Թուային թերթ/Արխիւ
Վաճառողներ
Հաղորդակցութիւն
Բաժանորդագրուէ
Մուտք՝ անդամներու
Tr
Eng
Որոնել
Հայ հասարակութիւն
Գրողներ
Book/ԳԻՐՔ
Հրանդ Տինք
Օրակարգ Ակօսի
Թուրքիա
Հայաստան
Աշխարհ
Դէմքեր/Պատմութիւններ
Մարդկային իրաւունքներ
Ժամանակին
Արուեստ & Մշակոյթ
Կենցաղ
Որոնել
☰
☰
ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ
Էջ 1
Այլին Վարդանեան
14 Mayıs 2026
Հայկական ասեղնագործութեան մատնալեզուն
Նման փոքրիկ իրեր։ Սակայն ամբողջ աշխարհներ կը գոյատեւեն անոնց մէջ։ Սաթենիկին ձեռքերը դպած էին այն թելերուն նախքան մահը։ Տասնամեակներ ետք, Վալոմա կը դպչի նոյն հիւսքին։ Հիւսուածքը կը դառնայ հանդիպման վայր։ Նիւթը կը դառնայ վկայ։
Արազ Գոճայեան
3 Mayıs 2026
57.1%
Անոնք չեն կրնար բացատրել, թէ ինչպէս մեր մեծ ծնողներն ու ծնողները գոյատեւած են 1915-ը, 1975-ը կամ թէ ինչպէս մենք կը շարունակենք ամէն առաւօտ արթննալ երկրի մը մէջ, ուր գոյատեւումը արուեստ է։
Թալին Սուճեան
18 Nisan 2026
Գաղութատիրական կարգը. հայրիշխանութեան եւ սպիտակներու ժամանակը
Ի՞նչ նմանութիւններ կան Ֆրանց Ֆանոնի եւ Զաւէն Պիպեռեանի միջեւ։ Երկուքն ալ իրենց ժամանակի հանրածանօթ մտաւորականներու շարքին կը պատկանէին,— եւ հաւանաբար իրենց համապատասխան ոլորտներուն ամէնէն ազդեցիկ անձերէն էին,— այսուհանդերձ երկուքն ալ ապրեցան լուսանցքայնացած, չհասկցուած, անտեսուած, մինչեւ իսկ ամբաստանուած ըլլալու ճակատագիրը։
Արազ Գոճայեան
3 Nisan 2026
Պատերազմեան օրագիր Լիբանանէն
Պատերազմի ընթացքին մարմիններն ու հոգիները կամայ թէ ակամայ կը փոխակերպուին, իսկ ժամանակի ազդեցութիւնը անոնց վրայ բնականէն աւելի արագ կերպով կը ներթափանցէ։
Այլին Վարդանեան
20 Mart 2026
Ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել. հայեացքի ու մարմնի վրայ կառուցուած իշխանութիւն
Ճէֆրի Էփսթինի դատին նայելով, յաճախ նոյն հարցը կու տանք՝ «Ինչպէ՞ս տարիներ շարունակ ոչ ոք տեսաւ կատարուածը»։ Թերեւս հարկ է հարցնել աւելի դժուար հարցումը՝ ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել։
Թալին Սուճեան
7 Mart 2026
Գաղութատիրական կարգը. Էփսթիններու հետ մեծնալով
Այս օրերուն, Էփսթինի դատի առնչուած հրապարակումներուն հետեւող իւրաքանչիւր կին պէտք է դիտէ Էփսթինի վիտէոները՝ նամանաւանդ դատապարտութենէն ետք նկարահանուածները։
Մերի Թեք Տեմիր
19 Şubat 2026
Վերայցելելով Եսայեանի գրականութիւնը՝ գրագիտուհիին ծննդեան տօնին առթիւ
Լեռնա Պապիկեան
6 Şubat 2026
Դաշտը. պարով կենդանացած ուսման կենսոլորտ
Փոքր տարիքէ, մենք ենթարկուեցանք կրթութեան մը, որ միատեսակ գիտութիւն ջամբեց, հեռացուց մեզ մեր ներքին դաշտերէն եւ արգիլեց մեզի մեր ռիթմը եւ պահանջները լսելէ՝ միաժամանակ մեզ հեռացնելով ստեղծականութենէ եւ քննական մտածողութենէ։
Այլին Վարդանեան
22 Ocak 2026
Չմոռցող տուներ
Ֆիլմը դիտած ժամանակս մէջս խորապէս ծանօթ զգացում մը յառաջացաւ, որովհետեւ, ինչպէս բոլորս գիտենք, կարգ մը տուներ դժուար կը մոռցուին։ Կան սենեակներ, որոնց յուշերը կը մնան անեղծ՝ ըլլան անոնք բնակուած թէ՛ անբնակ։ Կան վայրեր, որոնք կը պահպանեն իրենց պատմութիւնները՝ նոյնիսկ, երբ ձեռքէ ձեռք կ՚անցնին… Ահա թէ ինչո՛ւ տունը լոկ յետնամաս չէ, այլ յիշողութեան գործուն ենթակայ մը։
Թալին Սուճեան
8 Ocak 2026
«Սար». Լերան մէջէն, լեռին դէմ եւ կողքին
Քանի՞ հայեր այդ պահերուն ձեւով մը թեթեւ զգացին՝ միաժամանակ ճնշուած ըլլալով մեղանչած ըլլալու զգացումով։ Անոնց ստեղծած արժէքները պահպանելու անկարողութիւնը պատմական ժառանգութիւն մըն է, որ յաճախ երբէք չի ճանչցուիր։
Արազ Գոճայեան
18 Aralık 2025
Յարգանք՝ Արմենակ Եղիայեանի վաստակին
Թամար Կիւրճեան
9 Aralık 2025
Պալեա՞ն, թէ՞ Գատէհճեան. ակնարկ Այնթապի Սուրբ Աստուածածին տաճարի մասին
Այս յօդուածը կը գրեմ շաբաթներ առաջ «Եսայեան Սրահ»-ի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին Ս. Աստուածածին տաճարը իբրեւ «Անատոլիոյ մէջ Պալեանի ճարտարապետութեան հիանալի օրինակ մը» ներկայացուելուն առիթով։
Լեռնա Պապիկեան
20 Kasım 2025
Նոր կեանքի մէջ ամբողջականութեան ձգտումով. սահմաններ եւ նուրբ գիծեր
Արազ Գոճայեան
6 Kasım 2025
Մէկ քիլօ նուշ, մէկ թաղ վար
Ամրան տաք յետմիջօրէի մը, հայրս ինձմէ ապսպրեց «մէկ քիլօ նուշ» բերել մեր թաղէն եւ Նոր Մարաշ անցնիլ միայն հոնկէ չգտնելուս պարագային։ Այդ օր փափաքս իրականացաւ եւ առջեւս առիթ բացուեցաւ առանձինս կտրելու 9 տարեկան փոքր հասակիս համար այլապէս արգիլուած պողոտան։ Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։
Այլին Վարդանեան,Թալին Սուճեան
26 Ekim 2025
Մազ, մարմին եւ տիրապետութիւն
Երկար, հիւսուած մազերով հայ կանանց լուսանկարներ կը տեսնենք առաւելաբար 1915 թուականէն առաջ առնուածներու մէջ։ 1915-էն ետք, Հալէպի, ՊԷյրութի, Երուսաղէմի, Ալեքսանտրիայի, Կիպրոսի, Սիրոսի, Աթէնքի, Բիրէայի եւ շատ մը այլ վայրերու մէջ առնուած լուսանկարներու մէջ որբ եւ այրի վերապրող հայ կանայք եւ աղջիկներ կ՚երեւին կարճ կամ բոլորովին խուզուած մազերով, իսկ փոքրեր՝ յատուկ կերպով ածիլուած։ Կանանց եւ երիտասարդուհիներուն մազերը կտրելը միջոց մըն էր թաքցնելու անոնց կանացիութիւնը:
Մերի Թեք Տեմիր
12 Ekim 2025
Հայ ֆեմինիզմի ներողութեան աղերսագրութիւն մը
Իւրաքանչիւր 8 Մարտին, Օսմանեան շրջանի հայ կանանց շարժման մասին զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ տարիներու ընթացքին մեծ թիւով գիրքեր ու յօդուածներ լոյս կը տեսնեն. սակայն, ցաւով, եւ իբրեւ «ներողութեան խնդրանքի» առաջին պատճառ, պարտք կը զգամ նշելու, որ անոնց ստեղծագործութիւնները մեծաւ մասամբ կը մնան անոնց կեանքի պատումներու շուքին տակ։
Թալին Սուճեան
26 Eylül 2025
Վերյիշելով ջուլհակութիւնը
Ջուլհակութիւնը Հրաչ Կէօզիւպէյուքեանի ժառանքն էր իր հօրմէն։ Հայրը այս արուեստը սորված էր Հալէպ՝ գաղթակայանի վերապրած կիներէ։ 1977-ին, Հրաչ Պէյրութէն կը տեղափոխուի Քալիֆորնիա, ուր իր հօր հետ կը շարունակէ գորգի նորոգութեան գործը։ Երբ Հրաչը իր հաւաքածոյէն գորգեր հանեց եւ սկսաւ մեզի համար անոնց պատմութիւնները մէկիկ-մէկիկ «կարդալ», նկատեցի, որ որքա՜ ն պակասը ունինք նման հիմնական գիտութեան մը եւ թէ որեւէ ջանք պիտի չբաւարարեցնէ այս բացը գոցելուն։ 1920-ականները եղան այն ժամանակաշրջանը, երբ հայ կանայք դադրեցան ջուլհակներ ըլլալէ։ Խորարմատ գիտելիքներու սերունդէ սերունդ փոխանցումը ընդհատուեցաւ ու հայ կիներու ձեռքէն խլուեցաւ հիւսելու գիտութիւնը Ասոր յաջորդեց ճարտարարուեստականացումը եւ այնուհետեւ՝ գաղթականութիւնն ու աժան աշխատուժը։
Այլին Վարդանեան
6 Temmuz 2025
Կենսատու պատմութիւններ, խմորուած յուշեր
Գոհարիկ մեծմամայիս մասին ամէնէն վառ յուշերս իր մշտաշարժութիւնն ու կերակուր պատրաստելու բացառիկ ձիրքն են։ Ան կրնար տան մէջ գտնուած որեւէ ուտելիք քով-քովի դնել եւ համեղ ճաշ մը պատրաստել։ Մեծմայրս այնպիսի անձ մըն էր, որ իր կեանքը կ՚իմաստաւորէր անդադար ճաշ պատրաստելով եւ սիրելիներուն կերակրելով (երբեմն ստիպողաբար)։ Թերեւս այսպիսով ան գտած էր ընտանիքին պատմութիւնները (չ)պատմելու կերպը։ Ուրսուլա Քէյ Լը Կուէն քննական մօտեցում ցուցաբերեց գրականութեան մէջ հերոս հասկացութեան նկատմամբ՝ իր «Տոպրակ-պայուսակի տեսութիւնը ստեղծաբանութեան մէջ» փորձագրութեան մէջ։ Հերոսական պատումներու փոխարէն, որոնք յաճախ ժամանակի ընթացքին քանդիչ ուժի կը վերածուին, ան առաջարկեց տոպրակի գաղափարէ մեկնած փոխադրողի պատումներ։ Հերոսի մը զէնք կրողի կերպար մը ըլլալու փոխարէն, ան մեզի յիշեցուց, որ առաջին մշակութային գործիքը տոպրակ-պայուսակն էր, որ կ՚օգտագործուէր ոչ թէ սպաննելու, այլ կրելու եւ պահելու։ Այս տեսակէտը, որ կը վայելէ նեցուկը նաեւ մարդաբան Էլիզապէթ Ֆիշըրի, պատումի կեդրոնին կը դնէ գոյատեւումը, սնուցումն սնուցումն ու ձեւափոխումը ։
Լեռնա Պապիկեան
22 Haziran 2025
Անտեսանելի ըլլալու ապահովութիւնը
Հօրենական մեծ հայրս՝ Ստեփանը, 1915-էն պրծած է Թոքաթ-Էրպայէն՝ փախչելով կնոջական հագուստներով եւ դէմքը ցեխածածկ՝ քանի մը կին ազգականներու եւ դրացիներու օգնութեամբ եւ աղօթքով։ Ան այդպէս փախած է, որպէսզի անտեսանելի մնայ. «մի՛ տանիք զայն, անիկա տգեղ է» խօսքերը ազատած են զինք՝ դարձնելով վեց զաւակներով ընտանիքի միակ փրկուողը, 7 տարեկանին։ Մօրենական մեծ հայրս՝ Սարգիսը, ծնած է Սինոպ-Կերզէ, զամբիւղագործութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքի մը մէջ։ Փոքրուց հայերէն չէ սորված ու մեծցած է ինքնութիւնը թագցնելու նշանակութիւնը կարեւորուած գտնելով։ Երբ երբեմն իր յուշերուն մասին կը հարցնէի, անմիջապէս չէր պատասխաներ, յետոյ կամաց-կամաց կը յիշէր իր գիւղի բնութեան գեղեցկութիւնը եւ վերջապէս կը սկսէր խօսիլ տհաճ յուշերուն մասին։
ՍԻՒԶԱՆ ԱՐՓԱՃԵԱՆ ՃՈԼԻ
6 Haziran 2025
Սպասում
Արէգ Խաչիկեան ծնած է 1895-ին, Խնուսի (ներկայիս՝ Հընըս) Խաչալոյս գիւղին մէջ։ Յարգուած ընտանիքի զաւակ եւ գիւղի վարժարանի փայլուն աշակերտներէն էր։ Փոքր հասակին նշանուած էր բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակի հետ. սակայն ճակատագրի բերումով, դժբախտ պատահար մը զինք հաշմանդամ դարձուց, եւ այդ պատճառ դարձաւ, որ այն լաւ ընտանիքը վերատեսութեան ենթարկէ ամուսնութեան որոշումը։ Բարեբախտաբար, Սագո անունով ազնիւ տղայ մը, աղքատ ընտանիքի մը զաւակ, քայլ առաւ եւ համաձայնեցաւ պսակուիլ Արէգին հետ։ 1915-ին, ժանտարմները սպաննեցին Սագոն՝ գլխատելով զայն եւ անոնց երկու փոքրիկ տղաքը։
ՏԵՆՉԱ ՏԵՂԻՐՄԷՆՃԻ
25 Mayıs 2025
Քոնիա Էրէկլիէն Պոլիս. եաեայիս պատմութիւնը
Իր պսակին էր, որ եաեաս առաջին անգամ մտաւ եկեղեցի, եւ այդ ալ իր հարսանեկան հագուստով։ Ան շատ հմայուած էր եկեղեցւոյ շքեղութեամբ, որ նոյնիսկ տարիներ անց աչքերը նոյն հիացմունքով կը փայլէր ամէն անգամ, որ այդ օրուան մասին խօսէր։ Այնուամենայնիւ, որքան որ ալ հմայուած էր, ան իր աչքերը միշտ վար պահած էր հարսանիքին ատեն, որպէսզի հրաւիրեալները չըսէին, թէ «հարսը անատոլիայէն է, այնպէս մը կը նայի կարծես թէ բան մը չէ տեսած»։ Անթիւ պատմութիւններուն մէջէն թերեւս այս մէկը զիս շատ կը յուզէ։
Թամար Կիւրճեան
11 Mayıs 2025
Ջութակ, պսակ եւ դարաւոր կեանք
Այս յօդուածը գրուած է re-membering: Traces of Armenian Life in the Diaspora (Վերյիշել՝ սփիւռքի մէջ հայկական կեանքի հետքեր) ցուցահանդէսին համար, որ տեղի ունեցաւ Պերլինի Վիլլա Օփընհայմ, Շարլոթընպըրկ-Ուիլմըրստորֆ թանգարանի։ Ցուցահանդէսը իրականացած է շնորհիւ Շարլոթընպըրկ-Ուիլմըրստորֆ թանգարանի, «Աքեպի»-ի եւ «Յուշամատեան»-ի համագործակցութեան։ Թամար Սարգիսեանի հրաւէրով, մասնակցեցայ Ասուման Քըրլանկըչի համակարգած ցուցահանդէսին՝ ներկայացնելով ընտանիքիս ժառանգական իրերէն ջութակ մը եւ լուսանկարներ. եւ հիմա անոնց պատմութիւնը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։
Մերի Թեք Տեմիր
