի մէջ Շուշան Քալաթաշ կատարեց Ալեքսանդր Աճեմեանի «Երանի Թէ», Համբարձում Պէրպէրեանի «Անոր», Աւետիկ Իսահակեանի խօսքերով «Պինկէօլ», Առնօ Պապաճանեանէն «Չքնաղ Երազ», Ալեքսէյ Հեքիմեանէ «Իմ Անի» եւ Ահարոն Մսըրլեանէ դարձեալ Աւետիկ Իսահակեանի բառերով «Օտար Ամայի» հանրածանօթ երգերը։
Համերգի այս հատուածին դաշնակահար Աննա Գէորգեան Ուղուրլուեանը իբրեւ մենակատար նուագեց Արամ Խաչատրեանի «Մանկական Ալպոմ»էն երեք կտոր եւ Առնօ Պապաճանեանի «Էքսփրօմթ»ը։
Շուշան Քալաթաշ, երբ դարձեալ բեմ եկաւ, նշեց թէ յայտագրի այս հատուածին մէջ ընտրած է Խաչատուր Աւետիսեանի յօրինումներէն վեց նմոյշ, բոլորը Լուտվիք Դուրեանի խօսքերով, ի բացառութիւն վերջին գործէն՝ «Երբ Խանդում Ես»էն, որու բառերու հեղինակն էր Գարիկ Բանդուրեան։
Այսպէս իրերայաջորդ կերպով հնչեցին 1915-ի ցեղասպանութեան ձօնուած օրաթորիայէն «Օրօրոցային»ը, «Ծաղկած Բալենի»ն, «Կռունկներ»ը, «Որտեղ Գտնեմ Քեզ»ը եւ «Այ Սեւ Աչերով Աղջիկ»ը։
Ինչպէս յայտնի կը դառնայ, բոլորն ալ ունկնդրի համար ծանօթ եւ սիրուած երգեր, որոնք մեներգչուհիի ձայնի քնքշութեամբ խորապէս տպաւորեցին հանդիսատեսը։
Երաժշտական կատարեալ վայելք մըն էր բեմադրուածը բոլոր անոնց համար, որոնք ներկայ գտնուեցան երաժշտական այս խնճոյքին։
Եթէ մէկը պիտի յանդգնի Թուրքիոյ մամուլի պատմութիւնը գրի առնել, իսկոյն պիտի նկատէ թէ այդ պատմութիւնը ծագած ու ծաղկած է Պոլսոյ Պապը Ալի՝ այսինքն Մեծ Դուռ թաղամասը։ Բարձունքի վրայ է ան, որուն հասնող զառիվերը մաշեցուցած են երկրի մտաւորականութեան վերնախաւը։ Անոնց շարքէն է նաեւ գեղանկարիչ Յակոբ Արատ, որ երկար տարիներ ծառայեց «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին։
Յակոբ Արատի գեղարուեստական վաստակը երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնով մը ընթերցողին կը ներկայացնէ Ինճի Այտըն, «Արաս»ի մատենաշարէն լոյս տեսած «Գոյներու Տիոկենեսը» անուն ուսումնասիրութիւնով։
Տրուած ըլլալով թէ Յակոբ Արատ իր կեանքի վերջին ամիսները անցուցած էր Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին իրեն տրամադրուած սենեակ մը, որոշուած է նորատիպ գիրքի շնորհանդէսը կատարել սոյն եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, 8 Մայիս ուրբաթ երեկոյ, ժամը 19.00-ին։ Գեղարուեստական բնոյթով կազմակերպուած գնիեձօնին երաժշտական բաժինը վստահուած է Չաղլար Ֆիտանին։ Իսկ Ինճի Այտըն, Արեք Քազար եւ Պուրճու Փելվանօղլու պիտի արտայայտուին «սովորական կեանքի գեղանկարիչը Յակոբ Արատի արուեստը եւ ոճը» խորագիրով։
Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Նիհալ Պոզթեքին ալ ներկաներուն պիտի փոխանցեն սոյն ուսումնասիրութեան մինչեւ հրատարակութիւն անցած ճանապարհը։
24 Ապրիլ 2026, Ուրբաթ
Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցի, Ալթըմէրմէր
«Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ մեր, այսօր դարձեալ 24 Ապրիլ է. օր մը, որ մեզ կը հրաւիրէ խոնարհումով կանգնելու մեր պատմութեան ամենէն ցաւալի էջերէն մէկուն առջեւ։ Այս օրը մեզ կը վերադարձնէ դար մը առաջ ապրուած ողբերգութեան յիշատակին, որ խոր հետք ձգած է մեր ազգային եւ հոգեւոր կեանքին մէջ։
Մենք կը յիշենք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն մեր ժողովուրդի կրած կորուստները, տեղահանութիւնը, տարագրութիւնը եւ այն անչափելի ցաւը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է։ Բայց այս յիշատակումը միայն անցեալի մռայլ էջերուն մէջ փակուելու համար չէ։ Այս յիշատակումը նաեւ կոչ մըն է՝ իմաստաւորելու մեր ապրածը եւ ուղղուելու դէպի ապագայ։
Այս հողերուն վրայ, ուր դարեր շարունակ տարբեր ժողովուրդներ կողք կողքի ապրած են, խաղաղ համակեցութեան աւանդը ծանր հարուած ստացած է այդ տարիներուն։ Սակայն նոյն այս աշխարհագրութիւնը մեզ կը յիշեցնէ նաեւ անխուսափելի ճշմարտութիւն մը՝ որ ժողովուրդները դատապարտուած չեն յաւերժ հակադրութեան, այլ կոչուած են համակեցութեան, երկխօսութեան եւ փոխադարձ ըմբռնման։
Պէտք է ընդունինք, թէ այս հողերուն տակ թաղուած են ոչ միայն մեր ցաւերը, այլ նաեւ ուրիշներու վէրքերը։ Միայն մեր պատմութիւնը պատմելով չէ, որ կը գտնենք ճշմարիտ հանգուցալուծում։ Պարտաւոր ենք նաեւ լսել ուրիշներուն, ըմբռնել անոնց ապրումները եւ փորձել գտնել այն ընդհանուր եզրերը, որոնք կրնան հիմք ծառայել ապագայի համար։
Այս իմաստով, մենք կը վերահաստատենք մեր կոչը՝ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ բարեկամութեան հաստատման համար։ Անցեալի ողբերգութիւնը պէտք չէ դառնայ մշտական բաժանարար պատ, այլ՝ ծանր, բայց ուսանելի մէկ փորձառութիւն, որմէ կարելի է քաղել դասեր՝ ապագան աւելի արդար եւ խաղաղ կերտելու համար։
Ոչ ուրացումը, ոչ ալ թշնամանքը կրնան բուժել վէրքերը։ Նոյնպէս քաղաքական շահարկումները չեն ծառայեր ժողովուրդներու մերձեցման։ Ճշմարիտ յառաջընթացը կը ծնանի անկեղծութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ մարդասիրական արժէքներու վրայ հիմնուած երկխօսութենէն։
Ուստի կը հրաւիրենք բոլոր կողմերը՝ զարգացնելու բարեկամական կամուրջներ, խրախուսելու մշակութային եւ տնտեսական համագործակցութիւն, եւ ստեղծելու այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր պատմութիւնը կարելի ըլլայ քննարկել առանց վախի եւ թշնամանքի, այլ՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձգտումով։
Մենք կը գնահատենք այն բոլոր քայլերը, որոնք անցեալին եւ ներկայիս ուղղուած են փոխադարձ զգայնութեան եւ մերձեցման։ Այս ծիրին մէջ արժանի է յիշատակութեան նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Տիար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլի առիթով հրապարակուած պատգամները, որոնք ուղղուած են նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքռրթեան եւ մեր համայնքին։ Անոնց մէջ արտայայտուած ցաւակցական մօտեցումը եւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ կեանքը կորսնցուցած մեր ժողովուրդի զաւակներու յիշատակին նկատմամբ յարգանքը, ըստ մեզի, կարեւոր քայլեր են՝ փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտի ձեւաւորման ճամբուն վրայ։
Մենք կ՚արժեւորենք այս պատգամները որպէս մարդկային խղճի ձայնի արտայայտութիւն եւ որպէս այնպիսի ժեստեր, որոնք կրնան նպաստել ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան աստիճանական վերականգնումին։ Նման մօտեցումները կը յիշեցնեն մեզի, թէ նոյնիսկ ամենածանր պատմական բեռերու պարագային, կարելի է ընտրել փոխադարձ յարգանքի եւ հաղորդակցութեան ուղին։
Այսօր, որպէս սրբադասուած նահատակներու յիշատակութեան օր, մենք կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան։ Անոնք իրենց կեանքով եւ նահատակութեամբ դարձած են ոչ միայն մեր յիշողութեան մասը, այլ նաեւ մեր հաւատքի կենդանի վկաները։ Անոնք մեզ կը հրաւիրեն չմնալ անցեալի խաւարին մէջ, այլ՝ ապրիլ յոյսով եւ կառուցել ապագան։
Ինչպէս կը վկայէ մարգարէական խօսքը. «Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ» (Եսայի 43.19)։ Այս նորութիւնը պէտք է փնտռենք մեր սրտերուն մէջ՝ վերափոխելով մեր մտածումները եւ վերաբերմունքը։
Սիրելիներ, թող այս օրուան յիշատակումը դառնայ ոչ միայն սուգի, այլ նաեւ վերանորոգման առիթ։ Թող Աստուած իր ողորմութեամբ դպչի մեր եւ մեր դրացիներուն սրտերուն, որպէսզի կարողանանք անցնիլ անցեալի ծանր ստուերներուն վրայէն եւ կառուցել արդարութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած ապագայ։
Թող Ամենակալ Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի եւ մեր բոլոր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեամբ, օրհնէ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդները, առաջնորդէ զանոնք դէպի հաշտութիւն եւ խաղաղ համակեցութիւն, եւ աշխարհէն հեռացնէ պատերազմներն ու ատելութիւնը։
Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները թող բնակին մեր մէջ եւ ամբողջ մարդկութեան վրայ՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։
Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակները աւելի քան 60 տարիներէ ի վեր յամառ պայքար կը մղեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար։ Անցնող այս աւելի քան վեց տասնամեակներու ընթացքին Թուրքիոյ պետական ռազմավարութիւնը ապրեցաւ շրջադարձային լուրջ փոփոխութիւններ։
Առաջին հերթին պաշտօնապէս կը պնդուէր թէ ինչ որ պատահած է Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին, կարելի չէ պատասխանատւութիւն բեռցնել նորակազմ հանրապետութեան։ Այս տեսութիւնը համոզիչ չէր, քանի որ հանրապետութիւնը բնական ժառանգորդն էր կայսերական պետութեան։ Հանրապետութիւնը ստանձնած էր Օսմանեան Կայսրութեան թողած պարտքերը, որոնք մաս առ մաս վճարեց մինչեւ 1955 թուականը։
Ուրացման երկրորդ փուլն էր պատճառաբանել պատերազմական իրավիճակը։ Կ՚ըսէին թէ երկրի անվտանգութիւնը ապահովելու համար արեւելեան շրջանի հայերը տեղահանուած եւ աքսորուած են դէպի հարաւային նահանգներ։ Եթէ այդ միջոցին պատահած են վայրագ սպանութիւններ, անոնք տեղի ունեցած են աւազակներու ձեռամբ, այլ ոչ թէ բանակայիններու։
Եկաւ շրջան մը, ուր այս անգամ խօսոյթը վերածուեցաւ փոխադարձ բախումներու։ «Հայերը ապստամբեցան եւ պետութիւնն ալ ճնշեց այդ ապստամբութիւնը»։ Բոլորն ալ իրաւացի հիմքերէ զուրկ պատրուակներ էին, որոնք երբեք լուրջի չէին առնուած միջազգային գետնի վրայ։ Սակայն խոստովանինք որ ներքին լսարանը դիւրաւ կուլ կու տար այդ սուտերը, որոնք շատ աւելի դիւրամարս էին բաղդատմամբ ցեղասպանի մեղադրանքին։
Այս տարի երբ կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնի 111-ամեկը, թրքական քարոզչամեքենան բոլորովին կորսնցուցած է տրամաբանական գետնի վրայ ուրացման ծառայող խօսոյթ արտադրելու կարողութիւնը։
Անդին կը մնայ ամենակոպիտ եղանակով կրկնել արդէն իսկ ցնդած յանկերգը։ Արդարեւ «Մարմարա» համալսարանի մէջ խումբ մը ակադեմականներ նախակրթարանի մակարդակով հանդէս մը կազմակերպեցին, միասնաբար երդմնելու համար թէ հայոց ցեղասպանութեան պնդումները կայսերապաշտ սուտ մըն են։
Նման ծիծաղաշարժ ելոյթի մը բեմահարթակ դարձաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանը, երբ ցեղապաշտ «ԻՅԻ» կուսակցութեան պատգամաւոր Թուրան Չէօմեզ կրկնեց նման բնոյթի կոչ մը, ըսելով թէ այս ելոյթը կ՚ունենայ պարզապէս Խորհրդարանի տոմարին մէջ նշուիլը ապահովելու համար։
Այս տեսակի ենթահողի մը վրայ իմաստազուրկ կը դառնայ նախագահ Էրտողանի հրապարակած ուղերձը եւս։ Արդէն այդ ուղերձը վերջին տարիներուն կարելի եղածին չափ անձայն ու անշշուկ կը հրապարակուի, կարծես լսելի դարձնելու համար միայն թրքահայ հասարակութիւնը, նոյնիսկ սոսկ Պատրիարքարանի միջավայրը։
Ներկայ դրութեան մէջ այս զարգացումներուն դէմ առարկելն ալ այդքան հեշտ չէ, քանի ի զօրու է սուտ տեղեկութիւնը դիտումնաւոր կերպով հրապարակելու դէմ ծանր պատժամիջոցներ տնօրինող պատժական օրէնքի յօդուածը։
Իրողութեան խոստովանումը տակաւին երկար ճանապարհ է Թուրքիոյ մէջ։
Թուրքիոյ Խորհրդարանի 87-րդ նստաշրջանին ելոյթ ունեցաւ ԻՅՒ Կուսակցութեան Փոխատենապետ Թուրհան Չէօմէզ։ Ան նշեց, որ օրակարգէն դուրս խօսք կ'առնէ , հակազդելու համար քանի մը օր առաջ կատարուած յայտարարութիւններուն ու յիշատակութիւններուն Ապրիլ 24-ի մասին։ Ան ըսաւ, թէ կ'ուզէ «Խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ կրկին անգամ փաստուի, որ այն օրը եւ երբե՛ք ցեղասպանութիւն չէ եղած»՝ նկատի ունենալով, որ «ներքուստ ու արտաքուստ որոշ շրջանակներ կը ջանան այդ ամսաթիւը որպէս ցեղասպանութիւն ոգեկոչել»։
ՏԵՄ Կուսակցութենէն Ճորճ Ասլանի «Ուրեմն ի՞նչ պատճառով, 1915-ին մօտ 3 միլիոն հայութիւն ունեցած երկիրը, այժմ ընդամէնը 50 հազա՞ր ունի» եւ «Ուրեմն ի՞նչ ըրին Ասորիները, որ այնքան քիչ մնացին» հարցումներուն առթիւ կրկնակի ելոյթ ունեցած Չէօմէզ պատասխանեց. «Անշուշտ, արտագաղթի ճամբուն վրայ կեանք կորսնցնողներ եղան, սակայն այդ ընթացքին Օսմանեան Կայսրութիւնը բոլոր զգուշաւորութիւնները ձեռք առաւ. ապրուածները պատմական ընթացք մըն էր, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իր աշխարհագրութեան ներսէն կայացուած որոշում մըն էր»։
Ասորիներու մեղքը ի՞նչ էր
Չէօմէզ, հարցումին պատասխանելու փոխարէն, առաջին ելոյթը կրկնելէ ետք, Ճորճ Ասլան կրկին խօսեց.
«Հայերը մէկ կողմ թողնենք, ձեր մօտ ո՛րոշ փաստարկ ունիք “Հայերը սա ըրին, նա ըրին” կ'ըսէք։ Ուրեմն, Պարոն Չէօմէզ, Ասորիները ի՞նչ ըրին։ Ասորիներու մեղքը ի՞նչ էր։ Այս հարցումիս ալ խնդրեմ պատասխանեցէ՛ք»։
«Այս երկրէն Ասորիները ոմն պատճառներով արտասահման գացին, զատ ըլլալ, ատոնք կը գիտէնք, դուք ինձ շատ լաւ կը ճանչնաք, ձեր պատկանած համայնքն ալ ինձ շատ լաւ կը ճանչնայ։ Մարտինի մէջ Ասորի համայնքի հետ ունեցած հանդիպումներէս ալ տեղեակ էք։ Ուստի, այս երկրի, այս երկրի վրայ ապրուած բոլոր ցաւերը մեր ցաւերն են, սակայն ատոնք ահաբեկելով, ահաբեկչական կազմակերպութիւններ հովանաւորելով, Հնչակ եւ Դաշնակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կատարած կոտորածը արդարացնելու ճամբով, հոս այս հարցը չէք կրնար պաշտպանել։ Անատոլուի երկրի վրայ ապրուած իրողութիւններ կան, այդ իրողութիւնները պատմութեան էջերուն մէջ են, պատմութիւնը պէտք ըրածը ընէ, սակայն խնդրեմ, այս հարցերը մի'չարաշահէք»։
Զտուած փաստաթղթեր
Այս խօսքերու վրայ, ՏԵՄ Կուսակցութեան Մուշի պատգամաւոր Սէզայի Թէմէլլի խօսք ուզեց եւ հետեւեալը ըսաւ.
«Չէօմէզ կը խօսի պատմութեան, փաստաթղթերու մասին, ցաւօք, պատմութեան այն էջերը, այն արխիւները բացուած չեն։ Դաշնակ Կուսակցութեան մասին ըսածը… Եթէ պատմութիւնը լաւ գիտնար, Իթթիհատ եւ Թերաքիի գործընկերները Դաշնակցականներն էին, ե՛ւ աւելի, Ապրիլ 24-ի նախընթաց գիշեր Թալէաթ Փաշան Դաշնակ Կուսակցութեան ղեկավարի հետ էր։ Ուստի, պատմութիւնը շեղելով, հոս ինչպէս միշտ, ամէն ինչ “ահաբեկութիւն” ըսելով, ճշմարտութիւնները չէք կրնար փոխել։ Թէ Դաշնակ Կուսակցութիւնը օրինական կուսակցութիւն մըն է, Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններու ներքոյ գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւն մըն է։ Ուստի, այս երկրի քաղաքացիներուն մասին կը խօսինք։ Սխալ քաղաքականութիւն մը պաշտպանելով, հոս, ուստի, այդ իրաւունքը չէք կրնար պաշտպանել։ Եթէ կ'ուզենք պատմութեան տէր ըլլալ, այս հողերու վրայ ապրած բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան ալ տէր պէտք է ըլլանք։ Ուստի, ատոնք չէք կրնար շեղել. սոյն փաստաթղթերը զտուած, մաղէ անցուած կերպով հրապարակուած փաստաթղթեր են»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան 28 Ապրիլին ներկայացուցին Հայաստանի մէջ կենսաչափական անցագիրներու ու նոյնականացման քարտերու նոր համակարգի աշխատանքները:
Կարմիր գոյն ունեցող անցագիրին մէջ Արարատի չերեւիլը վարչապետը հետեւեալ ձեւով մեկնաբանեց. «Արարատի մարզէն պատկերուած է Խոր Վիրապը` որպէս մեր քրիստոնէութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը»:
Երրորդ էջին վրայ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենն է: Անոր մէջ նաեւ աղաւնիներ պատկերուած են: Ըստ Փաշինեանի` անոնք կը խորհրդանշեն խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն:
Ներկայացուած են նաեւ Արագած լեռը իր չորս գագաթներով, Արմաւիրի մարզը` լաւաշի թխման գործընթացով, Սեւանայ լիճը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը, Ջերմուկի ջրվէժը եւ այլ խորհրդանիշեր:
Կենսաչափական անցագիրները քաղաքացիներուն հասանելի պիտի ըլլան 2026-ի աշնան: Վարչապետին համաձայն` անոնք կարեւոր են նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման գործընթացը աւարտին հասցնելու համար:
Ամէն անգամ, որ ինծի հարց կը տրուի, թէ «ինչպէ՞ս է Լիբանանը», այն ատեն կը զգամ իրավիճակին ծանրութիւնը։ Պատմելով է, որ կ՚անդրադառնամ ինչպիսի լծակներու ապաւինելով՝ մեզի պատահածը տանելի կը դարձնենք։ Մէկ կողմէ անձնական եւ միւս կողմէ հաւաքական ինքնավերլուծութիւններով կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է քանի մը կեանքեր ապրիլ միաժամանակ եւ չապրիլ այդ կեանքը, որ խաղաղ պայմաններու մէջ կը խոստացուի մեզի յոյսին եւ երազին կողմէ։
Իր «Տու եու լավ մի» («Արդեօք կը սիրես զիս») վաւերագրական ֆիլմին մէջ, որ առաջին ցուցադրութեան արժանացած է 2025 թուականի Վենետիկի ֆիլմերու փառատօնին եւ ցարդ տիրացած է Հելսինքիի վաւերագրական ֆիլմերու փառատօնի մրցանակի եւ երկու այլ փառատօններու մէջ պատուոյ յիշատակումներու, Լանա Տահըր դիտողը կը ճանապարհորդէ Լիբանանի վերջին 70 տարիներուն՝ նկարներու եւ ձայներու ճամբով՝ քննելով Լիբանանեան հաւաքական ոգին։ Օգտագործելով միայն արխիւային տեսանիւթեր, աւելի քան քսան հազար՝ ֆիլմերէ, ընտանեկան անձնական նկարահանումներէ, անձնական եւ հանրային լուսանկարներէ, Տահըր անհատներու, բեմադրիչներու եւ արուեստագէտներու աչքերով կը վերակառուցէ Պէյրութը մեր աչքին առջեւ։
Գծագրութիւն՝ Թամար Կիւրճեան
Գծագրութիւն՝ Թամար Կիւրճեան
Ֆիլմը դիտելու համար ապահով զգացի տունէս երկուքուկէս քիլոմեթր անդին գտնուող «Մեթրոփոլիս շարժապատկերի ընկերակցութիւնը» ուղղուիլ՝ սոյն վաւերագրականը ցուցադրող միակ սրահը, այն 10 օրուան զինադադարի ընթացքին, որմէ քանի մը օր առաջ տասը վայրկեանուան մէջ շուրջ 100 հրթիռակոծումներ արձակած էր Իսրայէլը Լիբանանի վրայ, մեծ բաժին տալով Պէյրութին։ Թէկուզ գիտէինք, որ զինադադարը կը խախտուէր Լիբանանի տարածքին, բայց չէի ուզեր փախցնել այս առիթը, երբ ձեռքս անցած էր։
Ենթագիտակցութեանս մէջ ապրած բոլոր պատերազմներուս բեկորները կը միախառնուին պաստառին վրայ ցուցադրուող սիրտ հարստացնող պահերով։ Զիս խորապէս տպաւորող պահերէն մին երիտասարդուհիի մը պատմութիւնն էր։ Ան կը պատմէր իր յուշերը 1975-1990-ի պատերազմէն, թէ ինչպէս գիշերները, երբ կը քնանային շէնքի ներքին յարկի ապաստանարանին մէջ, ան իր շունչի ելեւէջները կը հաւասարեցնէր իր քով քնացած մեծ մօր շնչառութեան՝ մտածելով, որ երբ մեծ մօր շունչը հատնի, այդ կ՚ըլլայ աւարտը նաեւ իր շունչին։ Այլ ճակատագրական դէպքի մը մասին կը վերապատմէ ալեհեր մարդ մը, որուն կեանքը գնդակահարումէ փրկած է իր աշակերտներէն մին, որ այդ պահուն կը գտնուէր տուեալ խուզարկման կէտին վրայ՝ «չկրակէ՛ք, ասիկա իմ ուսուցիչս է» պոռալով վազելով զինակիրներու կողմը, մետասաներորդ պահուն։
«Արդեօք կը սիրես զիս» ֆիլմի որմազդը
«Արդեօք կը սիրես զիս» ֆիլմի որմազդը
10 օրուան դադարէն օգտուելով նոյն սրահին մէջ դիտեցի նաեւ երկու այլ յատուկ ցուցադրութիւններ, դարձեալ միայն «Մեթրոփոլիս»-ի մէջ ցուցադրուող։ Այս երկուքը Յուլիս 2025-ին մեզմէ վաղաժամ հեռացած հռչակաւոր արուեստագէտ, ձախակողմեան Զիատ Ռահպանիի «Պլ նսպէ լա պուքրա շո՞ւ» (Վաղուան համար՝ ի՞նչ) եւ «Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ» (Ամերիկեան երկար ֆիլմ) թատրոններն են, որոնք յաջորդաբար բեմ բարձրացած են 1978-ին եւ 1980-ին։ Երկուքին դէպքերը տեղի կ՚ունենան Լիբանանեան պատերազմի ընթացքին։ Առաջինը կը պատմէ կենսամակարդակի բարելաւման համար պսակուած զոյգի մը գիւղէն քաղաք փոխադրուիլը եւ գինետան մէջ աշխատիլը։ Գինետունը կը ներկայանայ իբրեւ ընկերութեան մանրաշխարհը, ուր օրապահիկի ապահովման համար աշխատաւորը կ՚ենթարկուի զանազան դժուարութիւններու եւ նուաստացումներու։ Իսկ երկրորդը Պէյրութի մէջ հոգեբուժարան մըն է, ուր սեւ ու մութ հումորով կ՚արծարծուի երկրին իրավիճակը։
Թէեւ զոյգ ներկայացումներէն 50 տարի անցած է, երկուքին ալ նիւթերն ու զրոյցները այնքան այժմէական են կարծես բան մը չէ փոխուած Լիբանանի մէջ։
Երբ այցելեցի warsinlebanon.com կայքը՝ ստուգելու համար թէ կեանքիս քանի տոկոսը պատերազմի մէջ անցուցած եմ, տեսայ, որ 57.1 տոկոս անցուցած եմ պատերազմներու մէջ։ Կեանքիս կէսէն աւելին։ Բայց միայն թիւերը չեն կրնար արտայայտել այդ իրականութեան իսկական ծանրութիւնը։ Անոնք չեն կրնար բացատրել, թէ ինչպէս մեր մեծ ծնողներն ու ծնողները գոյատեւած են 1915-ը, 1975-ը կամ թէ ինչպէս մենք կը շարունակենք ամէն առաւօտ արթննալ երկրի մը մէջ, ուր գոյատեւումը արուեստ է։ Թերեւս այս է պատասխանը «Ինչպէ՞ս է Լիբանանը» հարցումին։ Այլեւս չեմ կրնար զանազանել աղէտը դիմադրութենէն։ Մենք չենք ապրիր հակառակ իրավիճակին ծանրութեան, այլ կ՚ապրինք ծանրութեան մէջ՝ կրելով մեր պատմութիւնը ոչ թէ իրբեւ ցած դնելու բեռ, այլ իբրեւ տարօրինակ եւ դժուար ժառանգութիւն։
Որքան էական որ կը դառնայ Մայիսի Մէկը, նոյնքան կը ծանրանայ այդ օրը յիշատակելու դէմ յարուցուած արգելքները։
Այս տարի ալ ոստիկանութիւնը, նախապատւութիւն տալով Պոլսոյ Թաքսիմի Հրապարակին, պատնէշներով փակած է քաղաքի գլխաւոր հրապարակները եւ այդ հրապարակներ հասնող մայրուղիները կամ փողոցները։
Կարծես քաղաքի իշխանութիւնները ոչ աշխատանքային օր համարուած այդ թուականը վերածած ըլլան տունէն դուրս չգալու օրուան։ Խափանուած են հանրային փոխադրամիջոցները՝ յատկապէս զանց առնելով կեդրոնական թաղերը։
Արհմիութիւնները ակամայ համակերպած են սահմանափակումներուն եւ որոշած են հանրահաւաք կատարել Քատըգիւղի մէջ։
Սեւակ Պալըքճը սպաննուեցաւ 24 Ապրիլ 2011-ին, զինուորական պարտադիր ծառայութեան ընթացքին։ Հազիւ 23 օրեր մնացած էին այդ ծառայութիւնը աւարտելու համար։ Ոճրագործը՝ Քըվանչ Աղաօղլու եւս զինծառայող մըն էր եւ դէպքի պատահած օրը խորհրդանշական իմաստ ունէր։
Առաջին հերթին բանակայինները ոճիրը նկարագրեցին դժբախտ պատահար մը ըլլալով։ Ըստ իրենց եղածը «արկած»մըն էր պարզապէս։ Զոհուած զինուորի ընտանիքը եւ բարեկամները շուտով առարկեցին այս մեկնաբանութեան։ Սեւակի հայրը Կարպիս Պալըքճը պնդեց թէ կատարուածը ատելութեան դրդումով գործուած ոճիր մըն է։ Ծնողները համարեա բոլոր դատական նիստերուն մասնակցեցան, ներկայանալով Զինուորական Ատեանին։ Իրաւապաշտպաններ դիտել տալով դէպքի ականատեսներուն իրենց վկայութիւնները յաճախ փոխելու երեւոյթը, հարցական գտան շարունակուող դատավարութիւնը։
Այդ միջոցին Ռաքէլ Տինքի, Արատ Տինքի եւ Ուֆուք Ուրասի նման անուններու ալ մասնակցութիւնով կազմուեցաւ «Սեւակի համար արդարութեան նախաձեռնութիւն» մը։
Համարեա նոյն ժամանակներուն հայ երիտասարդներու կողմէ կազմուած «Նոր Զարթօնք» եւ «Ցեղապաշտութեան եւ Ազգայնապաշտութեան Դէմ» նախաձեռնութիւնը եւ բազմաթիւ մտաւորականներ կոչեր յայտարարեցին իրողութիւններու յայտնաբերման եւ արդար դատավարութեան պահանջով։
26 Մարտ 2013-ին, Զինուորական Ատեանը վճիռ կայացուց մեղադրեալ Աղաօղլուին դէմ գիտակցաբար թերանալով սպաննելու յանցանքին հետ առնչուած 4 տարի 5 ամիս եւ 10 օր բանտարկութեան։
Սոյն վճիռը ամբողջովին կ՚անտեսէր ատելութեան դրդումի վարկածը։
Սեւակ Պալըքճըի ընտանիքը խստօրէն դատապարտեց դատական վճիռը եւ յայտնեց թէ պիտի շարունակէ դատական պայքարը։
Արդարեւ Զինուորական Վճռաբեկ Ատեանը չեղեալ համարեց վճիռը եւ պահանջեց դատավարութեան կրկնութիւնը։
2016-ի յեղափոխութեան անյաջող փորձէն ետք փակուեցան Զինուորական Դատարանները եւ խնդիրը փոխանցուեցաւ Պաթմանի Քոզլուք գաւառի Հիմնական Պատժական Դատարանին։ Այս դատավարութիւնը սկսաւ 2018-ին եւ դատարանը ամբաստանեալը մեղադրեց դիտումնաւոր սպանութեան յանցանքով ու տնօրինեց 16 տարի, 8 ամսուան ազատազրկման պատժին։
13 Յուլիսին 2021-ին Վճռաբեկ Ատեանը հաստատեց այս վճիռը եւ դրաւ գործադրութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը այս երկրորդ վճիռը գնահատեց «ուշացած, բայց արդարութեան պահանջները մասամբ գոհացնող որոշում մը» ըլլալով։
«Նոր Զարթօնք» եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններ, Կարօ Փայլան եւ Սեզկին Թանրըքուլուի նման քաղաքական գործիչներ, այս ոճիրը դիտեցին իբրեւ ատելութեան հետեւանք։
Արդարեւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը օրակարգի կը բերէր բանակի ծառայութեան ընթացքին զանազան եղանակներով մահացող շարքային զինուորներու եւ նման յանցագործութիւններու վայելած անպատժելիութեան սկզբունքի առկայութիւնը։
Կարպիս Պալըքճը որդւոյն սպանութենէն ուղիղ 11 տարի ետք 24 Ապրիլ 2022-ին, մահացաւ իր տան մէջ։ Ան այդ պահուն կը պատրաստուէր որդւոյն հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցելու համար տունէն դուրս գալու։
Կարպիս Պալըքճը թէ հայ համայնքի եւ թէ մարդու իրաւունքներու լայն շրջանակի մը համար դարձաւ արդարութեան պայքարի խորհրդանշական անուններէն մէկը։ Յաճախ յիշուեցաւ անոր բոլոր դատական նիստերու մասնակցելու կամքը եւ հասարակութեան կարծիք ձեւաւորելու ուղղեալ յամառ պայքարը։
24 Ապրիլի նախօրեակին մենք ալ ուզեցինք յիշատակել թէ տարաբախտ Սեւակ Պալըքճըն եւ թէ իր վշտահար հայրը՝ Կարպիս տայտայը։
Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Աշխարհամատրան կիրակիի առթիւ, 19 Ապրիլ 2026, հանդիսապետեց Տիյարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց։
Առաւօտեան ժամերգութենէ ետք Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Մելքոն Ուր. Դպ. Արըք եւ Վոլքան Արատ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճուի առաջնորդութեամբ։ Արարողութեանց հետեւեցան հաւատացեալներու եւ հետաքրքիրներու խուռներամ բազմութիւն մը՝ ժամանած Տիգրանակերտէ, մերձակայ քաղաքներէ եւ Իսթանպուլէ։ Տիյարպեքիրի կուսակալութենէ եւ քաղաքապետութենէ ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։ Ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ ծխական խորհուրդի անդամները ընդունեցին հիւրերը։
Նախքան Տէրունական աղօթքը քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը՝ Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցելով ուխտաւոր ժողովուրդին եւ խաղաղութիւն ու անդորր համակեցութիւն պատգամելով։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի Տէր ննջած համայն տիգրանակերտցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Յետ եկեղեցական արարողութեանց կատարուեցաւ տնօրհնէք: Սրբազան Հայրն ու Տէր Հայրը զրուցեցին տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:
Սրբազան Հայրն ու ուղեկիցները ապա անցան գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։
Իրիկունը եկեղեցւոյ համալիրէն ներս բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յուշասենեակին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։
Սիմոնեան մամլոյ հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացինք նշեց որ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի հարեւան երկիրներու՝ Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի նախագահներու հետ։ Ան նաեւ բանակցած է Եւրոմիութեան ներկայացուցիչի, Ռուսաստանի Դաշնային Խորհուրդի նախագահի եւ Քաթարի խորհրդարանի նախագահին հետ։
«Ինչպէս Անատոլու Գործընկերութեան տրուած հարցազրոյցին նշած եմ, մենք այս պահուն սուր չլուծուած հարցեր չունինք ու կ՚ակնկալենք եւ կը սպասենք, որ ցամաքային սահմանը վերջապէս կը բացուի։ Այս մասին բազմաթիւ խոստումներ տրուած էին արդէն»։
Պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի պահուն լրագրողները ուղղեցին զանազան հարցումներ, յատկապէս Նուման Քուրթուլմուշի հետ ունեցած զրոյցներուն, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Պաքուի դերակատարութեան եւ 7 Յունիսին մօտալուտ ընտրութիւններուն մասին։
Արծարծուած նիւթերէն մէկն ալ պետական համակարգի եւ Մայր Աթոռի միջեւ շարունակուող լարուածութիւնն էր։
Պոլսահայ լրագրողները հետաքրքիր էին նաեւ Իրանի Կազզայի եւ առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին խաղաղութիւնը վերականգնելու եղանակներու մասին լուսաբանութիւններ լսելու։
Արդարեւ կ՚անդրադառնանք սոյն հարցումներու մասին խորհրդարանի նախագահի պատասխաններուն։
Անդրադառնալով «Ժամանակ»ի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի Նուման Քուրթուլմուշի հետ առնչուած հարցումին՝
