Կերմուշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վերաբերեալ գրաւոր հարցում
ՏԵՄ Կուսակցութեան Ուրֆայի պատգամաւոր Էօմէր Էօճալան, Ուրֆայի Հալիլիէ գաւառի Կերմուշ (Սուրբ Աստուածածին – Մարիամ Մայր) Եկեղեցւոյ աւերումին վերաբերեալ, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէթ Նուրի Էրսոյէն պատասխան խնդրելով՝ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովին գրաւոր հարցման առաջարկ ներկայացուցած է։