27 Nisan 2025
Անդրադարձ Բ. «Ուասաֆիրի» եռամսեայ պարբերագիրքին «Armenia(n)s: Elevation» թիւին,- կենդանի գրականութիւն ունենալու գիտակցութեամբ
Անշուշտ, անկարելի է անտեսել գրողներուն եւ բանաստեղծներուն ապրած հոգեխոցն ու տեղաշարժներու ազդեցութիւնները եւ հետքերը իրենց ստեղծագործութիւններուն վրայ՝ մանաւանդ արդի հայ գրականութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, այն իրողութիւնը, որ դասական եւ արդի արեւմտահայ ստեղծագործութիւններ, մանաւանդ Պոլսոյ, տակաւին կը քննուին հիմնականօրէն գրողներու կենսագրութիւններու ճամբով, արգելք կը հանդիսանայ, որ գրականութիւնը ինքնին ստանայ իր արժանի ճանաչումը։
Արազ Գոճայեան
13 Nisan 2025
Անդրադարձ «Ուասաֆիրի» եռամսեայ պարբերագիրքին «Armenia(n)s: Elevation» թիւին,- լեզու եւ մշակոյթ
«Ուասաֆիրի»-ի այս թիւը տուեալ նիւթին կու տայ կեդրոնական տեղ։ Թամար Մարի Պոյաճեանի եւ Հրաչ Մարտիրոսեանի «Երկու հայերու երկու հայերէնով զրոյցը» (Two Armenians Conversing in Two Armenians), Մարալ Աքթոքմաքեանի անգլերէն թարգմանութեամբ, ակներեւ էր այս առումով։ Զրոյցին սկիզբի խմբագրական ակնարկը դիտել կու տայ հայերէն լեզուին երկու տարբերակներ ունենալը՝ զիրար հասկնալու չափ մօտ, բայց այլաւորում ստեղծելու չափ հեռու։ Այս զրոյցին ընթացքին, Պոյաճեանն ու Մարտիրոսեանը, իւրաքանչիւրը իր հայերէնով, լեզուին եւ անոր գրականութեան ժառանգութեան հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյ ճամբով ընդհանուր գիծեր կը գտնեն։
Թալին Սուճեան
28 Mart 2025
Պատմութեան հրեշտակները՝ մեր մեծ մամաները
Պոլսէն դուրս ծնած մեծ մամաներուն յարաբերութիւնը հայերէն լեզուին հետ նոյնպէս չափազանց հետաքրքրաշարժ էր։ Ոմանք բնաւ չսորվեցան լեզուն, ուրիշներ ալ ամչցան իրենց խօսած գաւառաբարբառով։ Բարբառներու արագ կորուստին մէջ մեծ դեր խաղացած է Պոլսոյ հայերէնը մայրենիի իտէալ եւ ամէնէն գեղեցիկ տարբերակը համարող սխալ համոզմունքը։ Սփիւռքի մեր ընկերուհիներու մեծ մամաներուն պատմութիւնները մերիններէն տարբեր են։ Հալէպ-Պէյրութ բռնագաղթի ճամբան բռնած կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթած մեծ մամաները ունին Թուրքիա մնացածներէն տարբեր պատումներ։
Բաժանորդագրուէ՛
Դուք կարող էք աջակցիլ «Ակօս»ին՝ բաժանորդագրուելով։ Բաժանորդագրուեցէք, նուիրէք կամ թողէք բաժանորդագրութիւն հետաձգուած։
Tr
Eng
Որոնել
Օրակարգ Ակօսի
Թուրքիա
Հայաստան
Աշխարհ
Դէմքեր/Պատմութիւններ
Մարդկային իրաւունքներ
Ժամանակին
Արուեստ & Մշակոյթ
Կենցաղ
Հայ հասարակութիւն
Գրողներ
Նկարիչներ
Hrant Dink
Թուային թերթ/Արխիւ
Վաճառողներ
Book/ԳԻՐՔ
Հաղորդակցութիւն
Բաժանորդագրուէ
Մուտք՝ անդամներու