«Մօտաւորապէս 1,5-2 տարի առաջ ես նամակ գրեցի Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիայի Ազգային ժողովի նախագահներուն։ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հետ անձամբ խօսեցայ եւ ըսի որ այսպէս նամակ գրած եմ ձեզի, կ՚ակնկալեմ ձեր պատասխանը։ Բայց տարի ու կէս անց ինծի համար դրական անակնկալ մը եղաւ եւ Թուրքիայի Ազգային Ժողովի նախագահը Քուրթուլմուշը յայտարարեց, որ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է եւ այդ միայն միջ խորհրդարանական համագումարի մասին կը խօսի, որովհետեւ չուզէր այլ գործադիրի ոլորտ մտնել։ Կ՚ենթադրեմ որ միջանկեալ ինչ որ քայլ է, որ կ՚առնուի, որովհետեւ շատ երկար է եւ շատ ալ ձգձգուով խնդիր է սահմանի հետ կապուած որոշումը։ Մեր համար կարեւոր է որովհետեւ Հայաստան չի կրնար տարածաշրջանէն դուրս մնալ։ Մենք մեր խնդիրները եւ մեր հարցերը պէտք է քննարկենք անմիջական հարեւաններու հետ» ըսաւ Սիմոնեան։
«Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան ալ նշեց որ համոզուած է թէ Թուրքիան բնականոնացման եւ սահմաններու բացման խնդիրին մէջ կը սպասէ Հայաստան-Ատրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։
Հայաստանի իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն այս խնդիրը։ Արդեօք ընտրութիւններն ալ սպասման պատճա՞ռ մըն են։
«Անկեղծ ըսեմ ես չգիտեմ ճշգրիտ ինչը կը սպասեն։ Որովհետեւ ամենասկիզբէն կը յայտարարուէր որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, քանի դեռ չէ լուծուած սահմանը չի բացուիր։ Յետոյ իրենք յայտարարեցին Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած է։ Յետոյ ըսին պայմանագիրը։ Մենք պայմանագիրը քննարկեցինք եւ եկանք համաձայնութեան։ Դժուար ու երկար գործընթաց էր, բայց եկանք համաձայնեցանք։ համաձայնութիւն գոյացուցինք 17 կէտերու վրայ։ Գացինք նախաստորագրեցինք այդ պայմանագիրը, ձեռնուեցանք, բայց նորեն փոփոխութիւն մը չեղաւ։ Յետոյ Ատրպէյճանը սկսաւ Հայաստանի հետ առեւտուր ընելու։ Պարզուած պատկերը բաւական անարդար է, երբ նոյն Ատրպէյճանը իր լոպիին, իր ազդեցութեան միջոցներով կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Այս պահուն հիմնական խնդիրներու թերեւս առաջնայինը այնտեղ դեռ մնացած 19 հոգիներն են եւ անյայտ կորածներու ճակատագրի վերաբերեալ տեղեկութեան փոխանակումը։
Լիայոյս ենք որ սա ժամանակի խնդիր է եւ կը սպասենք, որ այդ տեղի կ՚ունենայ։ Այժմ նոր սահմանադրութեան նախագիծ կը հրապարակենք եւ յայտնի կը դառնայ ու մենք կը սպասենք մի գուցէ անկէ ետք այդ մէկ անգամէն տեղի կ՚ունենայ։
Ես կը կարծեմ որ շատ մօտ ապագային մենք կը տեսնենք սահմանի բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։
Մենք մեր կողմէն եւ անոնք իրենց կողմէ ամէն ինչ ըրած ենք։ Ես ձեզ հետ կիսուեմ, երբ թուրք գործընկերներուս հետ կը խօսինք անոնց մօտ տպաւորութիւն մը կայ որ ըսելու բան մը չունին։ Ես կը կրկնեմ, այդ լոպիի ազդեցութեան պատճառով է։ Որուն Թուրքիան գերի է։ Քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ, բայց ըստ երեւոյթի յարաբերութիւնները գերի մնացած են։
«Լոյս» մետիայի անունով ալ Էտկար Իկիդեան հարցուց հետեւեալը՝
Հանրապետութեան եւ Կաթողիկոսութեան միջեւ լարուածութիւն մը կը տիրէ։ Հիմա ո՞ր հանգրուանին հասած էք եւ արդեօք լուծում մը կամ յոյս մը կայ, որ այդ լարուածութիւնը ձեւով մը նուազի։
«Հայաստանի իշխանութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ չլուծուող որեւիցէ վէճ ու խնդիր չկայ։ Նման բան գոյութիւն չունի։ Խօսքը անհատներու մասին է։ Կը կարծեմ որ ոչ դուք եւ բոլորը կը համաձայնին որ պետութիւնը եւ եկեղեցին պէտք է երկկողմ անջատ ըլլան։ Պետութիւնը չմտնէ եկեղեցւոյ գործերուն մէջ եւ եկեղեցին չմտնէ պետութեան գործերուն մէջ։ Պէտք է ըսեմ, որ այն ձայնը, որուն բարձրացուցին շատ ու շատ եկեղեցականներ եւ յայտարարեցին որ «Այո, խնդիր կայ եկեղեցւոյ մէջ»։ Այդ այն է որ ինչի մասին մենք շատ ժամանակ, շատ տարիներով խօսած ենք։ Նոյնիսկ յեղափոխութենէն ետք, երբ որ շարժումներ կային «Նոր Վեհափառ» եւ այլն, Հայաստանեան իշխանութիւնները մենք տեղ չտուինք այդ խօսակցութիւններուն։ Ի դէպ ըսեմ, դիմած են մեզի այդ ժամանակահատուածին։ Բայց մենք ոչ աջակցած ենք, եւ ոչ ալ մտած ենք այդ տեսակի վէճերու մէջ։ Որպէսզի այդ սկզբունքը, այսինքն երկու կառոյցներու տարանջատուածութիւնը պահենք։ Բնական է որ վարչապետը որպէս խոր հաւատացեալ, որպէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետեւորդ չի կրնար անտեսել, այն դէպքերը եւ իրադարձութիւնները, որ տեղի կ՚ունենան պարկեշտութենէն դուրս, որոշ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար ունենալ երկու Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն։ Չի կրնար բարձրաստիճան եկեղեցականը որոշէ, որ ի հեճուկս այն բանի որ ինքը նաեւ Գանատայի քաղաքացի է եւ դառնայ վարչապետ։ Բարձրաստիճան եկեղեցական չի կրնար քաղաքագրուած ըլլայ օտար երկրի գործակալական քաղաքականութեան։ Մենք երկիր կը կառուցենք ուր այսօր ներգաղթը շատ մեծ թիւ կը կազմէ։ Մի տարուայ ընթացքին մօտաւորապէս 10 հազար հայ մարդ մտած է Հայաստան, քան դուրս եկած է։ Մենք կը խօսինք սփիւռքի մասին, որ մեր համար կարեւոր է, բայց ունեցած ենք ներգաղթ։
Կը կարծեմ որ լուծումը հետեւեալն է, միանշանակ փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենայ։ Սա անշրջելի իրողութիւն է։ Կը վստահեցնեմ ձեզ որ ընտրութիւններէ ետք այդ հարցը կը լուծուի։ Եկեղեցին կ՚ըլլայ, եւ պէտք է ըլլայ Հայաստանեան պետութենէն անջատ եւ նոյնպէս պէտք է չմտնէ մեր պետական գործերուն մէջ։
«Ակօս»ի խմբագիրներէն Լուսյէն Քոփար՝
Իմ հարցս խաղաղութեան մասին է։ Իրանի, Կազզայի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
«Ես Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահն եմ։ Իմ առաջին ցաւը այն է, որ յանկարծակի Հայաստանին այդ չկպնի որեւիցէ ձեւով։ Իմ ամենամեծ վախը այն է, որ յանկարծակի Հայաստանը ներքաշեն որեւիցէ գործընթացի մէջ։ Փառք Աստուծոյ առաջին անգամ մեքն ինչ որ ձեւով դուրս մնացած ենք։ Նայեցէք Իրանը 14 հարեւան ունի, չէ հարուածած Հնդկաստանին ու Փաքիստանին որոնք որ ադոմային զէնք ունին եւ չէ հարուածած նաեւ Հայաստանին։ Մենք իրենց հետ կ՚աշխատինք։ Փառք Աստուծոյ անոնց հետ չլուծուած խնդիր չունինք։ Յոյս ունիմ որ շուտով կ՚աւարտուի, կարծես նման նշաններ կայ։ Իրենց վերաբերմունքը մեր նկատմամբ նոյնպէս դրական է։ Մենք հազար տարի իրար հետ ապրած ենք եւ հազար տարի ալ ապրելու ենք։
Միեւնոյն ժամանակ մենք կը համագործակցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։ Մասնաւորապէս Թրամփի ուղի, այդ նախաձեռնութիւնը որ հայ-ամերիկեան ֆիրմա է, եւ մենք ամէն ինչ իրենց հետ կը խօսինք։
Մեծ պատերազմ է։ Իրաւունքի ուժը այլեւս չի գործեր աշխարհին։ Մենք միշտ մեր իրաւունքներու մասին խօսած ենք, բայց մեր շերեփը թղթէ եղած է։ Այդ թղթէ շերեփը նոյնիսկ հաշուի չեն առներ որեւիցէ մէկը։ Հիմա Ռուսաստանի, Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Իրանի պէս հսկայ երկիրներ իրար կը հարուածեն ու ես կը կարծեմ որ մենք պէտք է ըսենք «Մեզի մի նկատէք», «Մեզի հետ գործ չունիք», «Մենք այստեղ չենք», «Մենք այսօր բացակայ ենք», «Մենք չենք եկած»։
Հայաստանը այլեւս խաղաղութեան ուղին բռնած է։ Մեր տղաները, մեր աղջիկները պէտք է ապրին։ Մարդիկ պէտք է ապրին։ Այսօր մեր մօտ Հայաստանէն ինքնաթիռի տոմս գնելը եւ թռնելը որեւիցէ եւրոպական երկիր, կոպեկներ արժեն։
Հերիք չէ՞ մենք կոտորուինք, մատաղ ըլլանք։ Ազատ ենք։ Այսօր գործարարը չգիտէր Հայաստանեան հարկայինի պետի անունը, վարչապետի անվտանգութեան պետի անունը, ոստիկանապետի անունը որեւիցէ մէկուն անունը չգիտէ։ Որովհետեւ իրենց պէտք չէ, իրենք պէտք է աշխատին, պէտք է արտադրեն, պէտք է ապրին խաղաղութեան մէջ։
Այսօր ես այս քարտէզը կպցուցած ման կու գամ։ Որովհետեւ սա պատգամ է։ Սա հէնց խաղաղութեան մասին է։ Որովհետեւ մենք Սեպտեմբերի 21-ին կը նշենք Հայաստանի անկախութեան օրը։ Ես հարց կու տամ «Որն է այդ Հայաստանը, որ կը նշէք անկախութեան տօնը։ Ի՞նչ ձեւ է։ Սա այսօրուանը չէ՞»։ Չի կրնար Հայաստանը ժէօլէի պէս հեղուկ բան մը ըլլալ։ Մէկուն կը հարցնես ո՞րն է Հայաստանը կը պատասխանէ «Ատանան եւ Կարսը մէջը», «Լաւ Ղարաբաղն ալ մէջը կա՞յ» կը պատասխանէ «Այո»։ Կը հարցնես «Ջաւախքն ալ մէջը կա՞յ», կրկին կը պատասխանէ «Այո»։ Մէկը 99 միլիոնանոց, իսկ միւսը 11 միլիոնանոց երկու հարեւաններուդ չես կրնար ըսել «Մէկ օր գամ քու տունդ ձեռքէդ խլեմ», իսկ միւս օր ըսես «Այսօր գամ քու տունդ ձեռքէդ խլեմ»։ Չես կրնար այդպէս ապրիլ։ Եթէ այսպէս ըսես, յետոյ ալ կ՚ըսես «Վայ եկան մեզ կոտորեցին», «Վայ մեզ սահմանը չբացին»։
Հիմա ես քեզ կ՚ըսեմ։ Կարելի է ապրինք։ Պատմութեան ընթացքին ծեծ կերած ենք։ Մահ տեսած ենք… Այդ մարդիկ մեռած են, որ մենք Հայաստան ունենանք։ Իսկ մենք ունինք Հայաստանը։
Մեր սահմաններուն երկու տարիէ ի վեր երախայ չէ զոհուած։ Այս է խաղաղութիւնը։
«Մարմարա»ի խմբագիրներէն Նայիրա Սիւզմէ ալ հարցուց հետեւեալը՝
Արդեօք իշխանութիւնները ինչպիսի՞ քայլեր կ՚առնեն Հայաստանէն հեռացած մարդկանց ընտրութիւններու մասնակցութեան հետ առնչուած։ Ես երկքաղաքացի եմ եւ ինքս ինձ իրաւունք չեմ վերապահեր՝ որ քուէարկեմ։ Մանաւանդ որոշ երկիրներէն յատուկ մարդկանց պիտի բերեն, կը լսենք որ ընտրութիւններէն առաջ օթօպիւսներով, օդանաւերով մարդ պիտի բերեն քուէարկելու համար։ Այդ քուէարկումէն ետք անոր հետեւանքը պիտի մնայ Հայաստանի ժողովուրդին վրայ։ Ինչպիսի՞ քայլեր պէտք է մտածէ իշխանութիւնը՝ նման երեւոյթը կանխելու համար։
Նման փորձեր կ՚ընեն։ Ես համոզուած եմ որ անոնց մեծ մասը կու գայ, որ մեզ կրկին ընտրէ։ Միեւնոյն ժամանակ այո կը փորձեն Հայաստանը վերածեն գաղութի եւ դուրսէն եկած մեծահարուստ նշանակեն Ռուսաստանի եւ Կիպրոսի քաղաքացի է, որը որ հեռուէն տեղապահի պէս պէտք է ղեկավարէ Հայաստանը։ Ես վստահ եմ, որ Հայաստանի քաղաքացին թոյլ չի տար ասոր։
Տեսէք մենք մեծ սփիւռք ունեցող ազգ ենք։ Բայց պէտք է Հայաստան ապրիս եւ գոնէ մէկ անգամ Նիկոլի վրայ ջղայնանաս։ Կամ փողոցը փոսի մէջ իյնաս ջղայնանաս, գնահատես լաւը, ստանաս թոշակը եւ նայիս այդ թոշակը կը բաւարարէ քեզ թէ ոչ։ Այսինքն դուն ասոնք պէտք է ապրիս։
Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վրայ։ Սփիւռքը ինծի մարդ կրնայ տալ։ Կրնայ ձեզմէ մէկուն տղան կամ աղջիկը լաւ մասնագէտ ըլլայ եւ գայ Հայաստանի մէջ աշխատիլ, ապրիլ, երախաներ ունենայ եւ անոր հետ շատնանք եւ անոնցմով շէնցնել երկիրը։ Անընդունելի է սփիւռքին նայիլ որեւէ մի բան պոկելու համար։
Ուկրաինային, Մոլտովիային եւ Վրաստանին որոնք Եւրոմիութեան թեկնածու երկիրներ են, մենք մեր ցուցանիշներով՝ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ գերազանցած ենք զիրենք։ Օգտուինք այս ժամանակահատուածէն եւ երթանք առաջ։
Ալեն Սիմոնեան պատասխանելով Արա Գօչունեանին մի այլ հարցումին նշեց թէ՝ «Ռուսը եւ Ուկրաինացին հարազատ եղբայրներ են։ Հինգ տարիէ ի վեր իրար կը մորթեն։ Միլիոնէն աւելի մարդ մահացաւ կազի եւ տարբեր խաղերու համար։ Բայց մենք ի՞նչ ենք որ։ Ընդամէնը երեք միլիոն հայ մնացած ենք հայրենի երկրի վրայ։ Նայեցէք եզդիներուն, որ մեծ ազգ են, բայց պետականութիւն չունին։ Մենք պետականութիւն ունինք։ Այս խաղաղութիւնը չպահե՞նք։
Մամլոյ հարցազրոյցը շարունակուեցաւ Եւրոմիութեան անդամակցելու, Եւրոպայի տարածքին ազատ տեղաշարժի վերաբերեալ հարցումներով, որոնց գոհացուցիչ պատասխաններ փոխանցեց ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան եւ իր խօսքը աւարտին բերաւ «Մեր արժէքը ազատութիւնն է» կարգախօսով։
Հանրապատութեան Թուրքիոյ պատմութեան մէջ շրջադարձային նշանակութիւն ունեցան երրորդ հազարամեակի առաջին տարիները։
Հիմնադրութենէն այս կողմ շարունակուող պետական գաղափարախօսութիւնը լուրջ ցնցում մը ապրեցաւ կրօնամետ կուսակցութեան արձանագրած ժողովրդականութեան պատճառաւ։
1970-ական տարիներէն սկսկեալ, ընտրութիւններուն չնչին զօրակցութեան արժանացող գաղափարները, շնորհիւ Էրտողանի ռազմավարութեան, նուաճեցին ձայներու զգազի համեմատութիւն մը։
Եթէ զուգահեռ կերպով դիտենք աշխարհի նախասիրութիւնները եւ հակումները, կը տեսնենք որ այս զարգացումը անկախ չէ համաշխահային տիրող հոսանքէն։
1990-ականներու սկզբին տարանջատուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, իր հետ լուծարկելով նաեւ այդ միութեան զինուորական դաշինքը՝ Վարշաւեան ուխտը։
Նման եղանակով տարանջատուեցաւ երբեմնի Եուկոսլաւիան կազմող երկիրները Չեխիան ու Սլովենիան։ Իսկ տարանջատուած Գերմանիան վերամիաւորուեցաւ՝ դառնալով Եւրոպայի առաջնատար միաւորը։
Բոլոր այս ալեկոծումներու մէջ հնչող նոր կարգախօսը համաշխարհայնացումն էր, որուն հասարակաց յայտարարը պիտի դառնար ազատ շուկայի տնտեսագիտութիւնը, կամ աւելի յստակ անուանումով նոր լիպերալական դրամապաշտութիւնը։
Վերադառնանք Թուրքիոյ պայմաններուն, կը տեսնենք թէ իշխանութեան առաջին տարիներուն Էրտողան իր նաւու ղեկը ուղղած էր դէպի Եւրոմիութեան եւ կը փորձէր այդ ուղղութեան պայմանները կեանքի կոչել։
Այսպէս երկրէ ներս ծաւալեցաւ խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տանող շարք մը բարեփոխումներ։
Սակայն ժողովրդավարական հակումները ակնկալուած նպաստը չբերին Էրտողանի իշխանութեան։
Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի սահմանադրութեան շարժումի նման, այս ժողովրդավարական հակումն ալ մերժուեցաւ ազգային եւ կրօնական շրջանակներու կողմէ։
Նախագահ Էրտողան զգալով այդ մերժողական հակազդեցութիւնը, ինք եւս ամբոխավար ռազմավարութեամբ շեղեց իր ծրագիրը եւ երկիրը տարաւ բռնապետական համակարգի մը ձեւաչափին։
Տեղացի մտաւորականութեան եւ թրքահայոց 24 Ապրիլեան յիշատակման ձօնուած միջոցառումներն ալ ճօճուեցան յետ ու առաջ։
Անցեալին վերաբերող յուշեր դարձան փողոցային հանրահաւաքները, որ այսօր վերածուած են դահլիճային ճղճիմ միջոցառումներու վերջին զանգուածային հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ 2019-ին, որու յաջորդեց համավարակի պարտադրած սահմանափակումները։
Երեք տարի անց կեանքը վերագտաւ իր բնական հոսքը, բայց անգամ մըն ալ կարելի չեղաւ հրապարակներու վրայ յիշել ոչ 24 Ապրիլը, ոչ Մարտի 8-ն եւ ոչ ալ Մայսիսի մէկը։
Ազատ շուկայի տնտեսութիւնը կլանեց ժողովուրդի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը, միայն ազատութիւնը թողելով դրամատէրերու ազատ կեղեքման։
Աւելի լայն ազատութիւն մըն ալ շնորհուած է ԱՄՆ-ի, իր հզօր զինուժով աշխարհ հպատակեցնելու համար։
Աստուած ընդ մեզ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Ապրիլ 2026, Կիրակի, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Աշխարհամատրան Կիրակիի Ս. Պատարագին։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզի երկրորդ մասին մէջ մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ Գալֆաեան ուխտի միաբանուհի Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեանին ու անոր ծառայութեան մասին եւ ըսաւ, որ գնահատելով իր քսանեամեայ անխոնջ ծառայութիւնը պիտի շնորհէ իրեն մայրութեան պատիւ.
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա խորանին վրայ, աղօթքներով օրհնեց Գալֆաեան Ուխտի նոր մայրը՝ Մայր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեանը եւ իրեն տուաւ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն մնացած խաչ մը՝ որպէս մայրութեան նշան.
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին «Յոյս» միութեան կողմէ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը: