Հայրական Խօսք «Ակօս» Շաբաթաթերթի Երեսնամեակին Առթիւ
Այս յոբելենական առիթով յատուկ կերպով կ՚ուզենք յիշատակել հոգելոյս Հրանդ Տինքը, որ եղաւ «Ակօս»-ի հիմնադիրն ու ոգին։ Ան մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց «Ակօս»ի առաքելութեան պատնէշին վրայ, ըլլալով դրօշակիրը արդարութեան, ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան։